ՏՈՔԹ.ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
2020 թուակիր տարուայ մէջ հայ աշխարհը կը նշէ ,հայ իմացականութեան վեհաշուք հանճարներէն ,երկու մեծանուն կղերականներու Մկրտիչ Խրիմեանի եւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ծննդեան 200 ամեակը,որոնց դերը մեծ եղած է մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան մէջ:
Նախապէս այս էջերուն մէջ, փորձած էինք յակիրճ կերպով ներկայցնել Խրիմեան հայրիկը եւ իր գործունէութիւնները, այսօր ալ կը փորձենք ,նոյն կերպով Հայր Ալիշանը եւ իր գործունէութիւններ ներկայացնել:
Ղեւոնդ Ալիշան
(6/18 Յուլիս 1820- 9 Նոյեմբեր 1901)
Ղեւոնդ Ալիշան (Քերովբէ Ալիշանեան): Հայ բանաստեղծ, բանասէր, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, թարգմանիչ, 1838-ին Մխիթարեան միաբանութեան անդամ ։
Ծնած է 6(18) Յուլիս 1820 թուականին Իսթանպուլ Աւազանի անունով՝ Քերովբէ։ Վախճանած է , 9 Նոյեմբեր 1901 թուականին Վենետիք -սուրբ Ղազար կղզիի մէջ: Զաւակն էր հնահաւաք-դրամագէտի մը։
Ղեւոնդ Ալիշան ,Իսկական անուն-ազգանունով՝ Քերովբէ Ալիշանեան ,1836 թուականին , երբ 16 տարական էր,եկեղցական կակոնագիրի համաձայն անուանփոխուել է Ղեւոնդ Ալիշան : 1841 թուականին ,ընդհատումներով դասաւանդել է Վենետիկի Ռափաելեան, Փարիզի Մուրատյեան վարժարաններու մէջ, 1848 թուականին եղել է Ռափայելեան վարժարանի տեսուչը, 1849–51 թթ-ին՝ «Բազմավեպ» պարբերականի խմբագիրը:
1870 թուականին կատարել է միաբանութեան աթոռակալի պարտականութիւնները:
1832-ին, երբ տասներկու տարեկան էր, մուտք կը գործէ Ս. Ղազար (Վենետիկ) ու կ’աւարտէ դասընթացքը՝ 1841-ին։ Այս թուականին կը սկսի Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի միաբանական եւ ուսուցչական գործունէութիւնը։ Անմիջապէս կը նուիրուի նոյն վարժարանէն ներս ուսուցչութեան՝ միաժամանակ աշխատակցելով 1843-ին կեանքի կոչուած «Բազմավէպ» հանդէսին։
Այս շրջանին լոյս կը տեսնեն իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք գրաբարով գրուած էին եւ կը կրէին Մխիթարեաններու դասական դպրոցին շեշտակի կնիքը։ 1848-ին կը նշանակուի «Ռափայէլեան» վարժարանի տեսուչ՝ միաժամանակ ստանձնելով «Բազմավէպ»ի խմբագրութիւնը (1849-1851)։
1849 ին, Իտալիա-Աւստրիական պատերազմի հետեւանքով Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի տնօրէնութիւնը կը հարկադրուի առժամաբար ընդհատել դասաւանդութիւնները, կը վարէ ուսուցչական եւ վարչական պաշտօններ։
1850-ին կ’ուղեւորուի Հռոմ։ Յաջորդ տարի, կը վերադառնայ Վենետիկ, սակայն՝ քիչ ետք, յատուկ առաքելութեամբ կը մեկնի դարձեալ Լոնտոն, Մուրատ Ռափայէլեանի կտակին հարցով։
1872-ին կը մխրճուի հնապատմական գործերու պատրաստութեան գործին մէջ։ Մինչեւ իր վախճանումը՝ 9 Նոյեմբեր, 1901, վեհաշուք նահապետ Ղեւոնդ Ալիշան կը փակուի Ս. Ղազարի վանքի իր աշխասենեակին մէջ եւ կը ստեղծէ աւելի քան յիսուն հատոր հայագիտական պատկառելի երկեր, որոնք փառքը կը կազմեն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան։
Ստեղծագործելու եւ ուսումնասիրելու, գիտութիւն անսպառ պաշարը բաշխելու, ու մանաւանդ՝ սերունդները հայ իմացականութիւնով դաստիարակելու անմահ ու սրազան գործին ռահվիրան է Ալիշան։ Ան օժտուած՝ է ,գրողի ու գիտաշխատողի բացառիկ շնորհներով, ստեղծագործելու բարձրորակ տաղանդով եւ իմաստութեամբ : Մխիթարեան Միաբանութեան եւ 1850-ական թուականներու հայ ազգային վերածննդեան շարժումին մէջ՝ Հ. Ղ. Ալիշանի կրթական եւ գրական գործունէութիւնը պատմական նշանակութիւն եւ կշիռ մը կը ներկայացնէ։ Անկախ այն իրողութենէն, որ իր քերթողական վաստակին բացարձակ մեծամասնութիւնը գրաբարով գրի առնուած է,- հետեւաբար՝ այսօր չի խօսիր սերունդներուն ու դուրս կը մնայ անոնց ընկալչութենէն : Ան ,կը խօսի մեզի ԺԹ(19). դարու երկրորդ կէսի մեր համազգային տենչերէն եւ զանոնք երկնող հոգեւորականին ազգի, հողի, եկեղեցիի, ազնուագոյն ձգտումներու պաշտամունքէն։
Ալիշան եւ Խրիմեան, մէկը արեւմուտքցի իսկ միւսը արեւելքցի, դաշն կ’ապրին ԺԹ. դարու երկրորդ կէսի հայրենակարօտ, ազատատենչ գաղափարներուն։ 1850-1880, երեսուն տարիներու մեր գրականութեան մէջ՝ Ալիշեան Հայոց գրականութեան փառքն է:
Եւրոպան ցնցող յեղափոխական պոռթկումներու եւ Իտալիոյ ազգային միաւորման ու ազատագրութեան յեղափոխական շարժումները իրենց բարձրակէտին հասած ժամանակ իրադարձութիւններուն , անտարբեր չմնած երիտասարդ Ալիշանը, որ «Բազմավէպ»ի էջերուն լոյս կ’ընծայէ «Նահապետ» ստորագրութեամբ իր ազգային-յեղափոխաշունչ բանաստեղծութիւնները՝ «Պլպուլն Աւարարայրի»,Կարմիր Վարդ «Հայոց Աշխարհիկ», «Լուսնկայն Գերեզմանաց Հայոց», «Բամբ Որոտան» ,«Նուագք» շարքի միւս բանաստեղծութիւններով՝: Ալիշանի «Նահապետի երգերը» ոչ միայն նոր ուղի կը բանան Մխիթարեաններու դասական քերթողութեան առջեւ, այլեւ՝ ընդհանրապէս արդի հայ գրականութիւնը կը թարմացնեն ու յառաջ կը մղեն վիպապաշտ – ռոմանթիք դպրոցի հունով։ Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական զարթօնքին կրակը կը վառեն ժամանակի հայ մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան մէջ՝ եւրոպական ոստաններէն մինչեւ հեռու ափեր:
«Նահապետ» գրչանունով անմահացած Ղեւոնդ Ալիշան որ ամէն բանէ առաջ Հաւատքի Մարդ էր. ապրեցաւ եւ գործեց Հայ Եկեղեցականի ոգեշնչող վարքով ու մեծ ներդրում ունեցաւ ոչ միայն որոշապէս Մխիթարեան Միաբանութեան ազգային դիմագծի պայծառակերտման, այլեւ ընդհանրապէս՝ 19-րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքի հոգեմտաւոր կեանքի մէջ։
Հակառակ գրաբարախառն իր հայերէնին, Հայր Ղեւոնդ Ալիշան նաեւ դրօշակիրներէն եղաւ մեր մայրենիի աշխարհաբար մշակման ու բիւրեղացման պայքարին։ Իր առաջին բանաստեղծութիւններով իսկ հայոց միջնադարեան գրական հայերէնը վերակենդանացուց եւ յառաջապահը դարձաւ սեփական ժողովուրդին հասկնալի ու սրտամօտ հայերէնով ստեղծագործելու Զարթօնքի շարժումին։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշան ստեղծեց ու հայոց սերունդներուն ժառանգ կտակեց ըստ ամենայնի Կոթողական հարստութիւն մը հոգեմտաւոր արժէքներու, որոնք ներշնչման աղբիւր դարձան 19-րդ դարու ազգային մեր զարթօնքը իր բարձրակէտին առաջնորդած հայ ազգային-ազատագրական պայքարին համար։
1850-ականներու վերջերուն, «Նուագք» ընդհանուր անունին տակ ի մի բերելով համեմատաբար երիտասարդ տարիքին գրուած իր քերթուածները:
Ալիշան 1857-ին եւ 1858-ին յաջորդաբար լոյս ընծայեց «Մանկունի», «Մաղթունի», «Խոհունի», «Բնունի», «Հայրունի», «Տէրունի» եւ «Տխրունի» խորագրուած գրքոյկները, որոնք մէկ կողմէ մարդկային անսահման բարութեան, մարդկայնապաշտ ապրումներու եւ խոհերու, ինչպէս եւ քրիստոնէական հաւատքի վերահաստատման նորօրեայ աւետարաններ եղան, իսկ միւս կողմէ սրտերուն եւ մտքերուն մէջ վառեցին խարոյկը հայոց փառապանծ անցեալի ոգեկոչման, հայրենի բնութեան պաշտամունքին, հայրենի հողին՝ քարին ու ջուրին ոգեշնչման ։
Հաւատքի՛ մարդու, ազգայի՛ն գործիչի եւ տաղանդաշատ գրողի իր մեծ պատգամը Ալիշան թուղթին յանձնեց նաեւ արձակ էջերով, որոնք 1871-ին լոյս տեսան «Խորհրդածութիւնք՝ ընդ եղեւնեաւ» հատորով։ Իսկ հայագիտական աշխատասիրութեանց իր կոթողական վաստակով՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան պատրաստեց, բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով, հանրագիտարանը Հայաստան Աշխարհին եւ ստեղծագործ Հայուն։ Հակառակ որ բնաւ չտեսաւ աշխարհը հայոց եւ չունեցաւ հնարաւորութիւնը ուղղակիօրէն ապրելու իր պաշտած ժողովուրդի առօրեային մէջ: Ալիշան գաւառ առ գաւառ եւ գիւղ առ գիւղ մանրամասնօրէն ներկայացուց պատմական Հայաստանը՝ իր թէ՛ նիւթեղէն, թէ՛ ոգեղէն բնութագրով, իր հողով ու բոյսերով, իւրաքանչիւր աւանի կապուած պատմական ու ազգային յիշողութեամբ, հայերէնի ժողովրդային ու բարբառային ճոխութեամբ եւ հարստութեամբ, «Տեղագիր հայոց մեծաց», «Նշմարք եւ նշխարք Հայաստանի», «Շիրակ», «Սիսական», «Հին հաւատք հայոց», «Արշալոյս Քրիստոնէութեան Հայոց», «Հայապատում», եւ միւս գործերով:
Ալիշան ոչ միայն հայագիտութեան ընծայաբերեց գիտելիքի հսկայական պաշար, այլեւ սկզնաղբիւր դարձաւ պատմագիտութեան եւ լեզուաբանութեան, աշխարհագիտութեան եւ բուսագիտութեան բնագաւառներուն մէջ։
Այս բոլորով եզակի մեծութիւն դարձաւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշան ստեղծեց ու հայոց սերունդներուն ժառանգ կտակեց ըստ ամենայնի Կոթողական հարստութիւն մը հոգեմտաւոր արժէքներու, որոնք ներշնչման աղբիւր դարձան Ժթ. դարու ազգային մեր զարթօնքը իր բարձրակէտին առաջնորդած հայ ազգային-ազատագրական պայքարին համար։ ՝
Ալիշանի «Հայբուսակ կամ Հայկական բուսաբառութիւն» (1895 թ.) վերագրեալ գրքը կը նկարագրէ Հայաստանի մէջ աճող շուրջ 3400 բոյս եւ ծաղկատեսակները , աւելի քան 150- նկարներով ու անոնց բուժական յատկութիւններու անդրադարնալով :
Ալիշանի աւելի քան կէսդարիայ գիտական գործունեութեան ամփոփումն է «Հայապատումը» (1901 թ.): Երկի առաջին մասը՝ «Պատմիչք Հայոց»-ը նուիրված է հայ պատմագրութեան պատմութեանը, երկրորդը՝ «Պատմութիւնք Հայոց»-ը, տարբեր պատմիչներու երկերէ ընտրուած և դէպքերու ժամանակագրական կարգով խմբաւորուած 400 յօդուածներով կը ներկայացուի ,վաղնջական շրջանէն մինչև XVII դարու Հայոց պատմութիւնը: Ղեւոնդ Ալիշան ,մահացել է 1901 թուականի նոյեմբերի 9–ին և թաղուել է Վենետիկի Ս. Ղազար կղզի:
Ղեւոնդ Ալիշան կը գիտակցէր, որ այն ժամանակաշրջանին, երբ հայ ժողովուրդի ազգային զարթօնքի եւ համընդհանուր վերելքի տարիներն էին, պէտք էր ոտքի հանել հայութիւնը, ոգեւորել զայն: Հարկաւոր էր հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ճանաչելի դարձնել,անհրաժեշտ էր ուրեմն լաւ իմացութիւնը հայրենիքի աշխարհագրութեան, պատմութեան եւ մշակութային արժէքներուն: Սակայն այս բոլորը փոխանցելու համար հարկ էր միջոցներ որդեգրել, որ հասանելի ըլլային համայն հայութեան: Եւ այդ միջոցներէն մէկը ժողովուրդին խօսած լեզուն էր, այսինքն՝ աշխարհաբարը:
Ալիշանի գեղարուեստական ստեղծագործութեան մէջ աշխարհաբարի անցնելու առաջին նշանները ի յայտ եկան 1845 թուականէն սկսեալ:
Աւելի քան տասը տարի, մինչեւ Յունուար 1862, «Հայադիր» ընդհանուր վերնագիրին տակ, «Բազմավէպ»ը հրատարակած է հայոց պատմութեան զանազան դէպքեր, պատմուածքներ, հայկական հին տոմարին վերաբերող նիւթեր:
Ակեր: –Սիմոն Երեմեան–Կեհսագրութիւն Հ.Ալիշանի,Վենետիք–Սբ.Ղազար 1902
– Հայր Ղեւոնդ Ալիշան–Ռատիօ Եան,20 Դեկտ.2019