ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Ա.- Բնագիր եւ Կատարում
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը՝ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, արաբերէն լեզուով ներկայացուց հայրենի վաղամեռիկ հեղինակ Հայկ Յակոբեանի «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն» թատրերգութեան վրայ հիմնուած կարճ կատակերգութիւն մը: Ելոյթները դիտած եմ «Ալ Մատինա» եւ «Տէր Մելքոնեան» թատերասրահներու մէջ: Վերջին ելոյթը նկատելիօրէն «ծաղկեցուած էր»:
Հետախուզական.- Հայկ Յակոբեան գրեթէ անծանօթ անուն մըն է ե՛ւ արտասահմանի, ե՛ւ Հայաստանի համար: Չէ յիշուած «Դրամատուրգիա» հանդէսի արխիւին մէջ: Անձնական նամակագրութեան միջոցով իմացայ, որ իր կենսագրութեան ծանօթ չէին թատերական գործիչներու միութեան նախագահ Յակոբ Ղազանջեան, Սունդուկեանի թատրոնի նախկին տնօրէն Վահէ Շահվերդեան, «Ծիրանի Ծառ» փառատօնի կազմակերպող բեմադրիչ Աշոտ Մկրտչեան եւ նոյնիսկ Գիւմրիի Դրամատիկական թատրոնի ղեկավար Լուտվիկ Յարութիւնեան, որ թատերակը տուած է բեմադրիչին: Պարտ եմ նշել, որ վերջինը մեծ ջանք ցոյց տուաւ օգնելու համար: Այս ուղղութեամբ նոյնիսկ դիմեց Գրողներու միութեան, բայց ոչ մէկ դրական պատասխան ստացաւ: Վարը յիշուած տեղեկութիւնները ստացած եմ բեմադրիչ փրոֆ. Հրաչեայ Գասպարեանէ, որ Հայկ Յակոբեանի «Լեռնային Կակաչները» բեմադրած է 1993-ին, Գայեանէ Կարապետեանէ, որ 2019-ի յուլիսին Մաչանենց արուեստաց դպրոցի փառատօնին ընթացքին (1) նոյնինքն «Չմօտենաք տիկինը»-ը բեմադրած է որպէս ուսանողական աւարտաճառ, Մելինէ Ապիկեանէ, որ Սօս Սարգսեան թատրոնի մէջ «Ձկնկուլ» վերնագիրով բեմադրած է «Աղջիկը, ծերունին եւ ձկնորսը», ինչպէսեւ Գոհար Յարութիւնեանէ, որ դասախօսուհի է Մաչանենց մանկապատանեկան մէջ եւ ծրագիրի ու հեղինակին սերտ բարեկամը եղած է:
Հայկ Յակոբեան ծնած է մօտաւորապէս 1950 կամ 51-ին եւ քաղցկեղով մահացած մօտաւորապէս 1996 կամ 97-ին: Ուսանած է Հայ-Ֆիլմի կից Գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ: Այդ հիմնարկը 1994-ին հասկնալիօրէն բաժնուած է երկուքի: Թատերական բաժնին մէջ այժմ կը գործէ Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնը: Յակոբեան բուժուելու յոյսով շրջան մը եղած է Միացեալ Նահանգներ, ապա վերադարձած է եւ … հողագործութեամբ զբաղած Երեւանէն շուրջ հարիւր քմ հիւսիս գտնուող Լուսակերտ աւանին մէջ: Ըստ Գոհար Յարութիւնեանի, եղած է «ազնիւ, անկեղծ, տխուր, չհասկցուած մարդ, հիանալի դերասան, ժողովրդական երգերու հիանալի մեկնաբան»: Հեղինակած է քանի մը պատմուածք եւ թատրերգութիւն: Բացի վերը նշուած գործերէն, ունի նաեւ «Վայրի ձիեր ցորենի դաշտում» թատրերգութիւնը: «Աղջիկը, ծերունին եւ ձկնորսը» նոյնպէս կարճ գործ մըն է, զոր առիթ ունեցած եմ կարդալու շնորհիւ Գայեանէ Կարապետեանի: Այսինքն հեղինակը ունի ընդամէնը չորս հրատարակուած թատրերգութիւններ, որոնցմէ առնուազն երկուքը կարճ են: Անցեալ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած երկու բեմադրութիւնները այս կամ այն կերպով կ’առնչուին Գոհար Յարութիւնեանին:
Հեղինակի թատրերգութեան բնոյթը.- «Լեռնային կակաչներ»-ը յօրինուած եւ բեմադրուած է ցուրտ ու մութ տարիներուն: Թատրը հոգեբուժարան մըն է: Հերոսուհին որբ է եւ դաւաճանութեան ենթարկուած իր սիրածին կողմէ: Բժիշկները բռնակալներ են, որոնք արգելք կը հանդիսանան իրենց խնամքին յանձնուած անձերու երջանկութեան: Պարզ է, որ թատրերգութիւնը ծայրէ ծայր այլաբանական է: Հոգեբուժարանը թշուառ անտէր Հայաստանն է, իսկ որբ, դաւաճանութեան ենթարկուած ու անազատ ժողովուրդի … ներողութիւն, աղջկայ վրայ բռնացող բժիշկները կը ներկայացնեն իշխանութիւնը:
«Աղջիկը, ծերունին եւ ձկնորսը» կարճ թատրերգութեան բներգը անձնասպանութիւնն է: «Ձկնորսը» մահն է, որ զոյգի ետին որպէս սեւ ստուեր կը տեսնուի «Ուսանողական թատրոն»-ի որմազդին մէջ: Մահուան կարթը արդէն իսկ պատած է զոյգը: Չորացած ծառի … ներողութիւն, առուի մը կողքին տաղտկահար մարդ ու կին կը սպասեն Կոտոյին …ներողութիւն՝ ձկնորսին: Այս թատրերգութիւնը եւս ակնյայտօրէն այլաբանական է եւ ունի անհեթեթ թատրոնի ասք: Գետը կեանքն է, իսկ անկենդան ձուկերը՝ սպառած մարդիկ, որոնք պարզապէս մահուան կը սպասեն: Ինչպէս յարացոյց զոյգ Վլատիմիր եւ Էսթրակոն, այնպէս եւ անանուն զոյգը անդադար կը կրկնեն անհորիզոն խօսքեր: Կայ նաեւ մեկնաբանելի ակնարկ Համլեթի ծանօթ մենախօսութեան. «Մեռնիլ, ննջել, ննջել… գուցէ երազել … »: Մահուան եւ անձնասպանութեան ակնարկները ստեպ կը կրկնուին: Զոյգը ի վերջոյ անձնասպանութիւն կը գործէ՝ կլլելով «քնաբեր» դեղահատեր: Իւրաքանչիւրը ի սկզբանէ իր վրայ կը կրէր մահաբեր սրուակ մը: Այդ ի հարկէ մեկնաբանելի է: Անիմաստ գոյութենէն փրկութիւնը «ինքնաժխտումի» մէջ կը կը գտնեն: «Ձկնորս»-ը կը դիմաւորեն արբեցած երգով.- «Հէ՜յ, հէ՜յ … հէ՜յ, հէ՜յ …»: Բնագիրի ճակտին կը տեսնենք Դաւիթի Սաղմոսներէն հատուած մը. «Ո՜վ Տէր, ցոյց տուր մեզ քո ճանապարհները …» (Սաղմոս ԻԵԿ 5): Այդ էն գլխէն ազդանիշ է անհեթեթի եւ սեւ հումորի: Հեղինակը բացայայտօրէն կ’ըսէ, թէ անդենականը լոկ «յաւիտեան խաւար» է, այդտեղ չկայ ոչ մէկ տէր եւ կամ ուղեցոյց:
«Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն»-ը սեւ հումորով ողբերգա-կատակերգութիւն (tragicomedia) մըն է, որուն բներգը նոյնպէս անձնասպանութիւնն է: Անհեթեթը կը սկսի տիպարի բնորոշումէն: Անանուն տղամարդը կնավախ կնաբոյժ մըն է (gynophobicgynaecologist), որ կ’աշխատի հիւանդանոցի մը մէջ, ուր անձնակազմը 13 կիներէ կը բաղկանայ (նկատել չարագոյժ թիւը): Կրկնակի անհեթեթ: Զինք անվերջ ու անխնայ տանջող վհուկներու հալածանքէն փրկուելու համար տղամարդը՝ պարան մը ձեռքին, կը մտնէ բոլորովին անծանօթ կնոջ մը տունը, որպէսզի անձնասպան ըլլայ: Եռակի բոլորովին անիրական անհեթեթ. այլ ոչ «պարզ նիւթ, որ ամէն մարդու հետ կրնայ պատահիլ», ինչպէս իմացանք «Վանայ ձայն»-ի հետ տեսակցութեան ընթացքին: Խնդրեմ, հրաժարի՛նք այդ սնամէջ յանկերգնէն:
Ոչ մէկ կնավախ պիտի փափաքէր կնաբուժ դառնալ, առաւել եւս աշխատանքի անցնիլ «Ամազոնուհիներու» կեդրոնին մէջ: Ամազոն հաւաքականութիւնը մղձաւանջային է, որովհետեւ այդտեղ սեռերու դերերը շրջուած են: Վայրագ, անգութ եւ այրատեաց Ամազոնուհիի կերպարը կ’արտայայտէր հին Յունաստանի եւ այլ հայրիշխանական ընկերութիւններու կնավախութիւնը: Կայ կրկնուող ակնարկ «վհուկներու» հալածանքին: 16-րդ դարուն այդ կը միտէր մահուան սարսափի միջոցով վերացնել կին դայեակներու մրցակցութիւնը նոր երեւան եկող վկայեալ արու բժիշկներու դասին հետ: Կնավախը տանջողները նոյնպէս դայեակներ … ներողութի՛ւն, բժշկուհիներ են: Զուգադիպութի՞ւն: Վհուկներու մահապատիժի ընթացիկ միջոցներէն մէկն էր կախաղանը: Հերոսը պարանը ձեռքին կը սպառնայ. «Ձեզ կախել է պէտք, առաջներում այդպէս էին անում»… «Ես ձեզ բոլորիդ կը կախեմ՝ շրջազգեստով սատանաների՛դ»: Վհուկները կ’ամբաստանուէին որպէս «Սատանու գործակալներ»:
Հեղինակը խնամքով արտայայտած է կնավախութեան ախտանիշները: Առաջին հերթին, ախտին ոչ քաջածանօթ հանդիսատեսի սիրոյն, հերոսը ինք կը յայտարարէ. «Պատճառը իմ բնածին երկչոտութիւնս է, իմ բնածին անվստահութիւնս»: Իմա՝ ինքնավստահութեան անբաւարարութիւնը: Ախտանիշ է նաեւ վերնագիրը. «Չմօտենա՛ք ինծի»: Տագնապը ակնյայտօրէն կը սաստկանայ, երբ կին մը ֆիզիքապէս մօտենայ ենթակային:
Կնավախը անկարող է պարզ գործողութիւններ կատարել կնոջ ներկայութեան: Կնավախ հերոսը կրկին ու կրկին կը ձախողի պարզ հանգոյց մը կապել: Կինը արագ կը յաջողի, որովհետեւ ոչ միայն այրատեաց էր, այլ նաեւ չէր հաւատար, թէ բժիշկը իսկապէս անձնասպան պիտի ըլլար: Պարանը, որ խորքին մէջ երրորդ դերակատարն է, ցաւօք զեղջուած էր Համազգայինի ելոյթին մէջ: Պարանը սեւ հումոր է, որովհետեւ մահուան այդ գործի՛քն է, որ այր ու կին զիրար կը կապէ եւ, ինչպէս վերնագիրին մէջ նշած եմ, կը դառնայ փրկութեա՛ն պարան: Այդ խորհրդանիշը աւելի իմաստալից մեկնաբանուած է Մաչանենցի ուսանողական ելոյթի ընթացքին:(Տես կողքի լուսանկարը)։ Բայց մոռնա՛նք, որովհետեւ նման բաներ կրնան բեմի առաջ ու ետին «գլուխ յոգնեցել»:
Կինը կրկին ու կրկին կը փորձէ հերոսը խրախուսել՝ իբր թէ ան իսկական տղամարդ է: Հոգեբուժներ նկատած են, որ կնավախութիւնը, այսինքն թերի առնականութեան պատճառած ամօթը, կրնայ անձնասպանական միտքեր թելադրել: Կնավախը կնոջ հետ երկխօսութեան առաջին իսկ պահէն կ’ակնարկէ մահուան: «Մեր բոլորին բնակարանը նոյնն է », կ’ըսէ՝ ակնարկելով գերեզմանին: Այս եւս հիմնաւորուած է: Հայաստանի մէջ անձնասպանութեան դիմողներու 80 տոկոսը քայլ առնելէ առաջ կանուխ եւ հասկնալի ազդանշաններ ցոյց կու տայ շրջապատին (2):
Կնոջ կերպարը նոյնպէս սեւ ու ցաւոտ հումոր է: Դաւաճանուած կինը (կրկի՞ն դաւաճանուած կին) հասկնալիօրէն դարձած է այրատեաց: Այսուհանդերձ, իր սրտի … ներողութիւն, իր «տան» դուռը բաց ձգած է: Այդ վստահաբար ե՛ւ խորհրդանշական է, ե՛ւ հնարք, որպէսզի այր կերպարը կարենայ մտնել: Ի դէպ, վիրաւոր ամազոնի կերպարը անմահացուցած է «Եօթը հրաշալիքներ»-էն մէկուն հեղինակ Ֆիտիաս (480-430 Ն.Ք.): Վիրաւոր մարտունակ կինը, ինչպէս եւ երկչոտ ձախաւեր այրը սէր փնտռած են եւ չարաչար ձախողած: Միայնակ կինը նոյնիսկ կ’ուզէ հաւատալ, թէ անծանօթ այրը իր դաւաճան ամուսինին կողմէ ուղարկուած է որպէս բարեխօս միջնորդ: Նախքան ոեւէ առաջարկ լսէ, անմիջապէս կ’ըսէ. «Ես չեմ կարողանում դիմադրել, երբ շատ են խնդրում»: Պարանը պատուհանէն դուրս կը շպրտէ եւ կը փորձէ կեանքի սէր եւ ապագայի հանդէպ յոյս ներշնչել, փարատել վախը եւ սիրտը գրաւել (տես կողքի նկարը): Քնքուշ կը ձեւանայ «Միթէ կը մերժէ՞ք ինձ նման մի թոյլ էակի խնդրանքը»: Իր խոհարարական շնորհները ցուցադրել կ’ուզէ.- «Եթէ քաղցած էք, խոհանոցում … »: Իր անառակ ամուսինի փոխարէն կինը գտած է երկչոտ եւ կիրթ այր մը: Հարկ է արժեւորել առիթը:
Այրը կը կակղի.- «Դուք միւսների նման չէք», այսուհանդերձ բուժումը դիւրին չէ: Այդ կը հաստատեն հոգեբանները: Կնավախը ինքզինք պատուհանէն կը նետէ՝ դէպի մահ: Բայց ազատում չկայ, որովհետեւ կը գտնուին գետնայարկ տան մը մէջ (անհեթեթ): Կնավախը կը շարունակէ սարսափահար կը ճչալ.- «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն»: Վարագոյր:
Լեզուական.- Հակառակ բազմաթիւ փորձերու, կարելի չեղաւ արաբերէն բնագիրը տեսնել: Յամենայն դէպս հայերէն բնագիրին հետ բաղդատականը գրեթէ անիմաստ է, որովհետեւ պահուած է երկխօսութեան լոկ կմախքը: Ասքը եւ բարբառը հիմնովին փոխուած են: Ամէն ինչ կը թելադրէ, թէ թատրը մերօրեայ Լիբանանն է, եւ ոչ մութ ու ցուրտ տարիներու Հայաստանը: Արհեստական կերպով խցկուած են հայկական անուն մը եւ կատակերգ մը: Հասկնալի չէ, թէ ինչո՛ւ այր մարդուն տրուած է անուն (ինքնութիւն)՛ իսկ կնոջ՝ ոչ:
Բեմայարդարում եւ այլն.- Կահաւորումը կատարուած էր թեթեւ կատակերգութիւններու յարիր իրականանման տրամաբանութեամբ: Կրնար ըլլալ շատ աւելի ժուժկալ եւ գրաւիչ: Կարելի էր զեղչել լուացարանը, բազկաթոռները եւ այլ աւելորդ սարքեր: Պաղ խորապատկերի կեդրոնին կը տեսնենք տաք դարչնագոյն պատուհան, ուրկէ հերոսը ինքզինք դէպի մահ պիտի նետէ: Բայց ինչո՞ւ տաք դարչնագոյն: Տժգոյն խորապատկերի վրայ աւելի ցցուն կը տեսնուին դերակատարներու սեւ ուրուագիծերը: Շատ բարի՛, բայց ինչո՞ւ անոնք զգեստաւորուած պիտի ըլլային այդքան պաշտօնական ձեւով: Անհեթեթ է աղբ թափելու իջնել executive «deux-pièces»-ով: Անհեթե՞թ: Բեմադրիչը «իրապաշտ» բեմին վրայ սպրդեցուցած էր անհեթիթ այլ «թագնագիր» ցուցանիշ մը: Խորապատկերի կեդրոնական շրջանի մէջ, կախաղանին ետին, կախ էր Ռոպէր Տուասնոյի (1912 – 1994): «Pipi Pigeon»-ը («Աղաւնիներու մէզ»-ը): Տուասնօ լուսանկարիչ մըն է, որ ծանօթ է իր անհեթեթ քատրերով: Պատուհանին միւս կողմի պատկերը ցոյց կու տար նկարչական վրձիններ: «Տէր Մելքոնեան»-ի ելոյթին այդ վրձինները չկային: Այլապէս պիտի ենթադրէի, թէ անոնք խորհրդանշական էին, թէ բեմադրիչը մեզի կ’ըսէ, որ բեմին վրայ նկարուած է ի՛ր յօրինած պատկերը:
«Տէր Մելքոնեան»-ի մէջ բեմայարդարումը որոշ չափով բարելաւուած էր: Վերցուած էին բազմոցները, լուացարանը եւ կարգ մը այլ անկարեւոր իրեր: Տարածքը ունէր աւելի հետաքրքրական ճարտարապետութիւն: Բարի՛:
Այս բոլորը կարելի է այս կամ այն ձեւով ընդունիլ: Կար սակայն ակնբախ առեղծուած: Բեմին լոյսը կը բացուի, եւ մենք կը տեսնենք առաստաղէն կախ արհեստավարժ կերպով պատրաստուած կախաղանի խեղդօղակ մը: Ինչպէ՞ս հասկնալ կնոջ տան ի սկզբանէ մաս կազմող այդ չարագուշակ խորհրդանիշը, կնատեացութեա՞մբ:
Որմազդը ցոյց կու տար կրծքադիտակ մը (stetho-scope), որ պարզապէս կը թելադրէ, թէ ելոյթը առնչուած է բժշկութեան: Հասկնալի չէ, թէ ինչո՛ւ վերնագիրի «ինծի» (ալէյյի) տեղ գտած էր որպէս ձեռագիր յաւելում: «Տէր Մելքոնեան»-ի ելոյթին համար պատրաստուած էր երկրորդ արաբերէն պրոշիւր մը, ուր որոշ տեղեկութիւն կար հեղինակին մասին: Ցաւօք, այդ կցկտուր էր եւ, մեղմ ասած, ոչ հաւաստի: Ո՛չ բարի:
Երաժշտութիւնը միջամտեց երկու անգամ: Բացման տեսարանի մնջախաղի ընթացքին ինքնասպանութիւն ծրագրող կնավախը իրեն հետ բերած էր խտասալիկ մը: Ի հարկէ՝ անհեթեթ: Նախ լսեցինք «Չեմ ու չեմ» կատակ պարերգը, ապա մահերգանման երաժշտութիւն եւ վերջապէս Վիվալտիի «Գարունը» յիշեցնող զուարթ եղանակ: Խոտոր շարքը կը միտէր անձնասպանը կախաղանի աթոռէն վեր ու վար առնելու: Երկրորդ միջամտութիւնը սիրային խոստովանութեան մթնոլորտ ստեղծեց, երբ այրի իր «սիրտը բացաւ» տանտիրուհիին: Շատ բարի՛, հաւանաբար այդ էր պահանջուածը: Այսուհանդերձ, «Չեմ ու չեմ» կատակ երգը, որ թերեւս ընտրուած էր հայկական պարեղանակները արաբ հանդիսատեսին ծանօթացնելու նպատակով, կը վերաբերի աղջկայ մը, որ կեղծ պատրուակներ կը յօրինէ պարէ (քննութենէ՞) խուսափելու համար: Մինչդեռ թատրերգութեան մէջ կի՛նն է նախայարձակը:
Լուսաւորումը թեթեւ կատակերգութիւններու յարիր էր, չունէր ներդրում:
Բ.- Խաղարկութիւն ընկալման միջնարար եւ Մեկնաբանութիւն
Խաղարկութիւն .- «Մատինա» թատրոնի ելոյթի սկզբնաւորութեան բեմադրիչը անձամբ դուրս եկաւ եւ բեմ տախտակամածին տուաւ գաւազանի դասական հարուածները: Ուրեմն մենք պիտի դիտէինք թատերական խաղ մը: Այդ իսկապէս գործադրուեցաւ ելոյթի ընթացքին: Դերակատարները յաճախ մնջախաղով կը դիմէին հանդիսատեսին, ցոյց կու տային, թէ կը խաղային հանդիսատեսի՛ համար, գոյութիւն չունէր «չորրորդ պատ»:
Սենտի Ղազարեան արհեստավարժ դերասանուհի է: Արաբերէնը կը համարուի իր առաջի՛ն լեզուն: Զինք դիտած էի նախապէս Ժպարայի «Զրադաշտ»-ին մէջ: Ունի հումորի բացառիկ զգացում: Շատ յաջող ներկայացուց կնոջ այր մարդուն հանդէպ դիրքորոշման փոփոխութիւնը: Շատ բարի, բայց ասքը աւելի տպաւորիչ պիտի ըլլար, եթէ կարող դերասանուհին արտայայտէր նաեւ Վիրաւոր ամազոնուհիին ցաւը: Բայց ակնյայտօրէն այդ չէր պահանջուած իրմէ:
Դերակատարուհին պարտադրուած էր կատարել անբացատրելի շարժումներ: Բնագիրին մէջ բեմ կը մտնէ տնային հագուստով՝ դոյլը ձեռքին, որովհետեւ պահ մը դուրս ելած էր աղբը թափելու համար: Այդ կը բացատրէ բաց ձգուած դուռը: Ելոյթին մէջ կինը մուտք կը գործէ պաշտօնական տարազով, կրելով առեւտուրի շքեղ տոպրակ մը եւ ճօճելով զոյգ մը կարմիր շողշողուն կօշիկներ: Նման գնումներ կրնան ժամեր տեւել: Անտեղի յաւելում՝ ծիծաղի սիրոյն:
Նժդեհ Մկրտչեանի ընտրութիւնը՝ որպէս կնավախ, ինքնին ծիծաղաշարժ է, ոչ միայն արտաքին տեսքի անհամաչափութեան պատճառով, այլ որովհետեւ ոչ ոք կ’ակնկալէ, որ նման կենսունակ անձ երբեւիցէ անձնասպանութիւն փորձէ: Իր բոլոր շարժուձեւերը ցոյց կու տային, թէ կատարուածը զուարճալի խաղ մըն է: Իր յատկանշական քմծիծաղը կը շեշտէր այդ: Յաջող էին յատկապէս այն պահերը, երբ կինը ֆիզիքապէս կը դպչէր իրեն եւ կամ երբ ինք կը տատամսէր դպչելու կնոջ: Մկրտիչեան կարողացաւ արտայայտել համակրանքի եւ վախի խառնուրդը: Բարի: Մնացեալը կը վերաբերի մեկնաբանութեան:
Այսպէս.- Անհասկնալի էր յատկապէս ուրախ պարը անձնասպանութենէ պահ մը առաջ: Վերջին ելոյթի պատուհանի տեսարանին մէջ, եթէ այրը կարենար հանգիստ գրկել կինը, ուրեմն յաղթահարած էր վախը: Ձախող անձնասպանութենէ ետք նոր կեանք կը սկսի, կը վերադառնայ այն կնոջ, զոր պահ մը առաջ կը գգուէր: Ինչո՞ւ ուրեմն սարսափահար ճչալ.- «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն»:
Կային նաեւ փոքրիկ «կաֆ»-եր: Մկրտիչեան արաբերէն երկտողը կը գրէր ձախէն աջ: Երբ կ’ուզէր բարձրանալ դէպի կախաղան, ոտքը ուշադրութեամբ դրաւ իր գրած երկտողին վրայ եւ ոչ՝ կնոջ ձեռագործ ծածկոցին եւ այլն։
Մեկնաբանական .- Նախ հաստատեմ, որ ելոյթը լաւ կատարուած եռանդուն եւ զուարճալի կատակերգութիւն մըն էր: Բարի: Այսուհանդերձ … հանդիսատեսին չէ՛ր ներկայացներ հայ թատերագիր Հայկ Յակոբեանի գործը: Միացեալ Նահանգներէն յուսախաբ վերադառնալէ ետք հեղինակը ապրած է կրկնակի ողբերգութիւն: Ցուրտ ու մութ տարիներուն կը բարդուէր այն գիտակցութիւնը, թէ ունի անբուժելի մահացու ախտ: Յակոբեան ոչ մէկ իսկական առիթ ունէր իր մասնագիտութեան նուիրուելու եւ ընտանիք կազմելու: Նշաններ կան, որ ապրած է նաեւ սիրային դժբախտութիւն, բայց այստեղ անյարմար է խորանալ այդ ուղղութեամբ: Յակոբեանի գրականութիւնը հասկնալիօրէն ստացած է սեւ հումորի եւ անհեթեթի ուղղութիւն: Ինծի ծանօթ երեք թատրերգութիւններուն մէջ առկայ են մահը եւ անձնասպանութիւնը: Հեղինակը կու տայ ի՛ր մտորումները եւ թերեւս անձնասպանութեան կանուխ ազդանիշ՝ իր շրջապատին:
Ինծի ծանօթ նշուած երեք թատրերգութիւններու մէջ կեդրոնական է նաեւ այր եւ կին զոյգի մը երկխօսութիւնը: Փրկութեան յոյսի նշոյլը կու գայ անհաւանական կամ անկարելի սիրոյ մը ընդմէջէն: Այդ տեսանք նաեւ ներկայ ելոյթին մէջ: Կը թուի ըլլալ կենսագրական ցուցանիշ:
Վաղամեռիկ Հայկ Յակոբեանի վաստակը կը բաղկանայ լոկ չորս գործերէ, որոնք, ըստ բեմադրիչ փրոֆ. Հրաչեայ Գասպարեանի, պէտք է համարել թատերական փորձարկումներ: Կը թուի, թէ «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛նը» թատերակի մէջ յայտնուող անհեթեթի հակումն է, որ գրաւած է բեմադրիչին համակրանքը:
Հիմնական մեկնաբանութեան ներդումը եղած է սեւ հումոր «Տրագիկոմեդիան» վերածել թեթեւ կատակերգութեան: Բնագիրի ողնասիւնը ցաւոտ երկխօսութիւնն է, իսկ ելոյթին ողնասիւնը՝ վազվռտուք, թռչկոտուքն ու քաշքշուքը:
Բեմադրական ներդրում էր բացման տեսարանի մնջախաղը, ուր Մկրտիչեան կարմիր թիթեռնիկ փողկապը հագին խաղաղ, բայց անհամբեր շարժումներով անձնասպանութեան պատշաճ երաժշտութիւն գտնել կը փորձէր: Ապա կը հանէր անհագստութիւն պատճառող փողկապը եւ կը հագնէր կախաղանի խեղդօղակը: Ի հարկէ անհեթեթ՝ յաղագս ծիծաղաշարժութեան:
Բնագիրին մէջ այրը իրեն հետ թուղթի կտոր մ’իսկ չունի՝ անձնասպանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնող երկտող մը գրելու համար: Այդ հասկնալի է: Ելոյթին ընթացքին, սակայն, իրեն հետ ունի բժշկական պայուսակ մը, որմէ դուրս կը բերէ ոչ միայն գրենական այլազան պիտոյքներ, այլեւ պաշտօնական կնիք մը: Երկտողը գրելէ ետք պիտոյքները խնամքով կը զետեղէ պայուսակին մէջ: Կրկին անհեթեթ՝ յաղագս ծիծաղաշարժութեան:
Այլ ներդրում մըն էր բացման տեսարանին մէջ քանի մը բառ հայերէն փնթփնթոցը: Բեմադրիչը կ’ըսէ, թէ այդ կը միտէր շփոթի մատնել հանդիսատեսը եւ սրել անոր հետաքրքրութիւնը: Բարի: Այն տեսարանին մէջ, ուր տղամարդը կը նուաստացնէր ինքզինք .- «Տոքթոր է եղեր, հը՛հ», աւելի յարիր պիտի ըլլար ըսել .- «Տղամա՛րդ է եղեր, հը՛հ», որովհետեւ իր առնականութի՛ւնն էր հարցականի տակ, ոչ մասնագիտական հմտութիւնը: Ոչ բարի:
Բնագիրին մէջ կինը կ’ուշաթափի եւ կ’իյնայ բազմոցի մը վրայ: Ելոյթին ընթացքին կը սթափի յատակին: Հարկ էր, որ այրը փորձէր զինք վերցնել՝ գրկելով թեւատակերէն: Բայց կնավախ բժիշկը կը բարձրացնէ անոր ոտքերը: Կինը կը սթափի, եւ այրը կը տեսնէ անոր երկու սրունքներուն միջեւ: Իսկապէս ծիծաղաշարժ պատկեր: Թերեւս բարի: Բայց բեմադրիչը այդքանով չէր բաւարարուած: Այրը կը շրջէ կինը եւ անոր կու տայ սեռային յարաբերութեան աւելի ահաւոր դիրք: Այդ արդէն կը գտնուի կարմիր գիծերու վրայ:
Այո՛, կային բազմաթիւ այլ ծիծաղաշարժ պատկերներ: Շատ լա՛ւ, բայց թերեւս կարելի է նաեւ Տոսթոեւսկիի եւ կամ Քաֆքայի երկերն ալ զուարթ կատակերգութեան վերածել: Թերեւս կարելի է՛ բայց յանուն ինչի՞ դիմել նման քայլի:
Առ շարժում եւ ժամանակ .- Կրկնակի առումով մեկնաբանական էր ֆիզիքական շարժումի առատութիւնը, որ յատկապէս չափազանցուած եւ «ծաղկեցուած» էր վերջին ելոյթին: Այդ գիտակցաբա՞ր, թէ՞ ոչ՝ խորամանկ քայլ է: Նախ եւ առաջ այդ ծանրութեան կեդրոնը կը փոխադրէ բանաւոր երկխօսութենէն դէպի մարմնի լեզու, եւ այդպիսով կարելի կը դարձնէ սեւ ու թանձր հումորի վերածումը թեթեւ կատակերգութեան: Այդ բեմադրիչի հիմնական նպատակն է: Երկրորդ «օգտակարութիւնը» այն է, որ երկար ժամանակամիջոցի խաբկանք կը ստեղծէ: Թատերակը կը տեւէ 35-40 վարկեան: Այդ ի հարկէ շատ կարճ է որպէս առանձին թատերական երեկոյ:
Ժամանակը գոյն , հոտ կամ համ չէ, որ ուղղակի ընկալուի զգայարաններու կողմէ: Այդ «հեռաւորութիւն» մըն է երկու դէպքերու միջեւ: Այս իմաստով կը նմանի ֆիզիքական հեռաւորութեան: Նախապատմական ժամանակներէ ի վեր նկարիչներ, քանդակագործներ եւ ճարտարապետներ տարածաչափական խաբկանքներ կը ստեղծեն: Ժամանակը չորրորդ տարարաչափն է (3):
Ժամանակի ընկալման մասին փիլիսոփաներ (եւ ոչ միայն) սկսած են խօսիլ հազարամեակներ առաջ: Հանճարեղ Թոմաս Մաննի (1875-1955) գլուխ գործոց վէպ «Կախարդական Լեռ»-ի (1924) հիմնական բներգներէն մէկն է ժամանակի ընկալումը (4): Այդ կը տեսնենք գիրքի առաջին իսկ էջին վրայ: Թատրը թոքախտաւորներու անկելանոց մըն է (ի հարկէ խորհրդանշական), ուր մարդիկ ոչինչ ունին ընելիք: Ուրեմն ինչպէ՞ս կ’ընկալեն ժամանակի հոսքը:
Ինծի ծանօթ գիտական առաջին տեսութիւնը կը պատկանի գերմանացի բնախօս (physiologist) Karl von Vierordt-ին (1818-1884), որ յայտնաբերած էր, թէ ուղեղի կողմէ ժամանակի կարճ միջոցներ կը գերգնահատուին, իսկ երկար միջոցները՝ կը ստորագնահատուին: Կողքի գծապատկերը այդ յարաբերութիւնը որակական (qualitative) ձեւով կը ներկայացնէ: Արդի բնախօսական չափումներ կը հաստատեն այս տեսութիւնը (5): Գծանկարը համահունչ է զգայարաններու «յագեցման» (saturation) յատկութեան (6): Տեսութեան հետեւութիւնը (corollary) կ’ըլլայ այն, որ շատ շարժումներ ներառող ժամանակամիջոց մը երկար թուի (7): Որքան շատ շարժում՝ այդքան աւելի երկար: Ինչպէս վերը նշեցի, այդ պատրանքը գործադրուած էր ելոյթին մէջ: Իսկ կշռոյթի փոփոխութիւնները կ’օգնէին պահելու հանդիսատեսին կեդրոնացումը: Բարի՛:
Այո՛, կար առատ շարժում, բայց սակաւ գործողութիւն: Թերեւս թատերական գործողութիւն կարելի է համարել լոկ երկուքը: Գլխաւոր գործողութիւն էր բժիշկի պատուհանէն վար, դէպի մահ ոստումը: Հոգեկան գործողութիւն էր կնոջ դիրքորոշման փոփոխութիւնը վախէ եւ կասկածէ դէպի համակրանք: Այդ գործողութեան հետեւութիւնն էր կնոջ որոշումը ֆիզիքապէս նախայարձակ ըլլալու: Անկողինի տեսարանը աւելցուած է բեմադրիչին կողմէ: Բնագիրի նուրբ թելադրանքը բացայայտօրէն ցուցադրուած է թոյլ երեւակայութիւն ունեցող հանդիսատեսներուն համար:
Հուսկ բանք.- Պրպտումներու ընթացքին հանդիպած էի հետեւեալ նշումին.- «Տարին նաեւ մշակութային էր լինելու» հեգնական ցաւոտ ակնարկի մը մէջ, ցանկալի, բայց չկայացած ձեռնարկներու շարքին մէջ ներառուած էր այս.- «Վանաձորում նորաստեղծ երիտասարդական պրոֆեսիոնալ թատերախումբը ներկայացնելու էր Հայկ Յակոբեանի «Չմօտենաք ինձ տիկին» հոգեբանական պոեմի բեմադրութիւնը» (8): Տողերու հեղինակը ծանօթ չէ: Պարզ է սակայն, որ տասը տարի առաջ կային մշակոյթի մարդիկ, որոնք թատրերգութիւնը կը նկատէին «հոգեբանական պոեմ», այլ ոչ ոստոստուն թեթեւ կատակերգութիւն: Այո՛, բեմադրիչը ազատ է ինքնուրոյն կերպով մեկնաբանելու հեղինակին բնագիրը: Բայց հարկ է, որ այդ մենաբանութիւնը հարստացնէ՛ հեղինակի գործը, ոչ հարստահարէ զայն: Ներկայ մեկնաբանութիւնը հիմնովին վերցուցած է մութ ու ցուրտ տարիներու (եւ ոչ միայն) ցաւը:
Ինչպէս տեսակցութեան ընթացքին նոյնինքն թատերախումբի ատենապետը կ’ըսէ, հեղինակը գրեթէ անծանօթ մըն է նոյնիսկ Հայաստանի թատերական աշխատողներու համար: Ատենապետը կ’ըսէ նաեւ, թէ «ոչ մէկ ձեւով կը բնորոշուի գործի հայկական ըլլալը» (9): Եթէ այդպէս է, հապա ինչո՞ւ ընտրել յատկապէս ա՛յս թատրերգութիւնը: Ո՞վ եւ ի՞նչ կը ծանօթացնենք հայ թէ օտար հանդիսատեսին, անծանօթ հեղինակի մը (առաւել եւս դիմափոխուած) փորձ-թատերա՞կը, որ Հայաստանի մէջ լոկ մէկ անգամ ներկայացուած է որպէս ուսանողական աշխատանք: Բացարձակապէս չկա՞ր ոեւէ այլընտրանք: Կը մաղթեմ, որ թատերախումբը աւելի խոհուն ընտրութիւն կատարէ իր յաջորդ գործի ընտրութեան եւ մեկնաբանութեան մէջ:
Յաջողութի՛ւն։
Փետրուար 2020
- Նոյն փառատօնի աւարտական աշխատանքներէն մէկն էր նաեւ Մոնիկա Բալոյեանի բեմադրած «Երկնագոյն շան աչքերը»։
- Կուտոյեանի առեղծուածային «ինքնասպանութենէն» ետք «ARMTIMES» յատուկ թղթածրար հրապարակած է:
- Յարաբերութեան մասնաւոր տեսութիւնը (Special Theory of Relativity) համալրեց մեքանիքի սկզբունքները այն դրոյթով, թէ կարելի չէ անջատել ժամանակի եւ տարածութեան չափումները:
- Վէպը մեր ուսանողական տարիներու դասագիրքերէն մէկն էր։
- A Fath, “Perception of time to contact of slow- and fast-moving objects”, Attention, Perception, & Psychophysics April, 2018
- R F Dougherty et al, “Perceived Speed of Colored Stimuli”, Neuron, Volume 24, Issue 4, 1999
- Kyamamoto et al, “Effect of motion coherence on time perception relates to perceived speed”, Vision Research, June 2016
- «Յետահայեաց», «Սիվիլնեթ», 24 դեկտեմբեր 2011
- « Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛նը», «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի Մէջ, «Ազդակ», 11 փետ. 2020։