Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Ներսէս Կլայեցի (Շնորհալի)

Յունիս 18, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
ԱՇՈՏ ԱԲՂՅ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Սուրբ Ներսէս Կլայեցի ծնած է Կիլիկիոյ Ծովք Դղեակ քաղաքը 1102 թուականին եւ վախճանած 1173-ին, Հռոմկլա: Ան զաւակն էր Ապիրատ Մամիկոնեան իշխանին, որ տէրն էր Ծովք դղեակին եւ Պահլաւունի Արշակունեան մօր. այս իսկ պատճառով, ինք կը համարուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի սրբազան տոհմէն: Ան ունէր երեք եղբայրներ, որոնցմէ մէկն էր Գրիգորիս կաթողիկոսը, որ ճանչցուած է նաեւ «Փոքր վկայասէր» անունով: Անոնք իրենց փոքր տարիքէն իրենց կրթութիւնը ստացած են իրենց հօր մօրեղբօր` Գրիգոր Վկայասէրի մօտ: Ան իր ուսումը կատարելագործեց աստուածաբանական եւ արտաքին գիտութիւններու ճիւղերուն մէջ:

Սուրբ Ներսէս քահանայ ձեռնադրուեցաւ իր եղբօր առաջարկին ընդառաջելով: Ան իբրեւ հոգեւորական, իր հօտին անդամներուն անխոնջ եւ արթուն հովիւը եղաւ հսկելով անոնց հոգիներու փրկութեան եւ քրիստոնէավայել կեանք մը վարելուն: Շատեր զինք նմանցուցին Մեծն Ներսէսի, որովհետեւ ան ալ իր կեանքը նուիրած էր կարիքաւորներուն օգտակար դառնալու, ծանրաբեռնուածին բեռը թեթեւցնելու, ուրախ անձին ուրախակից եւ տխուրին` տխրակից դառնալու, գիտութիւն հայցողին գիտութեան սահմանները ընդլայնելու, բացատրութիւն հայցողին դիմաց խնդիրները պարզելու եւ նմանօրինակ շարք մը առաքինի առաքելութեանց: Սուրբը նաեւ օրինակ հանդիսացաւ իր իսկ կենցաղակերպով. այսինքն` ինք իր խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբ ժողովուրդին մտքին մէջ ծագեցուց այն գաղափարը, թէ խոնարհութիւնն ու հեզութիւնը տկարութեան եւ պարտուողականութեան ցուցանիշներ չեն, այլ` մեծութեան եւ վեհութեան իմաստներ են:

Սուրբ Ներսէս Կլայեցիի աշխատանքի կեդրոնացումը նաեւ կայացաւ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մէջ: Ան իր գրած տաղերով, մեղեդիներով, գանձերով ու շարականներով ճոխացուց եւ հարստացուց եկեղեցական արարողութիւնները: Ան չբաւարարուելով երաժշտական դաշտին մէջ ցանած իր բազմատեսակ վարդերով, նաեւ գրեց «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը, որ իր պարզ բառերով մարդու տկար հոգւոյն եւ անկատար բնութեան աղաղակն է, որ կը բարձրացնէ առ Աստուած խնդրելով անոր ողորմութիւնը: Այս բոլորին պատճառով Սուրբ Ներսէս Կլայեցի արժանացած է նաեւ «Շնորհալի» տիտղոսին, որովհետեւ ան Աստուծոյ շնորհներով հարստացած էր եւ այդ շնորհներուն հարստութեամբ ան հարստացուց եկեղեցին եւ ժողովուրդը:

Ան նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մեծագոյն ջատագովներէն հանդիսացաւ ընդդէմ բոլոր անոնց, որոնք փորձեցին աղաւաղել Հայ եկեղեցւոյ  ինքնութիւնն ու ուրոյնութիւնը: Ամէն գնով պաշտպանեց եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը կամ ծէսը եւ ապացուցեց, թէ Հայ առաքելական եկեղեցին իր աստուածաբանութիւնն ու ծէսը հիմնած է աստուածաշնչական ճշմարտութիւններու վրայ:

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի իբրեւ արժէք դարձաւ տիտան մը Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, որովհետեւ ան առաւել հարստացուց ու ճոխացուց եկեղեցական արարողութիւնները, իր ջատագովական նամակներով դարձաւ այն դէմքը, որ ծանօթացուց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ինքնութիւնը օտարներուն ու նաեւ յիշեցուց բոլորին, թէ Հայոց եկեղեցին «տկար» աստուածաբանութեան վրայ չէ որ հիմնուած է, այլ` իր հիմքերը հաստատած է աստուածաշնչական ուղղափառ ճշմարտութիւններու վրայ: Նաեւ կ’արժէ յիշել, թէ սուրբը այս գործերուն կողքին չմոռցաւ ժողովուրդը, այլ` միշտ եղաւ անոր հետ, ուսուցանեց զայն եւ հսկեց անոր փրկութեան:

Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի համբաւը տարածուած է նաեւ օտար եկեղեցիներու մօտ, իբրեւ ջատագով եկեղեցւոյ ընդդէմ հերձուածողներու եւ աղանդներու. ինչպէս նաեւ` միջեկեղեցական յարաբերութեանց հաւատացող անձ մը:

Ուստի գիտնանք արժէքը մեր եկեղեցւոյ հարստութեանց եւ սուրբերուն, խնդրենք անոնց բարեխօսութիւնը եւ օրհնութիւնները: Մեծարենք մեր ազգային սուրբերը, որպէսզի անոնք չմոռցուին պատմութեան ընթացքին. եւ միշտ յիշենք, թէ սուրբերը շատ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են մեր եկեղեցւոյ շարունակականութեան մէջ, ուստի պահպանենք մեր հարստութիւնը եւ տէր դառնանք անոր:

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Բագին»-ի. Վեհանոյշ Թեքեան Երեւոյթը

Յաջորդը

Ճեմարանականի Մը Յուշերէն Գառնիկ Գիւզալեան

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?