Յօդուածներ

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Գրականութեան Դասաւանդման Առաջարկուող Փոփոխութիւնները Խեղաթիւրում Են Մեր Ազգային Արժէքները

ԴՈԿՏ․ ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ    Մեր երկրի սահմանում դեռ պատերազմը շարունակւում է, թշնամին իր ոտնաձգումը չի դադարեցնում եւ պարզ է հեշտօրէն չի դադարեցնելու: Երկրից դուրս, աշխարհի տարբեր երկրներում ողջ հայութիւնը այս պատերազմի բռնկումի դէմ բողոքի անհանգիստ փոթորկումի մէջ է, մինչ մեր երկրի ներսում մեր կրթական հաստատութիւնների դէմ մէկ այլ պատերազմ է ոտնաձգւում: Պատերազմ` մեր ազգայինը, մեր բարձրագոյն արժէքներն ու ինքնութիւնը ...

Հայկական Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Գանատայի Խորհրդարանին Կողմէ 25 Տարուան Ճանապարհ

Հայկական Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Գանատայի Խորհրդարանին Կողմէ 25 Տարուան Ճանապարհ

ԱՐԻՍ ՊԱՊԻԿԵԱՆ Գա­նա­տա­յի դաշ­նակ­ցա­յին խորհր­դա­րա­նի 21 Ապ­րիլ 2004-ին առն­ուած պատ­մա­կան որո­շու­մը` ճանչ­նա­լու Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, ար­դիւնքն էր Գա­նա­տա­յի եւ շրջան­նե­րու Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու ժրա­ջան եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ հե­տապն­դում­նե­րուն: 1980-ի Օն­թար­իո­յի եւ Քե­պէ­գի խորհր­դա­րան­նե­րու կող­մէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ան­նա­խըն­թաց զոյգ որո­շում­նե­րէն ետք, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը իրենց հայ­եաց­քը կեդ­րո­նա­ցու­ցին դէ­պի Գա­նա­տա­յի դաշ­նակ­ցա­յին խորհր­դա­րան, ուր 1982-ի Փետր­ուար 25-ին, երես­փո­խան Ճիմ Փի­թըր­սըն բա­նա­ձեւ մը...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Ակնարկ. Որպէսզի Հիթլէրեան Նախընթացը Չկրկնուի…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աշխարհի նորագոյն պատմութիւնը ուսումնասիրող ուսանողը, երբ կը հասնի Բ. Աշխարհամարտը կանխող տասնամեակներուն եւ կը սկսի սորվիլ կործանարար պատերազմին պատճառներուն ցանկը, կը հանդիպի հետեւեալ հաստատումներուն. Հիթլէրի շղթայազերծած պատերազմը հետեւանք էր նա՛եւ այն վիճակին, որ կը տիրէր Եւրոպայի մէջ, Ա. Աշխարհամարտէն ետք: Հիթլէր կը ներկայացուի իբրեւ ծնունդը՝ պարտեալ Գերմանիոյ ապրած յուսախաբութեան ու անոր պարտադրուած սանձումներուն. «Ֆիւհէր»ը նոր դրօշակիրն էր գերմանական...

«Դաշնակցութեան Եւ Անոր Համակիրներուն Համար Հայոց Բանակը Եւ Հայկական Պետականութիւնը Բացարձակ Արժէք Են» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Դաշնակցութեան Եւ Անոր Համակիրներուն Համար Հայոց Բանակը Եւ Հայկական Պետականութիւնը Բացարձակ Արժէք Են» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հարցազրոյց տուած է Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Հարցազրոյց» հաղորդաշարին: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է յուլիս 12-ին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածին մէջ իրավիճակի սրման եւ այդ գծով ՀՅԴ սփիւռքեան  կառոյցներուն ու Հայ դատի գրասենեակներուն ձեռնարկած քայլերուն: Հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ազրպէյճանական յարձակումներուն լոյսին տակ աշխարհով մէկ կատարուած ցոյցերուն մասին խօսելով՝ ան...

Ակնարկ.    Չէզոքութեան Հռչակումէն Առաջ

Ակնարկ. Չէզոքութեան Հռչակումէն Առաջ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութիւնը կրնար ուղենշային իմաստ ստանալ այն առումով, որ գործող կառավարութեան օրով առաջին անգամն է, որ գերտէրութեան մը բարձրաստիճան պաշտօնատարը կը ժամանէ Լիբանան` ճգնաժամային պայմաններու մէջ բանակցութիւններ վարելու համար: Ակնկալութիւնը պարզ է: Ճեղքել տնտեսական պաշարումը եւ վերագործարկել օժանդակութիւններու ծրագիրը: Ֆրանսայի պաշտօնական կարգախօսը` «Օգնեցէ՛ք մեզի, որպէսզի կարենանք օգնել ձեզի» տեսքով, բարեկարգչական խնդիրներու կը վերաբերի: Լիբանան պէտք է...

Անդրադարձ.   Թուրքիոյ Ուղղուած Ռուսական Զգուշացում, Յորդոր Եւ Յիշեցում

Անդրադարձ. Թուրքիոյ Ուղղուած Ռուսական Զգուշացում, Յորդոր Եւ Յիշեցում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 12 յուլիսին կատարուած ազրպէյճանական յարձակումին պատճառով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուած մթնոլորտէն ու ազրպէյճանական կողմին ստացած ծանր հակահարուածէն ետք, Թուրքիոյ նախագահը, արտաքին գործոց նախարարն ու պաշտպանութեան նախարարը ամբողջական աջակցութիւն յայտնեցին Ազրպէյճանին ու սպառնացին Հայաստանին` յայտարարելով. «Թուրքիան պատրաստ է Հայաստանին տալու այն դասը, որուն արժանի է»: Ռուսիա թրքական կողմի սպառնալիքներուն տուաւ զգուշացման բնոյթի` զինուորական եւ յորդորական բնոյթի ու յիշեցման...

Հայեցի Դաստիարակութենէ Անդին,  Պատնէշի Վրայ՝ Ուր Որ Ալ Ըլլան

Հայեցի Դաստիարակութենէ Անդին, Պատնէշի Վրայ՝ Ուր Որ Ալ Ըլլան

ՎԱՐԱՆԴ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ Ժամանակին հօրս փափաքին ընդառաջելով, առիթներով միտքերս կ՚ամփոփէի եւ կը գրէի կարծիքներս։ Ցաւօք ըսեմ, որ շատոնց հայերէն չեմ գրած։ Երբ ինձմէ ալ խնդրուեցաւ Ճեմարանի 90-ամեակի առիթով յօդուած մը գրել, մտածեցի պարզ ըլլալ եւ տեսնել, թէ իմ անմիջական կեանքիս մէջ ո՞ւր է Ճեմարանը այսօր։ Պատասխանը շատ յստակ էր՝ ներկայիս իմ կապս մեր սիրելի դպրոցին հետ, ազգային կեանքի մէջ իմ հետս...

«Ոչ պատերազմին». Ախալքալաքում Տեղի Ունեցաւ Ակցիա Ի Աջակցութիւն Հայաստանին

«Ոչ պատերազմին». Ախալքալաքում Տեղի Ունեցաւ Ակցիա Ի Աջակցութիւն Հայաստանին

Գրեց՝  ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱԼԽԱՍԵԱՆ Վերջին օրերին հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան պատճառով աշխարհի տարբեր երկրներում անցկացւում են ակցիաներ (ցոյցեր - ՅՄ) ի աջակցութիւն Հայաստանի: Այսօր՝ հուլիսի 21-ին, Ախալքալաքի մարզադաշտում տեղի ունեցաւ բազմամարդ խաղաղ ցոյց, որի ընթացքում ակցիայի մասնակիցները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանին և նշեցին, որ Ջավախքը միշտ Հայաստանի կողքին է: Ակցիայի գլխաւոր կարգախօսը «Ոչ պատերազմին» է, որով ջավախահայերը յայտնում են իրենց վերաբերմունքը վերջին...

Սպասում

Լորիկ Կամ՝ Թատերական Հրաշագործութիւն

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ  «Լորիկ»-ը  անցեալ յունիս 28-ին ստացաւ Նիւ Եորքի մէջ կայացած «Ընկերային հարցեր շօշափող ժապաւէններու փառատօն»-ի  (Socially Relevant Film Festival) «Լաւագոյն գեղարուեստական ֆիլմ» մրցանակը: Փառատօնը 2014 թուականին հիմնած է ծանօթ արուեստագիտուհի Նորա Արմանին: Հիմնական նպատակը եղած է պայքարիլ ամէն տեսակ բռնութեան եւ զայն որպէս ընդունելի վարմունք ծանուցող երեւոյթներու դէմ (1): «Լորիկ»-ը (2018, 98 վ. բեմադրիչ՝ Ալէքսէյ Զլոպին) ցուցադրուած էր «Ոսկէ...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Կեցուածք. Համբերութեան Բաժակը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 12 Յուլիսին ու յաջորդ օրերուն, ազերիական բանակը, Հայաստանի Տաւուշ քաղաքի սահմանային գօտիէն ներս թափանցումի փորձ կատարելով, նոր տարածք մը տուաւ հայ-ազերիական համամարտութեան, որ մինչ այդ, առաւելաբար կը տարուէր Արցախի ճակատներուն վրայ: Չենք մոռցած ուղղակի Հայաստանի վրայ անցեալի յարձակումներն ու ռմբակոծումները, սակայն Տաւուշի ուղղութեամբ գործողութիւնը բացայայտօրէն տարբեր էր նախընթացներէն, ինչպէս որ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմը տարբեր էր իր նախընթացներէն (որոնք...

Կ՚ուզեմ Դուրս Ելլել

«Հայե՜ր Միացէ՛ք, Միացէ՛ք Հայեր»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Սրբազան հայրը հեռաձայնեց եւ քաջալերեց մեզ բոլորս, որ ցոյցին մասնակցինք»։ Ալիքն է։ Իմ դուստրս, որ կ՚ապրի ու կ՚աշխատի Լոնտոն։ Ան իր բաժինը կը բերէ  տեղւոյն հայկական կեանքի գործունէութեան։ Իսկ սրբազան հայրը Յովակիմ սրբազանն է, որ կը քաջալերէ գաղութի անդամները հաւաքուելու Լոնտոնի Քենզինքթըն շրջանին մէջ՝ մասնակցելու համար ցոյցին, դատապարտելու համար վերջին օրերուն Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումները Տաւուշի շրջանին վրայ...

Ճեմարանական Մելգոնեանցիներ

Ճեմարանական Մելգոնեանցիներ

ԹՈՐԳՈՄ Համազգայինի Ճեմարան քոյրս կը յաճախէր, իսկ ես՝ ՀԲԸՄ-ի Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն: Զարմացողները քիչ չէին: Ոմանց համար քոյրս դաշնակցական էր, ես՝ ռամկավար, մինչ հայրս եւ մայրս՝  տարօրինակ արարածներ: Աւելի զարմանալին այն էր, որ Ս. Նշան վարժարանի իմ ընկերներէս Սարգիս Տէր Խաչատուրեանին (Շէնք Սարգիս) հետ, Մելգոնեանի մէջ դաշնակցական ճանչցուած էինք: Իսկ երբ 1980-ին պրն. Հրաչ Տասնապետեան զիս կանչեց Ճեմարանի մէջ...

Տուփ Մը Սալոր Չէ…

Տուփ Մը Սալոր Չէ…

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ Պատանի մը կամ պարմանուհի մը դուռդ թակեց եւ հրամցուց ... տուփ մը սալոր: Շնորհակալութիւն յայտնեցիր: Հաւանաբար մէկ-երկու խօսք ալ ըսիր` վարձքդ կատա՛ր եւ այլն: Բայց կ՛ուզեմ գիտնաս, որ ստացածդ լոկ տուփ մը սալոր չէ: Հակիրճ պատմեմ, որպէսզի յետոյ բացատրեմ, թէ ճիշդ ի՞նչ է ստացածդ: Ազգային մը ամբողջ տարի մը Այնճարի իր սալորի այգին խնամելէ, դեղելէ, պարարտացնելէ ետք, իր այդ...

Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարանին Յայտարարութիւնը՝ Գռուզեան-Զաքարեան Վարժարանին Դէմ Վանտալութեան Արարքին Վերաբերեալ

Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարանին Յայտարարութիւնը՝ Գռուզեան-Զաքարեան Վարժարանին Դէմ Վանտալութեան Արարքին Վերաբերեալ

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ 23 Յուլիսին, Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարաեան վարժարանին եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնին դէմ կատարուած վանտալութեան արարքին վերաբերեալ: Ատրպեճանական արտայայտութիւններով «կրաֆիթի»ներ թողած են շէնքի արտաքին պատերուն վրայ: Կրթական հաստատութեան մը դէմ վանտալութեան այս արարքը ցոյց կու տայ, թէ Քալիֆորնիոյ Հայ համայնքը զոհն է Ատելութեան յանցագործութեան մը, որ յստակօրէն կազմակերպուած է ատրպէյճանցիներու...

Խնամակալ Մարմինը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ատելութեան Արարքը՝ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային Վարժարանին Եւ Հայ Կեդրոնին Դէմ

Խնամակալ Մարմինը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ատելութեան Արարքը՝ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային Վարժարանին Եւ Հայ Կեդրոնին Դէմ

24 Յուլիս 2020ին, Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի Գուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանը եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնը գիշերուան ընթացքին ենթարկուեցան վանտալութեան՝ ատրպէյճանական ատելութեան խօսքերով եւ «կրաֆիթի»ով, որոնք գծուած են պատերուն վրայ: Ոստիկանութիւնը տեղեակ պահուած է արդէն եւ հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են: Անցնող շաբթուան ընթացքին մենք ականատես եղանք ատրպէյճանցիներու կողմէ կատարուած նմանօրինակ ատելութեան արարքներու աշխարհի զանազան վայրերու մէջ: Խնամակալ մարմինը խստօրէն կը...

«… Ու Միշտ Կը Յիշենք»

Լիզպոնէն Առաջ, Լիզպոնէն Ասդին…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մօտաւորապէս 150 տարի առաջ հայ արդարատենչ երիտասարդը, երկար սպասումէ ետք, զէնքի դիմեց` տարրական իրաւունք, ընտանիք եւ ստացուածք պաշտպանելու համար, որովհետեւ տեսաւ, որ իրմէ զատ ո՛չ ոք գործնապէս պատիժի պիտի ենթարկէ հարստահարող, ոճրագործ թշնամին: Հայ յեղափոխական շարժումին բիւրեղացումէն տասնամեակներ առաջ բացուած ուղին, առաջին իսկ մղոններէն սկսեալ չանտեսեց ջարդարարն ու աւազակ ոճրագործը պատժելու ընտրանքը, ապա, նոր զարգացումներ ու փուլեր ապրեցաւ...

Անդրադարձ,  Երէկ Տիզպոն, Այսօր` Լիզպոն…

Լռութեան Պատը Քանդող Հերոսներ

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ Քարոզչական Յանձնախումբ Ամէն տարի յուլիս ամսուան ընթացքին, ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կը յիշէ 20-րդ դարու ամէնէն համարձակ, խենթ եւ միեւնոյն ատեն սուրբ արարքը` Լիզպոնի գործողութիւնը: Մեր` լիբանանահայ գաղութին, երիտասարդութեան եւ ազգին հերոսներն էին անոնք, որոնք 27 յուլիս 1983-ին` աշխարհը թնդացնելով ցոյց տուին, որ հայը կա՛յ, պիտի մնայ եւ շարունակէ իր պայքարը մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու անոր յաջորդող...

Լիզպոնի Տղոց Նուիրուած  Հրատարակութեան Մը Դէմ Յանդիման  («Սրբազան Խաչելութիւն»)

Լիզպոնի Տղոց Նուիրուած Հրատարակութեան Մը Դէմ Յանդիման («Սրբազան Խաչելութիւն»)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կը պատահի, շատ անգամ, որ ծանօթ ըլլանք անհատներու, գրողներու թէ արուեստագէտներու, որոնք եզակի հետաքրքրութիւն ցուցաբերած ըլլան որոշակի նիւթի կամ պատմական դրուագի, դէմքի թէ ազգային հնչեղութիւն ունեցող արարքի մը եւ մեծ նուիրումով լծուին տուեալ թեմայի խոր ուսումնասիրութեան: Մեր կեանքին մէջ ծանօթ ենք նաեւ այնպիսի տիպարներու (հազուագիւտ), որոնք ոչ միայն սէր ու յարգանք կը տածեն պատմութիւն կերտած անհատներու նկատմամբ, այլ...

Աւանդութիւնս Խախտեցաւ, Տղա՛ք

Աւանդութիւնս Խախտեցաւ, Տղա՛ք

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Նախորդ տարիներուն ես յօդուածով մը անդրադարձայ Լիզպոնի գործողութեան, այս տարի, սակայն, ապրումով պիտի խօսիմ, կարճ եւ միեւնոյն ատեն կուռ եւ անկեղծ ապրումով մը: 2017-ին յուլիս ամսուն առաջին անգամ ըլլալով ոտքս դնելով լիբանանեան հողին վրայ, առաջնահերթ գործերէս մէկը եղաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան գտնուած վայրը ճշդել: Անպայման ուզեցի հոն երթալ, աչքերովս տեսնել եւ ձեռքերովս դպչիլ խորհրդաւոր գերեզմանի մը: Ընկերներէս...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս յօդուածը 5 Հոկտեմբեր 2018-ին գրած էի, սակայն մամուլին չյանձնեցի՝ առիթ տալով եւ սպասելով դրական զարգացումներու, պետականաշինութեան ու կառավարման բարենորոգումներու, որոնք սակայն, ըստ այդ օրերու կանախատեսումիս՝ ցարդ չիրականացան, ընդհակառակը՝ երկիրը մի՛այն վերածուեցաւ սեւերու եւ ճերմակներու ամօթալի որակումի՝ բաժանումի եւ ահաւոր հալածախտի: «Անհրաժեշտ բայց ոչ բաւարար»-ը յատկապէս ուսողութեան մէջ եւ ընդհանրապէս՝ գիտութեան եւ տրամաբանութեան մէջ անշրջանցելի օրէնք է (necessary...

Page 490 of 1112 1 … 489 490 491 … 1,112

Արխիւներ