Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա՛յս Է Միակ Լուծումը

January 20, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Աւստրալիոյ կառավարութեան որոշումով երկրի ամբողջ տարածքին մինչեւ 16 տարեկաններուն արգիլուեցաւ ընկերային ցանցերու գործածութիւնը:

Աւելի քան 330.000 «Ինսթակրամ»-ի, 173.000 Դիմատետրի եւ 40.000 այլ ցանցերու գործածութիւնը փակուեցաւ:

Քայլ մը, որ, ըստ Աւստրալիոյ վարչապետին, երկրին մէջ ընթերցանութեան, ընտանեկան յարաբերութիւններու ջերմացման, ընկերային, մարդկային, մշակութային եւ այլ նախաձեռնութիւններու զարգացման պիտի նպաստէ:

Բնականաբար քաջալերական եւ օրինակելի քայլ է: Վստահաբար կան տարբեր ձեւեր, որոնք տարիքի խախտումով եւ այլ ոչ օրինական միջոցներով ընկերային ցանցերու հաշիւներ բանալու կրնան ծառայել, սակայն հիմնականը եւ ամէնէն կարեւորը որոշումն է:

Երկրորդ կարեւոր հանգամանքը այն է, որ միայն այս ձեւով կարելի է հսկել եւ ուղղութիւն փոխել:

Պէտք է բնականաբար որոնել տարբեր միջոցներ նախ իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ այս հսկողութիւնը զարգացնելու, որպէսզի մարդկային, զգացական, բարոյական սկզբունքներու եւ արժէքներու հանդէպ աւելի յարգանք եւ սէր ստեղծուի:

Փաստօրէն կայ մեքենայացած ընկերութեան վերածուելու արագընթաց սլացք մը, որ կը մտահոգէ ոչ միայն այս կամ այն ընկերութիւնը, այլ նաեւ` համամարդկային դրուածքը:

Ապազգային, ապաքաղաքականացած, մակերեսային եւ ոչ խորունկ մտածող բանակի մը առջեւ կը գտնուինք եւ ասոր կողքին կը մտածենք գաղութ, հայրենիք, Եկեղեցի եւ ազգութիւն պահել:

Մեր կեանքը օրէ օր բազմապատկուող դժուարութիւններու եւ արժէքներու ոտնակոխման վազքի մէջ է:

Պետական որոշումները ողջունելի ըլլալով հանդերձ, աւելի կարեւոր է իւրաքանչիւր տան մէջ որոշում տրուի` հսկելու, չափ ճշդելու, խօսակցութիւն զարգացնելու, գիրքի կարդալու մղելու, արժէքներու եւ աւանդութիւններու կառչելու սկզբունքը որդեգրելու:

Անյետաձգելի  եւ վտանգաւոր կացութեան առջեւ կը գտնուինք: Շատ կը խօսուի մոլորութիւններու մասին: Այսօրուան ընկերային ցանցերուն երիտասարդութեան այս կապուածութեան մոլութիւնը մեծ աւերներ գործած է եւ կը գործէ մեր կեանքին մէջ, եթէ ճիշդ, սահմանափակ եւ օգտակար ալիքով չգործածուի:

Այս մէկը պետական եւ ոչ պետական համակարգուած քայլերու անհրաժեշտութիւն կ՛ենթադրէ:

 

 

Նախորդը

Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Իրան` Կործանման Եզրի՞ն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.