Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարելի Չէ Յաղթական Ըլլալ Առանց Քաջ, Հեռատես, Տոկուն Եւ Պայքարող Երիտասարդութեան». Յակոբ Լատոյեան

Յունիս 23, 2020
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մերօրեայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան, անոնց դիմաց ցցուած մարտահրաւէրներուն, անոնցմէ եղած ակնկալութիւններուն, երէց սերունդին ու երիտասարդութեան կապին եւ հայ երիտասարդին ուսերուն դրուած պարտականութիւններուն մասին խօսեցաւ Յակոբ Լատոյեան «Զաւարեանական էջ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:

ԶՈՄ.- Երէց սերունդը ի՞նչ ակնկալիք ունի երիտասարդութենէն եւ ուսանողութենէն: Իսկ երիտասարդութիւնը, իր կարգին, ի՞նչ կը սպասէ երէց սերունդէն:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ.- Ընդհանրապէս երէց սերունդը կ՛ակնկալէ, որ երիտասարդութիւնը սերունդէ-սերունդ փոխանցուող ջահը կարենայ աւելի բարձր եւ ճառագայթող պահել: Ակնկալութիւնները շատ կ՛ըլլան, մանաւանդ ուսանող երիտասարդութենէն, որովհետեւ պատմութեան բոլոր անկիւնադարձային փուլերուն փոփոխութիւններու եւ շարժումներու, նորարարութեան աղբիւրը եւ մղիչ ուժը հիմնականօրէն եղած է երիտասարդութիւնը:

Այսօր ալ, համաշխարհային այս համաճարակէն ետք, մանաւանդ նոր համաշխարհային համակարգի մը ստեղծման ենթահողը պատրաստելու համար երիտասարդութիւնը անպայման ընելիք պիտի ունենայ: Ճիշդ է, մէկ կողմէն մտահոգ ենք տարբեր խնդիրներով` երիտասարդութեան ապագայ, նոր աշխատելաոճ, տնտեսական ճգնաժամ, նոր մարտահրաւէրներ: Սակայն, վստահ եմ, այս բոլոր իրարանցումին մէջ նոր ճամբայ եւ նոր հորիզոն գծողը երիտասարդները պիտի ըլլան:

Հոս պիտի մատնանշեմ, որ պէտք չէ երէց սերունդէն շատ բան ակնկալուի: Անիկա ոգի եւ շունչ կու տայ միայն, իսկ երիտասարդները` թափ եւ թռիչք:

Հարկ է նշել նաեւ, որ ինքնուրոյն ըլլալը շատ կարեւոր է: Ինքնուրոյն ըլլալը չի նշանակեր կտրուիլ շրջապատէն, այլ կը նշանակէ նորութիւններուն յարմարիլ, բայց ինքնուրոյն ըլլալ ոճ ստեղծել:

ԶՈՄ.- Ի՞նչ են երէց սերունդ-երիտասարդութիւն գործակցութեան ու յարաբերութեան հեզասահ ընթացքին երաշխիքներն ու միջոցները:

Յ. Լ.- Ընդհանրապէս լոզունգային սահմաններու մէջ երիտասարդութիւն եւ երէց սերունդ կապը միշտ վարդագոյն, քաջալերական, հեշտ եւ հեզասահ կ՛երեւի: Սակայն գործնական կեանքի մէջ, բոլորս ալ գիտենք, որ այդպէս չէ՛: Անկեղծութեան  եւ քաջալերանքի բացակայութիւնը յաճախ կը զգանք: Երիտասարդութեան պոռթկումը, քննադատութիւնը եւ անոնց աշխարհայեացքը շատ անգամ քմծիծաղով եւ հեգնանքով կը դիմաւորուի երէց սերունդին կողմէն, ինչ որ պատճառ կ՛ըլլայ, որ երիտասարդութիւնը հանգիստ չզգայ աշխատանքի դաշտին մէջ, հեռանայ եւ կամ ինքնաչէզոքացուի:

Անշուշտ, պէտք է ընդգծեմ, որ այսօրուան երիտասարդութիւնը համբերութեան, շարունակականութեան եւ հանդուրժողութեան հարց ունի, որ, վստահ եմ, կու գայ իր կեանքի պայմաններէն:

Այսօր աւելի արագ է ամէն բան, աւելի թափանցիկ, աւելի մարդկային, աւելի նիւթականացած եւ մանաւանդ` աւելի շահադիտական:

Այս երկու խումբերու անհասկացողութիւնը շատ անգամ աւերներ կը գործէ: Լաւ տղաք կը հեռանան մեր միջավայրէն: Նոյնիսկ ճիգ չի թափուիր ներգրաւելու, վնասը նուազագոյնի իջեցնելու: Ինչպէս ըսի, անկեղծութեան եւ հանդուրժողութեան ազդակները կը պակսին` լաւապէս մեր ներուժը օգտագործելու:

ԶՈՄ.- Ինչպէս գիտէք, երիտասարդութիւնը այս օրերուն իր ուսերուն ունի բազմաթիւ մտահոգութիւններ. երբեմն մէկէ աւելի գործեր աշխատելով իր ապրուստն ու ուսման ծախսերը կը հոգայ: Այս բոլորը նկատի առնելով, երիտասարդութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել իր անձնական եւ միութենական կեանքին միջեւ` աշխուժ մասնակցութիւն բերելով ազգային կեանքին:

Յ. Լ.- Վերջին տասը տարիներուն ուսանող երիտասարդութեան ապրելակերպը փոխուած է: Մեծամասնութիւնը, չըսելու համար բոլորը, կիսաժամ գործերով կլանուած են:

Հայաստանը իրենց համար օրակարգ է: Աշխատանքի դաշտերը բազմազան եւ բազմաբնոյթ են: Ժողովական կեանքը գրեթէ գոյութիւն չունի: Նոր ձեւերով ու նոր միջոցներով կը քննարկեն հարցերը եւ կ՛եզրափակեն: Կրնայ ըլլալ շատ ժողովական կեանք ունենալն ալ անհրաժեշտ չէ:

Այս բոլորը, մանաւանդ վերջին շրջանին` «Քորոնա»-ի պարտադրած նոր միջոցներու ստեղծումով, մտածել կու տան կամ բնականաբար մեզի կը պարտադրեն վերատեսութեան ենթարկել բոլոր աշխատելաձեւերը: Այս իմաստով երիտասարդութիւնը նոր մեթոտներու կիրարկման մեր միակ փորձադաշտն է: Շատ գործ կայ, եւ շատ մեծ է ակնկալութիւնը երիտասարդութենէն:

ԶՈՄ.- Յետհամաճարակային շրջանին ի՞նչ խոչընդոտներ եւ/կամ առաւելութիւններ կրնան ստեղծուիլ երիտասարդութեան դիմաց` ըլլան անոնք անձնական գետնի վրայ եւ/կամ ազգային գործունէութեան առումով:

Յ. Լ.- Համաճարակէն ետք մարտահրաւէրները մեծ են ընդհանրապէս, եւ լիբանանահայութեան համար` մասնաւորապէս: Բոլորիս պարտականութիւնն է երաշխաւորել մեր կառոյցները ոտքի պահելու, մեր ժողովուրդին կորովը բարձրացնելու, դժուար պայմաններով լեցուն այս կեանքը ապրելու եւ վերապրելու ապահովութիւն տալու աշխատանքը: Այս իմաստով յանձնառու երիտասարդութեան կարեւորութիւնը կրկնակի պիտի զգացուի: Քաջ, հեռատես, տոկուն եւ պայքարող երիտասարդութեան անհրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի:

Կարելի չէ յաղթական ըլլալ, եթէ վերոնշեալ արժանիքներով երիտասարդութիւն մը չունինք:

Նոր միջոցներու որդեգրման եւ ընդհանրապէս կորուստները  ընդունելու, յարմարելու եւ համակերպելու մէջ երիտասարդութիւնը ըսելիք եւ ընելիք պիտի ունենայ:

ԶՈՄ.- Ի՞նչ է ձեր պատգամը` երիտասարդութեան:

Յ. Լ.- Երիտասարդութեան պատգամ չունիմ: Փափաք ունիմ, որ իրենց մէջ Հայաստանը միշտ մնայ ու առօրեայ ապրում եւ զգացում ըլլայ: Հայաստանով շնչեն եւ զգան: Հայաստանը` իբրեւ երկիր-պետութիւն, ամէն բանէ վեր դասեն: Մնայունը միայն հայրենիքն է, ուրեմն փափաքս է, որ այդ տեսլականով ապրին եւ իրենք զիրենք կերտեն:

Նախորդը

Աղօթե՞լ, Թէ՞ Դիմադրել

Յաջորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Ընդգծեց Լիբանանահայութեան Կարեւորութիւնը Թէ՛ Լիբանանի Եւ Թէ՛ Հայկական Սփիւռքին Համար

RelatedPosts

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը
Զաւարեանական

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը

Օգոստոս 26, 2025
Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը
Զաւարեանական

Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?