Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Նոր Պատերազմ՝ Նոր Տարածքներու Դիմաց. Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Հայեցակարգի Նորադրոշմ Տեսլականը

July 21, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ Յուլիսին ծաւալած երկօրեայ բուռն մարտերու ընթացքին, Հայկական բանակի զինուած ուժերու հակօդային ստորաբաժանումներու կողմէ աւելի քան տասնեակ մը ատրպէյճանական անօդաչու մարտական թռչող սարքերու խորտակումն ու թշնամիի մէկ այլ հարուածային թռչող սարքի «գերեվարութիւնը», եկաւ ի սպառ թաղելու Պաքուի իշխանութիւններու երկարամեայ յոխորտանքը օդային ոլորտի մարտերու մէջ իրենց գերակայութեան գծով։

Փաստօրէն, Հայաստանի պետական սահմանը խախտելու, քաղաքացիական բնակավայրերն ու ենթակառուցուածքները թնդանօթային համազարկի տակ առնելու յարձակապաշտ արկածախանդրութիւնը աւարտեցաւ ատրպէյճանական բանակի լիակատար ձախողութեամբ։

2019-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանը ելոյթի մը ընթացքին հետեւեալ հաստատումը կատարած էր. «Ես` որպէս պաշտպանութեան նախարար, ասում եմ՝ «տարածքներ՝ խաղաղութեան դիմաց» ձեւաչափը վերաձեւակերպել եմ, մենք հակառակն ենք անելու՝ «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքների դիմաց»: Պաշտպանական վիճակէն դուրս գալու եւ ռազմական գործողութիւններուն դիպուկ հակադարձելու ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած ուժերու նոր հայեցակարգով նախայարձակ թշնամիին զինուորապէս չէզոքացնելու եւ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակային նոր արեւելումը կը միաձուլէ երեք կարեւոր բաղադրիչներ՝ բանակի մարտունակութիւնը, ռազմական գիտարուեստի կիրառումը եւ տեղեկատուական դաշտի տիրապետումը։

Յուլիսեան առճակատման ընթացքին Հայկաական բանակին կողմէ հեռահար և գերճշգրիտ զինատեսակներու կիրառումն ու հայկական արտադրութեամբ մարտական անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումը կը հաստատեն ՀՀ Զինուած ուժերու որակային գերազանցութիւնը։

Երեւանը, Ստեփանակերտը, Սիւնիքը ատրպէյճանական հողատարածք յորջորջելու Ալիեւի քարոզչական հռետորաբանութեան եւ սպառնալիքներուն պատասխան եղաւ համաշխարհային ռազմարուեստին լիակատար տիրապետող հայոց բանակի հակահարուածը։

Այլ ճակատի վրայ, ռազմաճակատէն մղոններ հեռու, Եւրոպայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիայէն մինչեւ Միացեալ նահանգներ եւ Գանատա, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համար պայքարող Հայաստանի անվտանգութեան երկրորդ զօրասիւնը հանդիսացող Հայ Դատի յանձախումբերու համընդհանուր զօրաշարժը եկաւ ամրապնդելու հայկական դիւանագիտական ճիգերը։ Նկատի ունենալով վերջին շրջանի թրքական եւ ատրպէյճանական արտասահմանեան համայնքներու հայատեացութեամբ շեշտաւորուած ցոյցերն ու հաւաքները, Սփիւռքի քարոզչական հիմնարար ներուժը պէտք է օգտագործուի յաղթահարելու եւ կանխելու քարոզչական եւ տեղեկատուական ճակատի վրայ թուրք-ատրպէյճանական հակահայ ճիգերը։

Դէպքերու զարգացման ընթացքին չուշացաւ Անգարայի պատասխանը, որ պետական երեք մակարդակներով արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութեանց եւ երկրի նախագահի հնչեցուցած Հայաստանի ուղղուած ազդարարութիւններով ու սպառնալիքներով իր անթաքոյց զօրակցութիւնը դրսեւորեց Ատրպէյճանին։ Արեւելեան եւ հարաւային Միջերկրականի տարածաշրջանին մէջ Սուրիայէն Լիպիա եւ Կիպրոս քաղաքական իր ազդեցութեան դաշտն ու քաղաքական դերակատարութիւնը ընդլայնելու նէօ-օսմանական իր նպատակներուն համատեղ՝ Թուրքիոյ համար հայեցակարգային հեռահար ծրագիր կը մնայ Անգարա-Պաքու փանթրքական առանցքը ամրացնելու հրամայականը՝ իր ծաւալապաշտական ծրագիրներու ռազմաքաղաքական բազմակողմանի նպատակներու իրագործման համար։

Աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու ներկայ դասաւորումներուն լոյսին տակ, Հայկական կողմի նպատակային գերխնդիրը այսօր կը կայանայ միասնական ուժերով կանգնելու առճակատման պատնէշներուն վրայ, քաջ գիտակցելով, որ թուրք-ատրպէյճանական հեռահար ռազմաքաղաքական նպատակը՝ Հայաստանի ու Արցախի պետութիւնները ի սպառ տարանջատելն ու անէացնելն է։

Ատրպէյճանական այս գրոհը՝ ընդհանուր քաղաքական ունակութիւնն ու հեռատեսութիւնը այսօր կը պահանջէ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ուժերու համակարգուած ու նպատակաուղղուած աշխատանք՝ դիւանագիտական, քարոզչական, տեղեկատուական եւ ռազմական ոլորտներէն ներս։

Նման համագործակցութեան առաջին քայլը, ինչպէս նաեւ Անգարայի ու Պաքուի ռազմատենչ ու յարձակապաշտ վարքագծին դէմ յստակ պատասխանը՝ առաջին հերթին պէտք է ըլլայ Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի իրականացումն ու գործադրութիւնը։

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (21 Յուլիս 2020)

Յաջորդը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.