ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Ժպիտը երեսիդ կը վայլէ, սիրելի՛ս,
Ինչպէս վարդ մը` բոսոր սրտիդ մէջ գեղանի:
Համբոյրը շրթներուդ կը վայլէ` երբ խօսիս
Ու պատմես սիրային գաղտնիքներն անցեալի:
Արցունքներն աչքերուդ երբ դուն լաս, կը հոսին
Սրտիս մէջ կը մնան, գաւաթին գինովին:
Երգս այս երբ լսես ու կրկներգն դուն երգես,
Մեղեդին քու ձայնիդ, վստահ եմ, կը վայլէ:
Սէրը միշտ կը վայլէ սիրողին, սիրուողին
Երբ անմեղ է, յօժար սրտերուն երազին:
Սէրը երբ կը կանչէ ակնթարթի մէջ քեզ,
Չես կրնար դուն փախչիլ թակարդէն սիրակէզ:
Երբ սիրես, երազես, գինովնաս ու երգես
Երգս այս միշտ գիտցիր, որ քեզի համար է:
Լիբանան


