Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդիկ Կը Գրեն Պատմութիւնը, Որ Սոսկ Թիւ-Թուական Չէ

Յուլիս 21, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Պատմութիւն վերլուծելու եւ քաղաքական ուղղութիւն ճշդելու մեծամտութեան չունին այս մտորումները:

Սպառողական քաղաքակրթութեան մէջ թաթխուած, ժամանակ չունինք մեր պատմութեամբ զբաղելու, որպէսզի մենք մեզ ճանչնանք: Փոխարէն, անցեալ կը յիշենք կլոր թուականներու, ամեակներու, ծնունդներու, մահերու, պատերազմներու, յաջողութիւններու առիթներով: Կարծէք այդ կ’ընենք, որպէսզի պահ մը մենք մեզ արժեւորենք, ընթացիկէն եւ ճահճացումէն դուրս գալու համար:

83-ամեակ, 97-ամեակ, 109-ամեակ, համ ու հոտ չունին, մինչ 50-ամեակ, 100-ամեակ, 1000-ամեակ, 1500-ամեակ, կարծէք երեւակայութեան թեւ կու տան, մենք մեր աչքին կը կարծենք մեծնալ: Օրինակ, մեր պատմութեան անկիւնադարձութեան դէպքը տեղի ունեցաւ 405 թուականին, բայց ոք կը տօնէ Գիրերու գիւտի 1615-ամեակը, 1615-ամեակ մը ոչ ցնցող է, ոչ երեւակայութեան թափ տուող: Թերեւս համազգային տարողութեամբ, օր մը, 85 տարի ետք, կը նշենք 1700-ամեակը:

Յաճախ չի գրուիր եւ չի խօսուիր Սեւրի դաշնագիրի ամեակներուն մասին: Թերթերը, ոչ բոլորը, երբեմն, ըստ ընկալեալ սովորութեան, յիշեցում կ’ընեն:

Մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), Սեւրի դաշնագիրէն աւելի կարեւոր իր իրաւունքները ճանչցող միջազգային վաւերաթուղթ ունի՞:

 

Սեւրի դաշնագրին մասնակցած Հայաստանի պատուիրակութիւնըԱհարոնեան (կեդրոնը)

Դաշնագիր, որ կը պարտաւորեցնէ երէկի յաղթական եւ այսօրուան մեծերը իրենց ստորագրութիւնները եւ յանձնառութիւնները յարգել:

Արդարեւ, այդ դաշնագիրին տակ կան ստորագրութիւնները անոնց, որոնք խոստումներ տուած էին, կը ներկայանային որպէս արդարութեան, իրաւունքի եւ խաղաղութեան ռահվիրաներ, այդ նպատակով ալ հիմնած էին ինչ որ կոչած էին Ազգերու Լիկա (La Société des Nations), որուն յաջորդն է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (Organisation des Nations Unies), ՄԱԿը:

Փակագիծ մը. երբեմն ուշադրութեամբ պէտք է կարդալ ՄԱԿ-ի Համաձայնագրի (Charte) ներածութեան խօսքերը: Հոն կ’ըսուի. «…մենք՝ աշխարհի ժողովուրդներս եւ ազգերս…»: Բայց հոն կան միայն ազգ-պետութիւնները եւ ոչ ժողովուրդները, այսինքն հոն չկան իրենց հայրենիքէն զրկուած եւ հայրենահանուած ժողովուրդները:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին գումարուած Խաղաղութեան վեհաժողովին Հայկական հարցը ներկայ էր, որ յանգեցաւ Սեւրի դաշնագիրին, զոր ստորագրեցին Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Անգլիան, Իտալիան, Հայաստանը, ուրիշներ, եւ Թուրքիան:

Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, ստորագրեց պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեանը, որուն դամբանը կը գտնուի Փարիզի Փէր Լաշէզի գերեզմանատունը:

Յիշուած պետութիւնները յանձնառութիւն ստորագրեցին յանուն իրենց պետութեան, անոնք պետութիւն կը ներկայացնէին: Անոնք պատահական անձեր չէին:

Եւ չյարգեցին իրենց ստորագրութիւնը:

Չյարգուած ստորագրութիւնը կոչեցէ՛ք ինչպէս որ կ’ուզէք:

Այդ պետութիւնները պարտական են հայ ժողովուրդին եւ պատմութեան առջեւ հաշուետու:

Մեր ելոյթներուն, խօսքին եւ յարաբերութիւններուն մէջ անվարան ա՛յս պէտք է յիշել եւ յիշեցնել:

Միջազգային յանձնառութիւն: Որպէս այդպիսին, երէկ եւ այսօր, առանց ճապկումներու, նախ մենք տէր պէտք է ըլլանք անոր:

Դաշնագիրը կ’որոշէր Հայաստանի տարածքը ընդարձակել եւ անոր ու  Թուրքիոյ միջեւ սահմանը գծել: Այդ էր որոշումը՝ ստրագրուած եւ ընդունուած: Եւ Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն գծեց սահմանը՝ իրեն տրուած իրաւասութեամբ: Անոր գործադրութեան համար նոր որոշումի կարիք չկար:

Սեւրի դաշնագիրի հիմնական որոշման գործադրութիւնն էր Վուտրօ Ուիլսընի գծած սահմանը:

Դաշնագիրի 88-93-րդ յօդուածները կը վերաբերին մեզի: Թուրքիան կը ճանչնար Հայաստանը՝ որպէս ազատ եւ անկախ պետութիւն: Մեզի համար դաշնագիրին մէջ արձանագրուած հիմնական հարցը հետեւեալն է. Թուրքիան եւ Հայաստանը համաձայնած էին, որ Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն վերաբերեալ սահմանները, երկու երկիրներուն միջեւ, պիտի որոշէր Վուտրօ Ուիլսըն: Անոր որոշումը եւ առաջարկները Հայաստանի ապահովելու դէպի ծով ելք, պիտի ընդունուէին երկու կողմերէն:

Այս էր վճիռը: Եւ Վուտրօ Ուիլսըն գծած է այդ սահմանները:

Այս է պարտքը Խաղաղութեան վեհաժողովի մասնակիցներուն եւ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող պետութիւններուն:

Անվարան պէտք է ըսել եւ կրկնել, որ այդ որոշումէն հրաժարիլ պետական մակարդակով վատութիւն է:

Այս մեզի թողուած քաղաքական իրաւունքի ժառանգութիւն է, որուն տէր պէտք է ըլլան հայրենի պետութիւնը, սփիւռքը եւ այսպէս կոչուած բարեկամ պետութիւնները:

Հետաքրքրուողները թող փնտռեն եւ գտնեն Վուտրօ Ուիլսընի գծած սահմանները: Այն ատեն պիտի հասկնան, որ այդ սահմաններով Հայաստան մը աճելու, զարգանալու եւ հայրենահանուած զանգուածները ի մի բերելու, բնակեցնելու հնարաւորութիւն կ’ունենար:

Այս Հայաստանի պետութեան, անոր ժողովուրդին եւ հայրենահանուած զանգուածներուն անժամանցելի իրաւունքն է եւ միջազգային համայնքին պարտականութիւնը:

Մնացեալը ճապկում է, անճարակութիւն, աճպարարութիւն, հրաժարում, ուրացում, վատութիւն:

Այս մասին պէտք է խօսիլ ամէն օր եւ չսպասել առիթներու եւ ամեակներու:

Եւ, ի հարկէ, այս պէտք է թիրախաւորուի որպէս քաղաքական առաջադրանք եւ միջազգայնացուի:

Կոչեցէ՛ք զայն ինչպէս որ կ’ուզէք՝ պետական քաղաքականութիւն կամ Հայ դատ:

Հիմնահարց, զոր պէտք չէ փոքրացնել, թէեւ այլապէս կարեւոր, ցեղասպանութեան ճանաչումներու աղմուկին մէջ:

Պատմութիւնը այնպէս է, որ ժամանակի բանալի ակնթարթին վրայ մարդը կը դնէ իր դրոշմը: Այդպէս է Սեւրի դաշնագիրը, եւ Աւետիս Ահարոնեանի ստորագրութիւնը:

Պատմաբանները, թիւ թուականներով, տեսութիւններով, բաղդատութիւններով, կը վերլուծեն պատմութիւնը: Ազգին համար պատմութիւնը տոկալու եւ տեւելու շնչառութիւն է, առանց որուն կը դառնանք դիակ:

Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած Աւետիս Ահարոնեանի գրիչը պահուած է ՀՅ Դաշնակցութեան թանգարանին մէջ: Խորհուրդ կամ ֆէթիշ: Բայց անոր երբ կը նայիք, պատմութիւնը կը լսէք:

Երկու տարի առաջ Երեւանէն Վան, աննախընթաց օդանաւային թռիչքով Էրգիր գացի: Վանէն գացինք Իգդիր, Աւետիս Ահարոնեանի Թուրքիա դարձած ծննդավայրը, ուրկէ օդանաւ պիտի նստէինք շարունակելու համար մեր ճամբորդութիւնը: Քարի վրայ նստած, կը դիտէի երկինքը, դաշտերը, կարծէք կը տեսնէի այդ հայաշխարհի ծնունդ Աւետիս Ահարոնեանը:

Բանաստեղծ եւ գեղապաշտ հոգի մը, որ ներքաշուեցաւ մեր պատմութեան փոթորիկներուն մէջ, երգեց մեր ցաւը եւ ոգորումները: Հուսկ, Մարսէյ, բեմի վրայ զգետնուեցաւ սրտի տագնապի իբրեւ հետեւանք, եւ տարիներ անխօս մնալէ ետք, մեռաւ 1948-ին: Հալէպի ճեմարանի աշակերտ էի: Աւետիս Ահարոնեանի մահուան լուրը դասարան եւ բակ լռութեան մատնեց: Կարդացած էինք Ահարոնեանի «Վազրիկ»-ը, ինքնապաշտպանութեան կռիւներու մասնակից սուրհանդակ պատանի հերոսի պատմութիւնը:

Այն ատեն լսեցինք նաեւ Սեւրի դաշնագիրի, Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն եւ Վուտրօ Ուիլսընի գծած սահմաններուն մասին: Գիտակցութեան բաց դուռ, ըսէ՛ք՝ դաստիարակութիւն:

«Վազրիկ», Ահարոնեան: Հայու շեղուած եւ խեղուած ճակատագիրներ: Հայոց պատմութիւն: Եթէ փորձենք մենք մեզ դիտել անոր հայելիին մէջ, դիտել նաեւ մեր այսօրը…

Մեր պատմութիւնը գիտնալ չի բաւեր: Ինչպէ՞ս տէր ըլլալ: Երէկ: Բայց 1948-էն ետք եկող սերունդները:

Հիմա, երբ օգոստոս 10-ին Փարիզ գտնուիմ, քանի մը հոգիով, երբեմն ալ եկեղեցականի մը ընկերակցութեամբ, Փէր Լաշէզի գերեզմանատունը կ’երթամ, քանի մը ծաղիկ կը տանինք:

Այդպէս է նաեւ թուականներու խաղը: Օգոստոսի 10-ը արձակուրդի թէժ օր է, Փարիզը կ’ամայանայ: Սեւրի դաշնագիրը կը պարտուի արձակուրդի հրամայականին դիմաց եւ Ահարոնեանի շիրիմը սրտցաւ այցելու չ’ունենար:

Նոյնիսկ եթէ պետութիւններու յիշողութիւնը ընտրովի եւ շահախնդրուած է, գէթ մենք պիտի գիտնանք, որ օգոստոս 10-ին ստորագրուած է հայոց իրաւունքի ճանաչման անժամանցելի մուրհակը եւ այդ դաշնագիրը կապուած է Փէր Լաշէզ հանգչող մեծ մարդու անունին:

Արձակուրդի մեկնողները եւ հայաշխարհներէն եկող զբօսաշրջիկները եթէ ուխտի երթան մինուճար գերեզմանին, այն մարդուն, որ մեծ պետութիւններու, Թուրքիոյ եւ յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան՝ ստորագրած էր մեր իրաւունքի պարտամուրհակը…

Այդ պէտք է ընել «Վազրիկ»-ին եւ գալիք «Վազրիկ»-ներուն համար:

Երէկ Ֆրանսան տօնեց իր ազատութեան օրը: 14 յուլիս էր, quatorze juillet: Ժողովուրդը իր պատմութեան հետ եւ պատմութեան մէջ:

Նախանձեցայ:

Ինչպէ՞ս մենք պիտի ըլլանք մեր պատմութեան մէջ եւ պատմութեան հետ. սփիւռք(ներ), արտագաղթողներ եւ իրարու չհանդուրժողներու Հայաստան:

15 յուլիս 2020, Նուազի-լը-Կրան

         

 

 

Նախորդը

Գդակը

Յաջորդը

Զգուշացման Կոչ` «Քորոնա»-ի Ճգնաժամային Շտապէն

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Անդրադարձ

135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Դեկտեմբեր 9, 2025
Լիբանանի Առաջարկին Իրանի Պատասխանը
Անդրադարձ

Լիբանանի Առաջարկին Իրանի Պատասխանը

Դեկտեմբեր 9, 2025
«Դրօշակ»- ի Առաջնորդող.  Այդ Ընդդիմադիրը Եւ Մեր Առաջիկայ Քննութիւնը
Անդրադարձ

«Դրօշակ»- ի Առաջնորդող. Այդ Ընդդիմադիրը Եւ Մեր Առաջիկայ Քննութիւնը

Դեկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?