ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Նախամարդու օրերէն ցարդ, 1 միլիոն 400 հազար տարի (Արտենի լեռ) Հայկական լեռնաշխարհը յարատեւ բնակեցուած է (1): «Նոր Գեղիի ուղիղ կանգնող մարդուն մասին վկայող շերտին տարիքը առնուազն 325 հազար տարուան վաղեմութիւն ունի», եւ«Ակնաշէնի 8000 տարուայ բնակավայրը՝ ցարդ աշխարհի քաղաքակրթութեան ամենահին օրրանը կը նկատուի, որուն վերջին առնուազն շուրջ 5500 տարիներուն՝ այժմու հայերուն նախահայրերը բնակած են, ընտանի կենդանիներ բուծանած, հողագործութիւն ծաւալած, խեցեղէն արտադրած, ձիեր ընտելացուցած, մետաղներ ձուլած եւ այլն (յօդուածաշարքի Է. Մաս):
Նախորդ յօդուածին մէջ, զուիցերիական ծինային «iGNEA» հիմնարկի տնօրէն Ռոման Շոլց, խօսելով ծինային «Հափլակրուփ R1b1a2» խումբին մասին, որուն կը պատկանին հայ եւ արեւմտեան եւրոպայի տղամարդոց շուրջ կէսը, նաեւ, հին եգիպտացիները (ՔԱ 1400-400 մոմիաները), ըսաւ. «Մենք կը խորհինք, որ (այս խումբին*) նախահայրը շուրջ 9500 տարի առաջ կ՛ապրէր Կովկասի մէջ եւ կը կարծուի, թէ այս ծինային խումբին Կովկասէն ամենականուխ գաղթը՝ տեղաշարժը, սկսաւ ՔԱ 7000-ին, հողագործութեան տարածումին հետ»: Այստեղ պիտի աւելցնեմ ամերիկեան հետաքննութեան դաշնային բիւրոյին (FBI) կողմէ 2018-ին մոմիայի ակռայէն առնուած ծինային քննութեան արդիւնքը, որ այս պարագային մօրենական կողմէն կը համապատասխանէր Եւրասիական նոյն ծինային խումբին (2):
Անհրաժեշտ կը գտնեմ վեցերորդ անգամ ըլլալով (մաս Դ., Ե., Ը., ԺԱ., ԺԲ., ԺԴ.) անդրադառնալ Հայոց պատմութիւնը խեղաթիւրող, մեծամասնութիւն կազմող «պատմաբաններուն», ոմանք՝ ամենուրէք գտնուող սեմականներ, կրօնական Հին Կտակարանը առնելով իբրեւ պատմական աղբիւր, ուրիշներ՝ «սեմականութիւն» խաղալով, որպէսզի հակասեմական պիտակ չստանան, իսկ մաս մըն ալ ուղղակի հայ ազգային ինքնութիւնը չէզոքացնելու, բնաջնջելու նպատակով, ինչպիսիներն էին ցարական Ռուսիան ապա խորհրդային միութիւնը եւ թուրքազգի բռնագրաւողները, որոնց գործած աւերը ցարդ կը շարունակուի, քանի որ պատմական Հայաստանի մեծ մասը եւ հնութիւնները կը գտնուին անոնց գրաւման տակ: Հայաստանը աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութեան օրրանը ըլլալու բոլոր շօշափելի գիտական տուեալները ունի՝ հնագիտական պեղումներով, առանց քաղաքականացուած շինծու ու կեղծ ապացոյցներու: Այս ճշմարտութիւնը նախ մենք՝ հայերս պէտք է գիտնանք եւ այդպէս ներկայանանք մեր զաւակներուն ու աշխարհին:
Այստեղ կը մէջբերեմ 11 օգոստոս 2017-ին «Թափ նիուզ» կայքէջէն Արտակ Բզնունիի «Ովքեր են ի վերջոյ հիքսոսները» խորագիրով յօդուածէն հատուածներ արեւմտահայերէնով (3). «…Նոյնիսկ անկախութեան վերականգնումէն 25 տարի անց, մենք չենք ուսումնասիրեր, լուրջ գիտական աշխատանք չենք կատարեր օտարներուն գրած մեր պատմութիւնը սրբագրելու համար, որ յաճախ նենգափոխուած է: Մենք կը շարունակենք ընդունիլ օտարներուն գրած «ճշմարտութիւնը» մեր ազգին, մեր երկրին պատմութեան մասին:
«Միայն հիքսոսներուն օրինակը բաւարար է, հասկնալու համար, որ օտարները որքա՜ն նենգափոխած են մե՛ր իսկ պատմութիւնը: Այնքան պարզ եւ ակնյայտ է, որ հիքսոսները հայերն են, որ հիքսոս բառը կը ծագի «հայքոս», կամ «հայքեցի» բառէն («սոս»-ը Մանէթօ պատմաբանին աւելցուցած յունարէն վերջածանցն է, որ յոյները անուններուն կը կցեն, եւ եգիպտերէնի մէջ «յը» ձայնը, գիրը չունէին, ուրեմն Հայք=Հաք=Հիք*) սակայն մեզի կ՛ուզեն համոզել, որ ՔԱ 17-րդ դարուն Եգիպտոսը նուաճած եւ այնտեղ շուրջ երեք հարիւր տարի իշխած են ոչ թէ հայերը, այլ անյայտ ժողովուրդ մը՝ հիքսոս անունով:
«Հիքսոսներ (երբեմն՝ հյուքսոսներ), Առաջաւոր Ասիայից սերող մի ցեղ է, որ ՔԱ 17-րդ դարում գրաւել են Ներքին Եգիպտոսը եւ հետագայում՝ ՔԱ 16-րդ դարում հիմնել են XV եւ XVI թագաւորութիւնները»։ Մէջբերում Ուիքիփիտիայէն (ՈՐՈՒՆ ԱՂԲԻՒՐՆ Է «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԸ, հատոր 6 էջ 458», ինչպէս նաեւ բազմաթիւ պատմական այլ նիւթերուն աղբիւրը, ՈՒՐԵՄՆ՝ ՉԵՆՔ ԶԱՐՄԱՆԱՐ, տես բարբարոսավայել գիրքեր այրելու օրինակ մը ստորեւ*): Կը խօսին Առաջաւոր Ասիոյ մասին, այնքան անորոշ, կարծես անհասկանալի տարածք մը ըլլար, մինչ՝ խօսքը Հայկական Բարձրավանդակին, հիւսիսային Միջագետքին, այսինքն Հայաստանի մասին է:
«Օտարները հասկանալի պատճառներով կը լռեն (կը կեղծեն*), իսկ մենք՝ անհասկանալի պատճառներով (չենք սրբագրեր*), իսկ ան, որ կը համարձակի ըսել, որ հիքսոսները հայերն են, անմիջապէս գիտական շրջանակները կը քմծիծաղին եւ անոնց «դիլետանտներ» («ո՛չ մասնագէտ» թերուս*) կ՛անուանեն: Գիտնականներէն խումբ մը կը պնդէ, թէ եգիպտերէն «Հիքսոս» անունը, որ սկիզբը նշանակած է «օտար թագաւորներ» («հովիւներու կառավարիչներ», նաեւ «հովիւներ»), հետագային տրուած է այդ ցեղերուն ամբողջ խումբին։ Իրականութեան մէջ, պարզապէս սովորական նենգափոխում տեղի ունեցած է: Եւ առանց ամչնալու գիտնականներու այս խումբը կը պնդէ, թէ Եգիպտոսին՝ շուրջ երեք հարիւր տարի իշխած ազգին իսկական անուանումը յայտնի չէ:
«Իսկ հայերը, կամ եթէ կ՛ուզէք՝ հին հայերը, գրաւելով Եգիպտոսը, իրենց մայրաքաղաքը կ՛անուանեն Աւարիս: Ուշադրութիւն դարձուցէք քաղաքին անուանումին: Աւար, ռազմաւար: Նաեւ այլ վկայութիւն մը, որ հիքսոսները հայեր էին՝ բոլորը կ՛ընդունին, որ առաջին անգամ հիքսոսները Եգիպտոս բերին ձին եւ անիւով փոխադրամիջոցը, պարզեցուցած եգիպտական գիրը (ձախէն աջ*)՝ ստեղծելով զուտ (հնչիւնական*) այբբենական գիր։
«Գիտական աշխարհը կ՛ընդունի, որ ՔԱ 16-րդ դարուն սկսած է (հարաւի*) եգիպտացիներուն հիքսոսներուն դէմ ազատագրական շարժումը։ Այդ պայքարը աւարտած է Ահմոս Ա.փարաւոնը (ՔԱ 1584-1559), որ գրաւած է Աւարիսը։ Հիքսոսներուն մնացորդները նահանջած են Պաղեստին, եւ անոնց հետագայ ճակատագրին վերաբերեալ յիշատակութիւն չկայ։ Իսկապէս ծիծաղելի է, որ այսքան հզօ՛ր ազգի մը մասին սկիզբէն (իրենց ծագումէն*) մինչեւ աւարտ իրենց ծագումին մասին յիշատակում չկայ: Հիքսոսներուն պատմութիւնը շատ նման է ուրարտացիներու պատմութեան: Այս պարագային ալ գիտնական կոչուածները մեզի կը համոզեն, որ ինչ որ տեղէ մը յայտնուեցան ուրարտացիները, որոշ շրջան իշխեցին եւ անհետացան, առանց հետք մը ձգելու»:
Մարինէ Վանեան 3 սեպտեմբեր 2019-ին «3 Միլիոն Մակազին»-ին մէջ կը գրէ. «Թէ ինչպէ՞ս այրեցին «Հայկական սեպագրերի վերծանումը» գիրքի օրինակները Գիտութիւնների ակադեմիայի բակում» (4) խորագիրով, գիտնական Սուրէն Այվազեանի (1933-2009) մասին: Ստորեւ հատուածներ՝ արեւմտահայերէն. «…Այնուհետեւ ձեռնամուխ եղաւ հայկական սեպագրերու վերծանման գործին, որոնք կարդաց մինչ այդ չյայտնաբերուած նախագրաբարեան լեզուով: 1963-ին հրատարակեց իր առաջին ընդարձակ մենագրութիւնը՝ «Հայկական սեպագրերի վերծանումը», ՈՐՈՒՆ ԳՐԵԹԷ ԲՈԼՈՐ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԸ ՀԱՒԱՔՈՒԵՑԱՆ ԵՒ ԱՅՐՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ԲԱԿԻՆ ՄԷՋ, որպէսզի մեր հարեւանները չնեղանային՝ իմանալով հայկական վաղեմի պետականութեան ու մշակոյթին մասին:
«Հայկական սեպագրերուն վերծանումը ցոյց տուաւ, որ հայերէնէն զատ, հայերէնէն տարբերող ուրարտական լեզու գոյութիւն չէ ունեցած, որ հայկական սեպագրերու լեզուն սեպագիր շրջանի հնագոյն Հայաստանի լեզուն է, որ բոլոր վերծանուած բառերը, անուններն ու աշխարհագրական անուանումները ունին հայկական արմատներ: Սակայն, ուրարտագէտ Պորիս Պիոտրովսկիին ապացոյցներ պէտք էին. «Եթէ կայ Մովսէս Խորենացիի Հայաստանը՝ ապացուցէ՛» (ըսաւ ան*): Սուրէն Այվազեան չուշացաւ: Հայկական սեպագրերուն վերծանումէն երեք տարի ետք, 1966-ին ան կատարեց դարուն հնաբանական մեծագոյն յայտնագործութիւններէն մէկը, որ այսօր գրեթէ ոչ մէկ տեղ իր անուամբ չի յիշատակուիր:
«Տաղանդաշատ գիտնականը յայտնաբերեց հնավայր մը, որ հոսող գետի անուամբ կոչեց Մեծամօր՝ ապացուցելով, որ այդ ՔԱ 3-էն առաջին հազարամեակներու հայկական երկրին պատմութիւնն է, որ հանքամետաղագործական այդ հսկայ համալիրը հանքահարստացման եւ ձուլման չափերով, հաւասարը չունէր ամբողջ Հին Արևելքին մէջ: Մեծամօրը անմիջապէս իր վրայ բեւեռեց համաշխարհային գիտական հասարակութեան ուշադրութիւնը: Սեպագրերու վերծանումը եւՄեծամօրի դարակազմիկ հնագիտական յայտնագործութիւնները հայագիտութեան ասպարէզին մէջ յեղաշրջում կատարեցին՝ խորացնելով մեր պատկերացումները Հայասա հնագոյն պետական կազմաւորման մասին: 1963-1970 Այվազեան Մեծամօրի մասին տասնեակ յօդուածներ եւ մէկ մենագրութիւն հրատարակեց: Այս բոլորին համար ան արժանացաւ պետական մրցանակի եւ պարգեւատրուեցաւ ՀԽՍՀ Գերագոյն Խորհրդի պատուոյ գիրով:
«Չափազանց ուշագրաւ են գիտնականին այն աշխատութիւնները, որոնք կը վերաբերին մեհենագրերու վերծանման եւ աշխարհի այբուբեններու համեմատական ուսումնասիրութիւններուն: 1960-ին ակադեմիկոս Վասիլի Ստրուվէի յանձնարարականով Այվազեան հրատարակեց իր «Հիքսոսներ» աշխատութիւնը՝ համարձակ խօսք մը հայագիտութեան մէջ: Այստեղ կ՛ըսուի, որ ՔԱ 1710-ին Եգիպտոսը նուաճած հիքսոսները, որոնք հիւսիսէն գացած էին, երկաթ կը ձուլէին եւ ամուր զէնք ու զրահ կը կրէին՝ հայերուն նախահայրերն էին Հայք-Հայասա երկրէն: Ասոր կարեւորագոյն ապացոյցներէն մեկն էր Մեծամօրի մէջ յայտնաբերած գաղափարագրերը, որոնք հիքսոսեան, ինչպէս նաեւ Մատենադարանին մէջ պահուող հին ձեռագիրներուն գաղափարագրերուն հետ համեմատելով ակնյայտ կը դառնայ, որ անոնց միջեւ ծագումնաբանական կապ գոյութիւն ունի»:
Հնագէտ Յակոբ Սիմոնեան «Հին աշխարհի առեղծուածները. Հիքսոսներ» աշխատասիրութեան մէջ կը գրէ. «Պատմահայրը (Մովսէս Խորենացի) օգտուած է մեզի չհասած ձեռագիրներէ: Պատահակա՞ն է, որ ան բոլոր եգիպտական թագաւորութիւններէն գրած է միայն «Հովիւներու», այսինքն հիքսոսներու հարստութեան մասին («Պատմութիւն Հայոց», գիրք առաջին, Է գլուխ, համար 15):
«….Եւ յանկարծ երկրի հիմքերը սկսան երերալ: Հեռու հիւսիսէն հարաւ կ՛արշաւէին անծանօթ դաժան ռազմիկներ, որոնց անհնար էր դիմադրել: Լուրեր կը շրջէին, զարմանալի կենդանիներու մասին, որոնց վրայ հեծած անոնք կը սլանային ահռելի արագութեամբ՝ սփռելով մահ ու աւեր: Բարձրահասակ էին, յաղթանդամ, փարթամ մօրուքներով: Հմուտ նետաձիգներ էին եւ ունէին երկար սուսերներ: …Եգիպտական արեւախանձ տափաստանին վրայ խիտ շարքերով կանգնած էին անհաշիւ փորձառու ռազմիկներ, որոնք կը սպասէին թշնամիին: Արեւին տակ փայլող անոնց սեւ մարմինները, միատեսակ զէնքերը, ստուար գունդերը՝ կազմուած սափրուած գլուխներով ջլապինդ զինուորներէ, հաւատ եւ վստահութիւն կը ներշնչէին, թէ՝ ո՛չ մէկ ուժ կրնար խորտակել անոնց շարքերը…
«Եւ յանկարծ օդը լեցուեցաւ ահաւոր ռազմականչով, ու գետինը սկսաւ դողալ զինուորներուն ոտքերուն տակ: Կարծես հորիզոնէն դուրս պոռթկաց մարտակառքերու եւ հեծեալներու հեղեղ: Փոշիի վիթխարի ամպ բարձրացնելով, անասելի արագութեամբ դէպի եգիպտական բանակին կուռ շարքերը կը սլանար այրուձին՝ արձակելով սահմռկեցուցիչ, երկարաձիգ մարտակոչ: Դղրդոցով կ՛արշաւէին մարտակառքերը, իւրաքանչիւրի թափքին՝ մէկական սպայ եւ կառամարտիկ: Եգիպտոսի յաղթանակներուն վարժ զինուորները առաջին անգամ կը բախէին կառամարտիկներէ եւ հեծեալներէ կազմուած բանակի մը հետ: Ամեհի, սրընթաց ձիերը, որոնց նմանը մինչ այդ անոնք չէին տեսած, մոգական ազդեցութիւն գործեցին հետիոտն մարտերու վարժ զինուորներուն վրայ: Նոյնիսկ փորձառու, բազում մարտերու մէջ թրծուած եգիպտացի հիներուն երակներուն արիւնը սառեցաւ: Սարսափը ջնջեց բանականութեան եւ կարգապահութեան վերջին պատուարները: Եւ մինչ կառամարտիկներու եւ հեծեալներու առաջամարտիկները կը հասնէին եգիպտացիներուն, անոնք դիմեցին խուճապահար փախուստի: …Եգիպտոսի մէջ հաստատուեցաւ հիքսոսներու շուրջ երկու դար տեւած թագաւորութիւնը:
«Ո՞րն էր ուրեմն անոնց յաջողութեան նախապայմանը: Նախ եւ առաջ՝ ձին, հեծեալ եւ կառամարտիկ գունդերը, ապա՝ նորագոյն, մինչ այդ անյայտ պրոնզէ, թերեւս նաեւ երկաթէ զինատեսակները եւ փոքրաթիւ, սակայն ռազմատենչ ցեղերուն բացառիկ կարգապահութիւնը»: Շարունակութիւնը յաջորդիւ:
Պարզ տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ Հիքսոսները Եգիպտոսի անմիջական դրացիներէն չէին, քանի որ դրացիներուն անունը գիտէին եւ անոնք ձիեր ու մարտակառքեր չունէին. ո՛չ ալ արեւելքէն՝ Բաբելոն, Էլամ, Աքքատ, եւայլն, քանի որ անոնց գրաւոր պատմութեան մէջ չէ նշուած Եգիպտոսի վրայ յարձակումը, ուրեմն կը մնայ հիւսիս արեւելքը՝ հայկական լեռնաշխարհը՝ ձիերու եւ մարտակառքերու երկիրը եւ վե՛րջ:
15 ապրիլ 2020
———————–
*Լուսաբանութիւնները իմս