Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ

January 21, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ

Ազգեր, պետութիւններ եւ ժողովուրդներ մնայուն կերպով պատերազմի մէջ են: Մարդկութեան հակամարտութեան ծնունդէն մինչեւ օրս արհեստագիտական զարգացումները յեղաշրջած են պատերազմելու եւ պատերազմ մը յաղթելու միջոցները:

Աշխարհի վրայ ապրող ժողովուրդներու մեծամասնութիւնը ընդհանրապէս պատերազմի եւ յատկապէս խաղաղութեան մասին սխալ ըմբռնումներ ունի:

Պատերազմներն ու հակամարտութիւնները անխուսափելի են: Անոնք կը պատահին` հակառակ ժողովուրդի փափաքին: Տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին, սկսեալ փոքր տոհմային հաւաքականութիւններէն եւ հասնելով մինչեւ կայսրութիւններ եւ պետութիւններ, բոլորը բնական հակառակորդներ են, որոնց միջեւ պատահած հակամարտութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան` ընդհարումներ երկու հակասող գաղափարներու:  Այս հակամարտութեամբ մէկը կը ձգտի իր դրացիներուն հաշուոյն ընդարձակել իր սահմաններն ու հզօրանալ, իսկ միւսը` հաստատ պահել իր սահմաններն ու ինքնիշխանութիւնը:

Այս պատերազմները սկիզբ ու վերջ չունին: Անոնք տարբեր ձեւերով անվերջ կը շարունակուին: Մարտական գործողութիւնն է միայն, որ կ՛ունենայ սկիզբ, դադար ու դարձեալ սկիզբ, մինչեւ մէկուն ամբողջական յաղթանակը, իսկ միւսին` ամբողջական անէացումը: Դադարի ժամանակն է միայն, որ ժողովուրդին մէջ խաբկանք կը ստեղծուի, եւ շատեր կը սկսին հաւատալ եւ համոզուիլ, թէ պատերազմը հասած է իր աւարտին, այժմ` խաղաղութիւն: Սակայն յանուն խաղաղութեան չէ, որ հակամարտողներուն միջեւ կը կնքուին այդ «կեղծ» խաղաղութեան պայմանագիրները, այլ` յանուն պետութիւններու օրուան կենսական շահերուն: Արդարեւ, պէտք է հասկնանք, որ յաւերժական խաղաղութիւններ գոյութիւն չունին, այլ միմիայն` ժամանակաւոր զինադադար մը:

Զինադադարի ժամանակ է միայն, որ ժողովուրդին աչքէն ու գիտակցութենէն հեռու, տարբեր ձեւով պատերազմը կը շարունակուի, ինչպէս` տնտեսական, հոգեբանական, կենսաբանական, արհեստագիտական, եւ այս բոլորին զուգահեռ տեղի կ՛ունենան պատրաստութիւններ` մինչ յաջորդ ռազմական բախումի բռնկումը:

Երբ սկիզբ առնէ որեւէ պատերազմ, աշխարհի ժողովուրդները ընդհանրապէս կը զբաղին անտեղի հարցումներով` թէ ո՞վ սկսած է պատերազմը, ո՞վ է յանցագործը: Տրամաբանօրէն կը յարձակի այն կողմը, որ իր դիմացը թուլութիւն կը նկատէ եւ ինքզինք ուժեղ ու պատրաստ կը համարէ: Արդարեւ, եթէ պետութիւն մը կը փափաքի խաղաղութիւն, պէտք է պատրաստ ըլլայ պատերազմի: Ա՛յս է օրուան հրամայականը:

Իւրաքանչիւր արհեստագիտական քայլափոխ կամ նորարարութիւն ժամանակի ընթացքին ինքնաբերաբար իր տեղը գտած է ռազմական արուեստի մէջ: 17 դեկտմբեր 1903-ին, երբ Ռայթ եղբայրները առաջին անգամ ըլլալով յաջողեցան օդանաւի մը սաւառնումն ու վայրէջքը կատարել, աշխարհը այդ ժամանակ տեսաւ սքանչելի մարդկային ստեղծագործութիւն մը, որուն միջոցով մարդ անհատը արծիւի նման ազատօրէն կը թռչէր դէպի փափաքելի վայրը: Սակայն տասնամեակ մը ետք, Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկզբնական շրջանին, արդէն իսկ  օդանաւը իր անմիջական դերը ունէր հետախուզական աշխատանքներու մէջ. ապա, յաջորդող տարիներուն, հասնելով մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը` արդէն իսկ ուղղակիօրէն կ՛օգտագործուէր ռազմական գործողութիւններու ընթացքին:

Աշխարհի պատմութեան մէջ կրկնուած է այն երեւոյթը, որ խաղաղ եւ օգտաշատ գիւտ մը վերածուած է ռազմական միջոցի: Այսօր նոյնպէս փոքր սարքերը, որոնք հնարուած էին նկարչութեան համար, եւ որոնք անցեալին իրենց վրայ կ՛ունենային պզտիկ լուսանկարչական սարք մը, այսօր ունին ճշգրիտ հարուածող հրթիռներ:

Օդային ռազմարուեստի զարգացումները, ինչպէս` ռազմական օդանաւեր կամ անօդաչու սարքերը, պատճառ կը դառնան, որ երկիրներ պատերազմին իրենց փափաքած վայրին մէջ` առանց կաշկանդուելու իրենց աշխարհագրական դիրքերով: Անդին` փոքր անօդաչու սարքերը իրենց դերը ունին ցամաքամասային մարտերու ընթացքին, ուր փոքր խումբեր կը պատերազմին մեծ խումբերու դէմ եւ փոխան բաց մարտեր մղելու` անոնք կ՛օգտագործեն արագ հարուած-փախուստի, խափանարարութեան արհեստագիտութիւն` խուճապի մատնելով եւ վնաս հասցնելով իրենց հակառակորդին:

Մինչ անօդաչու սարքերը կը տիրեն երկինքին, արհեստագիտական պատերազմները կը տիրեն ժողովուրդին աչքէն եւ գիտակցութենէն հեռու առցանց աշխարհին, ուր պատերազմը չի նմանիր դասական մարտական գործողութիւններու եւ քանդումի, այլ պետութիւններ կամ անձնաւորութիւններ մնայուն կերպով կ՛իրագործեն արհեստագիտական ռազմական գործողութիւններ` հաւաքելու համար տեղեկութիւններ, ազդելու համար ժողովուրդին կարծիքին կամ մտածողութեան, տապալելու համար իշխանութիւններ` ազդելով քաղաքական ընտրութիւններուն, մինչեւ իսկ արհեստագիտական առցանց պատերազմի ճամբով կառոյցներու մէջ ցանելու առցանց ժահր մը` համապատասխան կառոյցին ֆիզիքական վնասներ հասցնելու նպատակով:

2010 թուականին «Stuxnet» համակարգչային ժահրը, որ, ըստ Իրանի, մշակուած էր Միացեալ Նահանգներու Սի.Այ.Էյ-ի, Էն.Էս.Էյ.-ի եւ Իսրայէլի 8200 բաժանմունքին կողմէ, կը խաթարէ Իրանի հիւլէական ծրագիրը, որուն պատճառով, առանց հետքի ու գաղտնի կերպով, վնաս կը հասցնէ կառոյցին: Այս արհեստագիտական պատերազմը ներկայ դարու առաջին ճանչցուած դէպքն է, երբ արհեստագիտական պատերազմի ճամբով իրականացած է անհետք ֆիզիքական հարուած մը` ստեղծելով լուռ եւ աներեւելի պատերազմի նոր տեսակ մը:

Արհեստագիտական պատերազմ մը կրնայ ունենալ իր անմիջական ազդեցութիւնը կամ ըլլալ լարուած ական մը, որ կրնայ լարուիլ եւ յարմար ժամանակին օգտագործուիլ համապատասխան կառոյցը ժամանակաւոր կամ ամբողջութեամբ անէացնելու նպատակով: Այս տեսակի յարձակումները չեն սահմանափակուած միմիայն ռազմական կեդրոններով: Վտանգուած են նոյնիսկ խաղաղ կառոյցներ, ինչպէս` հիւանդանոցներ, ջրային, սննդական, փոխադրական կամ տնտեսական համակարգեր, որոնց տրուած հարուածը կը վնասէ պատերազմի դաշտէն հեռու գտնուող խաղաղ բնակչութեան:

Ժամանակակից արհեստագիտութիւնը եկաւ ուղղակիօրէն փոխելու «պատերազմ» եւ «մարտարուեստ» բառերուն հասկացողութիւնը,  ուր այսօրուան պատերազմը ալ չի սահմանափակուիր հրասայլերով ու խրամատներով, այլ խառնուած է եւ կը ներառէ ֆիզիքական մարտն ու արհեստագիտական գործողութիւնը: Օրինակի համար, առաջին փուլին կարելի է անօդաչու սարքերով եւ ընկերային ցանցերով տեղեկութիւն հաւաքել, ապա արհեստագիտական յարձակումով անջատել ռատարային համակարգը, կամ խաթարել խաղաղ կառոյցները` ստեղծելով ներքին խուճապ մը, որմէ ետք դարձեալ անօդաչու սարքերը կը հարուածեն ու վնասներ կը պատճառեն որոշ ռազմական կեդրոններու, միաժամանակ տեղի կ՛ունենան ֆիզիքական մարտական գործողութիւնները: Այս բոլորին զուգահեռ, ընկերային ցանցերու ճամբով ծայր կ՛առնէ արհեստագիտական պատերազմը, որ կը ստեղծէ ապատեղեկատուութիւն ու սարսափ, ինչ որ ծանր հոգեբանական վիճակ մը կը պատճառէ եւ կը վտանգէ ռազմադաշտի վրայ պայքարող զինուորը, կամ նոյնիսկ տեղւոյն բնակչութեան բարոյական ու հոգեկան վիճակը:

Այսօր, որքան որ արհեստագիտութիւնն ու ճարտարագիտութիւնը իրենց տեղը կը գտնեն մարտարուեստի մէջ, ուր արհեստագիտական պատերազմները կը մնան անհետք, կամ կը վերլուծեն ու կը մշակեն ռազմական որոշումներ, հիմնական հարցումը այն է` երբ արհեստական բանականութեամբ անհետք հարուածները կ՛որոշեն ո՞վ կ՛ապրի կամ ո՞վ կը մեռնի, ո՞վ է պատասխանատուն եւ յանցագործը այդ դէպքին:

Այսօր պատերազմները կը մնան անխուսափելի, իսկ արհեստագիտական յեղափոխութեան լոյսին տակ պատերազմն ու ռազմարուեստը շտապ վիճակի մէջ կ՛արձանագրեն աճեր, որոնց վրայ ո՛չ մարդկային եւ ո՛չ ալ սկզբունքային օրէնքներ կան, այլ կան` միմիայն ուժի արդարութիւն, ուժի օրէնք, ուժի իրաւունք եւ շահ ու շահի քաղաքականութիւն, որուն պատճառով ալ կը յաղթէ ուժեղը եւ ոչ թէ արդարը…

 

 

Նախորդը

Հզօր Երազը

Յաջորդը

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

RelatedPosts

Սուրիահայութիւնը Իրաւա-Սահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ՝ Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն
Անդրադարձ

Սուրիահայութիւնը Իրաւա-Սահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ՝ Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

January 21, 2026
Հզօր Երազը
Անդրադարձ

Հզօր Երազը

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.