Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կայմը Կանգուն Է Տակաւին

Փետրուար 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Բախտը Մանուշն ու Մանուկը միացուցած էր Քեսապի մէջ: Անոնք խօսք տուած էին իրարու իրենց կեանքին երջանիկ ու դժուար օրերը աներկբայօրէն միասին շարունակել: Ընտանիք կազմեցին ու իրենց ուժեղ կամքով ու բազուկներով նաւարկեցին դէպի առաջ` բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով: Անոնք կը հաւատային, որ խաղաղ մտքով եւ ուրախ սրտով իրենց կեանքի օրերը վայելելու են միասին` հակառակ ծփացող ալիքներուն:

Մանուկ ու Մանուշ հեզասահ նաւարկումով դէպի պայծառ հորիզոն առաջնորդած էին իրենց կեանքին նաւը: Արեւոտ օրերը զարդարած եւ ուրախ-զուարթ կենցաղով հարստացուցած էին զայն: Զարդարուն այդ նաւուն կայմը կանգուն էր ու բարձրաբերձ:

Բայց կեանքը միօրինակ կշռոյթով չէր ընթանար, իսկ օրերը միայն վարդագոյն չէին: Երբեմն հսկայ ալիքները կատաղութեամբ կը բախէին իրենց նաւուն, ու ճնշումը այնքան կը տարուբերէր զայն, որ նաւը երերալով` իր հաւասարակշռութիւնը հազիւ կը պահէր: Այս բոլորով մէկտեղ չէին վհատած դժուարութիւններուն դիմաց: Դաժան օրերը աւելի զօրացուցած էին իրենց ընտանիքը ու թիավարումի նոր թափ ու եռանդ հաղորդած` կեանքի նաւուն: Իսկ երբ մուգ ու թաւ ամպերը փարատած էին եւ փոթորիկը` խաղաղած, տաքուկ արեւը իր ջերմ ճառագայթներով կրկին տարածուած էր նաւուն բոլոր անկիւնները, ու կայմը` փարոսի վերածած:

Այդ նաւը, սակայն, 21 մարտ 2014-ի Քեսապի տեղահանութեան ընկղմելու եզրին հասաւ: Անոնք դժուար պայմաններու մէջ յայտնուեցան: Քանի մը ժամուան մէջ կորսնցուցին ամէն ինչ, բայց իրենց ատամներով ու քարացած եղունգներով կառչած մնացին կեանքին: Երբեք չտկարացան, գոյատեւելու իրենց հաւատքը չկորսնցուցին, իրենց զաւակներուն ու ծնողքին յոյս ներշնչեցին եւ քաջալերեցին զանոնք:

Ու անոնց հաւատքն ու լաւատեսութիւնը ի զուր չանցան: Նոյն այդ արեւը ամպերը հրմշտկելով` կրկին ծագեցաւ: Մանուկն ու Մանուշը վերադարձան Քեսապ` իրենց տունն ու տեղը, եւ սկսան կարկտել իրենց տաքուկ բոյնը: Թիավարումը վերսկսաւ ու յոգնաբեկ նաւուն կայմը Միջերկրականի օդը հոտուըտալով` թօթափեց կեղտն ու կրկին սլացաւ դէպի երկինք:

2014-ի չարաշշուկ ալիքները չհանդարտեցան, երբեք չխաղաղեցան եւ թոյլ չտուին, որ Մանուշին ու Մանուկին կեանքը խաղաղի: Տեղահանութեան ստեղծած պայմաններն ու հետեւանքները ծանր թաթի պէս իջան անոնց վրայ:

– Մանո՛ւկ, մեր կեանքին նաւը անել ճամբայ հասաւ: Ա՛լ չըսես, որ անոր կայմը կանգուն է: Ես ա՛լ չեմ դիմանար… Ի՛նչ ըսես` չտեսանք` պարտէզը խնամելու դժուարութիւններ, զաւակներու գաղթ, հարազատներու մեկնում, կեանքի առօրեայ հարցեր, ե՛ւ… ե՛ւ կաշկանդող այլազան քամիներ ու ալիքներ:

– Կամաց-կամաց, հանդարտէ՛, Մանո՛ւշ, ի՞նչ պատահեցաւ քեզի: Նստած համով-համով կը խօսէինք, ինչո՞ւ լարուած ռումբի վերածուեցար: Այնպէս կը խօսիս, որ կարծես հիմա պիտի պայթիս, փա՛ռք Աստուծոյ, մեր ի՞նչն է պակաս:

– Ես ա՛լ չեմ դիմանար զաւակներուս օտարութեան, դո՛ւն ըսէ, քանի՞ տարի եղաւ, որ զիրենք չենք տեսած, ի՞նչ գիտես, թէ որքա՛ն պիտի ապրիս դեռ: Անոնց կարօտը զիս կը խեղդէ, շնչահեղձ կը դարձնէ:

– Փա՛ռք Աստուծոյ, Մանո՛ւշ, անոնց լուրերը լաւ են, գրեթէ ամէն օր անոնց հետ կապի մէջ ենք, նկարները կը տեսնենք, իրենց ձայնը կը լսենք: «Աս ալ կ’անցնի» չէի՞ր ըսեր: Մեր նաւարկումի ընթացքին որքա՜ն դժուարութիւններ յաղթահարեցինք, այս ալ կը յաղթահարենք:

– Չէ՛, չէ՛, Մանո՛ւկ, այս անգամ ցաւը տարբեր է: Երբ ափիս չափ այս գործիքը` բջջայինը կը փակեմ, աւելի կ’ընկճուիմ, սիրտս ալ հետը կը փշրուի, խաբկանք է աս բոլորը: Ես ա՛լ ոչ առաջուան համբերութիւնը ունիմ, ոչ ալ ուժը: Նախորդ տարիներուն օրերէն առաջ կը վազէի, հիմա կը զգամ, թէ որքան վազեմ, օրերը այնքան արագ կ՛անցնին կողքէս:

Մանուշ խորունկ շունչ մը քաշեց ու լռեց: Ըսելիքը մէկ շունչով ըսաւ: Որքան խօսէր, աւելի կը նեղուէր ու սիրտը կը ցաւէր, իսկ Մանուկ այդ բոլորը քաջ գիտնալով, ինք ալ չէր գիտեր` ի՛նչ ըսէր, որ Մանուշի սրտին փոթորիկը հանդարտեցնէր: Մի՞թէ ինք ալ աս յառաջացած տարիքին կ՛ուզէր զաւակները չորս կողմը տեսնել, զանոնք վայելել, անոնց ձայնը տան ամայութիւնն ու պաղ մթնոլորտին սառոյցը պիտի վերացնէր: Ինք, որ միշտ կ՛ըսէր` «Մեր կեանքի նաւուն կայմը կանգուն է, Մանո՛ւշ», այսօր քաջ գիտէր, որ այդ կայմը ոչ միայն կը տատանի, այլ հետզհետէ ծովամոյն կը դառնայ:

Անոնք դէպի պայծառ ու արեւոտ օրերու հորիզոնը կը թիավարէին, սակայն ինչպէ՞ս խոստովանէր, որ ինք ալ յոգնեցաւ: Այս բոյնը որո՞ւ համար շինեց ու ետքը կարկտեց, որո՞ւ համար: Մանուշին սրտի փոթորիկը շատ ճղճիմ էր, եթէ համեմատուէր Մանուկին փոթորկայոյզ սրտին ու հոգիին հետ: «Զո՞րն ասէր, զո՞րն խոստովանէր…»:

Հեռաձայնի զրնգումը անոնց մտածումներուն յորձանուտն ու քար լռութիւնը կտրեց: Մանուշի դէմքին արտայայտութիւնը փոխուեցաւ, լայն ժպիտ մը գծուեցաւ այնտեղ, քիչ առաջուան խոժոռ դէմքը այլափոխուած էր:

«Բարեւ, մա՛մ, ինչպէ՞ս էք» նախադասութիւնը ի զօրու էր անոնց դուրս հանելու գորշ յորձանուտէն:

Օրերը իրարու ետեւէ կը վազէին, ամիսը ամիսի ետեւէ, ու ահա տարին կը գլորուէր, ուրիշ տարի մը կու գար: Տարիները կը սահէին, բայց Մանուշն ու Մանուկը քանի՜ քանի տարիներ պիտի կարենային դիմանալ… իրենք ալ չէին գիտեր, մերթ ընդ մերթ ինքնախաբէութեամբ կը մխիթարուէին պարզապէս…

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Առարկութիւններով Վերադարձուց Օննիկ Գասպարեանը Պաշտօնազրկելու Հրամանագիրի Նախագիծը

Յաջորդը

Մարմնամարզութիւն. Հայաստանի 2021 Տարուան Ախոյեանները Յստակացան

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?