Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօրակցութիւն Լիբանահայութեան Ընդդէմ Թրքական Հայատեացութեան Վերջին Արտայայտութիւններուն

June 18, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան կը գտնուի տնտեսական ու ելեւմտական խոր տագնապի մը մէջ, ինչ որ իր խոր ժխտական ազդեցութիւնը ունի տեղւոյն հայ համայնքին վրայ: Քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դժուար տարիներուն (1975-1990) իսկ, համայնքային հաստատութիւնները չեն գտնուած իրենց դռները փակելու սպառնալիքին դէմ յանդիման: «Քորոնա» ժահրի համավարակի պայմաններուն մէջ համայնքը շատ արագ կազմակերպեց հայկական թաղամասերու բժշկական, պարէնային եւ այլ ամէն ձեւի օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանք: Համայնքի քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութիւնը դիմած է սփիւռքին` խնդրելով անոր օժանդակութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմակայել օրհասական այս կացութիւնը:

Ասոր զուգահեռ, անցեալ 10 եւ 11 յունիսին համայնքը թիրախ եղաւ նոր եւ շատ լուրջ սպառնալիքի մը: Հայ հաղորդավար, լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեան, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի իր յայտագիրին ընթացքին «Թուիթըր»-ի ճամբով ստացաւ հայհոյանքներ, որոնց շարքին զինք «գաղթական» համարումը: Հաղորդավարը ուղղակիօրէն պատասխանեց այդ յարձակումներուն եւ ամբաստանութեան մատը յղեց դէպի Թուրքիա եւ նախագահ Էրտողան: Լրագրողին ելոյթին յաջորդեց հայատեացութեան արտայայտութիւններու ամբողջ տարափ մը, որոնց մեծ մասը ոչ լիբանանեան աղբիւրներէ կու գային: Այդ արտայայտութիւնները կ՛արդարացնէին Ցեղասպանութիւնը` ըսելով, որ «հայերը արժանի էին ջարդուելու»: Տեղի ունեցաւ թրքական դրօշակներով ցոյց` նոյն հայատեաց արտայայտութիւններով, որոնց հեղինակները իրենք զիրենք կը համարԵն օսմանցիներու ժառանգորդներ եւ Էրտողանի հետեւորդներ: Լիբանանի մէջ Մերտինցիներու արաբական միութեան նախագահ Մունիր Հասան  օսմանցիները անուանեց իր «նախահայրերը» եւ ըսաւ, որ «լաւ գործ ըրին հայերը ջարդելով»: Ան հայերը կոչեց «յիմարներ, դաւաճաններ, վատեր եւ անյարգալիցներ»:

Բարեբախտաբար, լիբանանեան քաղաքական բոլոր շրջանակները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ համայնքին: Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին` դատապարտելով այս երեւոյթը եւ ինքնազսպումի կոչ ըրին հայ համայնքի զաւակներուն: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կոչ ուղղեց` զուսպ մնալու եւ գրգռութեանց տեղի չտալու: Հայկական երեսփոխանական պլոքը եւ խումբ մը հայ ու օտար փաստաբաններ դատական հարց յարուցեցին Մունիր Հասանի եւ Մերտինցիներու արաբական լիբանանեան միութեան դէմ: Նամակներ յղուած են Պէյրութի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններուն` զգուշացնելով հայատեացութեան այս նորագոյն արտայայտութեան դէմ:

Արժանթինի Հայ համայնքի հաստատութիւնները այսու կու գան համայնքին ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Հայատեացութեան այս արտայայտութիւնները ինքնաբուխ չեն, այլ մղուած եւ կազմակերպուած Անգարայի կողմէ: Համահունչ են Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ ժխտողականութեան եւ նորօսմանական քաղաքականութեան: Սուրիոյ հիւսիսն ու Լիպիա իր զինուորական միջամտութենէն ետք, Էրտողանի վարչակարգը իր գործակալները եւ իր երաշխաւորած ու ֆինանսաւորած ծայրայեղական խմբակցութիւնները աշխուժացուցած է Լիբանանի մէջ եւս: Երկրի այս տագնապալի կացութենէն օգտուելով, Թուրքիա կը ջանայ հարուածել միջհամայնքային համակեցութիւնը եւ թիրախաւորել հայութիւնը այնպէս, ինչպէս թիրախաւորեց քիւրտերը Սուրիոյ մէջ:

Որպէս արժանթինցի քաղաքացիներ, մեր կառավարութեան ուշադրութեանը կը յանձնենք  թրքական հայատեացութեան այս նոր դրսեւորումը լիբանանահայութեան դէմ եւ միջազգային բեմին վրայ արժանթինեան դիւանագիտութենէն կ՛ակնկալենք ցեղապաշտական այս քաղաքականութեան դէմ յստակ յանձնառութիւն:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (18 Յունիս 2020)

Յաջորդը

Զօրակցի՛նք Լիբանանահայ Գաղութին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նորացուած Համայնավարութեան Կեղծիքը

October 16, 2026
Քառասուն Տարի. Ձայն Մը, Որ Երբեք Չլռեց
Անդրադարձ

Քառասուն Տարի. Ձայն Մը, Որ Երբեք Չլռեց

October 16, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.