ՇԱՀԷՆ ԱՐԱՊՕՂԼԵԱՆ
Գործակիցս շատ ճիշդ ձեւով հաստատեց Meet the Revolution փոտքասթի 4-րդ յայտագիրին ընթացքին. «Ինչ կը վերաբերի լեզուին, հայոց լեզուին, տեսակ մը արեւմտահայերէն առցանց զարթօնք մը ծնաւ այս համաճարակէն», ըսաւ Ռուբէն Ճանպազեանը, h-pem.com առցանց հարթակի խմբագիրը: Եւ ճիշդ է, չէ՞, բացի եթէ քարայրի մը մէջ կ’ապրիս այս վերջին 3 ամիսներու ընթացքին, վստահ տեսած ես արեւմտահայերէնով առցանց ստեղծագործութիւններ աջ ու ձախ:
Անցնող փետրուարին, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը յայտարարեց «Լիբանանի նորարար մշակոյթի ծրագիրը»` յատուկ լիբանանահայ երիտասարդութեան ուղղուած քայլ մը, մղելով զանոնք (կամ այս պարագային` մեզ), որ ստեղծագործենք մեր ամէնօրեայ լեզուով, սակայն նորարար ձեւերով: Չափով հսկայական ծրագիր մը չէր այս, բայց վստահաբար` մեծապէս ազդեցիկ: Դժբախտաբար, կամ դուք ըսէք, թէ բարեբախտաբա՞ր, վրայ հասաւ համաճարակը եւ ծնունդ տուաւ այն պայթիւնին, որ մղեց ինծի գրել այս յօդուածը: Արեւմտահայերէնով` անվերջ յորդող, նորարար ձեւերով մշակուած ստեղծագործութիւններ, որոնք հաւանաբար մղուած են արեւմտահայերէն խոշ առցանց գործերու ծարաւէն, ծարաւ մը, որ կը կարօտի արեւմտահայերէնի մը, որ այժմէական է, ամէնօրեայ եւ գործածական, ոչ դասագիրքի մը մէջ, ոչ դասարանային պատերու մէջ, ո՛չ միայն հայրենասիրական, այլ նաեւ մեր ներկային եւ առօրեային մասին, ինչպէս որեւէ մէկ ողջ-առողջ լեզու, որ կը գործածուի աշխարհի տարածքին:
Այս յօդուածին մէջ, գնահատելով տարիներէ ի վեր գործող ու աւանդական նկատուող այն բոլոր ձեւերը, որոնք արեւմտահայերէնը հասցուցած են մեզի, պիտի փորձեմ թուել եւ ձեւով մը ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել այդ բոլոր անձերն ու կազմակերպութիւնները, որոնք այս ճգնաժամին առիթը օգտագործելով, առցանց ու այժմէական մեր հարազատ լեզուով ներկայացան մեզի: Յօդուածին աւարտին պզտլիկ խօսք մըն ալ պիտի ուղղեմ բոլոր անոնց, որոնք քսանչորս ժամ արեւմտահայերէնի կործանման մասին կը քարոզեն, որովհետեւ ոչ, համոզուած եմ, որ կը սխալին:
«Աղուոր Բաներ»-ուն նման արուեստի էջեր վերջերս կը ծաղկին «Ինսթակրամ»-ի էջիս վրայ, աջ ու ձախ, անվերջ, ըլլան անոնք հին էջեր, որոնք յաւելեալ ժամանակին (կամ ժահրմանակին) պատճառով յաջողեցան փոշին թօթուել իրենց վրայէն, կամ նոր էջեր, որոնք ռիսքեր առին եւ նոր սկսան ծաղկիլ: Այս էջերը զանազան նիւթերու կ’անդրադառնան, ինչպէս ֆեմինիզմ, Աշխատաւորներու օր եւ #BlackLivesMatter, ինչպէս նաեւ խօսակցական լեզու եւ մէկուսացման կոչեր:
Արեւմտահայերէնով փոտքասթներ ալ ունինք հիմա, որոնք ծնունդ առին մեր յաճախ անտեսուած, բայց միշտ աշխուժ պոլսահայ գաղութէն: Լսա՞ծ ես Ասպանդակ կամ «անուն ճաշ քաղաք» փոտքասթներուն մասին: Եթէ ոչ, հարց չէ, հիմա գիտես, եւ կրնաս ունկնդրել: Հապա լսեցի՞ր h-pem հարթակին Սարոյեանի կարճ պատմուածքներու ձայնագիրքը, կամ Եղիա Ագկիւնի պատրաստած Օտեան եւ Պարոնեան ռատիո-թատրոնները «Իութուպի»-ի վրայ, որովհետեւ այս տիպի գործեր յաւիտեան արժէքներ են: Նոյնիսկ հին կարճ ու մրցանակակիր ժապաւէններ նոր շունչ սկսան առնել տարբեր սերունդի հանդիսատեսներով, ինչպէս Արա Մածունեանին «Վարդագոյն Փիղը»-ը, Թոնի Փարթամեանի «»-ը, Վաչէ Պուլղուրճեանին «Հինգերորդ զօրասիւն»-ը, եւ Լիբանանի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի թատրոնները, որոնք սկսած են վերբեռնուիլ իրենց «Իութուպ»-ի էջին վրայ:
Վայելքը հոս չի վերջանար, ընդհակառակը, քիչ մը աւելի տարօրինակ կը դառնայ: Կ’ուզե՞ս առցանց պտտիլ Լոս Անճելըսի Բնութեան պատմութեան թանգարանին մէջ Սեպուհ Սիմոնեանի ձայնային բացատրութեամբ: Կա՛յ: Կ’ուզե՞ս պոլսահայ մը քեզի աւանդական Զատկուան չէօրէկդ պատրաստել սորվեցնէ իր «Եութիուպ»-ի ալիքին վրայ: Կա՛յ: Վահէ Պէրպէրեանն ու իր կիրակնօրեայ հիւրե՞րը, ա՛տ ալ կայ, ամէն շաբաթ երեխայի պէս կը սպասեմ, կը բանամ, կը դիտեմ:
Մինչեւ հիմա միայն նշած եմ արուեստի ու տեսալսողական բնոյթ ունեցող գործերը, եւ դեռ հազիւ կէսը հասայ: Արեւմտահայերէնով հայքուները իրողութիւն մըն են հիմա, շնորհակալ ենք Կարին Պետեանին. ան նաեւ մաս կը կազմէ թուիթըրեան աշխարհի մը, ուր արեւմտահայերէնով ու հայատառ արտայայտուիլը պայման մըն է, անկախ արծարծուած նիւթերէն: Ես ալ, իմ կարգիս, իբր խանդավառ անդամ մը այս աշխարհին, խօսեցայ բարեկամներէս Սեւան Ղարիպեանին ու Սարին Ագպաշին հետ եւ միասնաբար հիմնեցինք արեւմտահայերէն առաջին եւ միակ «Թելեկրամ»-ի ալիքը ուր յաճախ կը բաժնեկցինք գործածելի կպչուկներ, կարճ խաղեր, գրական կտորներ, եւ այլն:
Վերջերս, Համազգայինի «Գանձարանը» կազմակերպած էր #Տունը Մնանք Ու Ստեղծագործենք առցանց մրցումը` քաջալերելու երիտասարդներն ու պատանիները, որպէսզի արեւմտահայերէնով գրեն բանաստեղծական կտորներ` համաճարակին մասին: Կիւլպէնկեանի նոր` «Խօսք առ» մրցանակը եւս, խթան մը հանդիսացաւ արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու եւ որեւէ նիւթ հայերէնով արծարծելու:
Ուսումնական եւ դպրոցական ոլորտին մէջ ալ կը շարունակենք առցանց աճիլ ու զարգանալ: Հիմա, ահագին դպրոցական դասանիւթեր ունինք առցանց, «շնորհիւ» մեկուսացման ու համաճարակին: Մարտի սկիզբը Մեսեչուսեցի Ջրաւանէն (Ուաթըրթաուն) Ալիք Արզումանեանը սիրուած Տաքթըր Սուսի կարճ պատմուածք մը կարդաց իր մանկապարտէզի աշակերտներուն համար եւ տեղադրեց զայն «Իութուպ»-ի վրայ, եւ արդէն շաբթուան մը ընթացքին դիտորդներու թիւը անցած էր հազարը: Ասիկա մէկ (եւ կարծեմ յստակ) բան մը կը նշանակէ: Առածը կ’ըսէ` «Ուր կամք, հոն ճամբայ»: Ու ծայր առին առցանց ուսուցողական դասեր, սկսած նախակրթարանի թուաբանութենէն հասնելով ինչի մասին որ ուզես սորվիլ կամ սորվեցնել, քաջալերուած դիտող փոքրիկներու խանդավառութենէն, ինչպէս նաեւ հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակէն:
Այս ձեւով, մանուկները ստացան իրենց ակնկալածէն աւելին, որովհետեւ միայն դասով չսահմանափակուեցան իրենց արեւմտահայերէն առցանց զբաղումները: Համազգայինի Քանատայի առցանց մանկական գիրքերու ընթերցումը, «Բարեւ արեւ»-ի հաճելի ձեւով պատրաստուած վիտէոները, «Փոքրիկ»-ի կողմէ սիրուած հեքիաթներու շարժուն պատկերներու վերածուիլը, «Լալան ու Արան» էջի հետաքրքրական նիւթերն ու ձեռային աշխատանքները, հռչակաւոր «Գանձերու կղզի» ֆիլմաշարի արեւմտահայերէն տարբերակը, ԹՈՒՄՕ կեդրոնի ստեղծագործութեան արեւմտահայերէնով թողարկումը , նոյնիսկ համշենահայերու իրենց բարբառով մանկական պատմուածքներու ընթերցումը:
ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանը հիմնեց Learning Zone ձրի ծրագիրը` մեկուսացման մէջ եղող հայերու համար, իսկ Սարին Ագպաշը լեզուական օրէնքներ բացատրեց «Իութուպ»-ի վրայ, եւ ցանկը երկար է դեռ® Nayiri.com-ը մօտ օրէն հեռախօսի սրբագրիչ ծրագիր մը պիտի հրապարակէ, խումբ մը երիտասարդներ միասնաբար գիտաերեւակայական վէպ մը կը գրեն: Ինքնավստահօրէն կրնամ ըսել, որ դեռ շա՜տ մը բաներ կրնան ուշադրութենէս վրիպած ըլլալ: Կ’արժէ հոս յիշել բարեկամներու ցուցմունքներ, օրինակ` Գուրգէն Փափազեանը ըսաւ` «բոլոր նշածներդ կաթիլներ են պէտք եղած ովկիանոսի մը մէջ», իսկ Գայեանէ Մածունեանը ըսաւ, թէ` «այս բոլորը արեւմտահայերէնին վերացական ըլլա՞լը պիտի շեշտէ, երբ մեկուսացումէ ելլենք եւ ասոնք մնան առցանց երեւոյթներ…»:
Այս բոլորը` եւ տակաւին 2020 թուականին կէսը հասած ենք, եւ (կախում ունի որու կը հարցնես) դեռ համաճարակին առաջին ալիքին մէջ ենք: Թերեւս պարզապէս մեր ոչ հայկական կեանքէն դադար մը պէտք ունէինք, որ սկսէինք առցանց եւս հայերէնով խօսիլ մեր սովորական առօրեային մասին:
Թերեւս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կը սխալի, թերեւս մեր արեւմտահայերէնը «մահուան» դատապարտուած չէ, այլ պարզապէս մենք ծուլացած ենք լեզուն ողջ պահելու, եւ թերեւս այս բոլորը միայն մեր յանցանքն է:
Թերեւս ցատկեցինք ամբողջ լեզուի մը մշակման կամ «քուլ»-ացման փուլին վրայէն, որովհետեւ բնականաբար զբաղ էինք յետցեղասպանութեան տեղափոխումներով, ողբերգութեամբ ու գաղթական կեանքով:
Թերեւս մեր դպրոցական ծրագիրներուն մէջ յաճախ մեծաւ-մասամբ մատուցեցինք աւանդականը եւ անկէ դուրս մնացին երեխային ներկայ աշխարհի հետաքրքրութիւնները:
Թերեւս պէտք եղածէն աւելի սրբագրեցինք եւ քննադատեցինք հայերէնի ուղղագրութիւնն ու քերականութիւնը, «մաքուր հայերէնը» գերադասեցինք ամէն բանէ վեր` անզգալաբար հեռացնելով ժողովուրդի ամբողջ խաւ մը, որ նախընտրեց լատինատառ արտայայտուիլ, քան մեղադրուիլ ու ծաղրուիլ, առանց նկատի առնելու, որ իրենց հոգը պիտի չըլլար, եթէ «արէւ»-ը է-ով կամ ե-ով կը գրուի, որովհետեւ ամէնքս գիրք հրատարակելու չենք ելած եւ կամ բոլորս լեզուաբան չենք:
Թերեւս մեր լեզուն բաւարար չարդիականացուցինք. մեր թապու (հայերէնը չունինք, կը ներէք) բառամթերքը գրեթէ գոյութիւն չունի, «սեքսի» բառին հայերէնը ոչ իսկ սեքսի է, թերեւս որովհետեւ հայավայել չէ:
Թերեւս ժամն է, որ աւելի մեծ սերունդները առիթ տան, որ շնչենք եւ ստեղծագործենք լեզուով մը, որ մայրենի է եւ մերն է, բայց ատով միայն սահմանափակ նիւթեր գիտենք արծարծել: Օրինակ` ես միշտ «կոր» պիտի գործածեմ լեզուիս մէջ եւ չեմ ուզեր, որ սրբագրես, որովհետեւ «ոչ մաքուր» լեզուն ալ լեզու է:
Թերեւս ճիշդ ճամբան բռնած ենք, թերեւս շատ ուշադիր ենք, որ սխալ բառերը, բայերը, ուղղագրութիւնն ու քերականութիւնը չգործածենք. ծօ կը բաւէ՜. իմ սերունդս յաճախ կը զարմացնէ դրական արդիւնքներով, երբ մեզի ժամանակ, առիթ եւ միջոցներ տրուին եւ երբ մանաւանդ մեզի վստահիք: Ուրեմն տուէ՛ք մեզի առիթը եւ թերեւս երիտասարդ առ երիտասարդ փաստենք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն սխալ է:
(Hadjezek Hayadar debel, Tchem Garogh mekenayoves debel)..Ourakhoutian Metch Yen Chant, Aghbalian, Vratzian, Ipekian,Mouchegh Ichkhan YEV 100avor Medki Yev Azki BAHABAN HOKINERE Ays ZARTONKOV.. CHAROUNAGUEL NOUYN VOKIOV YEV AVELI DJIKOV.