Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թագաժահրի Օրագրութիւն (Ա. Մաս). Զգուշ Ապրելակերպի Եւ Արժէքներու Հասկացողութիւն

Յունիս 18, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Թագաժահրի երեւոյթը ու տարածումը որքան ալ սահմանափակումներ պարտադրեց անձնական‚ հասարակական ու տնտեսական ապրելակերպերուն‚ ծայրայեղօրէն ալ ընտելացուց մարդկային‚ մասնաւորապէս դիմատետրեան ու ուաթսափեան յարաբերութիւնները։  Ըստ երեւոյթին‚ տակաւին որոշ ատեն մը եւս պիտի շարունակենք ընկերային յարաբերութիւնները դիմակներու ետին‚ առանց ձեռնուելու‚ առանց ընտանեկան եւ բարեկամական այցելութիւններու‚ զրկուելով նաեւ եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններէ եւ կատարելէ ընկերային զանազան պարտականութիւններ։

Թագաժահրի երեւոյթը ոչ միայն խախտեց ամբողջ աշխարհի կարգավիճակը‚ այլ նաեւ տակնուվրայ ըրաւ ընկերային ապրելակերպի ու կենցաղի բոլոր հասկացողութիւնները։  Շաբաթներ կ՝անցնին եւ հարազատներ ու բարեկամներ առանց նոյնիսկ իրարու հետ տեսնուելու կը կարողանան յարաբերիլ հեռաձայնային եւ համակարկգչային հաղորդակցութեան միջոցներով միայն‚ եւ լաւագոյն պարագային ալ ֆիզիքական որոշ հեռաւորութենէ մը‚ առանց նոյնիսկ ողջագուրուելու‚ եւ այս բոլորը դիմակաւոր դէմքերով։

Զգուշաւոր ապրելակերպը իր հետ բերաւ նաեւ ընկերային ու գաղութային կեանքի նոր հասկացողութիւն‚ որուն առաջին զոհերը դարձան հասարակական կառոյցներէն ընդհանրապէս վարժարանները‚ եկեղեցիները‚ ակումբները եւ նաեւ տպագիր մամուլը։  Պիտի չհամարձակինք խօսքը ընել շուկայական կեանքի ու յարաբերութիւններու։  Որքան ալ փորձեր կատարուեցան եւ տակաւին ալ կը կատարուին բնականոնի մօտեցող ապրելակերպի հաստատումին‚ յստակ է‚ որ ոչ դիմատետրը‚ ոչ խելացի հեռաձայնը եւ ոչ ալ համակարգիչը պիտի կարենան “բնականոն”ի մօտեցնել մարդկային եւ ընկերային բոլոր տեսակի յարաբերութիւնները։  Ներկայ “պարտադրողական”  ապրելակերպով‚ բաւական երկար ատեն կարելի պիտի չըլլայ ներկայ գտնուիլ ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկներու‚ աւարտահանդէսներու‚ հարսանիքի եւ կամ յուղարկաւորութեան արարողութեան մը։  Պիտի չհամարձակինք մտածելու շարժանկարի սրահ եւ կամ ճաշարան մը այցելելու մասին։

Վերջին երեք ամիսներու ընթացքին վերահասու եղանք բազմաթիւ մահերու։  Օրաթերթային դասականացած մահազդները փոխանակուած են դիմատետրային մահազդներով։  Էջերով գրութիւններ եւ զիրար հրմշտկող լուսանկարներ‚ եւ հանգուցեալին եւ անոր վաստակին մասին հազիւ մակերեսային տեղեկութիւն մը։  Ի՞նչպէս չփնտռել օրաթերթային “հողվրտիք” ենթախորագրեալ յօդուածները։  Փոխարէնը‚ անխուսափելիօրէն տասնեակներով‚ միատող‚ իրարանման‚ հազուագիւտօրէն հայատառ‚ եւ ընդհանրապէս ալ լատինատառ ցաւակցական արտայայտութիւններ։  Լաւագոյն պարագային կը գրառուի “Աստուած հոգին լուսաւորէ” եւ կամ “R.I.P.”։  Չենք փափաքիր նման ցաւակցագիրները նկատել անընդունելի տափակութիւններ։  Յարգելով հանդերձ ցաւակցական արտայայտութիւններու ետին գտնուող ազնիւ զգացումները‚ իսկապէս ի՞նչ է իմաստը եւ կամ արժէքը‚ մեքենաբար կրկնուող նոյնանման արտայայտութիւններուն։  Երբ մարդոց մտածումներն ու զգացումներն այնքան երանգաւորուած են‚ ի՞նչպէս կարելի է նոյն տարազումով (չգործածելու համար թութականման բառը) վշտակցութիւնները։  Տակաւին կան նաեւ արտայայտութիւններ‚ որոնք ամէն պարզ սովորական մահկանացուին համար ալ‚ կը գործածուին անտեղիօրէն‚ ինչպէս “յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի”։  Որքան փափաքելի պիտի ըլլար թագաժահրի պարտադիր մեկուսացումի այս օրերուն‚ մարդիկ գոնէ միայն հինգ վայրկեանով մէկդի դնէին իրենց խելացի հեռաձայնները եւ համակարգիչները‚ եւ խոկային թէ իսկապէս ի՞նչ կը պատահի‚ եւ ի՛նչ պիտի պատահի։

 

 

 

Նախորդը

Ճեմարանականի Մը Յուշերէն Գառնիկ Գիւզալեան

Յաջորդը

Բաւ Է Այլեւս…

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?