Հայ գրականութեան «Տոհմածառ»ին վրայ փայլող աստղ մըն է Վեհանոյշ Թեքեանի անունը, որ իր ստեղծագործութիւններով կը պատկերէ խօսող հոգեվիճակներու «Բազմածուփ աշխարհ»ի մը մանրանկարը: Հոն տողերը սաղմոսներով հիւսուած «ուռկան»ներ են մեզ ներքաշող մինչեւ «Կիզակէտ»ը բանին, մինչեւ ճշմարտութիւնը եսին: Հոն տողերը վահան են ամրացնող, նուաճելու` լեզու, Սփիւռք եւ հայրենիք:
Թեքեանի անունը ինքնին եղաւ «Նշանագիր» մը, յիսուն տարուան վրայ երկարող շարժումի մը, բանաստեղծութենէն արձակ, արձակէն` բանաստեղծութիւն: Եղաւ գեղեցիկ այգաբաց մը գրականութեան, որ վաթսունականներու վերջաւորութեան եկաւ նորոգելու հին լեզուին պատկերներն ու բառերը, փունջ մը միջերկրականեան արեւով, ափ մը պէյրութեան լաւատեսութեամբ, ապագայի երազով բաբախող սփիւռքեան սիրտով ու բառերու բոյրերուն հանդէպ անսահման սիրով: «Քսանամեայ ապրիլը աչքերուն» եւ ողջակիզուած հայուհիներու կանչը ականջներուն, կրցաւ ետեւ ձգել` ջարդ, պատերազմ, որբութիւն եւ տուներու երգ: Իրմով բացուողը աթոմական դարն էր, խրոխտ ինքնավստահութեամբ մը` անպարոյկ եւ պարզ պատասխաններով:
Իր մէկ աչքը հայրենիքին սեւեռելով հանդերձ, Սփիւռքի վաւերականութիւնը հաստատող անկեղծ ու խրոխտ հոգին եղաւ Վեհանոյշ Թեքեան, արեւմտահայերէնի իրաւութիւնն ու կենդանութիւնը ամրագրող գրիչը: Ան լեզուին տուաւ ինչ որ ունէր իր մէջ` սէր, աղօթք, մայրութիւն, կարօտ, ոգի ու վստահութիւն, որոնց շնորհիւ լեզուն շնչեց ու շրջագայեցաւ իր ընթերցողներուն մէջ ու դարձաւ «յիշողութիւնը ուժին», դարձաւ հայրենիք եւ գիտակցութիւն:
Ահաւասիկ ինչո՛ւ այսօր կանգնած ենք Վեհանոյշ Թեքեան երեւոյթին առջեւ:
Ահաւասիկ ինչո՛ւ «Բագին»ի այս բացառիկ թիւը կը նուիրենք գրողին յիսնամեայ վաստակին: