Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Գայեանէ» պալէի դպրոցը Ամանորի առիթով ներկայացուց «Մարդուկ-Ջարդուկ» պալէն` իր անգլերէն ծանօթ «Nut-cracker» վերնագիրով, որ տառացի թարգմանութեամբ կը նշանակէ ընկոյզ ջարդող, ընկուզաբեկ: Շուրջ 60 պատանիներ եւ մանուկներ հանրութեան ներկայանալի մակարդակի բերելն ու անոնց բեմական կատարումի փորձառութիւն տալը մեծապէս գնահատելի աշխատանք է: Հաճելի եւ օգտակար ելոյթը ողջունելի էր: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Կա՛յ, սակայն, կարիք մեկնաբանութեան, որովհետեւ ելոյթի բեմագրութիւնը (պալէի բարբառով` «լիպրեթթոն»)  մեծապէս կրճատած է բնագիրը: Կը սկսիմ ելոյթի ծրագիր-գրքոյկով` ի խնդիր այն ընթերցողին, որ ներկայ չէր եղած:

Պրոշիւրի պատումը.- Նոր տարուան երեկոյեան Քլարա իր կնքահայրէն կը ստանայ փայտէ ընկուզաբեկ  մը: Արդէն իսկ անհրապոյր խաղալիքը կը կոտրի իր նախանձոտ եղբօր կողմէ: Այսուհանդերձ, Քլարա կը մնայ հրապուրուած իր խաղալիքով: Կնքահայրը, որ գերբնական կարողութիւններ ունի, զայն կը նորոգէ: Քլարա կ՛երազէ, թէ երբ ժամացոյցը կէս գիշեր, կ՛ազդարարէ, խաղալիքները կը կենդանանան, թէ` կը ներխուժէ մուկերու բանակ մը` գլխաւորուած իրենց եօթը գլխանի թագաւորին կողմէ, թէ` փոքրիկ ընկուզաբեկը իր շաքարազէն զինուորներու խումբով կը կռուի մուկերու դէմ, բայց իր ուժը չի բաւարարեր, Քլարա իր հողաթափով կը հարուածէ Մուկ թագաւորը եւ կը փրկէ ընկուզաբեկը, որ կը վերածուի իշխանի մը: Երախտագէտ իշխանը Քլարան կը տանի իր շաքարեղէնի երկիրը, ուր զինք կը հիւրասիրեն զանազան երկիրներու աւանդութիւններով: Երազը կ՛աւարտի բարեզարդ: Քլարա կը վերադառնայ իր ընտանիքն: Կ՛աւարտի նաեւ գեղեցիկ ելոյթը: Կը մնան հաճելի յիշատակներ եւ… հարցականներ:

Ի՞նչ կը ներկայացնէր կնքահայրը, ինչո՞ւ յարձակեցաւ Մուկ-թագաւորը, ինչպէ՞ս կարելի է կոտրել գերբնական «խաղալիք» մը, շաքարազէն ջոկատը ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ, ինչո՞ւ անուշի աշխարհ ու ոչ այլ տեղ եւ այլն: Առաջին կատարումէն ետք թղթակից մը  ելոյթը որակած է որպէս անհեթեթ մնջախաղ (absurd pantomime): Քլարա կ՛արթննա՞յ, թէ՞ ոչ: Պատահարները որքանո՞վ են երազ:

Ելոյթը տարասեռ է, որովհետեւ արդիւնքն է կրկնակի վերատեսութեան, վերախմբագրումի: Դիպաշարի անհամոզիչ կառոյցը կու գայ ո՛չ Հոֆմանի (Ernst T. A. Hoffmann 1776-1822) 1816-ին յօրինած «Nussknacker und der Mäusekönig» (Ընկուզաբեկը եւ Մուկ-թագաւորը) հեքիաթէն, եւ ոչ ալ` Ա. Տիւմայի (Alexandre Dumas Pere 1802-0870) 1844-ին հրատարակած «Histoire d՛un Casse Noisette» (Ընկոյզաբեկի մը պատմութիւնը)  տարբերակէն: Տիւմա, որ շատ մեծ փորձառութիւն ունէր թատերական մարզէն ներս, գրած է ոչ թէ բեմագրութիւն, այլ պատմուածք` պատշաճեցուած  ֆրանսացի մանուկ ընթերցողին համար: Ի դէպ,  Տիւմա որպէս թատր ընտրած էր ոչ թէ Լոնտոն, այլ` Նիւրեմպերկը, որ վաղուց նշանաւոր էր խաղալիքներու արտադրութեամբ, ունէր յատուկ հսկայ վաճառատուներ եւ նոյնիսկ թանգարան: Տիւմա զեղչած էր բնագիրի խորապատկեր «Մուկ թագաւորի» սեւաթոյր հատուածը, որ ամփոփ ձեւով հետեւեալն է. մուկերու թագուհին իր չար դիւթանքով տգեղցուցած էր  իշխանուհի Pirlipat  (= փոքրիկ գեղեցկուհի): Կախարդանքը կը փարատէր, եթէ մէկը կարենար կոտրել այլաբանական կարծր ընկոյզ մը: Իշխան մը կը յաջողի` ի գին կոտրելով իր կզակը: Ապա սխալմամբ կոխէ արդէն իսկ զայրացած Մուկ-թագուհիին վրայ: Մահացող վհուկը կ՛անիծէ իշխանը, որ կը վերածուի կոտրած եւ տգեղ ընկուզաբեկի մը: Դիւթանքը պիտի փարատէր, եթէ ընկուզաբեկը գրաւէր աղջկան մը սիրտը: Թագուհիի որդին` մուկերու թագաւորը, կ՛երդնու վրէժ լուծել: Տրոսըլմէյըրի (= խնդրայարոյց) նախնիներէն մին, որ նոյնպէս մարդամեքենաներ կը շինէր, կը պահպանէ այդ խաղալիքը եւ կը փոխանցէ Քլարայի կնքահօր:

Ահա թէ ինչո՛ւ Մուկ թագաւորը կը յայտնուի, երբ Քլարա կը սիրէ իր «Ամանորի նուէր» խաղալիքը` ի հեճուկս անոր պարտադրուած տգեղ եւ կոտրած արտաքինին: Քլարա կը սիրէ անոր հոգի՛ն, որ կը ցոլար աչքերէն: Գիրքը կողքով, այսինքն արտաքինով չդատելու բներգը առկայ է շարք մը այլ առասպելներու եւ հեքիաթներու մէջ, որոնցմէ մանուկներուն Տիզնիի գծանկարային ժապաւէններու ճամբով հաւանաբար ծանօթ են «Գեղեցկուհին եւ հրէշը», ինչպէս նաեւ` Նոթրը Տամի սապատաւորը: Այս բանալի կէտը ցաւօք անտեսուած էր ելոյթին մէջ, թերեւս, որպէսզի մանուկի մը չպարտադրուի անհաճոյ տեսք ստանալ բեմի վրայ:

Փեթերսպուրկի ցարական թատրոնի տնօրէնը Չայքովսկիին (որուն «Կարապի լիճ»-ը մեծ յաջողութիւն ունեցած էր) կը պատուիրէ պալէի երաժշտութիւն յօրինել` ֆրանսականի հիման վրայ: Չայքովսքի պարտադրուած էր յօրինել ըստ պարուսոյց Մարիուս Փեթիթայի յոյժ մանրամասն ցուցմունքներուն: Հատուածին կշռոյթը (tempo) եւ կառոյցը (rhythm) հարկ է որ համապատասխանէին այն պարերուն, զորս Փեթիթա ծրագրած էր: Խորքին մէջ բեմագիրը յատկապէս երկրորդ արարի պարուսոյցն էր, այլ ոչ` Հոֆման կամ նոյնիսկ Տիւմա: Այդ է թատերական կառոյցի թուլութեան հիմնական պատճառը: Փեթիթայի առաջնահերթութիւնն էր ցարական պալատին հաճելի պարերու շարան մը ներկայացնել: Առ այդ,  առաջին արարը գլխաւորաբար մնջախաղ մըն է, իսկ երկրորդը` ցուցադրական պարերու շարք մը, որ սակայն կուռ դիպաշար չունի: Բնագիրին մէջ երազներու աշխարհը (ի տարբերութիւն ելոյթին) կը կազմէ գործին նուազ քան 1/6-րդը:

Հեղինակներ.-

Ա.- Հոֆման վաղամեռիկ գրագէտը ունէր տառապալից երկփեղկուած կեանք` քայքայուած ընտանիք, ընկճուածութենէ տառապող լքուած մայր, զինք պահող լուտերական ազգականներու ծայրայեղ խստութիւն, վատառողջութիւն, առաւել` նափոլէոնեան պատերազմներու պատճառած արհաւիրքը եւ քաոսային քաղաքական իրավիճակը: Բազմակողմանի կարողութեան տէր վիպապաշտ մըն էր, որ դատապարտուած էր բանելու որպէս դատարանի տաղտկալի օրէնսգէտ: 18-րդ դարու ճղճիմ եւ թիւրր հոգեբանութիւնը անկարող էր օգնել անոր:

Հոֆման արուեստի միջոցով փախուստ տուաւ առօրեայէն, ինչպէս Քլարա իր քաղքենի ընտանիքէն փախուստ տուաւ դէպի երազներու աշխարհ: Ցաւօք դիմեց նաեւ խմիչքի եւ ունեցաւ թշուառ մահ սիֆիլիսի պատճառած բարդութիւններու պատճառով: Հոֆման ելոյթին մէջ ներկայ էր նաեւ արտակեդրոն, բազմաշնորհ «այլ ես» (alter ego) կնքահօր կերպարանքով: Տրոսըլմէյըր դիւանակալ, ինչպէս`Հոֆման, կը պատրաստէ հրաշալի, բայց չարաշուք խաղալիքներ, ինչպէս Հոֆման կը յօրինէ հրաշալի, բայց չարաշուք պատմութիւններ: Տրոսըլմէյըր հեքիաթի շարժակն է, որովհետեւ ան է, որ ընկուզաբեկը բերաւ Քլարային եւ ուղղեց եղբօր խաթարումը: Բնագիրին մէջ ան է նաեւ պատմողը (ուրեմն` հեղինակը փոխաինողը, բայց այդ հանգամանքը զեղչուած է պալէին մէջ): Հոֆմանի «այլ ես» արտառոց կերպարները առկայ են իր շարք մը այլ գործերու մէջ, ինչպէս ցոյց կու տայ կողքի նկարը, ուր կերպարներէն առնուազն երկուքը կը պատրաստեն մարդանման սարքեր (1):

Բ.- Տիւմա. ինչպէս տեսքը կը թելադրէ, խառնածին մըն էր, ֆրանսացի զօրավարի մը ապօրինի զաւակը: Հօր օրինաւոր որդիներու մահէն ետք ժառանգած էր իր Մարքիզ հօր կալուածները: Կանուխ հասած էր հռչակի` որպէս գրագէտ եւ թատերագիր: Հիմնած է թատրոն: Հրատարակած է շուրջ հարիւր հազար տպագիր էջ: Ցմահ եղած է մասոն մը, հետեւաբար վայելած է լայն օժանդակութիւն եւ պերճ կենսաձեւ: Մասնակցած է քաղաքական կեանքի` նոյնիսկ Ֆրանսայէն դուրս: Տիւմա քաջ տեղեակ էր Հոֆմանի: Նոյնիսկ յօրինած էր կիսակենսագրական սարսափելի պատմուածք մը` «Թաւշէ մանեակով կինը» (La Femme au Collier de Velours), ուր Հոֆմանը փոխարինող հերոսը Փարիզ կը գտնուի արիւնոտ յեղափոխութեան ընթացքին: Մանեակը կը խորհրդանշէ կիյոթին, մահ: Տիւմա, որ տրամագծօրէն Հոֆմանի հակադիր անձնաւորութիւն էր, ոչ զարմանալիօրէն զեղչած է հեքիաթին չարաշուք, սեւաթոյր տարրերը:

Գ.- Փեթիփա (Marius Petipa 1818–1910) կը կրէր ռուսական պալէի հայր տիտղոսը: Հեղինակն է` «Ժիզել»-ին, «Կարապի լիճ»-ին, «Քնացող իշխանուհի»-ին, «Տոն Քիշոթ»-ին եւ երկար շարք մը այլ պալեներու լիպրեթթոներուն, որոնք այս կամ այն կերպ կը շարունակուին: Մայրը դերասանուհի մըն  էր, իսկ հայրը` Եւրոպայի ամէնէն ականաւոր պարուսոյցը: Նախնական ուսումը ստացած էր Ֆրանսայէն դուրս, որովհետեւ ընտանիքը անդադար կը հրաւիրուէր տարբեր երկիրներ, իսկ Եւրոպա անկայուն վիճակ ունէր:  Պրիւքսելի երաժշտանոցին մէջ հետեւած է ջութակի: Ոչ զարմանալիօրէն պարելու սկսած է շատ կանուխ: Քսան տարեկանին արդէն մենակատար էր: Ի միջի այլոց Սպանիոյ մէջ սորված է ֆլամենկօ, որպէսզի կարենայ Քարմենի համար լիպրեթթօ պատրաստել: Եղած է կնամոլ մը (2): Փեթիփա կը ցցէր մենակատարուհին` ի հաշիւ պարախումբին, որ գրեթէ բեմայարդարումի կը վերածուէր: Բարեբախտաբար այդ ըստ կարելւոյն սրբագրուած էր ելոյթին մէջ: Շա՛տ բարի: Պարախումբի բեմական դասաւորումին յաճախ կու տար «նուիրապետական» (բրգաձեւ) կառոյց, ինչ որ յոյժ հաճելի էր իշխանութեան:  Կ՛օգտագործէր մնջախաղ, որ առկայ էր առաջին արարի սկզբնաւորութեան:

Այդ ուռճացուած էր հաւանաբար, որպէսզի բեմական փորձառութիւն տար պարախումբի անդամներուն: Ոչի՛նչ, բարի: Ի դէպ, պարագիրը ծանօթ է նաեւ իր միջանկեալ հաճելի պարերով (պալէի բարբառով` divertissement),  որոնք առնչութիւն չունին դիպաշարին հետ: Այդ ակնբախ էր երկրորդ արարին մէջ: Առ այդ, մեծապէս կը կաշկանդէր եւ կ՛անհանգստացնէր այն երաժիշտները, որոնք Չայքովսքիի տաղանդը չունէին: Քննադատներ դիտել տուած են, թէ ան կը գործադրէր կրկնուող,  ուրեմն եւ կանխատեսելի ձեւաչափ-տարազներ (ֆորմիւլա), ինչ որ պարը աւելի նման կը դարձնէր (թէկուզ` հաճելի) վարժութեան, քան` մարմնի լեզուով պատումի: Ի դէպ, առաջին ելոյթներուն մէջ Բ. արարի (որուն մէկ մեծ բաժինը կը կազմէ «ոչ երկուքով» – Pas de Deux ձեւաչափը) մենակատարուհին ոչ թէ 7 տարեկան աղջնակն էր, այլ` «Շաքար-սալորի պարիկը» (Sugar Plum Fairy): Կողքի նկարը ցոյց կու տայ իր պարագրութենէն նմուշ մը (3): Աղջնակ մը սիրային/սեռային յարաբերութիւն չէր կրնար ունենալ իշխանի մը հետ: Բացի այդ, Հոֆման տեղեակ չէր կրնար ըլլալ յետֆրոյտեան մեկնաբանութիւններուն: Նման ակնարկներ եւ մեկնաբանութիւններ տեղ գտած են շատ աւելի ուշ (4): Ի դէպ, Հոֆման մեծ փորձառութիւն չունէր նաեւ մանուկներու հոգեբանութեան եւ դաստիարակութեան մարզերէն ներս: Կ՛ենթադրեմ, որ իր ասքը կ՛ուղղէր չափահասներու:

Ինքնաշարժակներ (automaton).- Հոֆմանի մարդուկ-ջարդուկը խորքին մէջ կը պատկանի ինքնաշարժակներու դասին, որուն արմատները կը հասնին յունական առասպելներու: Ընթերցողը հաւանաբար ծանօթ է արգոնաւորդներուն եւ թերեւս դիտած է հոլվուտեան ժապաւէնը, ուր հնարամիտ եւ արի Եասոն կը տապալէ Թալոսի պրոնզեայ հսկան (տե՛ս կողքի նկարի սափորը) (5): Հսկան անուատամներով (cog) եւ լծակներով չէր բաներ, մարմնի երկայնքին ունէր կեանքի աւիշ կրող երակ մը: Անուատամներով բանող սարքերու հմայքը առկայ էր միջին դարերուն: Կ՛ըսուի, թէ բիւզանդական եւ աբբասեան պալատներուն մէջ կային նման սարքեր: Մեզի ծանօթ է, օրինակ, չին արքայի նուիրուած մեքենական սոխակի հեքիաթը: Հոֆման ստեղծած է շարք մը այլ ինքնաշարժակներ, որոնց շարքին` ծաղրանկարային Օլիմփիան, որ նոյնպէս յաջող պալէի վերածուած է: Հոֆման ո՛չ առաջինն էր եւ ո՛չ ալ վերջինը: Մարդամեքենայ կերպարներ յօրինած են շատ մը մը հեղինակներ, որոնց շարքին ականաւոր Է. Ալեն Փօ («Խօսող թուրքը»), եւ Մարք Թուէյն` իր ծաղրանկարային «Մետաղեայ ասպետներ»-ով (6):

19-րդ դարու մեքենամարդերու մեծամասնութիւնը ժխտական են (7): Անոնք վիպապաշտ հակազդեցութիւններ են որոշադրական (determinist), դրապաշտ (positivist) մտայնութեան, ինչպէս նաեւ` ճարտարագիտական յեղափոխութեան պատճառած անձկութեան: Կը զգային, որ կեանքը կը զրկուէր հոգիէ, երազէ, խորհուրդէ: Ի դէպ, նման անձկութիւն սկսած է տիրել մեր օրերուն, վտանգը այս անգամ կու գայ ոչ թէ շօշափելի եւ կործանելի մեքենաներէ (ինչպէս` Մեթրոփոլիսի Մարիան), այլ` անշօշափելի եւ անկործանելի արհեստական բանականութենէն, որ կը ծրագրուի հոյահարուստ հաստատութիւններու կողմէ (8):

Հուսկ բանք.-  Ինչպէս պարուսոյց Ժագլին Սարխոշեան յայտնած էր «Վանայ Ձայն»-ին հետ տեսակցութեան ընթացքին, «Մարդուկ-Ջարդուկ»-ը կանոնաւոր կերպով կը բեմադրուի հայրենիքի մէջ, որովհետեւ իտէալական գործ է դպրոցական / սիրողական խումբերու համար: Ձեռնտու եւ օգտակար է յատկապէս Բ. արարը, որուն մէկ մեծ մասը գլխաւորաբար «ազգային» պարեր է (9): Կարելի է այդ գունագեղ պարերը պատրաստել որպէս իրարմէ անջատ միաւորներ: Այդ պարերուն համար կարիք չկայ բթամատերու վրայ կանգնելու: Փոխարէնը` կարելի է կեդրոնանալ խմբային արտայայտչական կողմին վրայ, ակնյայտօրէն` «Ծաղիկներու պար»-ի պարագային: Յատկապէս տպաւորիչ է առաջին արարի աւարտական յամրերգ (adagio) երաժշտութեան տակ ձիւնի փաթիլներու վալսը:

Ելոյթի մասին արդէն իսկ լոյս տեսած են ակնարկներ (10, 11): Ելոյթը մեծապէս գլած անցած էր իմ ակնկալութիւնները: Շա՛տ բարի:

—————–

(1).- Ինչպէս` Coppelius` The Sandman-ի մէջ / Professor Spalanzani` The Golden Pot musician-ի մէջ եւ / Kreisler` Kater:
(2).- Պատահած է նոյնիսկ, որ պարտադրուած է երկրէն փախչիլ, երբ իր տարփած կնոջ ամուսինը զինք մենամարտի հրաւիրած է:
(3).- Պարագրութիւնները պահպանուած են պարուսոյց Սերկէյեւի (Nicholas G. Sergeyev 1876–1951) պատրաստած ընդարձակ հաւաքածոյին մէջ:
(4).- Կոտրած ապակին եւ Քլարայի ու (ելոյթին մէջ զեղջուած) արիւնահոսութիւնը այսօր անմիջապէս կը մեկնաբանուին որպէս առաջին դաշտան:
(5).- Բնագիրին մէջ պրոնզեայ հսկան կը տապալի Եասոնին սիրահարած կախարդուհի Մետիայի կողմէ:
(6).- Mark Twain “A Connecticut Yankee in King Arthur’s Court” (1889):
(7).- Բացառութիւններ  կարելի է համարել «Էտիսընի ապագայի Եւան» (L’Ève future Edison 1878) եւ «Դաշտերու շոգեմարդը» (The Steam Man of the Prairies” 1868), որ խորքին մէջ վարորդի մը կողմէ մեքենական հրահանգներ կը ստանար:
(8).- Չար մարդամեքենաներու ճնշող մեծամասնութիւնը իգական է, ինչպէս` Եդեմի Եւան, անհամար վհուկներ եւ Մեթրոփոլիսի Մարիան: Այդ առանձին նիւթ է:
(9).- Պարերը կ՛ամբաստանուին ցեղապաշտութեամբ, որովհետեւ կը ներկայացուին ոչ թէ վաւերական բնոյթի ազգագրական պարերգ, այլ` մեր մտապատկերէն բխած կարծրատիպեր, որոնք կը թուին ազգագրական:
(10).-  Տե՛ս, օրինակ, Ս. Սողոմոնեան «Համազգայինը ներկայացուց պալէի կախարդական ելոյթ մը», «Ազդակ», 5 յունուար  2026:
(11).- «Համազգայինի «Գայեանէ» պալէի դպրոցի «Նաթքըրաքըր» խորագրեալ հեքիաթային բարձրորակ ներկայացումը», «Ազդակ», 27 դեկտեմբեր 2025:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հայրենիք

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Տեսակէտ. Եղանակի Տեսութիւն Ե.

February 23, 2026
Գեղատիպ Հրատարակութիւն Մը Եւս…
Արուեստ - Մշակոյթ

Գեղատիպ Հրատարակութիւն Մը Եւս…

February 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմական Տեղադրում Եւ Ապրող Պաստառներ

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.