ՓԱԹԻԼ
Վերջին 2 շաբթուան ընթացքին շատ յաճախ հանդիպեցանք արդարութեան մասին խօսքերու, յատկապէս` ընկերային ցանցերու վրայ: Ծանօթներ եւ անծանօթներ այս նիւթով խօսքեր, ասացուածքներ, նկարներ եւ յօդուածներ տարածեցին եւ կը շարունակեն տարածել մինչեւ օրս: Համաշխարհային լուրերու կայանները հեռատեսիլէն, «Քորոնա» ժահրին մասին լուրեր տարածելու կողքին, նաեւ կը հաղորդեն Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացած վերջին իրադարձութիւններուն մասին տեղեկութիւններ:
25 մայիս 2020-ին Ճորճ Ֆլոյտ` 45 տարեկան ամերիկացի «սեւամորթ» մը, կը սպաննուի Մինիափոլիսի ոստիկաններէն մէկուն կողմէ, ձերբակալութեան ընթացքին: Ֆլոյտի սպանութիւնը պատճառ դարձաւ համաժողովրդային բողոքներու` «Սեւամորթներու կեանքը կարեւոր է» կարգախօսով: Այս բողոքի շարժումներուն աշխարհագրութիւնը ընդարձակուեցաւ` հասնելով զանազան երկիրներ, ուր այլ ժողովուրդներ եւս իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին այս դատին:
Աւելի պիտի չխօսիմ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին, այլ պիտի անդրադառնամ երկու երեւոյթներու, որոնց հանդիպեցայ վերջին շաբթուան ընթացքին, երբ ընկերային ցանցի անձնական էջերս կը թերթատէի: Այս երեւոյթները կ՛առնչուին Լիբանանի ընկերութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ ժողովուրդին, որովհետեւ կը ներկայացնեն կարգ մը լիբանանահայերու եւ բնիկ լիբանանցիներու վերաբերմունքը «Սեւամորթներու կեանքը կարեւոր է» շարժման եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ եղած իրադարձութիւններուն նկատմամբ:
Առաջին երեւոյթ. լիբանանցիք Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող «սեւամորթ»-ներու աջակցութիւն կը յայտնեն, առանց հասկնալու կամ ընդունելու, թէ նոյնանման հարցեր կան նաե՛ւ մեր երկրին` Լիբանանի մէջ:
Օրեր առաջ լիբանանեան «պլոկըր»-ներէ տեղեկացանք, թէ եթովպիացի տնային աշխատաւորներ հաւաքուած են Եթովպիոյ հիւպատոսարանին առջեւ` սպասելով, որ մէկը իրենց տեղեկացնէ, թէ ի՞նչ պիտի ընեն, ո՞ւր պիտի երթան: Սուտանցի տնային աշխատաւորներ քանի մը օր ետք նոյնանման հաւաք մը կազմակերպած էին իրենց դեսպանատան առջեւ:
Քաֆալան այն համակարգն է, որ կը կարգաւորէ օտարերկրացի եւ տնային աշխատաւորներու գործը: Այս համակարգը աշխատաւորը կը կապէ իր գործատիրոջ եւ կը զրկէ զինք երկրի աշխատանքի օրէնքէն: Այս կապը կաշկանդումի եւ շահագործման ճամբայ կը բանայ` աշխատաւորը դնելով աշխատանքային շատ ծանր պայմաններու մէջ եւ զայն զրկելով իր իրաւունքներէն:
Ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ ոստիկանութեան վայրագութիւնը, Լիբանանի մէջ ալ Քաֆալայի համակարգը պատճառ դարձած է անթիւ «սեւամորթ»-ներու սպանութեան` իբրեւ հետեւանք անձնասպանութեան կամ տուներէ փախուստ տալու փորձերու: Միջին հաշուով, ամէն շաբաթ երկու տնային աշխատաւորներ կը մահանան` ընդհանրապէս անձնասպանութեամբ:
Քաֆալայի համակարգէն բացի, կայ նաեւ Լիբանանի մէջ ապրող գաղթականներու հարցը: Երկրին մէջ ապաստան գտած սուրիացի, պաղեստինցի, իրաքցի եւ սուտանցի գաղթականներ կ՛ենթարկուին առօրեայ զրպարտութեան, անարդարութեան եւ հալածանքի: Քաղաքական դէմքեր կ՛այպանեն այս գաղթականները եւ զանոնք կը նկատեն Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապին պատճառներէն: Լիբանանի ժողովուրդին կողմէ «հէյթ սփիչ»-ի արարքներ անպակաս են ընկերային ցանցերուն վրայ:
Չմոռնանք նաեւ հայերու հանդէպ «հէյթ սփիչ»-ի դրսեւորումները, որոնք տարին մէկ կը տարածուին ընկերային ցանցերուն վրայ: Նախորդ շաբաթ այսպիսի դէպքեր պատահեցան եւ անոնք թիրախ դարձուցին լիբանանահայ անձեր յատկապէս ու լիբանանահայութիւնը ընդհանրապէս:
Նման դէպքեր անպակաս են Լիբանանի համակարգին մէջ: Այս պատճառով չենք կրնար լուսարձակ բանալ եւ զօրավիգ կանգնիլ Միացեալ Նահանգներու մէջ պատահածներուն` համարեա անտեսելով մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող անարդարութիւնն ու զրպարտութիւնը:
Երկրորդ երեւոյթ` տալ պատճառաբանութիւններ, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող շարժումը, որ տարածուեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, յատուկ է միայն Միացեալ Նահանգներուն, եւ մենք` իբրեւ հայեր կամ լիբանանցիներ, կապ չունինք այս շարժումին հետ:
Պատմութեան մէջ զանազան ժողովուրդներ անարդարութեան մատնուած են եւ հալածանքներու ենթարկուած իրենց ցեղային, ազգային եւ կրօնական պատկանելիութեան պատճառով: Այսպիսի արարքներ պատճառ դարձած են, որ այսօր ցեղապաշտութիւնը ամրապնդուի աշխարհի ընկերային համակարգին մէջ:
Երբ անձ մը, խումբ մը կամ ժողովուրդ մը տարբեր կը թուի իր ազգութեամբ, ցեղային կամ կրօնական պատկանելիութեամբ, ան կը պիտակաւորուի իբրեւ «օտար» եւ կ՛ենթարկուի գոյնի ու տարբեր տեսակի խտրականութիւններու: Այս խտրականութիւնները կ՛աճին եւ կը վերածուին ցեղապաշտութեան: Այս ընթացքին «օտար» անձը կը մատնուի անարդարութեան, եւ իր մարդկային իրաւունքները կը կաշկանդուին:
Այս մէկը կը նշանակէ, որ ցեղապաշտութիւնը ինքնին տեղի կու տայ անիրաւութեան:
Մենք ալ, մեր կարգին, իբրեւ մարդ արարածներ, ցեղապաշտութեան դէմ դնելու համար պէտք է յարգենք ու պաշտպանենք այլ անձերու իրաւունքները:
Խորքին մէջ Միացեալ Նահանգներու տարածքին ընթացք առած շարժումը եւ ժողովուրդին տարած պայքարը «սեւամորթներու» հարց չէ՛ միայն, այլ համամարդկային պայքար է ցեղապաշտութեան դէմ: Հետեւաբար, մենք բոլորս` իբրեւ անհատներ, առնչուած պէտք է զգանք այս պայքարին:
Բնականաբար, այս խօսքերս բոլորին չեն վերաբերիր: Դրական եւ քաջալերական երեւոյթներու ալ կը հանդիպինք, երբ անհատներ իրենց առօրեայ կեանքին ընթացքին կամ ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ իրենց կարելին կ՛ընեն պայքարելու ամէն տեսակի խտրականութեան, անարդարութեան եւ անիրաւութեան դէմ: Այսուհանդերձ, պէտք է ընդունիլ, որ տակաւին մեծ աշխատանք կայ տանելիք: Ցեղապաշտութիւնը տարիներ շարունակ զարգացած ու արմատ նետած է, հետեւաբար, անիկա դրոշմուած է ներկայ համակարգին մէջ: Այս մէկը չի նշանակեր սակայն, որ խտրականութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարը ապարդիւն է, այլ միայն կը հաստատէ, որ պայքարը ընդարձակ է, եւ մենք ճիգ պէտք չէ խնայենք ցեղապաշտութեան եւ անարդարութեան դէմ պայքարին մէջ:
Ամփոփելու համար ըսեմ հետեւեալը. երբ կը խօսինք ցեղապաշտութեան մասին, որուն կը հանդիպինք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, կը խօսինք համամարդկային հարցի մը մասին: Դժբախտաբար ցեղապաշտութիւնը ամէն տեղ է, զանազան միջավայրերու մէջ, ուղղուած է տարբեր ժողովուրդներու կամ անհատներու դէմ: Բոլորս առնչուած պէտք է զգանք այս հարցին: Բոլորս պէտք է քայլեր առնենք եւ խօսինք ցեղապաշտութեան դէմ, պայքարինք հաւասար իրաւունքներու կիրարկման ի խնդիր:
Մարդկային իրաւունքները բոլորին սեփականութիւն են, ուստի մենք պէտք է անընդհատ աշխատինք ցեղապաշտութեան վերացման ուղղութեամբ: Պայքարինք ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ` յարգանք եւ հանդուրժողականութիւն քարոզելով եւ անոր կառչելու հրաւէր ուղղելով: