Գ. ՊԸԼՏԵԱՆ
Տարիներ առաջ, երբ տարեթոշակը մեզի համար աստղաբաշխական գումար մը կը թուէր, Ճեմարանը կը գտնուէր երկար ճամբու մը ծայրը, բարձրադիր ու հեռու մեր թաղերէն` Հայաշէնէն: Առասպելը կար, հիմնադիրներուն առասպելը, որ կը հմայէր բացառիկ մարդոց եւ հազուագիւտ բաներու քաշողութեամբ: Քիչեր կարծեմ կտրեր էին այդ ճամբան, մագլցեր` պէտք էր ըսել: Բախտաւոր կը նկատուէին, առանձնաշնորհեալ:
Այդ բախտը ինծի ալ տրուեցաւ օր մը: Ուրիշներու պէս, տեսակ մը երկիւղին խառնուած խանդավառութեամբ, մտայ Հիւսէյն Պէյհումի վրայ բացուող երկաթէ մեծ դարպասէն: Ամէն ինչ անսովոր էր «նորեկին» համար ինչպէս կ՛ըսէին, ո՛չ միայն խօսուող լեզուն, բառերը, շեշտերը, այլեւ դպրոցական ռիթմը, մթնոլորտը, հարկատու` անկասկած տեղին, մուտքէն անդին բացուող պարտէզներուն, ասոնց տարաշխարհիկ թուող բուսականութեան, կեդրոնական շէնքին, իտալական պալատի մը նման վայելուչ պերճասանդուխին ու սիւնաշարին: Ճեմարանը ուրիշ մակարդակ մըն էր: Իբրեւ այդ, ջանք, ճիգ, աշխատանք կը պահանջէր, մինչեւ որ հետզհետէ դարձաւ բնական միջավայր: Այնտեղ, ուր կը ձեւաւորուի մեր իմացական ինքնութիւնը:
Իսկ այդ միջավայրը նուազ ամրոց մըն էր, որքան բացուածք մը դէպի քաղաքը, դէպի քաղաքակրթութիւնը, դէպի մարդկութիւնը, դէպի լեզուները` հայերէնը, ֆրանսերէնը, զոր Ճեմարանը դարձուց մատչելի, եթէ ոչ ընտանի: Դպրոց մը շատ անգամ անձնակազմ մըն է, քարէ, պատէ, շէնքէ անդին: Որով շատ բան կը պարտինք Ճեմարանը կազմող, շնչաւորող կերպարներուն, բայց նաեւ այն «դպրոցական»» կոչուած գործունէութեան, մասամբ արդէն հանրային, որ աշակերտը կը մօտեցնէ մշակոյթի ասպարէզին: Երկար էջեր պէտք են ոգեկոչելու համար Ճեմարանի ութ տարիներս եւ անոնց առթիւ ուսուցիչները` մարդիկը, որոնք դեր ունեցան առաւել կամ նուազ չափով նախկին աշակերտի մտաւորական կազմաւորման մէջ:
Պարոն Ս. Վրացեան իր երկարահասակ շուքով, մանաւանդ ծանր, կարճատեսի ակնոցով տեսակ մը Հայաստանին մեզ կապող անմիջական կերպար մըն էր, նոյն ատեն հեռաւոր Երկրի նախկին ու վերջին վարչապետի հանգամանքով` պատմական, իրական անձնաւորութիւն մը: Անոր գրասենեակի մուտքին` պարոն Գ. Բանեանը, հօրս սերունդէն ու քաղաքէն` ուրիշ կերպար, այլապէս հարուստ, բայց տարօրէն գաղտնապահ: Բանաստեղծ Իշխանը ճանչնալէս առաջ պարոն Մուշեղը գրականութեան դասախօսն էր, որ հետագային հատոր դարձած իր հայ գրականութեան դասերը կը թելադրէր. պէտք էր նոթագրէինք, սորվէինք արագ սղագրել Զօհրապն ու Եղիան, գրէինք ալ իր գեղագիտութեան հիմնական սկզբունքով «պարզ»: Տիկին Գոհար Յովհաննէսեանը կեդրոնական շէնքի վերջին յարկի սանդուխին վրայ կանոնաւոր ներկայութիւն մըն էր, նիհար, ջղային թուող, միշտ զանգակը ձեռքը, զննող քննիչի աչքերը խրած վարէն վեր բարձրացող աշակերտութեան: Վերջապէս` տիկին Եոլանտ Աճէմեանը:
Ճեմարանի առասպելին մաս կը կազմէր արդէն Մատամը` իր խստութեան, դժուարահաճութեան, անզիջողութեան համբաւով: Բայց ատիկա անհրաժեշտ այն խստութիւնը չէ՞ր որ քեզի պիտի պարտադրէր կատարել ճիգ, տիրապետելու համար ֆրանսերէնին, գրելու անսխալ, մանաւանդ թափանցելու ատով եկող գրականութեան: Ֆրանսայէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու դասաւանդուած այդ նիւթը, մանաւանդ 16-րդ, 17-րդ դարերու երկերը, որոնք Մատամին կիրքն էին տարաշխարհիկ բաներ էին, եւ կը թուէին միշտ ժամանակակից: Մատամը պիտի ձեզ խանդավառէր, բայց պահանջէր, որ գոց ընէիք Քորնէյի «Սիտ»-էն, Ռասինի «Անտրոմաք»-էն, «Ֆետր»-էն, Մոլիէրէն հատուածներ: Պիտի սիրցնէր այդ ամէնը, իրեն յատուկ հմայքով: Այդ էր իր դասատուի առաքելութիւնը, բայց ոչ միայն դասատուի: Տարիներ ետք, երբ պիտի անդրադառնայի Մատամի ճաշակին, երբ պիտի փորձէի վերատեսութեան ենթարկել իր սա կամ նա փոխանցած համոզումը, պիտի մնար մէջս իրմէ ժառանգուած բան մը սակայն. արտայայտութեան զսպութիւնը, զգացումի ժուժկալութիւնը, եթէ ոչ խստութիւնը, երբ խնդիրը կը վերաբեր գրել-մտածելուն:
Բոլորովին ուրիշ բեւեռի կը պատկանէր Գրիգոր Շահինեանը, որուն մանկավարժական մօտեցումները աւելի արդիական էին: Տպաւորիչ էր հակումը աշակերտն ու վարժապետը բաժնող անջրպետը կտրելու, բայց առանց ջնջելու, մեզ պահպանելու առօրեայի մակարդակին: Ուսուցիչի դերէն ան ալ պիտի հետզհետէ անցնէր մենտորի, ապա` բարեկամի, ընկերոջ, գրականութեան շուրջ ու մէջ, «Կանթեղ»-էն, «Ջահակիր»-էն, մինչեւ «Ահեկան», լրջութեան, հասունութեան, շրջահայեացութեան տանող ուղենիշի մը նման, որուն մասին չես մտածեր, չես յիշեր, եւ որ սակայն կայ:
Առասպել կոչածս, Ճեմարանի առասպել կոչածս կերպ մըն է հոս թելադրելու, որ իմ յաճախածս սովորական դպրոց մը չէր, գիտելիքներ ամբարելու, քննութեանց յաջողելու սահմանուած հաստատութիւն մը` ինչպէս կ՛ուզեն ըլլալ, արդար մտահոգութեամբ մը, ուսում ջամբող կեդրոնները: Աւելի՛ բան մըն էր, այնքան դժուար համեմատելի, եթէ ոչ խոտոր, շուրջի այլապէս շահեկան կրթութեան համակարգերուն:
Այո՛ իսկապէս հեռաւոր բարձունքի մը վրայ տեղ մըն էր Ճեմարանը, մեր չքաւորի թաղերէն անտեսանելի: Մեր տեղը չէր, կ՛ըսէր մաման, եւ չդադրեցաւ կրկնելէ: Բայց ի վերջոյ այդ բարձր տեղը մերն ալ եղաւ: Մնաց:
Մերն ալ է հիմա:
Այդ տեղը պահպանել, ինչպէս հինը նորին մէջ, ինչպէս այն բոլորը, որոնք, մեզի պատկանելով հանդերձ, հարկին տակն են պատկանելու բոլորին, ուրեմն` Ճեմարանը պահպանել-զարգացնելը, զարգացնել-նորակերպելը` իբրեւ Սփիւռքի մէջ եզակի հաստատութիւն, անհրաժեշտութենէ աւելի բան մըն է:
Փարիզ, յունիս 2020