Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջահը Անմար Պահենք

June 15, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Երբ սկսայ մտածել, թէ ի՛նչ պէտք է գրեմ իմ սիրելի դպրոցիս 90-ամեակին առիթով, առաջին հերթին մտքով տեղափոխուեցայ Նշան Փալանճեան ճեմարան, ուր յաճախած էի նախակրթարանի տարիներուս:

Առաջին անգամ երբ դարպասէն ներս մտայ, աչքերուս դիմաց բացուեցաւ բոլորովին այլ աշխարհ մը, որ մեր բնակած շրջաններէն տարբեր էր իր գոյնզգոյն ծաղիկներով, մշտադալար բարձր ծառերով, հետաքրքրական արահետներով, կիսանդրիներով եւ պատերուն վրայ զետեղուած նահատակ գրողներու դիմաքանդակներով ու գրութիւններով:

Ուսուցչուհիները երբ մեզի կը խօսէին Ճեմարանի նուիրեալներ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի, նոյնպէս` երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեանի մասին, աչքերուս առջեւ կու գային շրջափակին մէջ գտնուող անոնց կիսանդրիներն ու կիսարձանը: Անոնք նաեւ մեզի կը պատմէին Մուշեղ Իշխանի մասին: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ ընկերային ջերմ վերաբերմունք ունեցող մեր ուսուցչուհիներն ու ուսուցիչները անոնց շատ մտերիմ մարդիկ էին, թերեւս` անոնց ազգականները:

Միջնակարգի եւ երկրորդականի ուսումս  շարունակեցի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի մէջ, ուր զգացումը նոյնն էր: Նոյն ընտանեկան ջերմ մթնոլորտը:

Այդ մթնոլորտին մէջ մենք ուսման կողքին կրթուեցանք իբրեւ ազատ, համարձակ անհատ, Լիբանանի իրաւ քաղաքացի, մանաւանդ` վաւերական հայ: Այդ մթնոլորտին ներշնչումովն էր, որ մենք մեր փոքր տարիքէն մեր գաղութին մէջ դարձանք ՀՄԸՄ-ական, Համազգայնական եւ միութենական` մասնակցելով անոնց գործունէութիւններուն:

Տարիներ անցած են իմ աւարտելէս, բայց երբ նախկին ուսուցիչներէս մէկուն կամ ոեւէ ճեմարանականի հանդիպիմ,  անկախ անոր տարիքէն, կարծես հանդիպած կ՛ըլլամ ընտանիքի անդամի մը, եւ ժամերով կը զրուցենք հին ու նոր օրերու մասին:

Մեզմէ ետք մօրեղբօրս զաւակները յաճախեցին Ճեմարան: Անոնք երբ Քանատայէն  այցելութեան գան, իրենց ժամանակին մեծ մասը Ճեմարանին կը յատկացնեն: Մեզի  հետեւելով, մօրս զարմուհիներուն զաւակները այժմ կը յաճախեն Ճեմարան: Երբ իրարու հետ կը զրուցենք, այնպէս կը կարծեմ, թէ տակաւին Ճեմարան կը յաճախեմ, նոյն մթնոլորտը պահպանուած է, նոյն ոգին կը փոխանցուի, ազգային ու մարդկային արժէքներու հանդէպ նոյն ապրումը:

Ուրեմն Ճեմարան տակաւին շատ տալիք ունի յաջորդ սերունդներուն: Եկէ՛ք միասնաբար սատար հանդիսանանք մեր ուխտավայրին եւ մեր աջակցութեամբ նպաստենք անոր ամրապնդման:

 

Ծանօթ.-  Ճեմարանի նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը` www.djemaran.edu.lb/donate

 

Նախորդը

Լիբանանահայը Լիիրաւ Լիբանանցի Քաղաքացի Է, Եւ Ասիկա Սակարկելի Չէ՛

Յաջորդը

«Ամերիկացի Զինուորն«Ամերիկացի Զինուորները Այլեւս Պիտի Չլուծեն Օտար Հակամարտութիւնները» Կ՛ըսէ Թրամփերը Այլեւս Պիտի Չլուծեն Օտար Հակամարտութիւնները» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.