ԲԻՒՐԱԿ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
1983-ի շրջանաւարտ
Պիտի խօսիմ ճեմարանին մասին՝ ուսուցիչներուն անունները յիշելով՝ յուսալով, որ յիշողութիւնս զիս չի դաւաճաներ։
Հայերէն գրել կարդալ սորվեցանք Անիին եւ Պետիկին ընկերակցութեամբ, տիկիններ Լուսին Մալիքեանին եւ Գարմէն Տէր Կարապետեանին հոգատարութեան ներքեւ։ Մանկապարտէզի ուսուցչուհիներէն կը յիշեմ օրիորդ Ժաքլինը եւ տիկին Հացպանեանը, որոնք մեր հայերէնի ուսուցման առաջին հիմերը դրին։
Մեծ հետաքրքրութեամբ «Վասպուրական» սրահին մէջ ներկայ կը գտնուէինք շաբաթ օրուան խամաճիկներու ներկայացումին, իսկ զատկուան շաբաթը մեծ ուրախութեամբ գունաւոր հաւկիթներ կը փնտռէինք՝ ծաղիկներու ետին պահուած ։
Հայերէնի ուսուցիչներէն կը մտաբերեմ տիկին Մարի Լուիզ Պալեանը, տէր եւ տիկին Բատոյեանները, պարոն Եփրեմ Քէշիշեանը, մեր դաստիարակ պարոն Գրիգոր Շահինեանը, որ իրեն յատուկ հանդարտ ոճով մեզի կը դասաւանդէր թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ ֆրանսերէն գրականութիւն, իսկ պարոն Մուշեղ Իշխանը իր պատրաստած «Արդի հայ գրականութիւն» գիրքերով մեզի ծանօթացուց գրողներու եւ բանաստեղծներու գործերը։
Ֆրանսերէնի առաջին ուսուցչուհիներն էին օրիորդ Լուիզը, տիկին Սոնիա Ալեքսանտրեանը, տիկին Էլոյեանը, տիկին Մատլեն Իւլպէեանը։ Ինչպէ՞ս չյիշել բազմատաղանդ օրիորդ Մանուշակ Պոյաճեանը, որ հրաշալի կերպով կը դասաւանդէր զանազան նիւթեր՝ առանց մոռնալու անզուգական տիկին Եոլանտ Աճէմեանը (Madame), որ բոլորիս կողմէ յարգանքի կ՛արժանանար։
Պարոն Գառնիկ Բանեանը (թէեւ ինծի չէ դասաւանդած), հազիւ թէ ճեմարանի փոքր դռնէն ներս կը մտնէր, աշակերտները կը փութային իր մօտ իրեն բարեւելու եւ իր օրհնութիւնը ստանալու։
Կ՛ուզեմ անդրադառնալ մեր երաժշտութեան եւ գրաբար ուսուցիչ պարոն Գէորգ Գանտահարեանին, որ ընթեռնելի գիրով գրատախտակին վրայ երգերուն համարները կը գրէր՝ մեզի երգելու սէրը փոխանցելով։
Իրագիտութեան ուսուցչուհի եւ դաստիարակ տիկին Արփի Չորպաճեանը, հայոց պատմութեան ուսուցիչներ տիկին Մարօ Քիւրքճեանը, տիկին Արփի Քիւրքճեանը,եւ մանաւանդ պարոն Երուանդ Փամպուքեանը, որ զիս «բարբարոս» որակած էր՝ նկատի ունենալով, որ գրած էի, թէ հայերը եւ թուրքերը ազգակից են…սահմանակից գրելու փոխարէն։
Ուսողութեան ուսուցչուհիներէն կը յիշեմ տիկին Երամեանը եւ իր հռչակաւոր l’ensemble Euuh-ն, տիկիններ Կիւլէճեանն ու Ճիկերեանը։
Արաբերէնի ուսուցչուհիներէն կը յիշեմ տիկին Պոյաճեանը, տիկին Հանրիեթը եւ իր enfant, enfant բացագանչութիւնները, տիկին Ղազելը եւ քերականութեան դժուար պահերը, պարոններ Մաթթան, Սուֆանը, Լապաքին եւ յատկապէս Թահհանը։
Օրիորդ Ռիթա Գրիգորեանը եւ քիմիագիտութեան դասերը, բնագիտութեան դասատուներէն տիկին Մատլեն Շիրինեան-Սազճեանը եւ անմոռանալի պարոն Մկրտիչ Մկրտիչեանը։
Անգլերէն առաջին բառերը սորվեցայ տիկին Անահիտ Սէթեանին շնորհիւ, որմէ ետք պարոն Անթուան Քէհէեան կամ հանրածանօթ Sir-ը, իր իւրայատուկ բրիտանական հանդարտութեամբ (flegme britannique) մեզի դասաւանդեց անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան նրբութիւնները։
Բնապատմութեան ուսուցիչներէն կը թուեմ պարոն Տիգրան Ճինպաշեանը, պարոն Սարգիսը, զոր կոչած էինք homme de science, իսկ աւարտական տարիներուն պարոն Քոլէյլաթը։ Կը յիշեմ որ «Ջահակիր»-ին մէջ գրուած էր՝ Բիւրակը հանդարտ եւ լուրջ աշակերտ էր, սակայն պարոն Քոլէյլաթի պահուն կը միանար վերջին շարքի աշակերտներուն՝ մասնակցելու համար «ֆաուտային»։
Մեր նկարչութեան ուսուցիչ պարոն Կիւվ մեզի կարգապահութեամբ կ՛առաջնորդԷր դասարան, ուր մեզի կ՛ուսուցանէր իր գիտելիքները, այսպիսով գծագրութեան եւ արուեստի հանդէպ շարժելով մեր առաջին հետաքրքրութիւնները։
Մանկութեան շրջանին կը յիշեմ մեր սակառները, երբ մեր կէսօրուան ճաշը կը տանէինք մեզի հետ, եւ տնտես մայրիկները կէսօրուան դադարին մեզի կը մատուցէին տաքցուած եւ յատուկ սեղաններուն վրայ տեղադրուած։
Պէտք չէ մոռնամ պարոն Յովհաննէսը, որ իր սուլիչով կը հսկէր մեր ապահովութեան եւ կ՛ազդարարէր ու կը յանդիմանէր «օրինազանց աշակերտները»։ Ինքն էր նաեւ մեր մարզանքի ուսուցիչը, ան ճիգ չէր խնայեր, որ մենք լաւ արդիւնքներու հասնէինք ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն։
Իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ օրիորդ Ալիս Գազանճեանը իբրեւ ուսուցիչ կամ դաստիարակ, որ տեսչական աշխատանքներն ալ իր ուսերուն վրայ առած էր ճեմարանի բաժանումի օրերուն։
Եւ վերջապէս, մեր տնօրէն պարոն Հրաչ Տասնապետեանը, որ մեզի կը դասաւանդէր քաղաքացիական կրթութիւն։ Կը յիշեմ դէպք մը, երբ մեզմէ պահանջեց իբրեւ քննութեան նիւթ գրել հայ 3 կուսակցութիւններէն մէկուն մասին։ Յաջորդ շաբաթ զարմանքով մեզի ըսաւ. «Չեմ հասկնար, դաշնակցական դպրոցին մէջ դասարանին մեծամասնութիւնը գրած է Ռամկավար կուսակցութեան մասին»։ Մենք ալ միաբերան պատասխանեցինք. Պարո՛ն տնօրէն, Դաշնակցութեան վերաբերող բաժինը շատ երկար էր…»։
Լիբանանի քաղացիական պատերազմին պատճառով շատեր մեկնեցան, մենք ալ ընտանեօք փոխադրուեցանք Ֆրանսա։ Բայց այս ընդմիջումը երկար չտեւեց, մէկ տարի անց վերամիացայ ընկերներուս։
Հպարտ եմ, որ շարունակեցի ուսումս ճեմարանին մէջ՝ ստանալով կրթութիւն, գիտելիքներ, հայերէնի ու հայրենիքի հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն։
Իւրաքանչիւր անգամ, որ Պէյրութ կ՛այցելեմ, պարտք կը զգամ այցելելու «Մեր բոլորին ուխտավայրը»՝ շրջագայելով բակին եւ զանազան անկիւններուն մէջ, փնտռելով մանկութեան եւ պատանեկութեան յիշատակներս, վերապրելով այն բոլոր ուրախ եւ անմոռանալի պահերը, որոնք դրոշմուած են իմ մէջս։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր դասատուներուն։ Ձեր վարձքը կատար։ Իսկ բոլոր անոնց, որոնք բաժնուած են մեզմէ առյաւէտ, կ՛ըսեմ՝. «Ձեր յիշատակը վառ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ»։