Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայելի

Յունիս 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նախորդ յօդուածներու մէջ, յարգելի ընթերցող, զրուցած էինք «փարոս», «շուշան», «մշուշ», «հազար», «համբոյր», «քոյր» եւ բազմաթիւ այլ բառերու մասին: Անոնք լուսատու էին, խորհրդաւոր երբեմն, միշտ երազկոտ ու գրկաբաց, հայրենասէր եւ հիւրասէր անկասկած: Անոնց թեւերուն բազմած ճանապարհորդած էինք հայկական բնաշխարհին վրայ, պատմութեան մատեաններուն մէջ: Իսկ այսօր, կ’առաջարկեմ զմայլիլ մէկ այլ բառով մը, որ կը սիրէ ոսկեփայլ շրջանակներով երիզուած ցուցադրուիլ: Այդ բառը հայելին է մեր տոհմին,- մեր խեւ եւ բարի բնաւորութեան, հազար փշուր անցեալին, ցանկալի ապագային, սէրերուն կրքոտ վայրի եւ բարբառին կոշտ ու նուրբ: Սակայն, անոր ներկայանալէ առաջ պարոնայք, ըլլանք ինքնահայեաց, մեր փողկապը ուղղենք, իսկ դո’ւք իգական սեռի ներկայացուցիչ ընթերցուհիներ՝ թեթեւ շպար մը դրէք ձեր երեսին եթէ փափաքիք, քանզի այս բառը,- հին հեքիաթը կը պատմէ,- կը յայտնէ, թէ ո’վ է ամէնէն գեղեցիկը: Յարգելի ընթերցող, «հայելի» բառն է ան, նախանձ օրիորդիկներու սրտակիցը, երբեմն ալ սրտաբեկ տղաներու զրուցակիցը: Վերջին ակնարկութիւնս քսանամեայ Պետրոս Դուրեանին կը վերաբերի: Բայց ան հայելիի միւս երեսն է, քիչ վերջ կը խօսինք անոր մասին:

«Հայելի»ն հայոց ամենահին բառերէն մէկն է: «Հայ» արմատն է, որ պատմութեան հնոցի բարձր ջերմաստիճաններու տակ թրծուեր է, նախ յայտնուեր են հայիլ, հայեկ [նաւու դիտարան], հայեակ, հայարան [աչք], հայեացք բառերը, ապա փայլեր է խորհրդաւոր եւ առինքնող «հայելի» գոյականը: Երբ զայն առաջին անգամ գրականութեան պատուանդանին վրայ տեղադրեցինք, արդէն յղկուած էր, ունէր ոսկեզօծ շրջանակ՝ Ոսկեդարու պայծառ մտքերու կողմէ քերթուած: Ահա այդ օրերէն ցոլացող երկու գեղեցիկ նշոյլ. «Հայելի աստուածադիր», Ագաթանգեղոս, «Հայելի օրինակաւ», Եզնիկ Կողբացի: Յիշենք նաեւ «անահ հայելի, «հայելի անարատ», «հայելի ջնջեալ», «հայելի ժանգոտեալ», «ոսկի հայելի» եւ «ծուռ հայելի» [կեղծ պատկեր, խեղաթիւրուած ճշմարտութիւն] արտայայտութիւնները:

«Հայելի» բառի ամենահին աշխարհիկ գործածութիւններէն մէկը Վարդան Այգեկցիի «Կապիկ եւ հայելի» առակն է (հաւանաբար 1230-50 թուականներուն գրուած): Խիստ զաւեշտական եւ խրատական է ան. «Առակ ՃԿԴ (164) Կապիկ եւ Հայելի : Մայմունդն (կապիկ) կոյզէր, որ ‘ի հայելին հայէր ու ‘ի ժուռ կոյ գար. Նայ գնաց ‘ի յարտակնոցն, ‘ի վար նայեցաւ, տեսաւ զինքն ու ծիծաղեցաւ եւ ասաց, թէ այսպիսի երեսիս այսպիսի հայ[ե]լի պիտի (պէտք է). եւ այս վայել է ինձ: Ցուցանէ առակս, թէ ամենայն տկար եւ անզօր եւ գէշ մարդ զիւր չափն պիտի գետինայ (գիտենայ)»:

Իսկ այժմ յիշենք պատմական դէմքեր, որոնք հայելանման էին, ճշմարիտ եւ արդար: Իմաստասէր, լեզուաբան Գրիգոր Տաթեւացին, Տաթեւի վանքի վանահայրը, 1397ին «Գիրք հարցմանց» աշխատասիրութեան մէջ արդէն ըսեր էր. «Երեսն հայելի է սրտին»: Այդ պաշտելի երեսներէն մէկը, ըստ Հ. Միքայէլ վ. Չամչեանի, «արժանաւոր թագուհի ազգիս հայոց» Զապէլն է, ան որ սրբատեղի մը կ’երթար, դուրսը հողին կը քսէր իր երեսը, հիւանդներուն բժշկութիւն կը բաժնէր, աղքատներուն կը խնամէր: Հայր Չամչեանը անոր նուիրեց «հայելի առաքինութեանց» կոչումը: Շնչաւորը հայելիի հետ համեմատելու աւանդութիւնը նոր չէ հայկական գրականութեան մէջ: Փաւստոս Բիւզանդը Ե. դարուն այսպէս նկարագրեր էր այն ազգերը, որոնք կը խոստովանէին, թէ Յիսուս Քրիստոսն է տէրը. «Նոցա նայելիս ցուցանէ, որոց ամենայն կողմանքն հայելիք են: Լի լուսով»: Գրիգոր Կեսարացի տաղասացը «մեծ րաբունապետ» Սրապիոնի համար ձօներ էր գովասանք մը.

«Ճաճանչ արբենի
Մերժիչ խաւարի,

Յստակ հայելի,

Նման շափիւղի»:

Նկատեցէք, թէ յիշեալ չորս տողերը Ճ, Մ, Յ, Ն սկզբնատառերը ունին, քանզի բանաստեղծութիւնը այբբենական է՝ Ա-էն մինչեւ Ք: 1500 թուականներուն տաղասաց Աստուածատուրը օր մը խոր վիշտով ողբաց, անոր ուրախութեան հայելին փշրուեցաւ, բանաստեղծի գեղադէմ որդին էր մահամերձ.

«Ա՛յ իմ վարդագոյն որդի,
փայլէիր իբրեւ հայելի,
Այսօր դեղնագոյն եղար,
մի՞թէ ցաւդ է խիստ աւելի»:

Անշունչ գոյութիւններ ալ արժանացան «հայելի» մակդիրին: 1802 թուականին խումբ մը հոգեւոր առաջնորդներ նոր կաթողիկոս ընտրեցին, ապա հրատարակեցին «ժողովական գիր» ու զայն կոչեցին «Հայելի ծանօթութեանց»: Ըստ մանկավարժ Ռեթէոս Պէրպէրեանի, հայելի էր գրականութիւնը. «Արդէն գրականութիւնը ընդարձակ հայելի մ’է, ուր ամբողջ մարդկային քաղաքակրթութիւնը կը ցոլանայ»: Դանիէլ Վարուժանը օր մը մտածեց «Է» տառի մասին ու գրի առաւ «Է տառը մեր այբբենարանին մէջ» յօդուածը. «Այդ տառը ընդարձակ հայելի մ՚ըլլալ կը թուի եւ ամբողջ տիեզերքը կ՚անդրադարձնէ. դիտէ՜ հոն, եւ նախ՝ դուն զքեզ պիտի տեսնաս»: Մատթէոս Զարիֆեանը, 1918 թուականն էր, խոստովանեցաւ, թէ ինք հայելի մը չէր. «Կարելի չեղաւ կատարեալ անկեղծութիւնով հոգիս հայելիացնել…: Ա՛հ, հոգիս»: Այդ օրերուն Թիֆլիսի մէջ ճաճանչաւորուած էր Սայաթ Նովայի սիրային մէկ երգը, «Արիւ լուսին էրեսըտ է հայելի», մինչ Պոլսոյ մէջ Յակոբ Պարոնեանի համար ծաղրելի էր, թէ Բերա պատկառելի թաղի հայուհիները հայելիներու իսկական երկրպագուներ են. «Բերա: Իգական սեռն ինքզինքը բոլորովին հայելիներուն տուած է. ժամերով, օրերով, շաբաթներով, ամիսներով, տարիներով եւ դարերով հայելիներու առջեւ կը կանգնի»: Իսկ գաւառներու մէջ այդ մոգական ապակիին նայող գեղուհիները զայն այսպէս կ’անուանէին. հաճընցիները հէյլի, զէյթունցիները հիլլէ, գորիսցիները եւ արցախցիները հիլի, թիֆլիսցիները հալիլա, մուսատաղցիները հիլիլա, ագուլիսցիները հըլլէ’րի, իսկ լուսնակ մէկ գիշեր, Արտոս լեռնէն Վանա ծովը դիտող սիրահար վանեցիները՝ խայլիկ:

Գեղապաշտ քերթողները հայելիի խորութիւններու մէջ մարդու ներաշխարհը խարխափեցին: Յիշեցնեմ, թէ անոնց ամենասիրած հայելին հանդարտ ջուրն էր, առաջին հայելին: Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը օգտագործեց վտակի մը գրական պատկերը. «Ո՛հ, ի՜նչ մրմունջ հանես, վտակ / Ականակիտ եւ հանդարտիկ, / Քո հայելուդ մէջ անապակ / Նային զիրենք վարդն ու աղջիկ»: Ապա եկաւ Պետրոս Դուրեանը: Անոր ալ սրտակիցը լճակ մըն էր, անայլայլ, անգոյն.

«Ինչո՞ւ ապշած ես, լճա՛կ,
Ու չեն խայտար քու ալյակք,
Միթէ հայլւոյդ մէջ անձկաւ
Գեղուհի՞ մը նայեցաւ»։

Բառը տեղանուն ալ դարձաւ- «Հայելի լիճ», Արտաւան գիւղի մօտ: Կը յիշէ՞ք, ըսեր էի, թէ այս բառը կը սիրէ դիտուիլ, ինքնասէր է քիչ մը: Այս լիճը, հակառակ իր մանրիկ չափին, յաջողեցաւ ինքզինք արձանագրել, որպէս «Հայաստանի Հանրապետութեան բնութեան յուշարձան»:

«Ընթերցասէր» կարելի չէ կոչել այս բառը: Ամէն դարու մէջ գէթ մէկ կամ երկու գիրք լոյս տեսաւ «հայելի» բառով. 1680, «Հայելի ճշմարտութեան», 1700ներ, «Հայելի վարուց», «Հայելի Աստուածաշունչ Հին Կտակարանին», 1800ներ, «Հայելի վիրաց», «Հայելի դաստիարակութեան տղայոց», 1900ներ, «Կոտրած հայելի», «Կեանքիս հայելին նամակներով»: «Հայելի» բառը անուն դարձաւ նաեւ հայ թերթի. «Հայելի ։ Հանդէս ազգային եւ զաւեշտական», Վառնա, Աղեքսանդրիա, Գահիրէ:

Յօդուածս կ’աւարտեմ փշրուած սիրոյ մէկ երգով, «Իմ հայելին ես»: Որոշեցի նաեւ տրամադրել անոր համացանցային կապը, գուցէ դուք ալ ունիք սրտաբեկութիւն եւ լսելով զայն գտնէք սփոփանք:

«Իմ հոգու թելերը քեզ համար ՝ մի մեղեդի,

Բայց երանի,

Նուագել իմանայիր դու,

Լուռ երազում իմ հայելին ես,

Լուռ երազում իմ հայելին ես»:

 

 

Նախորդը

Յիշողութեան Թռչնիկիս Հետ Ոստոստում Ճեմարանէն Յիշատակներուս Ծառին Վրայ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?