Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ազրպէյճան Կը զգուշացնէ Եւրոպան, Կասպեան Ուժանիւթի Արտածումի Հաւանական Վտանգէն՝ Հայաստանի Հետ Տագնապին Հետեւանքով

Յուլիս 20, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ռոյթըրզ լրատու գործակալութեան առեւտրական էջին մէջ, Մարկարիթա Անթիծէ, 18 յուլիս 2020-ին, Պաքուէն վերոնշեալ խորագիրով լրատուութիւնը հաղորդած է, որուն թարգմանութիւնը, ապա մեկնաբանութիւնը ստորեւ (1):

«Ազրպէյճան շաբաթ օր (18 յուլիս) նախազգուշացուց դէպի Եւրոպական շուկաները իր քարիւղի եւ կազի մատակարարումին հաւանական վտանգին մասին, Հայաստանի հետ սահմանին ռազմական գործողութիւններու բռնկումին պատճառով:

Ազրպէյճանական «Սոքար» մակնիշով վառելանիւթի կայան Պեռնի մէջ, Զուիցերիա:

«Ազերի պետական ուժանիւթի «Սոքար» ընկերութեան փոխ տնօրէն Էլշատ Նասիրով, հեռակայ կապով զրոյցի ժամանակ ըսաւ, որ Կասպեան քարիւղը եւ կազը համաշխարհային շուկաներ տեղափոխելու ուժանիւթերու ենթակառոյցներուն (խողովակաշար) մէկ մասը կը գտնուի այժմու ռազմական գործողութիւններուն մօտակայ շրջանին մէջ:

«Տասնհինգ զինուորականներ Ազրպէյճանէն եւ Հայաստանէն ու մէկ ազերի քաղաքային սպաննուեցան կիրակիէն (12 յուլիսէն) ի վեր, երկու երկիրներուն միջեւ տեղի ունեցած ճակատումներուն ընթացքին, որոնք 1990-ականներուն պատերազմեցան Ազրպէյճանէն անջատուած Լեռնային Ղարաբաղին համար:

«Նասիրով ըսաւ, որ եթէ քարտէսին նայիք, պիտի տեսնէք, որ բախումները տեղի ունեցան կարգ մը ենթակառոյցներուն մօտ: Ան ըսաւ, թէ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարը, Պաքու-Սուփսա քարիւղատարը, Պաքու-Թիֆլիս-Էրզրում կազի խողովակաշարը եւ այլ կառոյցներ, կ՛անցնին ճակատումի շրջանէն ոչ հեռու հողամասէն:

«Նասիրով նաեւ անդրադարձաւ Անդր-Ատրիաթիք խողովակաշարի Հարաւային Կազային Միջանցքի շինարարական վերջին երկար հատուածին կարեւորութեան, որ կը ներառէ նաեւ Վրաստանի եւ Թուրքիոյ տարածքներէն անցնող նոյնպէս երկու խողովակաշարեր, քանի որ անոնց աւարտը կը նշանակէ, որ ամբողջ միջանցքը պիտի գործէ. բան մը, որ կը նուազեցնէ Եւրոպայի կախեալ ըլլալը  ռուսական կազի մատակարարումէն:

«Խողովակաշարը պատրաստ պիտի ըլլայ եւ օգտագործուի այս տարուայ հոկտեմբեր-նոյեմբերին» ըսաւ ան:

«Շաբաթ օր, Հայաստանը նաեւ նախազգուշացուց տարածաշրջանի անվտանգութեան Ազրպէյճանէն եկող սպառնալիքին մասին, երբ Պաքուն հինգշաբթի (16 յուլիսին) սպառնաց ռմբակոծել Մեծամօրի կորիզային ելեկտրակայանը:

«Այս մէկը յայտարարութիւն մըն է, որ յստակ կերպով պէտք է համարուի մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն մը … անոր պէտք է տրուի համապատասխան միջազգային պատասխան եւ հետաքննութիւն», – ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյան:

«Ելոյթ ունենալով Միացեալ Նահանգներու Կասպեան քաղաքականութեան կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած առցանց գիտաժողովին, որուն մանրամասնութիւնները հրապարակուած են կեդրոնին կայքին մէջ, Նասիրով կոչ  ըրաւ Արեւմուտքին՝ օգնելու եւ պաշտպանելու ազերի ուժանիւթի արտահանումը:

«Այս առիթով՝ ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ մեր Ուաշինկթընի եւ այլ գործընկերներուն, մտածելու այն մասին, թէ որքա՛ն փխրուն է այս տարածաշրջանի ապահովութիւնը …եւ մտածել, թէ ինչպէ՛ս ապահովել … ռազմական եւ ֆիզիքական անվտանգութիւնը այս միջանցքին մէջ, որ Եւրոպային ուժանիւթային անվտանգութիւնը կ՛ապահովէ, – ըսաւ Նասիրովը»:

(Թղթակցութիւնը Նաիլիա Պակիրովայի եւ Մարկարիթա Անթիծէի, իսկ Երեւանէն Նուարդ Յովհաննիսեանի):

Յատկանշական է, որ հայկական որեւէ կողմէ սպառնալիքի կոչեր չեղան ազրպէյճանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքին դէմ. ընդհակառակը՝ հայկական կողմը տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու կոչերով հանդէս եկաւ:

Ուրեմն, այստեղ հարց կը ծագի, թէ՝ Ազրպէյճան այս նախայարձակ գործողութեան ինչո՞ւ դիմեց: Եւրոպայի ուժանիւթի մատակարարումը ապահովելո՞ւ համար, թէ՝ Տաւուշի սահմանամերձ շրջանը ներխուժելու իրենց ձախող փորձէն ետք է որ դիմեցին այս մարտավարութեան, ապահովելու համար Արեւմուտքին զինուորական եւ քաղաքական նեցուկը: Արդեօք այս դիպաշարին նպատակը թրքական ուժե՞ր տեղակայել է Հայաստան Ազրպէյճան սահմանին՝ պաշտպանելու համար խողովակաշարերը…

Ամէն պարագայի, սակայն, ակնյայտ է այս թղթակցութեան մէջ ա՛յն հաստատումը, թէ՝ Ազրպէյճանի նպատակը ի վերջոյ, Եւրոպան «ազատել» է Ռուսիայէն մատակարարուող ուժանիւթերէն, որպէսզի այս անգամ կախեալ ըլլան Ազրպէյճանէն Վրաստանէն եւ Թուրքիայէն, որոնց հողերէն կ՛անցնին կասպեան ուժանիւթերը…: Հետեւաբար՝ այստեղ Ազրպէյճանի ուղղակի թիրախը Հայաստանն է, իսկ անուղղակի թիրախը ուժանիթի մրցակից եւ սահմանակից Ռուսիան:

19 յուլիս 2020

(1) https://uk.reuters.com/article/us-azerbaijan-armenia-energy/azerbaijan-warns-of-risks-to-caspian-energy-exports-from-conflict-with-armenia-idUKKCN24J0SL

 

Նախորդը

Հարիւրերորդը…

Յաջորդը

Նշմար. Սահմանը Պահողին Թիկունքը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?