Յօդուածներ

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Սեւամորթներու Կեանքերը Կարեւոր Են Նաեւ Հո՛ս` Լիբանանի Մէջ

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 25 մայիսին Ճորճ Ֆլոյտի մահը, որ պատահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Մինեսոթա նահանգի Մինիափոլիս քաղաքին մէջ, մեծ պոռթկում յառաջացուց ամբողջ Ամերիկայի տարածքին, մանաւանդ շրջանակներուն մէջ սեւամորթներուն, որոնք տարիներ շարունակ ենթակայ եղած են պատմականօրէն կիրարկուած ցեղապաշտ եւ խտրական քաղաքականութիւններու: Ֆլոյտի մահուան լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը շուտով միջազգայնօրէն փոխադրուեցան ընկերային ցանցերու աշխարհ, ապա աշխարհի զանազան մասերու մէջ...

Մայրենի Լեզուն` Անփոխարինելի

«Յանցաւոր» Մայրեր

ՇԱՂԻԿ ԿՈԿՈՆԵԱՆ-ՉԱՄԻՉԵԱՆ Երեկոյեան,  երբ վերջապէս զաւակդ կը քնանայ, շունչ մը քաշելով՝ կ՚ըսես. «Այսօր ալ անցաւ», եւ յանկարծ հարցումներու շարք մը կը սկսի տողանցել մտքիդ մէջ։ Արդեօք լա՞ւ էր անոր օրը, ուրախ է՞ր, կարողացա՞ր բաւարար գիտելիքներ փոխանցել անոր, բաւարար դաս ըրա՞ւ, պէտք չէ՞ որ զինք յանդիմանէի, երբ սխալեցաւ։ Աւելի՛ն. անոր ստացած սնունդը բաւարար ու առողջապահակա՞ն էր, երկար ատեն հեռատեսիլ դիտե՞ց եւ...

ՓԹԻԹ-ի Կայքը Կ’աշխուժանայ Համավարակի Օրերուն

ՓԹԻԹ-ի Կայքը Կ’աշխուժանայ Համավարակի Օրերուն

«ՓԹԻԹ մանկապատանեկան կայք»-ը մեկնարկած է Հոկտեմբեր 2015-ին,Պէյրութի  մէջ2010 -էն ի վեր լոյս տեսնող նոյնանուն պարբերաթերթը հասանելի դարձնելու համար հայկական Սփիւռքին: 2016-ին կայքին յաջորդեց ՓԹԻԹ յաւելուածը, որ ցարդ ունի շուրջ 33,000 ներբեռնում։ Կայքի թարմացումները պարբերաբար շարունակուեցան մինչեւ 2020, եւ այն ցարդ  ունեցած է շուրջ 53,000 այցելու։ Վերջին ամիսներուն, Համաճարակին պարտադրած մեկուսացումին պատճառով, կայքին այցելուները եռապատկուեցան (Մարտ – Մայիս ամիսներուն՝ աւելի քան...

Հայկական Մամուլի Օրուան  Առթիւ (16 Հոկտեմբեր).   Շնորհաւոր Հայկական Մամուլի Օր

Երկու , Հայ Մեծանուն Կղերականներու 200 Ամեակի Առթիւ

ՏՈՔԹ.ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ 2020 թուակիր  տարուայ մէջ հայ աշխարհը  կը նշէ ,հայ իմացականութեան վեհաշուք հանճարներէն ,երկու  մեծանուն կղերականներու  Մկրտիչ Խրիմեանի եւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ծննդեան 200 ամեակը,որոնց  դերը մեծ եղած է մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան մէջ: Նախապէս այս էջերուն մէջ, փորձած էինք  յակիրճ կերպով  ներկայցնել Խրիմեան հայրիկը եւ իր գործունէութիւնները, այսօր ալ կը փորձենք ,նոյն կերպով  Հայր Ալիշանը եւ իր...

Անդրադարձ Յայտնիներու Դիւանագիտութեան Եւ Սփիւռքի Քաղաքացիական Հասարակութեան

Պարոն Վարչապետ, Երկիրը Կառավարելու Առաջին Մեծագոյն Մարտահրաւէրը Չկրցաք Յաղթահարել

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏՀԱԼՃԵԱՆ 4 երկար ամիսներ արդէն անցած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակի սկիզբէն (առաջին վարակուած հիւանդի պարագան 1 Մարտին էր): Այսօր Հայաստանի մէջ Covid-19ի պատճառով մահացածներուն թիւը արդէն անցած է 200ը, իսկ վարակուածներուն թիւը հասած է անընդունելի 15,000ի. իսկ հայ հասարակական գիտակցութիւնը եւ «հայ քաղաքական միտքը» ընդհանրապէս կարծէք բացակայ են այս տագնապի հարթակէն: Քաղաքացիներ կը շարունակեն իրենց անզգոյշ ընթանքը՝ վտանգելով լայն...

1985, «Գիմ» Եւ Գայլ

1985, «Գիմ» Եւ Գայլ

ՇՈՂԵՐ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Երկուշաբթի, 10 նոյեմբեր 1985: Զբօսանքի վերջը աւետող զանգը հնչած է: Շուրջ 300 աշակերտներ, Ճեմարանի Պուրճ Համուտի առժամեայ շէնքին նեղ աստիճաններէն վեր կը բարձրանան դէպի դասարաններ: Վերը կանաչ գրատախտակ, սպիտակ կաւիճ ու գունաւոր կողքով տետրակներ կը սպասեն իրենց: Դասագիրքերուն էջերէն Քուռկիկ Ջալալի հեծած Սասունցի Դաւիթ, Վարդան Մամիկոնեան եւ Փառանձեմ Թագուհի կազմ ու պատրաստ են: Իսկ դասարաններուն լայն պատուհանները կը...

Հարցազրոյց` «Ազդակ»-ի Երիտասարդ Աշխատակիցներէն Քրիստ Իսկենտերեանին Հետ

Իրողութիւն

ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Կ՛ապրինք ճգնաժամային տաժանելի օրեր: Համակ մարդկութիւնը կ՛ապրի դժուար օրեր: Եթէ 20-րդ դարը տեսաւ Համաշխարհային Ա. եւ Բ.  պատերազմներ, ապա 21-րդ դարը այսօր կը տեսնէ պատերազմէ անդին, մետաղեայ զինուժէ անդին, պայթող ռումբերէ ու արձակուող փամփուշտներէ անդին, նահատակուող զինուորներէ անդին, յաղթանակ երազող հակամարտող ուժերէ անդին համաշխարհային եղելութիւն մը: Եղելութիւն մը, որ  յետադարձ հայեացք մը նետել կու տայ 1918-ի 15 ամիսներու...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հրաման տուէք, որ կատարենք»

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տխրայիշատակ օրերուն, 1979-ի ձմրան, «ԼաՌեվու տիւ Լիպան» անունով հանրածանօթ շաբաթերթը, որ կը տպուէր ֆրանսերէն լեզուով եւ լոյս կը տեսնէր քրիստոնէական շրջանին մէջ՝ Պէյրութ քաղաքին, տպեց հակահայ յօդուած մը, որ շատ վատ անդրադարձ ունեցաւ եւ խիստ նեղութիւն պատճառեց հայերուն։ Յօդուածը յստակօրէն թոյն կը թափէր լիբանանահայ գաղութի վրայ եւ, աւելի հեռու երթալով, կը սաստէր հայերը, թէ որոշ ուժեր...

Առ ի զօրակցութիւն՝ Լիբանանահայ գաղութին

Առ ի զօրակցութիւն՝ Լիբանանահայ գաղութին

ՀՈՒՐԻ ՄԱՅԻՍԵԱՆ Լիբանանահայ գաղութը իմ կարիքս ունի, ձեր կարիքը ունի, մեր կարիքը ունի։ Լիբանանի տնտեսական անկումն ու հետզհետէ խորացող քաղաքական տագնապը հսկայական անդրադարձ ունեցած են գաղութիս հայութեան վրայ։ Թրքական ազդեցութեան տակ գտնուող ուժերու կողմէ վերջերս կատարուած անընդունելի հակահայ առարքներն ու խուլիկանութիւնները եկան աւելի եւս սրելու իրավիճակը։ Նոյնիսկ Լիբանանհայութեան նման հին, հպարտ եւ զօրաւոր գաղութի մը համար, այս բոլորը տանիլը՝ շատ...

Ջահը Անմար Պահենք

Ջահը Անմար Պահենք

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Երբ սկսայ մտածել, թէ ի՛նչ պէտք է գրեմ իմ սիրելի դպրոցիս 90-ամեակին առիթով, առաջին հերթին մտքով տեղափոխուեցայ Նշան Փալանճեան ճեմարան, ուր յաճախած էի նախակրթարանի տարիներուս: Առաջին անգամ երբ դարպասէն ներս մտայ, աչքերուս դիմաց բացուեցաւ բոլորովին այլ աշխարհ մը, որ մեր բնակած շրջաններէն տարբեր էր իր գոյնզգոյն ծաղիկներով, մշտադալար բարձր ծառերով, հետաքրքրական արահետներով, կիսանդրիներով եւ պատերուն վրայ զետեղուած նահատակ...

Լիբանանահայը Լիիրաւ Լիբանանցի Քաղաքացի Է, Եւ Ասիկա Սակարկելի Չէ՛

Լիբանանահայը Լիիրաւ Լիբանանցի Քաղաքացի Է, Եւ Ասիկա Սակարկելի Չէ՛

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Լիբանանի մէջ հայ համայնքը դրական դերակատարութիւն ունեցած է երկրին բարօրութեան եւ բարգաւաճման»: Երեսփոխան Պութրոս Հարպ Պատմաբաններ, ցեղասպանագէտներ եւ պատմագէտներ իրենց ուսումնասիրութեան, եզրայանգումներուն եւ վկայութեան համար վստահաբար կը կառչին պատմութեան` իբրեւ փաստավաւերագրական տուեալ եւ սկզբնաղբիւր: Ըստ կարգ մը տեսակէտներու, Լիբանան երբեմն նաեւ ընդգրկուած է հայոց պատմութեան մէջ, որովհետեւ հայեր վաղնջական շրջանէն (նախքան Քրիստոս եւ Քրիստոսէ ետք) կայք հաստատած են...

Թեւ. Մեր Բառերուն Ամէնէն Լայնատարածը

Հայելի

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ Նախորդ յօդուածներու մէջ, յարգելի ընթերցող, զրուցած էինք «փարոս», «շուշան», «մշուշ», «հազար», «համբոյր», «քոյր» եւ բազմաթիւ այլ բառերու մասին: Անոնք լուսատու էին, խորհրդաւոր երբեմն, միշտ երազկոտ ու գրկաբաց, հայրենասէր եւ հիւրասէր անկասկած: Անոնց թեւերուն բազմած ճանապարհորդած էինք հայկական բնաշխարհին վրայ, պատմութեան մատեաններուն մէջ: Իսկ այսօր, կ’առաջարկեմ զմայլիլ մէկ այլ բառով մը, որ կը սիրէ ոսկեփայլ շրջանակներով երիզուած ցուցադրուիլ: Այդ...

Յիշողութեան Թռչնիկիս Հետ Ոստոստում Ճեմարանէն Յիշատակներուս Ծառին Վրայ

Յիշողութեան Թռչնիկիս Հետ Ոստոստում Ճեմարանէն Յիշատակներուս Ծառին Վրայ

ՄՀԵՐ ՊԱՊԵԱՆ Թռչուն մը ինծի ալ լուր տուաւ, որ մեր սիրելի Ճեմարանը այս տարի արդէն 90 տարեկան է: Ասիկա առիթ եղաւ, որ երթամ, պահ մը նստիմ Ճեմարանի յիշատակներուս ծառին տակ եւ իմ յիշողութեանս թռչնիկը արձակեմ վեր՝ դէպի անոր տարածուն եւ դալար ճիւղերը: Թռչնիկս ցատկեց ճիւղէ-ճիւղ, գնաց մանկութեանս ու Ճեմարանին աշակերտութեանս օրերը, երբեմն վերադարձաւ մօտս եւ մանր, համով պտուղներ բերաւ այդ...

Բարի՛ վերամուտ

Մեր Խօսքը` Յեղաշրջման Ուղիով. Ցեղապաշտութեան Դէմ Պայքարը

Վերջին երկու շաբաթներուն եւ մինչեւ օրս համաշխարհային գետնի վրայ տեղի կ'ունենան ցեղապաշտութեան, անարդարութեան եւ խտրականութեան դէմ լայնածաւալ շարժումներ: Փողոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերուն վրայ ժողովուրդը ճիգ չի խնայեր իր բողոքի պատգամն ու ձայնը հասցնելու հանրութեան` աջակցութիւն յայտնելով «սեւամորթներուն» եւ փոքրամասնութիւններուն: Սակայն, մինչ աշխարհը զբաղած է ցեղապաշտութեան դէմ պայքարով, Լիբանանի մէջ ականատես կ՛ըլլանք հակապատկերին: Այս քանի մը օրերուն ընթացքին  ընկերային...

Սպասում

«Քորոնա» Ժահրի Ընթացքին Թուաբանական Պատկերումը

Դ.- Վարակի Ալիքներ Եւ «Հօտի Դիմադրականութիւն» ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ձեռքբերուած Իմաստութիւն.- Ուինսթըն Չըրչիլ ըսած է.- «Քաղաքագէտը այն մարդն է, որ այսօր կը բացատրէ, թէ վաղը ի՛նչ պիտի պատահի, իսկ վաղը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ այդ չպատահեցաւ»: Այս յօդուածաշարի առաջին թիւը (17 մարտ, «Ազդակ») թուաբանական պատկերումը կու տար պարզունակ ձեւով: Կը մէջբերեմ.- «... լուծելի հաւասարութիւնները ձեռք բերուած են ի գին մեծ...

Վահան Զանոյեանի Հատորին Առցանց Քննարկում

Վահան Զանոյեանի Հատորին Առցանց Քննարկում

31 Մայիսին տեղի ունեցաւ հեղինակ Վահան Զանոյեանի անգլերէն նոր հատորին՝ «Waking Noah՛s Vines» («Նոյի Որթատունկերուն Զարթնեցում») առցանք քննարկումը, կազմակերպութեամբ Սիլիքոն հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին։ Հատորը երեւակայական պատմութիւն մըն է, որ կը հիւսուի Հայաստանի մէջ գինեգործութան 6000ամեայ աւանդութիւնը վերկանգնելու յոյսերով աշխարհի զանազան անկիւններէ եկած խումբ մը հայ եւ օտար գինեգործներու, մասնագէտներու, առետրականներու եւ անոնց հետ կապակցուած  ոճիրի մը ծալքերը բացայայտելուն շուրջ։...

Արեւմտահայերէն Զարթօնք 2.0

Արեւմտահայերէն Զարթօնք 2.0

ՇԱՀԷՆ ԱՐԱՊՕՂԼԵԱՆ Գործակիցս շատ ճիշդ ձեւով հաստատեց Meet the Revolution փոտքասթի 4-րդ յայտագիրին ընթացքին. «Ինչ կը վերաբերի լեզուին, հայոց լեզուին, տեսակ մը արեւմտահայերէն առցանց զարթօնք մը ծնաւ այս համաճարակէն», ըսաւ Ռուբէն Ճանպազեանը, h-pem.com առցանց հարթակի խմբագիրը: Եւ ճիշդ է, չէ՞, բացի եթէ քարայրի մը մէջ կ’ապրիս այս վերջին 3 ամիսներու ընթացքին, վստահ տեսած ես արեւմտահայերէնով առցանց ստեղծագործութիւններ աջ ու ձախ:...

Նոր Ժամանակներու Ճեմարանը

Նոր Ժամանակներու Ճեմարանը

ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ Միայն Ճեմարանի բովէն անցնող հայ ուսանողը, որ ապրած, տեսած, փորձարկած ու շնչած է ճեմարանի օդն ու շունչը, անոր ազգային ու գաղափարական ոգին, կրնայ վկայել, որ ա՛յն, ինչ որ կու տայ ճեմարանը, ազգային է` իրաւամբ, լաւագոյնն է կրթութեամբ եւ իր բարոյական ու մարդկային դաստիարակութեամբ եւ նոր ժամանակներու միջոցներով` սերունդներ կերտող, սերունդներ պատրաստող ու սերունդներ թրծող: Եթէ դիտենք սփիւռքեան մեր...

Ճեմարանի 90-ամեակ

Ճեմարանի 90-ամեակ

ԲԻՒՐԱԿ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ 1983-ի շրջանաւարտ Պիտի խօսիմ ճեմարանին մասին՝ ուսուցիչներուն անունները յիշելով՝ յուսալով, որ յիշողութիւնս զիս չի դաւաճաներ։ Հայերէն գրել կարդալ սորվեցանք Անիին եւ Պետիկին ընկերակցութեամբ, տիկիններ Լուսին Մալիքեանին եւ Գարմէն Տէր Կարապետեանին հոգատարութեան ներքեւ։ Մանկապարտէզի ուսուցչուհիներէն կը յիշեմ օրիորդ Ժաքլինը եւ տիկին Հացպանեանը, որոնք մեր հայերէնի ուսուցման առաջին հիմերը դրին։ Մեծ հետաքրքրութեամբ «Վասպուրական» սրահին մէջ ներկայ կը գտնուէինք շաբաթ օրուան ...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Հին էջերէ. Կեցցէ’ Քննադատութիւնը

      ՄԻՀՐԱՆ  ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Քննադատութիւններու տարափով յատկանշուող մեր անմիջական շրջապատէն կամ անկէ դուրս կարելի՞ է արդեօք գտնել երկու-երեք օրինակ, որ ցոյց  տայ, թէ  նոյնիսկ արդար մղումով կատարուած քննադատութիւնը առաջնորդած ըլլայ քննադատուողը իր «սխալը» ընդունելու կեցուածքին: Ով գիտէ քանի անգամներ մենք ալ գտնուած ենք երկու վիճակներու մէջ. Քննադատելու եւ քննադատուելու: Առաջին պարագային, հաւանաբար գերակայ զգացումով ունեցած ենք «յաղթանակ» մը արձանագրած ըլլալու ինքնագոհութիւնը,...

Page 498 of 1112 1 … 497 498 499 … 1,112

Արխիւներ