Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ (2). Առաջին Դպրոցս
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Պուրճ-Համմուտցի մանուկին համար դպրոցական ընտրութեան շատ տեղիք չկար, քանի ան ձեւով մը կանխորոշուած աւանդոյթ էր. ամէն փոքրիկ ենթադրուած էր յաճախելու իր թաղային վարժարանը, ուր կը գտնուէր նաեւ եկեղեցին. ասոնք միասնաբար կը կազմէին մէկ կալուած: Այսուհանդերձ այս կարգը կը խախտէր ի նպաստ կաթողիկէ եւ որոշ չափով աւետարանական դպրոցներուն, ուր կը յաճախէին նաեւ առաքելական ընտանիքներու զաւակաները, մինչ հակառակ շարժումը գրեթէ...
















