Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեան Ու Սուրբ Իմաստութեան Յաւիտենական Պապակ

July 21, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Իսկապէս զարմացած եմ. զարմացած եմ, որ դեռ կան ժողովուրդներ, երկիրներ, այսպէս կոչուած պատասխանատու մարմիններ ու անձեր, որոնք տակաւին չեն ճանչցած ու չեն ճանչնար թուրքն ու Թուրքիա կոչուած ապօրինի տարածքը. աւելին՝ չեն ուզեր ճանչնալ զանոնք, առաւել եւս՝ անոնց արիւնախանձ եղբայրները՝ ազերի կոչուած լկտիները։

Կը զարմանամ, երբ անոնք կը զարմանան:

Միջազգային բեմ, թատերական կտոր, տաղանդաւոր վարպետներ։

Համաշխարհային մտահոգութիւն դարձած է Սուրբ Սոֆիա եկեղեցւոյ կրօնական այլափոխութիւնը. Միացեալ Նահանգներէն սկսեալ, մեծ թիւով երկիրներ մտահոգ են ու տխուր։ Արդեօք առաջին անգա՞մ է, որ «քաղաքակիրթ» ու բոլորին դաշնակից Թուրքիան այս տիպի քայլի մը կը ձեռնարկէ։

Կաթողիկէ Պապն ալ տխրութիւնը յայտնած է…

Ո՛ւր էին բոլոր մտահոգները, երբ նոյն այս բարբարոս կայսրութիւնը այլափոխեց, քանդեց, հողի ու մոխիրի վերածեց հայկական կրօնական ու մշակութային արժէք հանդիսացող կառոյցները, եւ ցայսօր կը շարունակէ իր այդ առաքելութիւնը՝ մշակութային ցեղասպանութիւնը։

Եկեղեցին եթէ մզկիթի վերածելը մտահոգիչ է, հապա եկեղեցին ախոռի վերածելու գործողութիւնը ի՞նչ կը համարուի…

Սուրբ Սոֆիան արդէն վաղուց այլափոխուած էր եւ մինարէներով շրջապատուած։ Սուրբ Սոֆիայի մէջ քրիստոնեային ձայնը վաղուց խեղդուած էր, իսկ սրբապատկերներն ալ այսօր չէ, որ խոշոր տաճկական ափսէներով ծածկուեցան կամ նոյնիսկ անհետացան։ Սուրբ Սոֆիայի խաչը այսօր չէ, որ խլուեցաւ ու մահիկով փոխարինուեցաւ։

Սուրբ Սոֆիան եկեղեցի Է՛ ու այդպէս պիտի մնայ բոլորիս համար, ինչպէս բոլոր մզկիթի, ախոռի ու քարերու բլուրի վերածուած մեր հայկական իւրացուած եկեղեցիները. թէեւ շատ պիտի ցանկամ, որ համապատասխան քայլեր որդեգրուին ընդդէմ Թուրքիոյ եւ անոր ցեղամոլ նախագահին, սակայն եթէ իբրեւ ցեղասպան երկիր զայն թողած են անպատիժ, այս անգամ այլ բա՞ն պիտի պատահի. ի վերջոյ դաշնակից է եւ անձեռնմխելի…

Մինչ այս բոլորը մտահոգ են Սուրբ Սոֆիայով, մինչ աշխարհը կը գտնուի մահ ու կենաց գոյամարտի մէջ՝ ընդդէմ համաճարակի մը, որ ոչ տարիք, ոչ սեռ, ոչ ցեղ եւ ոչ կրօն կը ճանչնայ, ոճրագործ ազերին, օգտագործելով այս առիթը, կը ռմբակոծէ Հայաստանը՝ Տաւուշն ու շրջակայքը, սահման, տուն, գործարան ու մանկապարտէզ, աւելին՝ կը սպառնայ նաեւ ռմբակոծել Մեծամօրի հիւլէական կայանը. սակա՛յն, եթէ ազերին զառածի, եթէ այդպիսի սխալ մը պատահի, ոչ միայն Հայաստանը, այլեւ համայն Կովկասը, ներառեալ ռմբակոծողը, «կ’ոչնչանան», «կ’անէանան»։

Ազերին, սկզբունքով, քաջատեղեակ է այդ իմաստով, սակայն փորձելով ստորադասել դիմացինին գիտութեան մակարդակը, հանդէս կու գայ այսպիսի իմաստազուրկ, անտրամաբանական, ցնորային ու անրջական յայտարարութիւններով, անգամ մը եւս աշխարհին ներկայացնելով իր ղեկավարներուն ուղեղի զարգացման ու գիտութեան մտահոգիչ մակարդակը, որ ոչ միայն վտանգ կը հանդիսանայ Հայաստանին, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին։

Առաջ Աստուած, մեր ազգի հզօր բանակը դարձեալ յաղթական դուրս կու գայ, սակայն ազերին այս անգամ ոչ միայն մարտական գետնի վրայ կը կրէ անարգ պարտութիւն, այլեւ գիտական նահանջ, ինքզինք կրկնակի կերպով խայտառակելով համայն աշխարհին դիմաց։

 

 

 

Նախորդը

Ամավերջի Հանդէս Կիպրոսի Նարեկ Վարժարաններու

Յաջորդը

Գդակը

RelatedPosts

Ո՞վ  Է Կոմիտասը
Անդրադարձ

Ո՞վ Է Կոմիտասը

January 13, 2026
Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Կոմիտասին
Անդրադարձ

Մարդ, Որ Լեռները Կը Քալեցնէր

January 13, 2026
Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն
Անդրադարձ

Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.