Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հին էջերէ. Կեցցէ’ Քննադատութիւնը

Յունիս 11, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

     

ՄԻՀՐԱՆ  ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Քննադատութիւններու տարափով յատկանշուող մեր անմիջական շրջապատէն կամ անկէ դուրս կարելի՞ է արդեօք գտնել երկու-երեք օրինակ, որ ցոյց  տայ, թէ  նոյնիսկ արդար մղումով կատարուած քննադատութիւնը առաջնորդած ըլլայ քննադատուողը իր «սխալը» ընդունելու կեցուածքին:

Ով գիտէ քանի անգամներ մենք ալ գտնուած ենք երկու վիճակներու մէջ. Քննադատելու եւ քննադատուելու:

Առաջին պարագային, հաւանաբար գերակայ զգացումով ունեցած ենք «յաղթանակ» մը արձանագրած ըլլալու ինքնագոհութիւնը, իսկ երկրորդին՝ մեր հպարտութեան մէջ վիրաւորուած՝ստորակայ զգացումը համակած է մեզ եւ մղուած ենք ինքնապաշտպանութեան:

Մարդկային բնութեան անբաժանելի գիծը կը կազմէ հակազդելու մղումը: Որքան որ բնական կը թուի գործի կամ տեսակէտի մը յառաջացուցած քննադատութիւնը, նոյնքան եւ հակազդեցութեան  բնական օրէնքով, տրամաբանական է պաշտպանութեան դիրքի վրայ մնալու քննադատուողին յամառութիւնը,  կամ լաւագոյն պարագային՝ արդարացում-պատճառաբանութիւն որոնելու միջոցը:

Այս երեւոյթը կը բխի անկէ, որ մարդ անհատի համարումը ինքզինքին նկատմամբ կը գլէ կ’անցնի ամէն չափ ու կշիռ:

Իրապէս. անցեալէն թէ ներկայէն քանի՞ պարագայ կարելի է նշել, ուր քննադատութիւնը  իր անմիջական արդիւնքը տուած ըլլայ քննադատուողին վրայ,– շատ ջնջին: Մինչ հակառակին օրինակները ամէն ժամ կը վխտան մեր շուրջը: Որեւէ պահու բացէ’ք ֆէյսուքը եւ տեսէ’ք:

Բայց թողունք ֆէյսպուքը, ուր յաճախ յոխորտանքը շփոթուած է քննադատութեան  հետ եւ ցոյց տանք երկու հանրածանօթ պատկերներ:

Նշանաւոր կանկսթեր Ալ գաբոնէ, որ կը նկատուէր «ընկերութեան թիւ 1 թշնամին», ձերբակալութենէն  ետք, ակնարկելով արգիլեալ խմիչքի ու բախտախաղի իր ապօրէն գործունէութեան, կը յայտարարէր. «Կեանքիս լաւագոյն տարիները վատնեցի մարդիկը  հաճոյացնելու, անոնց օգնելու որ ուրախ պահեր ունենան առօրեայ դժուարութեանց մէջ, բայց փոխարէնը ստացայ հալածանք ու պարսաւանք…»:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտին, Ֆրանսան Հիթլերի բանակներուն յանձնող նախագահը՝ Ֆիլիփ Փեթեն, երբ կը դատապարտուէր իբրեւ հայրենիքի դաւաճան, ան կը շարունակէր մնալ իր համոզումին մէջ ու կը յայտարարէր. «իմ արարքներուս առաջնորդը Ֆրանսայի բարիքն էր ու շահը. Խիղճս հանդարտ է…»:

Ահա պատահական, բայց  ցցուն երկու պարագաները անձերու, որոնք ընկերութենէ մեկուսացած ու դատարանէ խարանուած յանցանքը իրենց ճակտին, չէին ընդուներ, որ սխալ գործած  են:

Մարդիկ չե՞ն անդրադառնար, որ այս այսպէս է:

Կ’անդրադառնան, բայց կը շարունակեն քննադատել:

Գիտութեան յառաջընթացի ներկայ փուլն իսկ ոչ միայն չէ  չափաւորած մարդոց քննադատելու եռանդը, այլ ընդհակառակն՝ աւելի բորբոքած է զայն ու թափ տուած  անոր: Աչք մը նետենք մեր շուրջը. ամէնուրեք գերիշխողը բորբոքած ոճով քննադատութիւնն  է:

Պետութիւններ քննադատութիւնը կ’ընեն դաշնակից թէ թշնամի պետութիւններուն, կուսակցութիւններ՝ կուսակցութիւններուն, միեւնոյն կուսակցութեան անդամներ        ՝ իրենց կուսակիցներուն, գործաւորներ՝ գործատէրերուն, քաղաքացիներ՝ կառավարութիւններուն եւ այլն, եւ այսպէս կեանքի անիւը կը դառնայ ու կ’առաջամղուի քննադատութեամբ, բոլոր մարզերու մէջ եւ բոլոր մակարդակներու վրայ:

Կ’եզրակացուի ուրեմն, որ մարդկային մտածողութիւնը իր սնունդը եւ ուժականութիւնը կ’առնէ քննադատութենէն եւ այդ ուժականութիւնը կը սպառէ…քննադատութեամբ:

Եւ որքան շատ սպառէ, այնքան աւելի ուժ կ’ամբարէ: Զարտուղի պարագայ, ուր սպառումը ոչ միայն չ’աղքատացներ, այլ հարստութիւն կը բերէ, մտքի ու դատողութեան հարստութիւն:

Ուրեմն, կեցցէ’ քննադատութիւնը:

Սակայն զգոյշ. Քննադատութիւնն ալ ունի իր ծուղակը, որուն մէջ ինկողը կ’աղքատանայ եւ ուժաքամ կը դառնայ:

Անշուշտ…մտքով:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (11 Յունիս 2020)

Յաջորդը

Ճեմարանի 90-ամեակ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?