Ճեմարանի Հիմնադրութեան 90-ամեակ. Հայրենիքը Օտարութեան Մէջ
ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ Եթէ երբեք նախնական ու համեստ բնութագրում մըն է դպրոց հասկացողութիւնը, ճեմարանը բաւարար է գոհացնելու ակադեմական որակումը 90-ամեայ կրթական այս օճախին, որ կոչուեցաւ «Հայ Ճեմարան» բառին իսկական տարողութեամբ ու ամբողջացաւ ազգային գաղափարախօսական տարազումով։ Ճեմարանի հիմնադիրները փախեր էին սուրէն ու արհաւիրքէն եւ, իրենց հոգիներուն մէջ հայրենի հողը կորսնցուցած ըլլալու դեռ կոտտացող ցաւը զսպած, փառաւոր պատմութեան մը փոշիացող կսկիծէն մխացող հոգիներով ...



















