Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա» Ժահրի Ընթացքին Թուաբանական Պատկերումը

Յունիս 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դ.- Վարակի Ալիքներ Եւ
«
Հօտի Դիմադրականութիւն»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ձեռքբերուած Իմաստութիւն.- Ուինսթըն Չըրչիլ ըսած է.- «Քաղաքագէտը այն մարդն է, որ այսօր կը բացատրէ, թէ վաղը ի՛նչ պիտի պատահի, իսկ վաղը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ այդ չպատահեցաւ»:

Այս յօդուածաշարի առաջին թիւը (17 մարտ, «Ազդակ») թուաբանական պատկերումը կու տար պարզունակ ձեւով: Կը մէջբերեմ.- «… լուծելի հաւասարութիւնները ձեռք բերուած են ի գին մեծ պարզացումներու: Ընդարձակ տարածքներու բնակչութիւնը նկատուած է համանման (homogenious)… եւ այլն »:

Այդ պատկերացումով, վարակներու օրէ-օր արձանագրուած թիւը (Օ) կ՛աճի արագ, ցուցարկային (exponential) թափով, ապա դանդաղ կը նուազի մինչ վարակի աւարտը (1): Վարակներու գումարը (Գ) կը հասնի որոշ տեղ մը եւ կանգ կ՛առնէ: Օրէ-օր արձանագրուած աճի բարձրակէտը (բ) կը համընկնի վարակուողներու գումարի ամենաթեք կէտին (1): Թեքութեան նուազումը եւ օրական աճի տոկոսին անկումը ցուցանիշներ են` վարակի նահանջելուն: Նման պատկեր տեսնուած էր Չինաստանի մէջ եւ այժմ, ինչպէս ներքեւի գծապատկերը ցոյց կու տայ, ծանր հարուածներ ստացած Սպանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ:

Ալիքներ.- Այդ պատկերը բոլորովին իրապաշտ չէ, երբ կը խօսինք երկրագունդի ամբողջ տարածքին մասին: Այս ուղղութեամբ ծանօթ եմ քանի մը տասնեակ ուսումնասիրութիւններու:

Ամէնէն գործնականը կը թուի ըլլալ հետեւեալը.- Բարդ կացութիւնը պատկերելու որպէս առաջին քայլ սկսիլ սահմանափակ թիւով անհաւասար «հաւաքականութիւններէ», որոնք ունին տարբեր  ինքնուրոյն պայմաններ, բայց կը հաղորդակցին իրարու հետ (գծապատկերին մէջ ուղիղ գիծերու հատման կէտերը (2): Հետեւաբար, վարակը կը փոխանցուի մէկէն դէպի միւս (3): Այս, ինչպէս առաջին յօդուածի թուաբանական մօտեցումը, «Բաժանումային կաղապարում» (Compartmental Modeling) մըն է: Համակարգչային հաշուարկները ցոյց կու տան, որ կրնայ նկարագրել ոչ համանման միջավայրի մէջ վարակի գումարի «ալիքաւորումները»: Գծապատկերին մէջ մոխրագոյնը ցոյց կու տայ վարակներու ալիքաւոր գումարը: Պատմական համավարակներու մէջ արձանագրուած են նման ալիքներ: Լիբանանի համայնքային բնակչութիւնը  իր կարգին ոչ համանման հաւաքականութիւններու գումար մըն է…

Ալիքներ կը յառաջանան նաեւ իբրեւ արդիւնք «պարետային» միջոցառումներու թուլացման: Լիբանանի մէջ նկատելի (բայց ոչ աղէտային) կերպով աճ արձանագրուեցաւ, երբ արտասահմանէն լիբանանցիներ սկսան վերադառնալ:

Ինքնորոյն հաւաքականութիւններու առաւել աննախատեսելի պետական միջոցառումներու առկայութիւնը կը բացառեն երկար ժամկէտով նախատեսութիւնները: Իմաստալից նախատեսութիւնները կրնան միայն կա՛րճ ժամկէտ ունենալ: «Քորոնա»-ի նոր ալիք մը, ցաւօք՞ կարելի չէ բացառել: Համաշխարհային մակարդակով օրէ-օր արձանագրուած վարակը ամսուան ընթացքին աւելի քան 45 տոկոս աճած է: Այստեղ մեծ գաղտնիքը վարակուած անձերու իսկական թիւն է: Մարդոց  միայն փոքր տոկոսը քննուած է, իսկ «Քորոնա»-ի անհաճոյ յատկութիւններէն մէկը այն է, որ ոչ բոլոր վարակուած եւ վարակելու ատակ անձեր ախտանիշեր ցոյց կու տան …

Հօտի դիմադրականութիւնը եւ Հայաստան.- Համանման չէ նաեւ Հայաստանը: Բոլորս գիտենք, որ Օղակաձեւէն ներս եւ դուրս տարբեր աշխարհներ են: Աւելի տխուր այլ աշխարհներ են մարզերը: Կարելի է փոխազդեցութիւն ունեցող  հաւաքականութիւն համարել «խոպանի» գացած գլխաւորաբար աշխատանքի տարիքի այր մարդիկը, որոնցմէ մեծ թիւ մը այժմ կը վերադառնայ: Կ՛ենթադրեմ, որ եթէ համավարակը երկարի, ժողովրդագրական (demographic) փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան: Հայաստանէն աշխատանքի համար հեռացած է շուրջ 690 հազար մարդ: Այդ թիւին մէջ թոշակառու տարիքի մարդոց թիւը աննշան է, նուազ քան 2 տոկոս: Եթէ նկատի առնենք այս ճշդումը, կը տեսնենք, որ Հայաստանի բնակչութեան աւելի քան 30 տոկոսը տարեցներ են (4): Անոնց հսկայ մէկ տոկոսը` թշուառ (5): Համացանցի հրապարակումներէն կը տեսնենք, որ մահացողներուն մեծամասնութիւնը տարեցներ են: Առողջապահութեան նախարարը առանց բառերը ծամծմելու յայտարարեց, թէ ներկայ պայմաններու տակ «պարտադրուած են որոշել թէ ո՞ւմ են խնամելու»: Ի հարկէ` ոչ թոշակառուները: Ուրեմն հարկատու մարդոց թիւը պիտի աճի, իսկ բեռ հանդիսացող թոշակառուներու թիւը` նուազի:

Ուսումնասիրութիւնները եւրոպական երկիրներուն կը թելադրէին վարակի օրական աճը պահել 5 տոկոսէն վար, որպէսզի կարելի ըլլայ խնամել ծանր պարագաները (6): Հայաստանի կարողութիւնները անհամեմատ նուազ են, ուրեմն սկզբնական աճը պէտք էր պահել 5 տոկոսէն շատ աւելի վար: Բայց անցեալ շաբաթներուն աճը յաճախ կը մօտենար 10 տոկոսի, մինչ պատասխանատուները հայաստանավարի մեծամիտ արտայայտութիւններ կ՛ունենային: Դժուար է հաւատալ, թէ «Հիւանդութիւնների վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կենտրոնը» նուազ իրազեկ է, քան նուաստս: Գծագիրը ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր միլիոն բնակիչի վարակներու օրէ-օր թիւը: Կը տեսնենք, որ Հայաստան գլած է աղէտահար Սպանիան (7): Երէկ արձանագրուեցան 612 վարակներ (8): Եթէ նոյնիսկ 2.5 միլիոն համարենք բնակութեան թիւը, ապա իւրաքանչիւր միլիոնի կը հասնի 245 վարակ: Այդ շուրջ 150 տոկոս աւելի վատ է, քան Սպանիոյ աղէտի բարձրակէտը: Եթէ զանց առնենք միայն օրինական իմաստով պետութիւն սեպուող վայրեր, ինչպէս Վատիկան կամ Անտորա, ապա մեր հայրենիքը կը գրաւէ ներքեւի 6-րդ ոչ պատուաբեր հորիզոնականը շուրջ 250 ցանկագրուած երկիրներու մէջ (9): Շարունակե՞նք կուրացնող մեծամտութիւնը…

Ինչպէ՞ս բացատրել քրէական անփութութիւնը: Արաբերէն առածը կ՛ըսէ. «Չենք գիտեր, թէ ի՞նչ կար Եագուպի սրտին մէջ»: Մեր կարգին չենք գիտեր, թէ ինչ կայ կառավարութեան սրտին մէջ: Դէպքերու ընթացքէն դատած թերեւս կը հաւատան դրամատիրութեան վայրագ լուծումին` արտօնել, որ ստեղծուի «հօտի դիմադրականութիւն» (herd immunity): Այս արտայայտուած է շարք մը արեւմտեան ղեկավարներու կողմէ: Թոյլ կը տրուի, որ բնակչութեան մեծամասնութիւնը վարակուի: Անոնց շուրջ 4 տոկոսը կը մահանայ: Կը մահանան յատկապէս թոյլ, անպէտք քաղաքացիներ: Մնացեալները ձեռք բերած կ՛ըլլան դիմադրականութիւն: Հայաստանի պարագային 4 տոկոս կը նշանակէ շուրջ հարիւր հազար:

12 յունիս 2012

  1. «Ցուցարկային» եզրը, ինչպէս շատ մը այլ եզրեր, ժառանգուած են լուսաւորութեան դարէն եւ այժմ տարօրինակ կը հնչեն: Ցուցարկային քանակ է, օրինակ,4^3: Այդտեղ ցուցարկողը (exponent) «3»-ն է, կը նշանակէ թէ «4»-ը ինքնիրով բազմապատկուած է 3 անգամ: «Քորոնա»-ի պարագային եթէ վարակներու թիւը նշենք (Վ) տառով, ապա սկզբնական շրջանին ա՛յդ քանակը օրէ օր կ՛աճի որոշ համեմատութեամբ: Ենթադրենք` 5 տոկոս: Եթէ տուեալ պահուն վարակներու թիւը (Վօ) է, ապա (ն) օր ետք պիտի ըլլայ Վ= Վօ.(1.05) ^ն: Այդ ահաւոր աճ է: Եթէ այսօր կան լոկ տասը վարակներ, ապա 3 ամիս ետք թիւը պիտի բարձրանայ հազարի:
  2. Հաղորդակցութեան գիծերը հարկ էր, որ ըլլային աւելի մշուշոտ, բայց նման պատկերում ինձմէ պիտի պահանջէր շատ աւելի երկար ժամանակ: Ներողամտութիւն կը խնդրեմ:
  3. Այս գծապատկերը եւս իմս է, հետեւաբար յարիր, բայց քիչ մը անորակ:
  4. «Ակօս»-ի աշխատակից հայրենադարձ Վահագն Քէշիշեան կատարած է հետեւեալ հաշուարկը: Թիւերը կու տամ զանոնք կլորցնելէ (rounding) ետք, որովհետեւ կարելի չէ մեծ ճշգրտութեամբ (precision) տուեալներ (data) ունենալ: Այսպէս.- Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Հայաստանի մէջ 60 տարեկանէն վար մարդոց թիւն է 1.89  միլիոն:  Եթէ այդ սրբագրենք, կ՛ունենանք 1.89-0.69 = 1.20 : 60 տարեկանէն վեր մարդոց թիւն է  0.54 միլիոն: Ուրեմն տարեց մարդոց համեմատութիւնն է  100x[0.54/(1.20+0.54)] = 31 տոկոս:
  5. https://esa.un.org/miggmgprofiles/indicators/files/Armenia.pdf
  6. MatjažPercet al, “Forecasting COVID-19”, Frontiers of Phys., 08 April 2020
  7. Գծագիրը հիմնուած է ամերիկեան հեղինակաւոր Ճոն Հոթքինզ հիւանդանոցի 6 յունիսին կատարած հրապարակումին վրայ: Հայաստանեան թիւերը ճշդուած են` ըստ բնակչութեան իսկական թիւին:
  8. Պաշտօնական հրապարակումները մեծ վստահութիւն չեն ներշնչեր: Յունիսի 9-ին յանկարծ «բուժուեցան» 775 անձեր: Դրական արդիւնքներու համեմատութիւնը յանկարծ նուազեցաւ 30 տոկոսով: Նման փոփոխութիւններ կը թելադրեն որ թիւերը խմբագրուած են:
  9. Մեզմէ աւելի վար են Քաթարն ու Պահրէյնը, որոնք սակաւամարդ երկիրներ են: Ցանկերու մէջ կը գործածուի Հայաստանի բնակչութեան պաշտօնական տեղեկատուութիւնը, որ նկատի չ՛առներ խոպանը եւ արտագաղթը:
Նախորդը

Լիպիոյ Արեւելքի Կառավարութեան Փոխվարչապետ. «Կը Յուսանք Իսրայէլ Մեզի Կ՛աջակցի, Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Ամերիկեան Քարիւղի Ընկերութիւններուն` Վերադառնալու Լիպիա»

Յաջորդը

Մեր Խօսքը` Յեղաշրջման Ուղիով. Ցեղապաշտութեան Դէմ Պայքարը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?