Մեր Կայմը Կանգուն Է Տակաւին
ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Բախտը Մանուշն ու Մանուկը միացուցած էր Քեսապի մէջ: Անոնք խօսք տուած էին իրարու իրենց կեանքին երջանիկ ու դժուար օրերը աներկբայօրէն միասին շարունակել: Ընտանիք կազմեցին ու իրենց ուժեղ կամքով ու բազուկներով նաւարկեցին դէպի առաջ` բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով: Անոնք կը հաւատային, որ խաղաղ մտքով եւ ուրախ սրտով իրենց կեանքի օրերը վայելելու են միասին` հակառակ ծփացող ալիքներուն: Մանուկ ու Մանուշ...




















