Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գդակը

Յուլիս 21, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

– Ժամը 10։00-ն է. դու ո՞րտեղ ես. ասել ենք, որ մենք 10։30 այնտեղ կը լինենք…

Բարեկամուհիս հեռաձայնով կը յայտնէ իր մտահոգութիւնը, որ յանկարծ ժամադրութիւնը մոռցած կամ այլ ուղղութեամբ գացած չըլլամ։

– Արդէն ես քեզ կը տեսնեմ. քսան հաշուէ, եւ ես մօտդ կ’ըլլամ։

Գտանք զիրար ու մտանք գրադարան, ուր մանկամարդ կին մը կը սպասէր մեզի։ Արուեստի հանդէպ իւրայատուկ սիրով ներկայացող հայրենակիցս բաւական տպաւորիչ ձայնով կը գրաւէր ուշադրութիւնս. աւելի՛ն, այնպիսի ջերմութիւն կը զգայի իր վերաբերումին մէջ, կարծես երկար ժամանակէ զիրար ճանչնայինք։ Հրաւիրեց մեզ իր տունը՝ սրճադադարի։ Սկիզբը մերժեցի, բայց երբ լսեցի, որ պատիւ պիտի ունենամ այցելելու մշակութասէր ու ազգապահպանման առաքելութեան մէջ նշանաւոր դերակատարութիւն ունեցող անձնաւորութեան մը տունը, անմիջապէս ընդունեցի։

– Հայրենիքի հանդէպ՝ դա սէր է կոչւում…- ըսաւ բարեկամուհիս ժպտելով։

Կինը ինքնաշարժ մը պատուիրեց եւ մեզ տարաւ «Մուրացանի փողոց»-ի վրայ գտնուող տուն-թանգարան մը։ Երբ հասանք, ես բերանաբաց կը դիտէի այդ քարաշէն կառոյցը, երբ բարեկամուհիս ժպիտով ըսաւ.

– Ներս արի՛, դեռ շատ բան ունես տեսնելու…

Իսկապէս որ, երկաթէ դռնէն ներս մտնելով, դիմացս պարզուեցաւ մէկ այլ պատկեր մը՝ քանդակներու ամբողջութիւն մը պար բռնած էր մէկ ծայրէն միւսը։ Իւրաքանչիւրը պատմութիւն մը ագուցած էր իր ստեղծագործութեան մէջ, իբրեւ ժառանգութիւն ու հայ մշակոյթի սէրը բաշխող հեզութիւն։

Քանի մը քայլով յառաջացայ, պտոյտ մը կատարեցի, ապա մտանք սենեակ մը, որուն պատերուն վրայ զետեղուած էին նկարչական նմուշներ՝ ցուցահանդէսներու խօսուն բերկրանքով եւ եղանակի հանգիստը գտնող բնութեան արձագանգներ։

Դրան մօտիկ սեղան մը կար՝ չորս աթոռներով։ Ենթադրեցի, որ այդտեղ պիտի նստինք ու խմենք մեր սուրճը, այգիին մօտ, ապա հրաժեշտ տալով մեկնինք։ Բայց ո՛չ. սխալած էի. այս բոլորը սկզբնաւորութիւնն էր վերի յարկը մեզի սպասող անակնկալներուն։

Աստիճանները բարձրացած պահուս, լսեցի խօսակցութիւն մը երկու կիներու միջեւ. մէկուն ձայնը այլեւս ծանօթ էր ինծի՝ մեզ այստեղ բերող ազնիւ կնոջ ձայնն էր, իսկ երկրորդինը՝ ենթադրաբար տնեցի մը, որ կը մերժէ մեզ բարեւել, որովհետեւ կը պնդէր, թէ «ինք իր պատշաճ հագուստները չէ հագած եւ չի կրնար երեւիլ»։ Այս խօսքը լսելուս, պահ մը ես իմ հագուստներուս նայեցայ. ես ալ սովորական բան մը հագած էի, բայց կարեւորութիւն չտուի խօսակցութեան, ընդհակառակն, երեւակայեցի, որ տարիքոտ կին մը պիտի չուզէ հիւրեր դիմաւորել, եթէ իր տան սովորական հագուստով ըլլայ, մանաւանդ՝ առաջին այցելութեան։

Ուշադրութիւնս գրաւեց ընտանեկան պատկեր մը, որուն կեդրոնը գտնուող անձնաւորութիւնը նշանաւոր ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցին էր։ Շատ տեսած էի զինք պատկերասփիւռէն եւ հմայուած իր աւանդական տարազով, զարդեղէններով ու հաղորդած տեղեկութիւններով։

– Դուք տեսնում էք մեր ընտանեկան նկարը. կեդրոնում նստած է Լուսիկ Ագուլեցին, այս ես եմ, սրանք էլ իմ…

Բերանս բաց մտիկ կ’ընէի, ուրեմն…

Սկսայ ժպտիլ։ Հասկցայ՝ «պատշաճ հագուստներ չէ հագած եւ չի կրնար երեւիլ…» նախադասութեան իսկութիւնը։

Մղոններ հեռու տեղէ մը եկած եմ, առաջին անգամ կը յայտնուիմ իրենց տան մէջ, զմայլած կը դիտեմ ամէն տեղ, ի՞նչպէս սովորական հագուստով պիտի ներկայանար բազմատաղանդ այդ կինը, որ անկիւն մը մտած նկարչական աշխատանք կը կատարէր։ Տեսողութենէ հեռու էր, ոչ իսկ ներկի հոտը կրնար մատնել իր աշխատանքի անկիւնը։ Ամէն բան խնամքով, բծախնդրութեամբ տեղադրուած էր ու ցուցադրուած եկուորներուն դիմաց. աւելին՝ իր հարսը կու տար բացատրութիւնը իւրաքանչիւր զարդեղէնի, առարկայի, նկարի, պուպրիկի եւ այն ամէնուն, որ անցեալի յիշատակներ կը վերականգնէր։ Պատմութիւններ, հաւատալիքներ, աւանդութիւններ, սովորութիւններ, վարուելակերպ, եւայլն-եւայլն կը դրոշմուէին միտքիս մէջ։ Աւելի՛ ուշադրութեամբ սկսայ մտիկ ընել, երեխայի մը պէս, որ ծանօթ տիպարի մը մասին գիտէ աւելի լաւ արտայայտուիլ, քան չճանչցածներէն մէկուն մասին։ Վերջապէս բառերը դուրս թռան բերանէս ու ըսի.

– Արդեօք Լուսիկ Ագուլեցիին աշխատանոցը այստե՞ղ է։

– Այո՛, ինք տան մէջ է աշխատում. բայց չի ուզում յայտնուել… ուրիշ օր…

Ժպիտս կարծեմ կեղծ թուեցաւ. պատրաստ էի զինք տեսնելու, հարցնելու հարցումներ իր աշխատանքին մասին, ձեռքը սեղմելու, յայտնելու, որ ինծի համար ծանօթ անուն է Ագուլիսը… Բայց առիթը յարմար չէր երեւի…

Սենեակէ-սենեակ կը շրջէինք, որովհետեւ իւրաքանչիւր սենեակ ճաշակ ու գիտելիք կը փոխանցէր իր յարդարանքով, կահոյքով, տարազներով ու ձեռային աշխատանքներու ներդաշնակութեամբ։

Յանկարծ անկողինին վրայ նշմարեցի գդակ մը։ Ներքին մղումէ թելադրուած հարցուցի.

– Որո՞ւ է։

– Լուսիկ Ագուլեցու գդակն է. իրա պատրաստածը։

Հազիւ այս տողը ըսած, դուռը զարնուեցաւ. ներողութիւն խնդրեց հարսը ու վար իջաւ։ Ահա դէմս էր Ագուլեցիի անձնական գդակը։ Առանց երկմտանքի դպայ գդակին. իւրայատուկ էր՝ իր նախշով, ձեւով, արծաթեայ շղթայով։ Նայեցայ շուրջս, ոչ ոք կար. առի ու անմիջապէս դրի գլխուս, արագ «սելֆի» նկարուեցայ, ապա տեղաւորեցի զայն անկողինին։ Դուրս եկայ սենեակէն։ Գոհունակութիւն կը զգայի։ Մեղաւոր չէի, որ առանց հրամանի փափաք մը իրականացուցած էի՝ ներքին ձայնի մը խնդրանքը։

Մօտ տասը վայրկեան ալ շարունակուեցաւ մեր զրոյցը, ապա մանկամարդ Ագուլեցի հարսը նոր ժամանած հիւրերուն ցոյց տալու համար տան մէջ գտնուող արուեստը, ազատ ձգեց մեզ։ Ասիկա առիթ մը պիտի ըլլար մեկնելէ առաջ դարձեալ աչք մը նետելու տեղադրուած առարկաներուն։

Ճաշասեղանին մօտ, երբ կը քննէի ամաններն ու անոնց բաշխումը, կին մը կանգնեցաւ դիմացս ու ըսաւ.

– Հայուհի՛ ջան, ես քեզ հիմի կը տամ իմ զգեստն ու գդակը, դու կը հագնես ու կը նկարուես։ Ուզո՞ւմ ես…

Լուսիկ Ագուլեցին էր։

– Ուրեմն տեսած էր իր գդակով նկարուիլս,- մտածեցի։

– Ընտրիր քեզ համար մի անկիւն,- ըսաւ ու ինծի երկարեց իր բերած ազգագրական տարազն ու միեւնոյն գլխարկը։

– Այստեղ,- ըսի, ցոյց տալով պատէն կախուած հայ ֆետայիներու զէնքեր։

Ժպիտ ուրուագծուեցաւ դէմքին. խոր նայեցաւ աչքերուս։ Ես ալ փոխադարձ ժպտեցայ եւ վրաս անցուցի իր հագուստը։ Նոյն պահուն, յաւելեալ բացատրութիւններ հաղորդեց աւանդական զգեստին ու գդակին մասին, խնամքով անցուց զարդասեղը օղակին մէջ, կարծես կը պարծենար բացայայտ ուրախութեանս լարերը թրթռացնելով։

Հրճուանքով նայեցայ քամերային՝ հպարտանքով ու յուզումով։

Սիրտս ուժգին կը բաբախէր։ Յաղթած էի ժամանակին, աւելին՝ կրցած էի հետաքրքրութիւնը շարժել այն վեհ կնոջ, որ առանձնութեան մէջ անցեալը կը գունազարդէր արուեստի նրբաճաշակ վարպետութեամբ։ Դիմացս էր այլեւս, անշարժ ու աչքերու կախարդանքով եռուն։

Քանի մը նկարը արդէն բաւարար էր։ Ասեղնագործ տարազը պէտք է հանէի ու վերադարձնէի տիրոջ։ Հայ հերոսուհի կանանց զրահն էր, որ պատսպարած էր մարմինս, հոգիս, շունչս ու ամբողջ էութիւնս։ Կը զգայի, որ այդ լուսանկարներու շարքը կրցած էր պատմական յիշողութեան մէջ տեղադրել զիս եւ հիմա կը վերադարձնէր իմ անձս՝ ներկային։

– Հակառակ աւանդական այն խրատին՝ «Բան մը, որ քուկդ չէ իրաւունք չունիս ձեռնելու», սակայն կախարդական շարժումը այնքան արագ ընթացաւ, որ մոռցուց ամէն բան, ես ալ յանձնուելով մղիչ զօրութեան՝ առանց հրամանի ձեր գդակը զետեղեցի գլուխիս…- ըսի կարմրած երեսիս տաքութիւնն զգալով։

– Ներքին մղումը անգերազանցելի է…- ըսաւ ժպտելով ու շարունակեց.- ես էլ ուզում էի իմանալ, ո՛վ է այն հայուհին, որ պատիւ ունեմ իմ տանս մէջ զինք ընդունելու…

Հրաւիրեց զիս, որ յաջորդին դարձեալ այցելեմ, դարձեալ հագնիմ իր տարազը, եւ երկար զրուցենք միասին։ Խոստացայ, բայց դժբախտաբար խոստումը մնաց երազ… Հանդիպումէն կարճ ժամանակ ետք Դիմատետրի էջին վրայ կարդացի, որ Լուսիկ Ագուլեցին կնքած է իր մահկանացուն։

Աչքիս դիմաց կրկնուեցաւ մօտիկ անցեալի ժապաւէնը, դէպքերու  յաջորդականութեամբ, գդակ մը, որ երկվայրկեանի մէջ կրցաւ տարբեր հորիզոն մը յայտնաբերել, փափաք մը իրականացնել, մտածումի նոր ակօս մը բանալ եւ յիշողութեանս մէջ ժպիտ մը սերմանել… Առաջին ու վերջին մեր հանդիպումը մնաց ու կը մնայ անջնջելի յիշողութիւն։

Խունկ ու աղօթք՝ արուեստագէտ Լուսիկ Ագուլեցիին…

17/5/2020
Այնճար

Նախորդը

Արեան Ու Սուրբ Իմաստութեան Յաւիտենական Պապակ

Յաջորդը

Մարդիկ Կը Գրեն Պատմութիւնը, Որ Սոսկ Թիւ-Թուական Չէ

RelatedPosts

Որպէս ԼՂ Հակամարտութեան Միջնորդներ` ԱՄՆ-ն, Ֆրանսան Եւ Ռուսաստանը Պարտաւոր Են Դիւանագէտների Միջոցով Դիտորդի Կարգավիճակ Պահանջել Պաքուից
Անդրադարձ

Վերագաղտնազերծելով Պարտութիւնը՝ Հայաստանի Անկատար Փաստաթղթերու Հրապարակումը

Դեկտեմբեր 13, 2025
Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Սուրբ Յակոբի Տօնը
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Սուրբ Յակոբի Տօնը

Դեկտեմբեր 13, 2025
Հա՛րկ Է, Որ Եկեղեցին Տագնապի  Տագնապիլը Գործելու Զսպանակն Է
Անդրադարձ

Յետմահու Հրատարակուած Արժէքաւոր Հատոր Մը` Զաւէն Խանճեանի «Մարդը Եւ Աւանդը» Գիրքը

Դեկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?