Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամավերջի Հանդէս Կիպրոսի Նարեկ Վարժարաններու

Յուլիս 21, 2020
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 15 Յուլիս 2020, կ. ե. Ժամը 6:30-ին տեղի ունեցաւ Կիպրոսի Նարեկ վարժարաններու (Նիկոսիոյ, Լառնագայի եւ Լիմասոլի) 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը, հովանաւորութեամբ Կիպրոսի հայոց Թեմի Կաթ. Փոխ. Տէր Խորէն Արք. Տողրամաճեանի եւ նախագահութեամբ կիպրահայ համայնքի Պետական Ներկ. Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի՝ Նիկոսիոյ Նարեկի ամփիթատրոնին մէջ: Ներկայ էին նաեւ կրթական նախարարը եւ բարձրաստիճան պետական հիւրեր, ինչպէս նաեւ՝ վարժարաններու Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, ծնողներ, համայնքիս մէջ գործող միութեանց ներկայացուցիչներ:

Յուզիչ մթնոլորտ մը կը տիրէր ընդհանրապէս, քանզի թագաժահրի համաճարակի արտասովոր պայմաններու տակ տեղի կ’ունենար ան, երկար սպասումէ մը ետք: Իսկ ամավերջի հանդիսութիւնները միշտ ալ ուրախութեան եւ թախիծի խառն զգացումներ կը յառաջացնեն բոլորին մօտ, ըլլալով հրաժեշտի եւ միաժամանակ բերքահաւաքի պահ՝ տարիներու ուսումնական-կրթական տքնաջան աշխատանքի հունձքի օրը եւ մեկնակէտը նոր հանգրուաններու…:

Հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի շրջանաւարտները, առաջնորդութեամբ տնօրէնուհի Տիկ. Վերա Թահմազեանի եւ իրենց տեղը գրաւեցին ամփիթատրոնի շրջանակաձեւ բեմին ետին: Ապա՝ Կիպրոսի Հանրապետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Նարեկ վարժարաններու քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Տիկ. Վերա Թահմազեան՝ հայերէն եւ յունարէնլեզուներով ներկայացուց վարժարաններու տարեկան տեղեկագիրը՝ հանգամանալից կերպով անդրադառնալով անոնց ամբողջական գործունէութեան՝ կրթական-ուսումնական եւ արտադասարանային հարուստ կեանքին:

Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարուեցաւ ձեռամբ Պետական Ներկայացուցիչ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի եւ Տնօրէնուհի Տիկ. Վերա Թահմազեանի:

Հրաժեշտի սրտաբուխ ուղերձներ կարդացին՝ Մատթէոս Չորպաճեան (հայերէն), Նախակրթարանի բաժինի շրջանաւարտներուն անունով, Իլիաս Բանայի եւ Արաքսիա Արաճեան (յունարէն), Միջնակարգի շրջանաւարտներուն անունով:

Իր Հուսկ Բանքին մէջ, տնօրէնուհին շեշտեց լաւ մարդ, լաւ հայ եւ լաւ քաղաքացի ըլլալու կարեւորութիւնը եւ յատկապէս ըսաւ. «Ինչպէս մեծ գիտնական Այնշթայն կ՝ըսէ, երբ ձեր սորվածներէն բաժին մը մոռացութեան ենթարկուի, դուք անպայման ձեզի հետ ջանացէք տանիլ այն լաւ դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը, զորս ստացաք այս յարկին տակ, նաեւ՝ ձեր տուներէն ներս: Ձեր հետ տարէք լա՛ւ հայու եւ տիպա՛ր քաղաքացիի բարձր յատկութիւնները…: Եւ երբ այս բոլորին աւելցնէք՝ ուսման հանդէպ տածած ձեր սէրը եւ ստեղծագործական մտածելակերպը, այն ատեն ձեր ճիգերը անպայմանօրէն պիտի պսակուին լիակատար յաջողութեամբ» եւ աւելցուց. «Սրտագին մաղթանքս է, որ որպէս հպարտ Նարեկցիներ, բոլորդ ալ շարունակէք խօսիլ, գրել ու կարդալ հայերէն, գործօն կերպով մասնակցիք մեր ազգային կեանքին եւ արժանապատիւ տէրը դառնաք մեր դարաւոր եւ պանծալի մշակոյթին՝ միշտ բարձր պահելով կիպրահայութեան օրինակելի եւ տիպար դիմագիծը, վարքն ու անունը: Կը մաղթեմ, որ մարդկային, ազգային եւ ընկերային բարի առաքինութիւններով օժտուած, ջանասիրութեամբ եւ համբերութեամբ զինուած՝ տիրանաք աւելի բարձր վկայականներու եւ նորանոր յաջողութիւններու եւ պարծանքը դառնաք կիպրահայութեան եւ մեր ազգին ընդհանրապէս»:

Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը՝ իր Պահպանիչ աղօթքէն առաջ, պատգամեց որ մեր շրջանաւարտները չկորսնցնեն երբե՛ք իրենց ժպիտը եւ Հայաստանը կրեն իրենց սրտին մէջ…: Ու թէեւ այս տարի անոնք պիտի չկարենան երթալ հայրենիք՝ իրենց աւանդական հայրենաճանաչման այցելութեան, հպարտ պարտին զգալ, ընդգծեց ան, որ իրենց շրջանաւարտութեան օրը զուգադիպեցաւ հայոց բանակին տարած հպարտառիթ յաղթանակին՝ ազերիներու նախայարձակման դէմ: Սրբազանին խօսքը ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ ներկաներուն կողմէ…

Նախակրթարանի բաժինէն շրջանաւարտ եղան 18 պարման-պարմանուհիներ, իսկ Միջնակարգի բաժինէն՝ հինգ հոգի: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր բոլոր շրջանաւարտները, իրենց մաղթելով որ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրեն ուսման եւ կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս եւ՝ ամենակարեւորը, ԸԼԼԱՆ ՏԻՊԱՐ ՀԱՅԵՐ, իրենց կարեւոր ներդրումը բերելով մեր ազգային կեանքին:

 

 

Նախորդը

Լիբանան

Յաջորդը

Արեան Ու Սուրբ Իմաստութեան Յաւիտենական Պապակ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?