ԳԷՈՐԳ ԱԲՂՅ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Դպրեվանքեան կեանքին ու պատմութեան ոսկեայ իննսունամեայ շղթան կազմուած է հոգեմտաւոր, հոգե-ընկերային եւ քրիստոնէական բարոյական արժէքներէ, հաւատաւոր աշխատանքէ եւ Աստուած-դպրեվանք սերտ յարաբերութեան սուրբ ու նուիրական գիտակցութեան ամբողջական ընթացքէ մը: Գիտակցական մօտեցում մը, որ աճեցաւ ու բեղմնաւորուեցաւ մեր անհատական ու հաւաքական փափաքներուն, տագնապներուն, ճիգերուն, բայց մանաւանդ մեր կենսանպատակին մէջ: Վերոնշեալ բոլոր երեւոյթներուն եւ արժէքներուն հետ մեր յարաբերութիւնը սկզբունքէն դէպի իրականութիւն եւ տեսականէն` գործնական առաջնորդուող յարաբերութիւն մը չեղաւ, այլ տարածուեցաւ եւ զարգացաւ իրականութենէն դէպի սկզբունք, որովհետեւ առողջ հիմքերու վրայ կառուցուած ապրելաոճը իրականութենէն` դէպի հաստատ եւ անտեղիտալի սկզբունքներ մեկնելուն մէջ կը կայանայ. սկզբունքներ, որոնց իւրացումով միայն կարելի է հանգամանօրէն դիտել ու քննել կեանքը` իր զանազան ոլորտներուն մէջ, եւ ապա իւրաքանչիւր պարագայի ճշդել էապէս արժանաւոր ուղղութիւնը:
Ի զուր չէ, որ դպրեվանքի մուտքին գրուած է «ԽՈՐՀԷ՛ ԵՒ ՄՏԻ՛Ր»: Առաքելութեան թիրախ մը, որ կը թելադրէ հետեւեալը. Խորհէ՛ քու անձիդ մասին: Խորհէ՛ քու նմանիդ մասին: Խորհէ՛ քու Արարիչիդ մասին եւ վերջապէս խորհէ՛ քու դաւանած արժէքներդ մարմնաւորող նպատակին մասին: Ապա «ՄՏԻ՛Ր»: Մտի՛ր գիտակից եւ հաստատ քայլերով: Մտի՛ր իբրեւ Աստուծոյ մշակը, ու երբ գայ ժամանակը դպրեվանքէն մեկնելու մելամաղձոտ երջանկութեամբ, ե՛լ իբրեւ անտարակոյս, քաջ ու գիտակից անձ մը, այնքա՛ն, որ խղճի կատարեալ հանգստութեամբ կարենաս ըսել. «Անպիտան ծառայ մըն եմ ես, ինչ որ պարտաւոր էի ընել` կատարեցի» (Հմմտ. Մտ 17.10) եւ այն ատեն, հոգիէն բխած պոռթկումով մը կարելի է հաստատել. հասայ իմ նպատակիս:
Դպրեվանքեան կեանքի եւ պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուածը կու գայ մեզի ամբողջական խորհուրդ մը փոխանցելու. ահաւասիկ հասա՛նք մեր նպատակին: Ա՛յն նպատակին, որուն մասին մենք խորհած էինք, անոր հաւատացած եւ անոր տեսլականով սնած ու ապրած եւ զայն իրականութեան վերածելու ձգտումով առաջնորդուած:
Խորհող եւ ինքնագիտակից մարդը կը տագնապի փնտռելու համար կեանքին արժէքները, կը ջանայ կեանքի մէջ իմաստ, որակ ու նպատակ մը տեսնել: Խոհեմ մարդը ժամանակաւոր իրականութեանց, արտաքին ու մակերեսային հաշիւներով չի զբաղիր, որովհետեւ անոնք կը մթագնեն մտքի եւ հոգիի աշխարհները: Նպատակասլաց եւ խոհական անձը կը ջանայ մտքի եւ հոգիի ներդաշնակ արժէքներ ստեղծել. այնպիսի արժէքներ, որոնք չեն փճանար, ժամանակի հոսանքին հետ չեն անհետանար, այլ կը մնան յաւիտենական, անշօշափելի ու անտեսանելի: Միտքէ միտք ծաւալող երկխօսութիւնն ու հոգիէ հոգի փոխանցուած արժէքներն են, որոնք կը յարատեւեն: Մեծութիւնը եւ արժէքը կը կայանան տեսանելի իրերէն անդին նայելու, հունաւորէն` անսահմանը, ժամանակաւորէն` յաւիտենականը եւ նիւթական իրականութիւններէն` հոգեւոր իրականութեան անցնելու ձգտումին մէջ: Սակայն այս բոլորը ապրելուն եւ տեսնելուն կողքին պէտք է նաեւ տեսնելու մղել, իտէալ եւ գաղափարական շունչ ներմուծել: Ահաւասիկ, իննսուն տարիներ շարունակ դպրեվանքը պատրաստեց խորհող եւ գործող մշակներ, որովհետեւ անիկա կը հաւատայ, թէ նիւթեղէն իրականութիւնները բոլորն ալ օդը կը ցնդին` զարնուելով հոգեւոր անսասան իրականութեանց յաւիտենական ապառաժին:
Սակայն ի՞նչ է այդ նպատակը:
Դպրեվանքեան կեանքի հզօրութիւնն ու նպատակը եղան մարդը բարձրացնել դէպի ինքնակատարելագործումի վեհ մակարդակ` մարդուն մէջ մարդկային, կրօնաբարոյական եւ ազգային արժէքներ կերտելով ու զարգացնելով: Սակայն, այս տեսակի բարձրացումը կ՛ենթադրէ յարատեւ վազք մը, որ կեանքի սովորական վազքէն, յորձանքէն կ՛անդրանցնի. անորոշ կամ աննպատակ չէ երբեք, այլ հոգւով իրագործուած ակընդէտ վազք մըն է: Բոլոր վազողները չեն հասնիր յաւերժական դափնեպսակին, որովհետեւ բոլորին չէ շնորհուած հոգւով ակընդէտ վազելու անզուգական առիթը: Անորոշ ուղղութեամբ ընթացող վազք մը չէ, որ կը կատարենք դպրեվանքին մէջ, այլ կը մրցինք կռփամարտիկի մը պէս, որ օդը չի ծեծեր ( Հմմտ Ա. Կր 9.24-26)` հասնելու համար «Նպատակին մեր ի կէտ»: Որակը, խորքը եւ նպատակն են, որոնք կը պահպանեն ծայրայեղութիւններուն մէջ չափն ու կշիռը, եւ կը ստեղծեն զուգեակ իղձեր` կրօնի հուրը եւ ազգի սէրը: Ահաւասիկ, այս երկու տեսլականները կը դառնան իւրաքանչիւր դպրեվանեցիի սրբարանը եւ ներշնչարանը, որոնք կ՛առաջնորդեն ինքնակատարելագործումի: Այսպէս, կրօնը մարդուն մէջ կը կազմաւորէ եւ կը հաստատէ գիտակից եւ բարոյական սկզբունքներով առաջնորդուող կեանքի մը էութիւնը, կ՛ամրապնդէ արժէքներ եւ իր հոգեպարար խորհուրդներուն միջոցով կ՛ապահովէ մարդոց կեանքին իրական լիութիւնը: Մինչ ազգը կ՛ընձեռէ պատկանելիութեան եւ ինքնութեան առողջ զգացումի կազմաւորման փորձառութիւն` գիտակից ու գործօն ծառայութեան ոգիով: Անիկա իր կեանքին զանազան բնագաւառները ունի, եւ իւրաքանչիւր անհատ կը ծառայէ բնագաւառի մը մէջ իր ունեցած տաղանդներով եւ կարողութիւններով: Հայ առաքելական եկեղեցին ազգը եւ հայրենիքը կը բնութագրէ իբրեւ էական ամբողջութիւն, որովհետեւ անոնք անքակտելի մասերն են մեր դաստիարակութեան. նոյն հետեւողութեամբ, մեր եկեղեցին կը հանդիսանայ մեր ինքնութեան կերտումին կիզակէտը, որ ազգին ընթացքն ու ապագան կը պայծառացնէ ու կը հզօրացնէ:
Նման վեհ սկզբունքներ կը փոխանցուին եւ կ՛իւրացուին դպրեվանքին մէջ, այն պատասխանատու մօտեցումով, որ կրօնը եւ ազգը մեր հոգեւոր կեանքին մէջ ընդելուզուած տարրեր են, որոնցմէ կը մեկնի մեզմէ իւրաքանչիւրին ազգային ու եկեղեցական ծառայութիւնը: Նման ծառայութեան պարունակին մէջ կ՛իմաստաւորուի մեր առաքելութիւնը որուն ամբողջական սահմանումը տուաւ մեզի դպրեվանքը` առաջնորդելով մեզ դէպի «նպատակին մեր ի կէտ»: