Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հ.Բ.Ը. Միութեան Հաճընի Որբանոցը, 1919-1920

Յուլիս 23, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաճնոյ հերոսամարտի 100ամեակի ծիրէն ներս, Հաճնոյ Հայրենակցական Միութիւնը աւելի քան տարի մը առաջ լծուեցաւ համապատասխան շուքով նշելու պատմական այս իրադարձութիւնը:

Ծրագրուած եւ ընթացքի մէջ են յուշարձանի բացումի եւ հերոսամարտի գիտաժողովի աշխատանքները, մատաղօրհնէքի եւ պատարագի արարողութիւնները՝ Անթիլիասի, Էջմիածնի, Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղամասի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Հաճըն աւանին մէջ, ուխտագնացութիւնը՝ պապենական Հաճըն եւ գիրքերու հրատարակութիւնը: Արդէն իսկ կը գործէ հայրենակցականի դիմատետրը.- Compatriotic Union of Hadjin – Lebanon.

Այս ծիրին մէջ, այս օրերուն Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Հաճընի Որբանոցը 1919-1920, 288 էջանի երկլեզուեան (հայերէն եւ անգլերէն) հատորը:

Այս որբանոցը կազմուած էր Դամասկոսի մէջ, Ա. Համաշխարհային Պատերազմի աւարտէն իսկ առաջ: Զինադադարի շրջանին, ՀԲԸՄ Գահիրէի ղեկավարութիւնը պատեհ կը տեսնէ անոր փոխադրութիւնը Հաճըն: Որբանոցը իր 66 որբերով կը վերահաստատուի Հաճըն, ուր նոր որբեր կ’ընդգրկուին, ընդհանուր թիւը հասցնելով 212ի: Անտուն ու անտէր որբեր պատսպարելու կողքին, որբանոցը կը լծուի կրթական առաքելութեան, կը նպաստէ նաեւ վերականգնող Հաճընի կենսունակութեան:  Միամեայ խաղաղ կեցութենէ ետք, սակայն, Հաճընի պաշարումով որբանոցը եւ արծուեբոյնը կը դիմագրաւեն օրհասական օրեր: Պատանի որբանոցայիններու խումբ մը կը ստանձնէ զինամթերքի փոխադրութեան  եւ հաղորդակցութեան պարտականութիւնները:

Ութամսեայ հերոսական դիմադրութենէ ետք, սիրուն Հաճընը կը գրաւուի թուրք հրոսակներու կողմէ: Հաճըն վերադարձած շուրջ 7000 հաճընցիներ կը ջարդուին, կը կոտորուին նաեւ Հաճընի ՀԲԸՄիութեան որբանոցայինները: Նախճիրէն կ’ազատին ութ որբանոցայիններ, միքանի պաշտօնեաներ եւ ոչ աւելի քան 400 հաճընցիներ:

Հատորը կը ներկայացնէ որբանոցայիններուն դիմապատկերը.-  անոնց լուսանկարը, ծննդավայրը, աքսորավայրը, որբանոց մուտքի թուականը, ծնողքի եւ հարազատներու ճակատագիրը եւ որբին նիւթական հոգածութիւնը ստանձնած բարերարին (անհատ/հաստատութիւն/վարչութիւն) անունը:

Գիրքին ներածականին մէջ ներկայացուած են ծննդավայր վերադարձի, ապա եւ Հաճնոյ վերականգնումի շուրջ երկամեայ պատմութիւնը, ՀԲԸՄիութեան որբանոցի բնակչութեան հաւաքական դիմապատկերը, հերոսամարտի դրուագներ եւ մարտիրոսութիւնը: Գիրքին վերջաւորութեան տրուած է անուանացանկը որբանոցայիններուն: Քարտէսներով  ներկայացուած են որբանոցայիններուն ծննդավայրերն ու աքսորավայրերը, եւ ինքնապաշտպանութեան գործողութիւններուն դիրքերը, նաեւ միքանի նկարներ:

Գիրքին  ներածականը եւ   ծանօթագրութիւնները գրած է Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Գիրքը կը հանդիսանայ Եղեռնին հետեւանքով տասանորդուած, սակայն իր մէջ աներեւակայելի ուժ ունեցող հայ ժողովուրդին վերականգնումի անհաւատալի ճիգին մէկ պատմութիւնը:

Տիար Կարապետ Պապահէքեանի մեկենասութեամբ լոյս տեսած այս հատորին պիտի յաջորդեն ուրիշներ:

Այս եւ յաջորդող հատորներու շնորհանդէսները, գիտաժողովը, յուշակոթողի բացումը, մատաղօրհնէքները, հոգեհանգիստեան արարողութիւնները եւ ծրագրուած այլ ձեռնարկներ գործադրութեան պիտի դրուին անմիջապէս որ ներկայ համավարակի պայմանները թոյլատու ըլլան:

ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Լիբանան

 

 

 

 

Նախորդը

Հայ Կուսակցութիւններու Ուսանողական- Երիտասարդական Միութիւններու Հանդիպում

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Դատապարտեց Հայաստանի Դէմ Ազրպէյճանական Յարձակումներուն Մէջ Իսրայէլի Դերակատարութիւնը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?