Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առ ի զօրակցութիւն՝ Լիբանանահայ գաղութին

June 15, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՈՒՐԻ ՄԱՅԻՍԵԱՆ

Լիբանանահայ գաղութը իմ կարիքս ունի, ձեր կարիքը ունի, մեր կարիքը ունի։

Լիբանանի տնտեսական անկումն ու հետզհետէ խորացող քաղաքական տագնապը հսկայական անդրադարձ ունեցած են գաղութիս հայութեան վրայ։ Թրքական ազդեցութեան տակ գտնուող ուժերու կողմէ վերջերս կատարուած անընդունելի հակահայ առարքներն ու խուլիկանութիւնները եկան աւելի եւս սրելու իրավիճակը։

Նոյնիսկ Լիբանանհայութեան նման հին, հպարտ եւ զօրաւոր գաղութի մը համար, այս բոլորը տանիլը՝ շատ ծանր է։

Վերջերս յաճախ կը վերապրիմ այդ գաղութին մէջ անցուցած իմ մանկութեան եւ պատանեկութեան յուշերը, որոնց գերակշիռ մէկ մասը առնջուած է նուիրաբերելու հետ։ Ինչպէս՝ օրինակի համար երբ հինգ տարեկանիս մասնակցեցայ 1988ի երկրաշարժի վերապրողներուն համար կազմակերպուած հագուստի ու դրամի հաւաքին։

Կամ օրինակի համար երբ «Նիկոլ Աղբալեան» պատանեկան միութեան անդամ էի եւ որոշեցինք արդէն հիմա սովորութիւն դարձած կաղանդի զարդարանքներ պատրաստել եւ Անթիլիասի մէջ դուռ առ դուռ ծախել։ Ժրաջան աշխատանքէ ետք այդ տարի հանքանակեցինք 500 Ամերիկեան տոլար, որն ամբողջութեամբ եւ մեծ հպարտութեամբ նուիրեցինք Արցախի Օժանդակութեան Ֆոնտին։ Կը գիտակցէինք որ Արցախի երեխաները այդ գումարին աւելի կարիք ունէին քան՝ մենք։

Մեր դպրոցներուն մէջ շրջագայած գանձանակներէն մինչեւ գաղութային մաշտաբով կազմակերպուած հանքանակութիւնները՝ ի նպաստ գաղութի կարիքաւորներուն, ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի, այս գաղութին մէջ մեծնալով եւ դաստիարակուելով սորուած եմ մեր ազգին եւ մեր դատին տալու անհրաժեշտութիւնը։

Լիբանանի դիմագրաւած երկարամեայ տնտեսական եւ քաղաքական տագնապներուն ընթացքին իսկ, այս գաղութը համայն սփիւռքին համար եղած է մտաւորական եւ գաղափարական քննարկման, Հայ Դատի հետապնդման եւ ղեկավարներու պատրաստութեան հնոց մը։

Իրերայաջորդ սերունդներու պատկանող բազմաթիւ լիբանանահայեր աշխարհով մէկ դարձած են գաղութներու ղեկավարներ, ուսուցիչներ եւ Հայ Դատի ասպետներ՝ իրենց անժխտելի կնիքը դրոշմելով՝ մեր գաղութներու, մեր Դատի եւ մեր ազգի պատմութեան վրայ։

Շատ լիբանանահայեր իրենց կեանքը զոհած են՝ Արցախի պաշտպանութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դատին համար։

Վերջապէս, Լիբանանահայ գաղութը վերջին տարիներուն բաց ձեռքերով ընդունած է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ պատերազմներէ փախչող մեր հայրենակիցներուն։

Հիմա՝ Լիբանանահայ գաղութը կարիքը ունի մեր նիւթական եւ բարոյական անխոնջ զօրակցութեան։

Վերջին շրջանին Լիբանանահայութեան օժանդակութեան մէկէ աւելի արշաւներ կազմակերպուած են։ Անոնցմէ մէկն է Հայ Օգնութեան Միութեան Feed Lebanon նախաձեռնութիւնը։ Նուիրատուութեան արշաւներ կազմակերպուած են նաեւ «Ազդակ» օրաթերթին, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին, ինչպէս նաեւ Այնճարի հայերուն համար։

Տուէ՛ք մէկին, տուէ՛ք բոլորին։ Ճիշդ է որ աշխարհի մէջ ամէնուրէք դժուար ժամանակներ ու պայմաններ են։ Սակայն Լիբանանահայութեան բազմաթիւ անգամներ ցուցաբերած օրինակով, երկարենք մեր ձեռքը այս նուիրեալ գաղութին, որովհետեւ անոր կարիքը հիմա աւելի պէտք ունին անոնք։

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (15 Յունիս 2020)

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հրաման տուէք, որ կատարենք»

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.