ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երեքշաբթի, 21 յուլիս 2020-ին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ ահաբեկչութեան դէմ մղուած «Բարձունքներու արշալոյսը» ճակատամարտի յաղթանակին Բ. տարեդարձին` շեշտելով, որ Լիբանան իրաւունքի տէր է, եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը բոլորին պարտականութիւնն է:
«Լիբանանցիները ամբողջութեամբ` լիբանանեան բանակին եւ Դիմադրութեան ընդմէջէն պայքարեցան ահաբեկչութեան դէմ: Եթէ մենք անցեալէն դասեր չքաղենք, դարձեալ ենթակայ պիտի ըլլանք ահաբեկչութեան, որովհետեւ կան պետութիւններ, որոնք կը մարզեն ահաբեկիչները, կը ֆինանսաւորեն ահաբեկչութիւնը եւ կ՛ապահովեն երկրէ երկիր անոնց փոխադրութիւնը», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ այսօր ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Լիբանանի մէջ դիմադրելու համոզումը տապալել: «Զինուորական եւ քաղաքական միջոցներու սպառումէն ետք, լիբանանցի ժողովուրդը կը փորձեն ծունկի բերել տնտեսական տագնապով: Կը փորձեն Լիբանանին տնտեսական շրջափակում պարտադրելով` լիբանանցիները իրարու դէմ լարել», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ դիմադրելու համոզումն ու ընտրանքը չէ, որ անօթութիւն պատճառած է, այլ` փտածութեան եւ աւազակութեան ընտրանքը: «Ինչո՞ւ 5 կամ 10 տարի առաջ Լիբանանի մէջ անօթութիւն չկար, կա՞մ 2000-ին` Լիբանանի ազատագրումէն ետք, կա՞մ 2006-ին` յուլիսեան պատերազմէն ետք», հարց տուաւ Յ. Բագրատունի:
Հարցազրոյցին մանրմասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք մեր վաղուան թիւով: