Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կամաւոր Բանակ»-էն Անդին

Յուլիս 22, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Հայ կամաւորական գունդերու քայլերգը` «Յառաջ նահատակ»-ը ՀՄԸՄ-ի քայլերգն է: Յաղթական քայլերգ մը, որ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ական տարազաւոր թէ համակիր կ՛երգէ` «Դէպի յաղթանակ» հպարտօրէն գոչելով:

Քայլերգ մը, որուն բառերը կ՛ամփոփեն ամբողջ ազգի մը պատմութիւնը, որուն բառերը յոյս կը ներշնչեն, յաղթական ոգի կը ստեղծեն:

Անցնող օրերուն Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-էն 6 տարազաւորներ, համախմբուած ՀՄԸՄ-ական քոյրերով եւ եղբայրներով, ստանալով քահանայ հօր օրհնութիւնը, «Պատուի ա՛ռ» կանգնած Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշներուն, պատրաստուեցան մեկնելու ու մաս կազմելու հայկական բանակի շարքերուն:

Երեւոյթ մը, որուն ընդմէջէն իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ական, իւրաքանչիւր հայ կը զգայ ու կ՛ապրի թէ՛ հպարտութեան զգացում, թէ՛ յուզում, թէ՛ ուրախութիւն եւ անպայմանօրէն` վստահութիւն:

Երեւոյթ մը, որ յոյս կը ներշնչէ, հաւատք կ՛ամրապնդէ:

® Որովհետեւ կը տեսնես 18 տարիքը բոլորած ՀՄԸՄ-ական եղբայրներ` հպարտօրէն կանգնած իրենց սկաուտական տարազով, կը պատրաստուին զայն փոխարինել հայոց բանակին տարազով:

Կը տեսնես երիտասարդներ, որոնք տարիներ շարունակ ՀՄԸՄ-ի շարքերուն  մէջ իրենց ստացած ազգային ոգին ու դաստիարակութիւնը գործնական քայլով կ՛ամբողջացնեն ու կը կատարելագործեն:

Կը տեսնես ՀՄԸՄ-ական նահատակներ Վարդան Բախշեանի ու Վիգէն Զաքարեանի գործը շարունակողները…

ՀՄԸՄ-ականներ, որոնք կը գործադրեն իրենց կատարած խոստումն ու երդումը` «Ծառայել ազգին ու հայրենիքին»-ը:

«Կամաւոր բանակ»-էն կ՛անցին հայկական բանակ:

Ձեռնափայտը կը փոխարինեն զէնքով:

Բանակավայրի պահակութիւնը` սահմաններու հսկողութեամբ:

Իսկ «Պատուի ա՛ռ»-ի կը կանգնին նոյն դրօշին` Եռագոյնին:

Անոնք կու գան փաստելու Մուշեղ Իշխանի խօսքը` ուղղուած ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն.

«Տղա՛ք, ՀՄԸՄ-ը երբ հազարներով կը տողանցէ, հայ ժողովուրդը ձեր մէջ կը տեսնէ հայկական բանակը, անկախութիւնը եւ զայն խորհրդանշող Եռագոյնը: Անոնք ձեզ կը տեսնեն ուխտաւորները այն բանակին, որ զինուորն է հայոց պայքարին, որուն նպատակն է հայ մնալ եւ հետապնդել ազատ, անկախ Հայաստան ստեղծելու իտէալը»:

Երեւոյթը աւելի՛ հպարտանալի է իր ժամանակով նաեւ, որովհետեւ անոնք կը պատրաստուէին բանակ մեկնելու այն օրերուն, երբ Ազրպէյճան յարձակումներ կը կատարէ Հայաստանի Տաւուշ շրջանին ուղղութեամբ:

Սակայն անոնք  երբեք չվարանեցան, ընդհակառակը, բռունցքը պարզած, հպարտօրէն ցտեսութիւն ըսին իրենց հարազատներուն  եւ մեկնեցան:

Նոյն ձեւով մեկնեցան եւ պիտի մեկնին ուրիշներ, որովհետեւ մէկ է նպատակը` ծառայել ազգին եւ հայրենիքին:

Եւ ինչպէ՞ս կարելի է յաղթել հայ ազգին, հայ զինուորին ու հայոց բանակին, երբ կայ այսպիսի սերունդ:

Սերունդ մը, որ իր մանկութենէն կը պատրաստուի մեկնիլ բանակ ու պաշտպանել իր սահմանը:

Սերունդ մը, որ կը մեծնայ այդ տեսլականով, այդ գաղափարին հաւատալով:

Սերունդ մը, որ կու գայ ու օրինակ կը դառնայ եւ կ՛երաշխաւորէ վաղուան յաղթանակները:

Որպէսզի երբեք «շղթայուած» չըլլանք եւ միշտ կարենանք «յարեալ վեհօրէն դամբանէն խաւար»…

Որպէսզի «Դէպի յաղթանակ»-ը չմնայ միայն մեր քայլերգի փակումը, այլեւ դառնայ մեր իրագործումներու մնայուն արդիւնքը:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Արեւմտահայերէնի Կենսունականացման Աշխատանքը Կրնայ Համակերպիլ Սփիւռքեան Այլազանութեան» Հաստատեց Փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?