ՇԱՂԻԿ ԿՈԿՈՆԵԱՆ-ՉԱՄԻՉԵԱՆ
Երեկոյեան, երբ վերջապէս զաւակդ կը քնանայ, շունչ մը քաշելով՝ կ՚ըսես. «Այսօր ալ անցաւ», եւ յանկարծ հարցումներու շարք մը կը սկսի տողանցել մտքիդ մէջ։ Արդեօք լա՞ւ էր անոր օրը, ուրախ է՞ր, կարողացա՞ր բաւարար գիտելիքներ փոխանցել անոր, բաւարար դաս ըրա՞ւ, պէտք չէ՞ որ զինք յանդիմանէի, երբ սխալեցաւ։ Աւելի՛ն. անոր ստացած սնունդը բաւարար ու առողջապահակա՞ն էր, երկար ատեն հեռատեսիլ դիտե՞ց եւ այլն։
Ու այսպէս «արդեօք»-ներու այս երկար շարանը ակամայ մէջդ կ՚արթնցնէ յանցանքի զգացում մը ու կ՚անհանգստացնէ ներաշխարհդ, որովհետեւ չես կրնար արտայայտել այս բոլորը, այլապէս ձախողած պիտի ըլլաս մայրական քու առաքինութեանդ մէջ։ Բայց արդեօք որո՞ւ աչքին…
Մայրական «յանցանքի» զգացումը կամ տրուած հոգատարութեան բաւարարութեան կամ անբաւարարութեան հանդէպ հարցականը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է։ Ըստ երեւոյթին, անիկա բնազդ է եւ հետեւանք` դաստիարակութեան ծանր պարտականութիւնը ստանձնած ըլլալու հանգամանքին։
Սակայն այս օրերուս այդ վատ զգացումը աւելի կը տիրապետէ։ Տագնապալի, անորոշ եւ սովորականէն հեռու այս մեր օրերուն շուրջս կը տեսնեմ ու կը լսեմ «յանցաւոր» մայրերու վկայութիւններ։ Կարծէք բաւարար չըլլայ այն մտահոգութիւնը, զոր կ՚ապրինք մեր շրջապատին ու սիրելի անձերուն առողջութեան առնչութեամբ։
Արդարեւ, մայրեր, որոնք ստիպուած են գործի երթալ, յանցաւոր կը զգան, որ ուրիշներու նման ամբողջ օրը չեն տրամադրած իրենց զաւակներուն։ Անոնք, որոնք տունէն կ՚աշխատին, նոյնպէս յանցաւոր կը զգան, որ պէտք եղած ժամանակը չեն տրամադրեր իրենց զաւակներուն։ Իսկ գործի պարտաւորութիւն չունեցողները շուարած են ու չեն գիտեր, եթէ իսկապէս դրական ձեւով կ՛արժեւորեն ժամանակը։ Փոքրիկներն ալ անհանգիստ վիճակի մէջ են, անոնք կը զգան այս բոլորը. անոնց առօրեան ամբողջովին փոխուած է։ Անոնք երբեմն ջղային կ՛ըլլան, երբեմն չեն կրնար կեդրոնանալ… Չէ՞ որ անոնք ալ մեզի նման մարդ են:
Համացանցի վրայ անուղղակի մրցոյթ մը սկսած է. ծնողներ կ՚ուզեն ցոյց տալ իրենց զաւկին աշխատանքներն ու նուաճումները։ Այս երեւոյթը ունի իր դրական կողմը. գաղափարներ կը փոխանակուին, եւ զիրար կը քաջալերենք գոյատեւելու։ Բայց զգո՛ւշ, չարտօնենք, որ այդ մէկը ժխտական ազդեցութիւն ունենայ մեր վրայ, ու յանցաւոր զգանք, որ մենք ալ նոյն ձեւի կամ նոյն քանակով աշխատանքներ չենք ըներ։ Չմոռնանք, որ համացանցը բնաւ չի ներկայացներ ամբողջ իրականութիւնը, բոլորս ալ ունինք մեր տագնապներն ու դժուարութիւնները, բայց պիտի չուզէինք զանոնք ցուցադրել հանրութեան…
Այս բոլորի զուգահեռ, մայրեր ստանձնած են նաեւ ուսումնական ծրագիրներու շարունակութիւնը ապահովելու պարտականութիւնը։ Ճիշդ է, որ պէտք է հետեւիլ ուսուցիչներու ցուցմունքներուն` մեր փոքրիկները կարելի եղածին չափ դասի մթնոլորտին մէջ պահելու, որպէսզի հեզասահ ըլլայ անոնց դպրոց վերադարձը, սակայն պէտք է գիտնալ, որ մայր մը մէկ օրէն միւսը ուսուցիչ մը «չդարձաւ»։ Աւելի՛ն. պահանջուածն ալ այդ չէ։ Մայր մը իր պարտականութիւնը պէտք է կատարէ ու մնացեալը վստահի ուսուցիչներու, որոնց առաքելութիւնն է այդ մէկը։ Հաւատացէք, որ արդէն իսկ այդ հոգը շալկած եւ գործի լծուած են ու կը ծրագրեն դպրոց վերադարձէն ետք առնուելիք քայլերը։
Վե՛րջ։
Սիրելի՛ մայրեր, մտած էք ժխտական շրջանակի մէջ, որմէ դուրս պէտք է գալ։ Նախ պէտք է ընդունիք, որ մինակ չէք, եւ ամբողջ աշխարհի մայրերը նոյն փորձառութիւնը կ՚ապրին։
Համոզուեցէք, այն ինչ որ կ՚ընէք, բաւարար է, որովհետեւ փոքրիկները մեկուսացման մէջ պահելը սովորական ընթացք չէ ու ժամանակաւոր է։ Իրարու հետ խօսելով ու փորձառութիւններ փոխանակելով` քաջալերենք զիրար։
Ճամբան կը թուի երկար ըլլալ, ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է երկար շունչ ունենալ, որպէսզի ճամբու կէսին չուժաթափիք։ Մեր զաւակները այս փուլին ամէնէն աւելի կարիք ունին սիրոյ, գուրգուրանքի եւ ապահով զգալու։ Այդ մէկը կրնանք տալ, երբ մենք հոգեպէս հանգիստ ենք։ Այո՛, մեր ըրածը բաւարար է, երբեմն ալ՝ շատ աւելի։
Մեր ապրած իրավիճակը արտասովոր է, ուրեմն չենք կրնար սովորական լուծումներ գտնել։ Յանցաւոր չզգանք, եթէ կէսօրին միասին վայելեցինք հեռատեսիլէն ժապաւէն մը։ Յանցաւոր չզգանք, եթէ այսօր դաս կամ դաստիարակչական աշխատանք ընելու տրամադրութիւն չունէինք։ Յաջորդ օրուան ձգենք պարտականութիւնները եւ այդ պատճառով տան մթնոլորտը չխանգարենք։
Յանցաւոր չզգանք, եթէ առիթ չունեցանք աշխատելու, եւ մեր օրը արդիւնաբեր չէր, փոխարէնը մեր ժամանակը անցուցինք խաղալով։ Չմոռնանք, որ փոքրիկները շատ բան կը սորվին խաղալով։ Ուրեմն եկէք խաղանք, պարենք ու խնդանք մեր զաւակներուն հետ։ Փորձենք հաճելի առօրեայ մը ստեղծել եւ պահել ընտանեկան համերաշխութիւնը։
Այո՛, այն ինչ որ կ՚ընենք, բաւարար է, եւ մեր զաւակները ապահով եւ ուրախ են մեր ներկայութեամբ ու ամէնէն կարեւորը` շրջապատուած են սիրով։ Ուրեմն, այս գիշեր ամուր գրկենք մեր զաւակները, ըսենք, որ զիրենք շատ կը սիրենք ու մենք ալ հանգիստ խիղճով փակենք մեր օրը։