Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի 12-րդ` Վերջին Թիւը

January 17, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակուեցաւ «Դրօշակ»-ի 2025-ի վերջին թիւը, որուն մէջ  որոշ դիտանկիւնով փորձ կը կատարուի նաեւ փակել քաղաքական տարին` լայն քաղաքական ընդգրկումով: Այսօրուան համաշխարհային քաղաքական դիմանկարի ուրուագիծի փորձ կը նկատուի «Առաջնորդող»-ը:

Քաղաքագէտ Վահէ Դաւթեան կը ներկայացնէ Հայաստանի ելեկտրական ցանցերու «ոդիսականը» աշխարհաքաղաքական չափումներու ընդգրկուն շրջագիծին մէջ: Մոսկուայի Սեւծովեան-կասպիական տարածաշրջանի հիմնարկի գիտաշխատող Սարգիս Սարգսեանը «Թրամփի Զանգեզուրեան երթուղիի» վերաբերեալ կ՛առաջարկէ ծանօթանալ արեւմտեան, թրքական, ռուսական, արաբական լրատուամիջոցներով արտայայտուած տեսակէտներուն եւ գնահատականներուն: Տուեալ բնաբանի իւրօրինակ շարունակութիւնն է Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի ուսումնասիրութիւնը Անդրկովկասի մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան նկատուող աշխուժութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ վերջինիս հաւանական ազդեցութիւնը` տարածաշրջանային ուժերուն քաղաքականութեան վրայ:

Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեանը «Դրօշակ»-ի համար գրուած վերլուծական յօդուածով անդրադարձած է 2025-ին Իրանի հետ եւ Իրանի առանցքին շուրջ տեղի ունեցած աշխարհաքաղաքական անցուդարձերուն: Միաժամանակ անդրադարձ կատարուած է Իրանի ունեցած եւ զարգացող փոխյարաբերութիւններուն` տարածաշրջանային շահագրգիռ տէրութիւններուն հետ:

Տարուան եզրափակիչ այս թիւին տարածաշրջանային իրողութիւններու եւ զարգացումներու վերաբերեալ վերլուծութիւն տրամադրած է նաեւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը:

Խօսելով տարածաշրջանային մեծ քարտէսին եւ հոն տեղի ունեցող գործընթացներուն մասին կարելի չէ անտեսել այստեղ ձեւաւորուած ու թափ հաւաքող մեծ դաշինքները: Քաղաքագէտ Արփի Աբրահամեանը «Դրօշակ»-ի նախորդ թիւով հանդէս եկաւ ՊՌԻՔՍ-ին վերաբերող յօդուածով: Այս անգամ ան անդրադարձած է տարածաշրջանային երկրորդ հզօր դաշինքին` Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութիւնը ներկայացնող վերլուծականով:

«Դրօշակ»-ի այս թիւին մէջ անդրադարձ կայ կարեւոր թուականներու` ՀՅ Դաշնակցութեան 135-ամեակին եւ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեանէ 35-ամեակին: Համաստեղի ուշագրաւ յօդուածը վերահրապարակուած է` Գարեգին Նժդեհի մահուան 70-րդ տարելիցին առիթով:

«Դրօշակ»-ի 2025-ի 12-րդ թիւը կարելի է կարդալ այցելելով
https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2025/12/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-12-2025%D5%A9.pdf

Նախորդը

Լիբանանի Համար Ժամանակաւորապէս Բարենպաստ Զարգացում

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Հրաժարուել Կամ Հաստատել Գոյութեան Իրաւունքը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Հրաժարուել Կամ Հաստատել Գոյութեան Իրաւունքը
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Հրաժարուել Կամ Հաստատել Գոյութեան Իրաւունքը

January 17, 2026
Լիբանանի Համար Ժամանակաւորապէս Բարենպաստ Զարգացում
Անդրադարձ

Լիբանանի Համար Ժամանակաւորապէս Բարենպաստ Զարգացում

January 17, 2026
Վարդան Աշըգեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Վարդան Աշըգեանի Յիշատակին

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.