Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիր 100-ամեակ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Ուիքիփետիան
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Համացանցի ամենաշատ օգտագործուող բազմալեզու հանրագիտարանին մասին քանի մը առիթներով անդրադարձած էի, վերջինը՝ «Ազդակ»-ի 27 յունիս 2020-ի թիւին մէջ. « «Ազդակ»-ի 5-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. «Պատմագրութիւն (Հայոց Եւ Այլոց). Գիտութի՞ւն, Ինքնութի՞ւն, Մեթոտաբանութիւն» – Ա. Հայոց Պատմութիւնը Պէտք Է Վերանայուի՝ Սրբագրելով Օտարին Կողմէ Կատարուած Բոլոր Խեղաթիւրումները» (1) խորագիրով յօդուածին մէջ, ուր կը նշուի. 1. Սխալ տարբերակը, ուր վերջին տուփիկին մէջ...



















