Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Գլխաւոր Շտաբի Սահմանադրական Իրաւասութեան Առաջին Կէտը

February 27, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութիւնը իբրեւ ռազմական յեղաշրջման փորձ մեկնաբանելը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Զինուորական յեղաշրջումը ընդհանրապէս կը կատարուի յանկարծակի, պետական շէնքերու համապատասխան գերատեսչութիւններու կեդրոններու գրաւումով եւ ապա այդ բոլորին բացատրութիւնը փոխանցող յայտարարութիւններով։ Երբ որեւէ գործողութիւն չէ արձանագրուած, որեւէ զինուորական տեղաշարժ չէ կատարուած, ապա ռազմական յեղաշրջումի փորձի ամբաստանութիւն կատարելը առնուազն հեռու է իրականութենէ եւ բնականաբար այլ նպատակ կը հետապնդէ։

Նախ՝ թէ՛ ներհասարակական առումով հանրային կարծիքը ապակողմնորոշել,  եւ թէ՛ նման յորդորով ու պահանջով հանդէս եկած  ընդհանուր հրամանատարական կազմը հեղինակազրկել, ապա արտաքին ուղերձ յղել եւ մէկ կողմէ դատապարտանքի ու միւս կողմէ զօրակցութեան ալիք բարձրացնել։

Երկրորդ, եթէ վարչապետի մակարդակով կը հնչէ նման մեղադրանք, ապա, այս ձեւով ամբողջ  գերագոյն սպայակազմը կը յայտնուի մեղադրանքի աթոռին։ Փաստօրէն, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը լրիւ կազմով սահմանադրական կարգի տապալման յանցանքով մեղադրուած է, անշուշտ՝ ըստ վարչապետին։ Խնդիրը, հետեւաբար, ընթացիկ պաշտօնազրկումներով չ՛աւարտիր, եթէ անշուշտ իրադարձութիւնները այլ ընթացք չստանան։

Հիմա գանք նման պահանջի սահմանադրականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելուն։ Ճիշդ է, որ գործող Սահմանադրութիւնը ունի դրոյթ, ուր կ՛արձանագրէ, որ զինուած ուժերը քաղաքական հարցերու մէջ պէտք է պահպանեն չէզոքութիւն։ Զինուած ուժերուն վերապահուած Սահմանադրութեան 14-րդ յօդուածի առաջնային կէտը, սակայն, կ՛ըսէ․

«Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերն ապահովում են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութիւնը, անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմանների անձեռնմխելիութիւնը»:

Այստեղ պարզ է, որ նոյեմբեր 9-ի յանձնուողական յայտարարութենէն ետք, խոցելի դարձած էին Հանրապետութեան պաշտպանութիւնը, անվտանգութիւնը եւ նոյնիսկ տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը՝ նկատի ունենալով սահմանազատման-սահմանագծման գործողութիւններու միակողմանի զիջումները։

Ընդհանուր հրամանատարութիւնը այս պարագային պարզապէս յայտարարութիւն կատարած է՝ իր սահմանադրական իրաւասութիւններու հիմնադրոյթէն մեկնած։

Յայտարարութեան ենթահողը որոշ ժամանակէ ի վեր պատրաստ էր արդէն։ Հարցը նման դրսեւորում ունեցաւ, երբ ընդհանուր հրամանատարութեան առաջին տեղակալի պաշտօնազրկումը ստորագրեց վարչապետը։ Պատճառը անոր ծիծաղիլն էր՝ «Իսկանտեր» հրթիռի օգտագործման մասին վարչապետին կատարած յայտարարութեան։

Այստեղ արդէն հարցը այլ մտահոգիչ հանգամանքներ ունի։ «Իսկանտեր»-ի գործարկման, չգործարկման կամ մասնակի գործարկման հաւանականութիւններէն անդին խնդիրը հետեւեալ իրականութեան մէջ կը կայանայ։

Այս անորոշութեան փարատումին նպաստեց Մոսկուայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, երբ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այդ զինատեսակը չէ օգտագործուած արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին։

Վարչապետը ստացած է սխալ զեկուցում, յայտնապէս։ Նոյնքան յստակութեամբ պարզ դարձաւ, որ այդ զեկուցումը վարչապետը չէ ստացած զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան կողմէ։ Պաշտօնազրկուած տեղակալին ծիծաղը պարզապէս այդ մասին կը վկայէ։ Հիմա մտածենք, թէ վարչապետը կամ սահմանադրական իրաւադրոյթով պատերազմի ընթացքին զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարը նման զեկուցում սկզբունքով պիտի ստանայ միայն զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան գլխաւոր հրամանատարէն։ Հետեւաբար, ո՞վքեր էին, որոնք պատերազմի ողջ ընթացքին կ՛ուղղորդէին կամ  կը զեկուցէին վարչապետին։

Ժողովրդավար կարգերով կառավարուող երկիրներու մէջ նման իրողութիւններ կ՛առաջնորդեն գլխաւոր պատասխանատուի ինքնակամ հրաժարումին, այլապէս՝ պաշտօնազրկումին։

«Ա.»

 

 

Նախորդը

Մինչ Նախագահ Սարգսեան Տագնապը Հանգուցալուծելու Նախաձեռնութեան Կը Դիմէ. Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Կը Շարունակէ Իր Բողոքի Շարժումները Ազգային Ժողովին Եւ Պետական Կառոյցներուն Առջեւ

Յաջորդը

Բանակի Հրամանատարութեան Ուշացած Ահազանգը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.