Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճեմարան՝ Ժողովուրդի Բոլոր Խաւերու Զաւակներուն Դարբնոցը

Յուլիս 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

1960 թուական:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի աշակերտ՝ ուսումս շարունակելու տենչով տարուած, կարելիս կ՛ընէի, որ աւարտէի գերազանցութեամբ, որպէսզի ճեմարանական դառնայի: Ընտանեկան միջավայրս ներշնչած էր Ճեմարանի սէրը, զարմուհիս եւ քոյրս արդէն կը յաճախէին Ճեմարան: Տնօրէնը պարոն Սիմոն Վրացեանն էր, անկախ Հայաստանի վերջին վարչապետը: Մ. Իշխանը պիտի ըլլար հայերէնի ուսուցիչս. խանդավառութիւնս մեծ էր:

Տարին իր աւարտին կը հասնէր: Օր մըն ալ պրն. Սեդրակ Զաւէնը, դպրոցի տնօրէնը, մեր տունը այցելեց իմացնելու համար հօրս, որ երկրորդական վարժարան մը յաճախելու կարելիութիւն պիտի ունենամ՝ անվճար, փոխադրակառքի, գիրքերու եւ գրպանի ծախսերը ներառեալ: Ես՝ լուռ նստած, անձկութեամբ կը հետեւէի խօսակցութեան. «Պարո՛ն Սամուէլ, աղջիկդ ապահով կրնայ իր ուսումը շարունակել»… բայց ոչ Ճեմարանի մէջ: Ես՝ հիասթափուած, արցունքներս հազիւ կը զսպէի, իսկ հայրս շատ գոհ էր, որ պարոն տնօրէնը իր պարտականութիւնը կատարած էր՝ յաջողակ աշակերտ մը տեղաւորելով երկրորդական վարժարանի մը մէջ։

  • Աղջի՛կս, բախտաւոր ես. իմ միջոցներս չեն ներեր, որ քեզ ղրկեմ երկրորդական վարժարան:
  • Բայց հայրիկ, ես կ՛ուզեմ Ճեմարա՛ն յաճախել:

Ողբերգական վիճակի մէջ էի. հայրս, քոյրերս, եղբայրս կը փորձէին զիս համոզել. բայց մայրս համաձայն էր:

Տխուր էի, բայց վճռական՝ հօրս պատասխանեցի. «Եթէ Ճեմարան դասաւորուի, կը շարունակեմ ուսումս, ապա թէ ոչ՝ գործի ասպարէզ կը մտնեմ»:

Հայրս չէր ուզեր մերժել Սեդրակ Զաւէնը, բայց փափաքս ալ կ՛ուզէր կատարել: Հետեւաբար, դիմեց պարոն Օննիկ Մելիքսէթեանին, այդ օրերու Համազգայինի գրախանութի տնօրէնին, որ միեւնոյն ատեն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավարն էր:

Պարոն Օննիկ Մելիքսէթեան՝ վիճակացոյցս տեսնելով, անմիջապէս ընդառաջեց, եւ ես ներկայացայ պարոն Գառնիկ Բանեանին: Պարոն Բանեան իմացուց, որ «Կիւլպէնկեան»-ի սան եմ, հետեւաբար լաւ պէտք է աշխատիմ:

Ուրախութիւնս անսահման էր. Պարոն Մուշեղին պիտի աշակերտեմ: Ազգային բոլոր վարժարաններէն գերազանց լաւ աշակերտներ, նոյնիսկ եթէ նիւթական միջոցները չունէին կրթաթոշակ վճարելու, կրնային դիմել. Ճեմարանի դուռը բաց էր իրենց համար:

Երբ պարոն Վրացեանին աշակերտը դարձայ, հպարտութիւնը հոգիս կը լեցնէր: Առաջին գրաւորի նիւթը մենք զմեզ ներկայացնելն էր: Ես իմ պատմութիւնս պատմեցի եւ գրաւոր շնորհակալութիւնս յայտնեցի Ճեմարանին: Իսկ իմ դասընկերներէս մէկը, որ Ս. Նշանէն եկած էր Ճեմարան եւ չէր կրցած դասաւորել, որ սան դառնայ, այդ գրաւորով պարոն Վրացեանին փոխանցեց իր մտահոգութիւնը եւ իմացուց, որ իր ծնողները չեն կրնար վճարել կրթաթոշակը, ուստի կէս պիտի ձգէ ուսումը: Պարոն Վրացեան գրաւորը կարդալէ ետք կանչեց դասընկերս եւ իրեն իմացուց, որ պիտի շարունակէ Ճեմարան յաճախել՝ անվճար:

Այսպէս, շատեր եւս չզրկուեցան ուսումէ, դարձան ուսեալ անձեր եւ հետագային ներգործօն դեր ստանձնեցին ազգային կեանքին մէջ: Ոչ միայն ազգային կեանքին մէջ, այլ նաեւ հայրենիքին համար. երկրաշարժի օրերուն, Արցախեան պատերազմի օրերուն իրենց ներդրումը ունեցան: Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի շունչը զիրենք Հայաստան հասցուցած էր:

Սօսէ Ճինպաշեանին Գործերը

1.- Պատմութիւններ

– Վաչիկին քուչիկը դպրոց կ՛ուզէ երթալ  (տպագրուած)
– Բութամատիկը  (անտիպ)

2.-Թարգմանութիւններ

– Ջուրի կաթիլը, որ կը կոչուէր Գոհարիկ  (անտիպ)
– Կարմիր փուչիկը (անտիպ)
– Միշկա արջուկը (անտիպ)
– Մկնիկին վերամուտը (անտիպ)
– Ալիս հրաշալիքներու աշխարհին մէջ (անտիպ)
– Ամառը փնտռող անասունները (անտիպ)
– Խենթ հովը  (անտիպ)
-Մկնիկներուն ամէնէն սիրունը  (անտիպ)

3.- Արեւմտահայերէնի վերածուած

– Արեւ եւ լուսին (Յ. Թումանեան)
– Պույ – պույ մկնիկը
– Ծաղիկներու երգը (Յ. Թումանեան)
– Կաթիլ մը մեղրը (Յ. Թումանեան)
– Քաջ Նազարը (Յ. Թումանեան)
– Իրիկուն (Յ. Թումանեան)

4.- Համադրուած գրութիւններ

– Լոյսի տաճարը
– Արեւորդիք
– Արարատեան դաշտի չորս եղանակները
– Տատիկ ռոբոթը
– Լացող արձան (հնդկական հեքիաթ)

Նախորդը

«Ժողովուրդին Օժանդակելը Այսօրուան Հրամայականն Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս Հաստատեց` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ Հանդիպման Ընթացքին

Յաջորդը

Մաքրոն. «Եւրոպայի Արեւելեան Միջերկրականի Անվտանգութիւնը Թուրքիոյ Նման Այլ Երկիրներու Ձգելը Մեծ Սխալ Է»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?