Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Սահմանը Պահողին Թիկունքը

Յուլիս 20, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Շաբաթ մը առաջ, 12 Յուլիսին, Հայաստանի հիւսիս-արեւելան գօտիին՝ Տաւուշի սահմանին ուղղութեամբ ազերիական թափանցումի փորձը բարեբախտաբար չունեցաւ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմին տարածքն ու հետեւանքները, թէեւ կարելի չէ անտեսել, որ վաղը-միւս օր նման փորձեր կրնան կրկնուիլ Տաւուշի դէմ կամ այլուր, նոյնինքն Արցախի դէմ: Ազրպէյճան չէ հրաժարած ռազմատենչ թմբկահարումը: Մենք ու մեզի պէս դիտողներ Պաքուի այս ու նման փորձերը կը նկատեն արկածախնդրական, վնասաբեր, սակայն պէտք չէ մտահան ընել, որ Ազրպէյճան կորսնցնելիք չունի, կրնայ բազմաթիւ ճակատումներէ վնասուած ու պարտեալ դուրս գալ, մինչդեռ մենք՝ հայկական կողմը, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, յարատեւօրէն կը գտնուինք սարդարապատեան դիրքերու վրայ, ո՛չ զիջումի, ո՛չ նահանջի եւ ոչ ալ մեծ ու փոքր պարտութիւններու պատրաստ ենք: Այսօրուան մեր խրամատները մեր «նահանջի վերջին գիծերն» են, զանոնք կը պաշտպանենք անգին զոհերու գնով, իսկ մեր դիմաց ունինք նոր յառաջդիմութիւններու ընդարձակ դաշտեր:

2-3 օրուան վրայ երկարած ճակատումներուն արդիւնքը յստակ է: Մեր սահմանը պաշտպանող բանակը կանգնեցաւ ամուր, չնահանջեց, այլեւ աւելի եւս ամրացուց պաշտպանական դիրքերը: Սահմանային վտանգուած գօտիին բնակիչներն ալ ամուր ու անվախ կանգնած են իրենց բնակարաններուն մէջ, խուճապի չեն մատնուած եւ փախուստի մասին մտածող չկայ (գլխաւոր մտահոգութիւնը՝ մանուկներու անվտանգութեան ապահովումն է): Արձանագրուած նիւթական վնասներու դարմանումի աշխատանքը արդէն իսկ սկսած է, հոգ չէ թէ վտանգը չէ փարատած (ե՞րբ փարատած է որ…):

Այս բոլորը՝ սահմանին վրայ:

Ճակատ պահողն ու պաշտպանողը առանձին չէ, պէտք չէ առանձին թողուի: Նոյնքան կարեւոր է պահպանել եւ զօրացնել ԹԻԿՈՒՆՔը, զայն պահել յարատեւ զօրաշարժի մէջ:

Ճակատումներուն յաջորդած օրերուն, այս մասին ալ շատ խօսուեցաւ: Տարբեր ճակատներէ՝ իշխանական թէ ընդդիմադիր ներկայացուցիչներ, հոս ալ միաձայն էին, թէ՝ թիկունքը պէտք է պահել ամուր, թիկունքին ցուցաբերած ու ցուցաբերելիք զօրակցութիւնը ունի կենաց-մահու նշանակութիւն:

***

Ո՞ւր է սահմանը պաշտպանողին թիկունքը. որո՞նք են անոր բաղկացուցիչ տարրերը: Թուենք գոնէ քանի մը հիմնական դիրքերը:

Թիկունքին զօրակից են բոլոր անոնք՝ սկսելով ֆետայիներէն, որոնք մասնակից եղած են նախկին ճակատումներուն, պատերազմներուն, պատրաստ են փութալու ճակատի այն դիրքերը, որոնք որեւէ ատեն կրնան սպառնալիքի տակ իյնալ:

Թիկունքի տարածքին մաս կը կազմեն պետական բոլոր կառոյցներն ու ձեռքերը, սկսելով խորհրդարանական, դիւանագիտական, տնտեսա-ընկերային վարչամեքենաներէն մինչեւ քաղաքական եւ այլ կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ: Աւելորդ կը նկատենք այստեղ մտնել մանրամասնութեանց մէջ, արձանագրել ցանկեր, որոնք համապարփակ են:

Թիկունքին մաս կը կազմէ մանաւանդ Հայաստանի սահմաններէն անդին ապրող հայութիւնը, որ պատրաստ է նիւթական ու քարոզչական բոլոր միջոցներով իր աջակցութիւնը բերելու Հայաստանի արդար վարմունքին բարձրաձայնումին: Թիկունքի այս հիմնաքարը կարեւոր դեր ունի կատարելիք, Հայաստանի դիւանագիտութեան կողքին, ընդարձակելու դատապարտանքի այլ ալիքը, որ սկսած է բարձրանալ նախայարձակ եւ ռազմատենջ Ազրպէյճանին դէմ, որ քաջալերանք եւ զօրակցութիւն կը ստանայ երէկի ու այսօրուան զեղասպան Թուրքիայէն: Աւստրալիայէն մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկաներ՝ հայութիւնը շարժման մէջ է, հոգ չէ թէ ծանօթ պայմաններուն բերումով՝ սահմանափակ տարողութեամբ ցոյցերով, ընդդէմ թուրք-ազերիական սադրանքներուն բացայայտման ու դատապարտումին: Նման ցուցական միջոցառումներ անպայման որ իրենց անփոխարինելի զօրակցութիւնը կը բերեն պետական-դիւանագիտական լայնածիր աշխատանքներուն: Սա նորութիւն չէ, սակայն կը կարօտի ընդարձակումի ու յարատեւումի:

***

…Գետնի վրայ ճակատումներէն վնասով դուրս եկած Ազրպէյճանը կը փորձէ եւ պիտի փորձէ Հայաստանի դէմ ճակատիլ այլ դաշտերու մէջ: Օրինակի համար, Հայաստանի լրատու աղբիւները շաբաթավերջին հաղորդեցին, որ ազերիական յստակ միջամտութեամբ մը, հայկական երկրագործական արտադրութեանց վաճառքը խափանուած է Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Նոյն աղբիւները հպարտութեանբ ցոյց տուին, որ հայ ազդեցիկ գործատէրեր ազդու միջամտութիւն կատարած են, կոտրելու համար «պաշարումը», իսկ մոսկուայաբնակ հայեր երկար շարք կազմած են՝ գնելու եւ սպառելու համար հայկական արտադրութիւնները: Ահա թէ ինչպիսի՛ «մանր քայլերով» կարելի է զօրակցիլ Հայաստանին, նեցուկ կանգնիլ սահմանը պաշտպանող զինուորին, տունն ու դաշտը-պարտէզը չլքող գիւղացիին:

Ազրպէյճանի դիմաց Հայաստանի ու Արցախի մեր սահմանները պաշտպանողներուն թիկունքը կը տարածուի Հայաստանի բոլոր մարզերուն վրայ, հարաւէն մինչեւ հիւսիս, կ’անցնի մեր հանրապետութեան սահմաններէն անդին, կ’ընդգրկէ հայկական սփիւռքի բոլոր օճախները:

Թիկունքը երէկ տէրը եղաւ իր դիրքին ու դերին: Նոյնը պիտի ըլլայ այսօր ու վաղը, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, մէկ մեթր իսկ նահանջելու տեղ ու տրամադրութիւն չունինք, մինչդեռ ազերիէն ու թուրքէն ունին գանձելի բազմաթիւ պարտամուրհակներ:

19 Յուլիս 2020

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Ազրպէյճան Կը զգուշացնէ Եւրոպան, Կասպեան Ուժանիւթի Արտածումի Հաւանական Վտանգէն՝ Հայաստանի Հետ Տագնապին Հետեւանքով

Յաջորդը

Լիբանան

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?