Մ. Խ.
Կրնայ ըլլալ քիչ մը խորթ թուի, յամառ կամ տգէտ համարձակութիւն` խօսիլ շատ հասարակ, բայց անխօս նիւթի մը մասին, սակայն կ՛ուզեմ գրել եւ բաժնել մտածումներս: Նպատակս ուղղակիօրէն Աստուծոյ գոյութիւնը կամ բացակայութիւնը փաստել չէ, այլ պարզապէս անդրադառնալ կէտերու, որոնց մասին արժէ մտածել եւ տրամաբանութեամբ մօտենալ:
Վստահ եղած է պահ մը, երբ իւրաքանչիւրիս միտքէն անցած է այս նիւթը, բայց անտեսած ենք` վախնալով, կամ ալ մենք մեզ համոզած ենք` առանց համոզուելու, կարդացած կամ հարցուցած ենք, կամ ընդունած ենք, թէ մեզմէ բարձր է այս նիւթը եւ հանգստացուցած ենք մենք մեզ` փորձելով չմտածել: Կամ ալ ընդհանրապէս մեր ծնողներէն մեզի հրամցուած են միտքեր, իսկ մենք վստահած ենք անոնց, որովհետեւ անոնք միշտ եղած են «ճիշդ», ինչպէս որ իրենց ալ նոյնպէս հրամցուած էին նոյն միտքերը` իրենց ծնողներէն, որոնք եւս միշտ եղած էին «ճիշդ»: Սերունդէ սերունդ ջահը փոխանցուած է, բայց մեծամասնութիւնս համոզիչ, ամբողջական լուծումի կամ եզրակացութեան մը չենք հասած: Բնաւ աւելի խորը մտածա՞ծ ես կամ ընդունա՞ծ ես, որ ընթացքը այդպէս է:
Հայ ազգը` իբրեւ քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ազգ եւ չափազանց հաւատացեալ ժողովուրդ, արժանի՞ էր ողբերգութեան, ա՞յս էր մեր ճակատագիրը: Ճիշդ է, որ մարդիկ պիտի հիւանդանան եւ մահանան, որպէսզի աշխարհը ունենայ բնական եւ առողջ ընթացք մը, բայց ա՞յս է ձեւը մեռնելու: Համաձայն եմ, որ կեանքի ընթացքին պիտի պատահին վատ բաներ, որ լաւին արժէքը գիտնանք, բայց Ցեղասպանութենէն ետք լաւը ո՞րն է: Լա՛ւ, եթէ Աստուած իրապէս ներկայ է եւ ականատես էր 1,5 միլիոն անմեղ անձերու սպանութեան, ի՞նչ է Անոր օգուտը: «Փա՜ռք Աստուծոյ» փրկուեցանք Եղեռնէն, ինչի՞ն փառք. փառք, որ պապերուդ եւ հարազատներուդ գլուխնե՞րը կտրեցին, կամ` որ ազգէդ միայն մասնի՞կ մը ողջ մնաց: Ինչո՞ւ միայն դրականը կը կապենք Աստուծոյ, իսկ ժխտականը` ոչ: Կա՛մ պիտի ըլլամ հաւատացեալ եւ մերժեմ Ցեղասպանութիւնը, կա՛մ պիտի ըլլամ անհաւատ եւ ընդունիմ Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ չի կրնար ըլլալ, որ իմ պաշտած Ամենակարող Աստուածս տեսնէ հայ ժողովուրդին տառապանքը եւ մնայ լուռ:
«Դրական» կէտեր ալ կարելի է քաղել Ցեղասպանութենէն, թէ մեզ դարձուց առաւել ազգայնասէր, եւ կազմեցինք 11 միլիոն հաշուող սփիւռք մը: Ինչ կը վերաբերի կրօնքին, ան ընդհանրապէս միացուցած ու մէկտեղած է հայ ժողովուրդը եւ կարողացած է ըլլալ այն ուժը, որ կառավարէ ազգ մը ամբողջ` անկախ անկէ, թէ այդ ուժը ներկա՞յ է, թէ՞ ո՛չ:
Քիչ մը տրամաբանենք եւ ըլլանք իրաւացի. փրկուած ժողովուրդը հաւատացեալ է, իսկ ջարդուա՞ծը. ան երբ իր վերջին շունչով Աստուծոյ հետ կը խօսէր, եթէ առիթը ունենար արտայայտուելու, պիտի ըսէ՞ր` շարունակեցէք ձեր յոյսը Աստուծոյ վրայ դնել: Վայրկեան մը պատկերացուցէք, թէ սենեակի մը մէջ կան 17 անձեր, բոլորն ալ հաւատացեալ են, որոնցմէ 15-ը կը ջարդուին, իսկ 2-ը ողջ դուրս կու գան, եւ մենք կը լսենք միայն այդ զոյգին կարծիքը, որովհետեւ անոնք մնացին ողջ եւ հաւատացեալ, հապա ի՞նչ պիտի ըլլար մեռնողներուն կարծիքը: Մենք այդ զոյգին հաւատացեալ ժառանգորդներն ենք: Եթէ մահը, վախը եւ հիւանդութիւնը գոյութիւն չունենային, մարդիկ պիտի պաշտէի՞ն զԱստուած, իսկ եթէ ոչ` շահագործումը ճի՞շդ է, կամ աղօթել` անձնական գոհունակութեան համար, անկե՞ղծ է, թէ՞ համոզում պարզապէս, որ լաւ զգանք: Մենք մեր անձը զօրաւոր կը զգանք, երբ աղօթենք կամ դիմենք Աստուծոյ, բայց խորքին մէջ զօրաւոր չենք, որովհետեւ մեր զօրութիւնը եւ հանգստութիւնը կը փնտռենք արտաքին ուժի մը մէջ ու չենք ապաւինիր մեր անձնական ներքին կարողութիւններուն:
Եթէ նոյնքան հաւատք եւ յոյս դնէինք դիմադրողականութեան վրայ, նուազ կորուստներ պիտի չունենայի՞նք: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ինքնապաշտպանական փորձերը կ՛ապացուցեն, որ սեփական ուժին յենիլը միշտ եղած է աւելի արդիւնաբեր, եւ դուրս եկած ենք նուազ վնասներով` «մեր լինելու եւ չլինելու» նշանաբանով: Նոյնն է պարագան «Նեմեսիս» գործողութեան եւ վերջապէս Արցախեան ազատագրական պայքարին, որ պատասխանը եղաւ Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերուն: Հրաշքը այնտեղ է, երբ ազատամարտիկները բարձրացան Շուշիի, յատկապէս Բերդաձորի հսկայական, անմատչելի ու անառիկ բարձունքները, անհաւատալի իրողութիւններ պատահեցան, անոնք անսահման ու աննկարագրելի կամք ու ոգի դրսեւորեցին: Պաշտե՛լ նահատակները եւ հերոսները, արդարեւ, սրբութիւնը անոնց գաղափարի մաքրութեան, զոհողութեան, համոզումի եւ հաւատքի վսեմութեան մէջ է:
Պլես Փասքալ` ֆրանսացի փիլիսոփայ մը, ունի նշանաւոր մտապատկեր մը, ուր կ՛ըսէ. «Եթէ կը հաւատաս Աստուծոյ գոյութեան, եւ Ան ներկայ չէ, բան չես վնասեր, իսկ եթէ Ան ներկայ է, կը վայելես յաւերժական կեանք մը դրախտին մէջ: Բայց եթէ դուն անհաւատ ես, եւ Աստուած իրապէս ներկայ չէ, ապա դուն բանով մը չես օգտուիր, իսկ եթէ Ան ներկայ է, դուն առիթը պիտի չունենաս վայելելու դրախտը եւ պիտի մնաս դժոխքին մէջ` յաւերժ®»: