ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Դո՛ւք բոլորդ, որ այդ տարի Ճեմարանը աւարտեցիք կամ թերեւս չաւարտեցիք եւ սակայն անոր գաղտնի ապրումը դեռ կը տանիք երկրէ երկիր, անցեալ տարի, այս օրերուն, Պրիւքսէլէն ճամբայ ելլող թռիչքին մէջ մէկէն ի մէկ զիրար գտաք եւ լուր չունիք:
Ես գիտեմ, թէ մեր ժամերը խանգարուած են այլեւս: Մեր նիստուկացը այժմ բարդ է ու չ՛ամփոփուիր: Եթէ ուզեմ ձեզ բոլորդ ի մի բերել այս պահուն, աշխարհն է, որ պիտի փոխուի: Կրնա՞յ փոխուիլ: Կրնա՞յ ներել ինքզինքին այս անպատկառ տեղաշարժը: Քանի՞ հոգի տեղէն հանեմ սա պահուն, որ զիս լսէ: Քանի՞ հոգի արթնցնեմ, զարմացնեմ. քանի՞ մարդու առեւտուրը կասեցնեմ: Ես լաւ գիտեմ, թէ այս բոլորը մեր անհաշիւ եւ անկարեւոր խոհերն են: Անոնք կ՛իյնան թուղթին վրայ եւ կը մնան ապարդիւն: Ես եմ միայն, որ այս պահուն կ՛առանձնանամ եւ կ՛ըմբոշխնեմ մեր այս օրը: Հոս ցերեկ է, ու արեւ կայ: Գարնան յոյզը արդէն կը զգամ ծառերուն մէջ: Կ՛ուզեմ երգել. «Ես երգելո՜վ կ՛ուզեմ մեռնիլ»: Վաղը նորէն պիտի լծուիմ իմ «կարեւոր» պաշտօնիս: Այսօր ես հին դաւադիրն եմ: Այսօր նորէն կը սնանիմ իմ քովնտի դաւերովս: Ես ձեր մէջն եմ. դուք` ի՛մ մէջս: Պրիւքսէլէն ճամբայ ելանք: Շուտով Լոնտոն պիտի հասնինք:
Թռիչքին մէջ նոյն մարդերն են: Սապենայի անգոյն, անկապ ժողովո՛ւրդը: Գործի մարդե՛ր: Տուն-տեղ ունին. իրիկուն է. կը շտապեն տուն: Նոյն բաները պիտի ընենք. նոյն կէտերէն պիտի անցնինք. ոչ ոք իրար պիտի ճանչնայ. ոչ ոք իրար պիտի յիշէ. ոչ առնելիք, ոչ ծախելիք: Դուռը դուռ է, զոր կը բանաս մեքենաբար կամ կը գոցես. միեւնո՛յնն է: Այս ուշ ժամուն ըրածներդ հետք չեն թողուր. արարքներ չե՛ն: Հարցաքննիչ դատաւորն է, որ կը ջանայ փնտռել արարքներուդ շարժառիթը ու չի գտներ: Լաւ կը յիշէ՞ք դուռը բացած ըլլալնիդ: Ո՛չ, չեմ յիշեր, բայց յայտնի է, բացած եմ… Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ բացողը դուք էիք եւ չէք յիշեր: Հարցաքննիչ դատաւորը հիմա նստած է դէմս ու չի խօսիր, այլ կը գոռայ` «Ծօ՛, սրիկա՛յ, աչքերուս մէջ նայեցար եւ չճանչցա՞ր, որ ես էի…»:
Մեր հանդիպումը այսպէս եղաւ: Իսկ այս մէկը ժամեր ետքն էր, երբ այլեւս խմեր էինք, պարպեր էինք քանի մը շիշ, փողկապները քակուեր էին. դուռ-պատուհան բանալ տուինք, որպէսզի քրտինքնիս պաղեցնենք: Պըռնին նստած էր քիչ անդին եւ կը մասնակցէր մեր այս քէֆին` ինքնիր ձեւով: Պըռնին մեզի տարեկից է: Ամերիկահայ տղա՛յ մը, որ բարբառի հետքերով կը խօսի իր ընտանի հայերէնը: Ունի առատ, գանգուր մազեր, որոնք կ՛իջնեն քունքերն ի վար եւ թաւ փունջեր կը կազմեն հոն: Այդ փունջերուն մէջ արդէն իսկ կէս առ կէս կը փայլի վայելուչ արծաթագոյնը եւ մեզ` երեքս, կ՛ընէ քառասունի դռներուն այս կողմն ու այն կողմը կեցած վեթերան ընկերներ:
Արան եւ Պըռնին միասին կը ճամբորդէին: Արան Ռաքուէլ ընկերութեան հետ է. Պըռնին` Այ. Պի. Էմ.ի: Մինչեւ մեր հանդիպումը` անոնք Սապենայի թռիչքին անարտայայտիչ դէմքերն էին, իսկ ես նստեր էի ներսը եւ կը նայէի անորոշ ուղղութեամբ: Երկու հոգի մօտեցան եւ գրաւեցին կողքի աթոռները. մեր միջեւ կար նեղ միջանցքը, ուրկէ պիտի անցնէր աղջիկներու երթեւեկը, երբ այլեւս թռիչքը ճամբայ ելած ըլլար, եւ մենք մեր գօտիները քակէինք: Ես արդէն լեցուցեր էի գարեջուրը եւ քիթս թաթխեր փրփուրին մէջ, երբ աջ ուսիս նստաւ թաթը.
– Ալ կը բաւէ, սրիկա՛յ, ուշքի եկուր, ես եմ, Արա՛ն…
Աշխարհ մը մարդ մեր շուրջը զարմացուցինք, երբ երկու արջերու պէս փաթթուեցանք եւ միջանցքին անհանգիստ երթեւեկը կասեցուցինք:
Գիտեմ, թէ պատմածս այդքան ալ կարեւոր պատմութիւն մը չէ, եւ կրնամ նոյնիսկ զանց ընել զայն: Եւ սակայն անզանցառելին այս հանդիպման շարունակութիւնն է: Այս հանդիպումը տասը տարին մէկ անգամ միայն տեղի կ՛ունենայ: Բայց ան միշտ ալ այսպէս տեղի կ՛ունենայ: Վայրը չէ կարեւորը: Վերջին անգամ մենք հանդիպեր էինք Ֆիլատելֆիոյ մէջ: Ամբողջ գիշեր մը նստանք նեղ սեղանի մը շուրջը, զոր դրեր էինք ուսանողական մեր յարկաբաժնի խոհանոցին մէջ: Ամբողջ գիշեր մը նոյն բաները պատմեր էինք իրարու: Յիշատակութեան արժանին Ապրիլ մէկի առաւօտն էր, զոր բոլորդ կը յիշէք: Ելեր էինք «զբօսանք»-ի, որ դասապահերու միջեւ մեզի տրուած կարճ դադարն էր: Խաղը կ՛եռար բակին մէջ, բայց հասած էր դասի ժամը, եւ զանգն էր, որ պիտի հնչէր: Այդ պահուն էր, որ երկրորդ յարկի պատշգամին վրայ «նշմարեցինք» խուճապահար երթուդարձը տիկին Գոհարին: Մեծկակ ու հին զանգը ձեռքն էր, զոր կը թօթուէր ամբողջ ուժով. յիմար զանգէն ձայն դուրս չէր գար… Մենք խուլ չէինք. արթո՛ւն էինք. երգիծաբանն էր, որ փրցուցեր էր անոր լեզուն… Ես կը նայիմ աչքերուն մէջ. ան լիահագագ կը խնդայ… Հին դաւն է, որ այս ուշ ժամուն մենք վերստին պիտի տօնենք:
Այսպէ՛ս կ՛ըլլայ: Երբ կը նստինք, բաժակները կը զարնենք իրարու ու կը պատմենք, հին վէպն է, որ ծնունդ կ՛առնէ: Մեռածներն են, որոնք կ՛ողջննան. կորսուածները կը գտնուին. մոռցուածն է, որ վերստին կը փնտռուի: Ամէն մէկը պիտի յիշենք իր իսկական անունով: Այսինքն` այն անունով, որով անոնք բերնէ-բերան դաւադրօրէն կը ծանուցուին: Նոյնիսկ այսօր, երբ «ձեռք կ՛առնենք» ուսուցիչ մը, անողորմ ենք: Նստեր ենք հոս, սեղանին շուրջ: «Մուշեղ», կ՛ըսենք. «Բանեան», կ՛ըսենք. «Թոփալ», կ՛ըսենք: Անոնք կ՛ապրին քուրմերու պէս: Անոնց ձայնը դեռ կը լսենք պատէն անդին: Այսպէս է, որ մերթ «Սասունին» պիտի յիշենք եւ մերթ «Սըրը»: Անուննե՛րն են. անվիճելի եւ վերջնական: Շփոթ չունին. չեն աղօտիր. մէ՛կ շարժումով կը ճանչցուին: Կը պատմուին:
Վայրկեան մը կայ զանգէն առաջ, որ չի հատնիր, այլ կ՛երկարի: Կը բռնուիս անօգնական եւ կ՛աղերսես օգնութիւնը: «Գիւզալ»-ն է, որ պիտի կրկնէ իր անողոք հարցումը.
– Որտե՞ղ էր նստում հայոց կաթողիկոսը:
Աջ կը նայիս. ձախ կը թեքուիս. հեռու-հեռու ամէն մէկը իր գիտցածը պիտի յուշէ, բայց անօգուտ: Ճգնաժամի այդ վայրկեանին, երբ դաժան է կացութիւնը, եւ ելք չունիս, կրկին երգիծաբանն է, որ մէջերէդ սարսափահար պիտի ծնի ու գոչել տայ.
– Անթիլիա՛ս… Պարոն:
– Նստէ՛ տեղդ, Ս. Նշանի Քորեպիսկոպոս…
Պիտի դառնամ Արային եւ բաժակս երկարեմ: Մեր սորվածները մենք մոռցեր ենք շատ վաղուց: Եւ ո՜վ գիտէ, թէ ո՞ւր նստած էր հայոց կաթողիկոսը այդ ուշ ժամուն: Որոշած էր մնալ Դուի՞ն, թէ՞ անցած էր Ազատ Գետը: Էջմիածի՞ն հաստատուած էր, թէ՞ Աղթամար. Հռոմկլա՞, թէ՞ Սսոյ վանք: Այս բոլորը մենք թողուցինք պատին ետեւ: Դարե՛ր անցան: Մէկ շապիկով ճամբայ ելանք:
Հիմա հոս ենք: Հիմա գիտենք, թէ մեր մէջն է անհերքելին: Զայն չենք սորված եւ չենք մոռցած: Զայն փրկեր ու բերեր ենք մինչեւ այստեղ: Եւ փրկուածը օրերու այս շղթան էր: Փրկուողները Ճեմարանի փողոցներն էին, դրացիները, խանութպանները, Սափրիչ Ռուբէնը, Ժա՛նը: Կար դերձակ մը, որ ասորական շեշտերով կը խօսէր հայերէնը եւ կը պնդէր, որ ինք հին «հէյոց» կը պատկանէր: Կար Արդուկիչ Խորէնը, որ նախ եւ առաջ կարնեցի էր: Այս պատմութեան ծայրը չեկաւ: Մեզմէ ո՞վ կրցեր է իր խօսքին ծայրը բերել… Դուք ժողովի չէ՞ք նստած: Հոգաբարձու չէ՞ք եղած մեր դպրոցներէն մէկնումէկուն: Չէ՞ք գիտեր, թէ մեր ժողովները վերջ չունին: Արա՛, կ՛ըսեմ, այս տղաքը ի՞նչ պիտի ընենք…
Յանկարծ զգացինք, որ դուրսը մութ էր, եւ մենք վաղուց այլեւս չէինք խնդար: Բառերը անկուլ պատառներու պէս էին այլեւս. անոնք կը խափանէին մեր կոկորդները:
– Պէտք է, կ՛ըսէ, ձեւը գտնե՛նք… Պէտք է հաւաքենք մեր այս տղաքը Պոսթընէն, Տիթրոյթէն, Թորոնթոյէն, ԼԱ-էն, Լոնտոնէն, Փարիզէն, ուրկէ՛ որ կրնանք:
Նստած ենք բոլորով մեր սեղանին շուրջ: Եղած-չեղածը դրուած է սեղանին ու կերուած: Պարապ են արդէն շիշերը: Վրէժուհին բաժնած է սուրճը, եւ հիմա ումպ առ ումպ կը քաշենք զայն ու օտարոտի համ մը կը զգանք մեր քիմքերուն վրայ:
Սեղանին շուրջն են նաեւ երեխաները: Մենք մոռցեր էինք զիրենք: Մենք մտեր էինք մեր հին աշխարհը եւ այս պահուն չենք գիտեր, թէ այս բոլորը ի՞նչ կ՛ըսեն իրենց: Նստած է նաեւ Պըռնին, որ կը ջանայ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ մէկէն լրջացեր են մեր խօսքերը: Մեր բառապաշարը անզգալաբար փոխուեր է, եւ ինք այլեւս դժուարաւ կը հետեւի: Եկո՛ւր տեսնեմ, Զանգո՛ւ… կ՛ըսէ Արան եւ իր թաթը կը դնէ տղուս ծոծրակին: Հիմա խօսք մը ունի ըսելիք եւ կ՛ուզէ ճիշդ բանաձեւել իր այդ խօսքը: Կոկորդը մաքրելու անյաջող փորձերէն կը հասկնամ ես այդ բանը: Իր անձկութիւնը ի՛մս ալ է այդ պահուն: Ի՞նչ բառեր եւ ի՞նչ լեզու գործածէ, որպէսզի հասնի այս նոր տղուն:
– Հայերէնս կը հասկնա՞ս, տղաս… կը հարցնէ ու կը զգայ, որ սխալմամբ միջին չափի դաշոյն մը կը խրէ կողիս…
Զանգուն գլուխը կը շարժէ հաստատական` գործածելով իր նուազագոյն «այո»-ն, մինչ Վրէժուհին անհամբեր կը դառնայ անդիէն.
– Բերանդ բա՛ց, տղա՛ս, «այո՛» ըսէ…
– Այո՛,- կ՛ըսէ Զանգուն խնդալով ու բարձրաձայն եւ մեզ ալ հետը կը խնդացնէ:
– Նայէ՛, տղաս,- կ՛ըսէ Արան վերջապէս.- ես ալ քեզի պէս տղայ մը ունիմ. ան ալ քեզի պէս հայու աչքեր ունի. հայրիկդ եւ ես դպրոցի ընկերներ եղած ենք. դուք ալ մեզի պէս ընկերներ պիտի ըլլայիք, եթէ…
Խօսքը կոկորդը կը մնայ: Կը լռենք բոլորս: Լուռ են նաեւ երեխաները: Կը զգան, որ բան մը պատահեցաւ, եւ կը փորձեն մեկնել զայն: Ինչո՞ւ յանկարծ հասանք տեղ մը, ուրկէ չենք կրնար վերստին ճամբայ ելլել: Անելը խախտողը պիտի ըլլայ Պըռնին: Պիտի նայի ժամացոյցին եւ իր տեղէն ցատկէ:
– Հէ՜յ, պիտի գոչէ անգլերէն, քսա՛ն վայրկեան միայն ունինք… եւ մեր սեղանը պիտի իսկոյն տարտղնուի:
Հիմա փաթթուեր ենք իրարու մեր տան շեմին: Արան եւ Պըռնին պէտք է հասնին իրենց յաջորդ թռիչքին: Լոնտոնը միջանկեալ դադար մըն էր միայն: Շուտով մեր ուղիները նորէն պիտի կորսուին ամպերուն ետին: Հիմա թաքսին պիրկ շրջադարձ մը պիտի կատարէ փողոցին անկիւնը, եւ նոր տասնամեակն է, որ պիտի սկսի: Մեր յաջորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ նոր ու տարբեր աշխարհի մը մէջ, երբ մենք հասած ըլլանք մեր յիսունի դռներուն: Զանգուն եւ իր տարեկիցները թերեւս համալսարան մտած պիտի ըլլան: Թերեւս բախտը բերէ, եւ ծանօթանան իրարու ու մեր սրտերը լեցնեն ուրախութեամբ:
Լոնտոն, 1978
Յետ Գրութիւն
Յուշագրական այս պատառիկը քառասուն երկու տարուան հնութիւն ունի արդէն: Զայն վերստին կը յանձնեմ հրատարակութեան` համոզուած ըլլալով, որ մեր ուխտավայր դպրոցէն` Ճեմարանէն բերուած այս ապրումները, իրենց մշտայժմէ բնոյթով այսօր եւս կը պահեն իրենց թարմութիւնը:
Մեր ուսուցիչները – հայակրթութեան արի զինուորներ` բոլո՛րն ալ – արդէն վաղուց փոխանցած են դրօշը նուիրեալներու նոր սերունդի մը, որոնք կը պատրաստեն ճեմարանականներու նորօրեայ հունձքերը: Երբ ես գրի կ՛առնէի այս վերյուշը, մեզ տագնապեցնողը սփիւռքն էր եւ անոր անորոշ ապագան: Մինչդեռ այսօրուան ճեմարանականները կեանքին կը նային մեր անկախ պետականութեան ոգեշնչող գիտակցութեամբ: Մեծ յեղաշրջո՛ւմ մը` մեր կեանքերուն մէջ, որ մեր առջեւ կը բանայ բոլորովին նորաբնոյթ պատասխանատուութիւններ: Այսօր եւս, ինչպէս անցեալին, մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի Ճեմարանը: Այսօր եւս ան կը գործէ, որպէս ոգեկան ամրոց եւ մեր հաւաքական տեսլականը սնուցող աննկուն դայեակ: Այսօր մեր բոլորին պարտականութիւնն է զօրավիգ կանգնիլ նուիրեալներու այս նոր փաղանգին, որ կոչուած է պատրաստելու մեր ապագան:
Բարի ե՛րթ Ճեմարանին` իր 90-ամեակին առթիւ: Եւ անսահման կորո՛վ բոլորիդ` աշխարհի չորս ծագերուն:
Կ. Ա.
12 յունիս 2020
Ուաշինկթըն
Ծանօթ.- Ճեմարանի նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը` www.djemaran.edu.lb/donate