Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարոն Վարչապետ, Երկիրը Կառավարելու Առաջին Մեծագոյն Մարտահրաւէրը Չկրցաք Յաղթահարել

June 16, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏՀԱԼՃԵԱՆ

4 երկար ամիսներ արդէն անցած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակի սկիզբէն (առաջին վարակուած հիւանդի պարագան 1 Մարտին էր): Այսօր Հայաստանի մէջ Covid-19ի պատճառով մահացածներուն թիւը արդէն անցած է 200ը, իսկ վարակուածներուն թիւը հասած է անընդունելի 15,000ի. իսկ հայ հասարակական գիտակցութիւնը եւ «հայ քաղաքական միտքը» ընդհանրապէս կարծէք բացակայ են այս տագնապի հարթակէն: Քաղաքացիներ կը շարունակեն իրենց անզգոյշ ընթանքը՝ վտանգելով լայն հասարակութիւնը եւ նոյնիսկ մեր պետութիւնը: Իսկ կառավարութեան որդեգրած համաճարակին դէմ պայքարի քաղաքականութիւնը կը շարունակէ մնալ ոչ-գոհացուցիչ:

Համաճարակէն մահացածները հայրենակիցներ են, մարդ արարածներ, մայրեր, հայրեր, եղբայրներ եւ քոյրեր, եւ ոչ պարզ հարցախոյզային տուեալներ: Արդէն մեզի  ծանօթ անուններ սկսած ենք տեսնել զոհերու եւ վարակուածներու ցանկին վրայ:

Ես որոշած էի այս հարցը մարդկութեան այս ճակատագրական օրերուն «չքաղաքականացնել», բայց կարծէք կարելի պիտի չըլլայ համակերպող լռութեան մէջ մնալ: Այս կ՛ըսեմ ոչ իբրեւ  «քննադատութիւն, մեղադրանք, յեգնան՝ ուղղուած իշխանութեան հասցէին»: Այս կ՛ըսեմ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ մղուող ձախող մարտավարութեան ծիրին մէջ: Այս կ՛ըսեմ սիրտս հանգիստ, համաճարակի առաջին օրերէն ձայնս բարձրացնող եւ գործօն մասնակցութիւն բերած հայորդիի մը դիրքերէն (տեսնել՝ «Ասպարէզ»ի եւ «Armenian Weekly»ի մէջ հրապարակուած յօդուածներս):

Նախ նշեմ, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը փորձեց պայքարիլ համաճարակին դէմ՝ կեդրոնանալով տարբեր միջոցառումներու վրայ, ինչպէս՝ քննութիւններու գործարկում, վարակեալներու մեկուսացում, սահմաններու փակում եւ ընդհանրապէս առողջապահական համակարգի կարողութիուններու ընդլայնում: Բայց երբ հիւանդութեան տարածումը կառավարելու կարողութեան ակնոցով կը դիտենք, կը տեսնենք, թէ որոշ երկիրներ ուրիշներէ աւելի լաւ են: 2.5էն 4 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիրներու պարագային, Հայաստանը վարակման պարագայններու թիւի հաշուարկով 2րդ տեղը կը գրաւէ (տես ցուցակ 1): Հայաստան այսօրուան հաշուարկով՝  աշխարհի 37րդ երկիրն է, եթէ մահերու թիւը մէկ միլիոն բնակիչի հաշիւով չափենք: Հայսատանի Covid-19ի մահացութեան մակարդակը մինչեւ օրս 1.5 տոկոսէ, իսկ մեր տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը իր 2 դրացիներուն անցաւ վարակեալներու հաշիւով (տես ցուցակ 2):

Նախորդը

Վահրամ Բալայեան. «Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորներուն Յայտարարութիւնը Կը Խախտէ Մարդու Հիմնարար Իրաւունքները»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (16 Յունիս 2020)

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.