Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մի՛շտ Կը Յիշենք (Սարգիս Արմէնեանի Ա. Տարելիցին Առիթով)

February 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Արդէն տարի մը անցաւ Սարգիս Արմէնեանի` կեանքի բաժանումէն: Անցնող տարուան ընթացքին մեր ապրած առողջապահական, ընկերատնտեսական, ապահովական տագնապներուն, ինչպէս նաեւ հայութեան համար բախտորոշ այս փուլին անոր բացակայութիւնը զգալի եղաւ ամէնուրէք: Առաւօտները իր հեռաձայնները չստացանք, իր մտահոգ հարցումներուն չհանդիպեցանք, հաւաքական կեանքին գծով իր ապրած տագնապներուն իրազեկ չդարձանք, ինչպէս նաեւ ընդհանուր աշխատանքներուն մէջ անոր կարեւոր ներդրումը չտեսանք:

Սագոյի ներկայութիւնը ամէն տեղ էր, եւ հաւաքական գործի ընթացքին անոր ստեղծած խանդավառութիւնը իրապէս օրինակելի էր: Վստահ եմ, որ, հակառակ մեր ապրած ծանր ու դժուար կացութեան, Սագոն տեղ մը ճիգի մէջ պիտի ըլլար այսօրուան մեր ապրած ճնշիչ մթնոլորտը թեթեւցնելու, բարեփոխելու ու ընկերական ջերմութիւնը պահելու:

Այսօր Համազգայինի ընտանիքին մէջ դարձեալ անոր բացակայութիւնը կը մնայ անփոխարինելի: Չեմ գիտեր ինչո՛ւ տակաւին առկայ է այն զգացումը, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսեմ` խոր բաղձանքն ու համոզումը, որ բնականոն պայմաններու վերադարձով պիտի տեսնենք Սագոն մեր կեանքին մէջ: Պիտի տեսնենք զինք հայրենի գեղարուեստական խումբերու եւ արուեստագէտներու հիւրընկալման ծրագիրներու իրականացման ընթացքին, Համազգայինի կազմակերպած հասութաբեր ձեռնարկներուն իբրեւ հիմնական մղիչ ուժ, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի ծրագիրներու պատրաստութեան ու կազմակերպման մէջ միշտ ներկայ եւ ընդհանրապէս Համազգայինի մշակութային գործի ծաւալման սպասարկող կամաւոր զինուոր, որ իր գործով, նուիրումով եւ ստեղծած համակող մթնոլորտով պիտի մնայ փնտռուած եւ սպասուած  ներկայութիւն մը ամէնուրեք:

Կեանքը սիրող, ընկերային միջավայրը ապրեցնող ու աճեցնող Սագոն մի՛շտ ալ ներկայութիւն պիտի մնայ համազգայնականներու մտերմիկ հանդիպումերուն, խորհրդակցութիւններուն եւ ժողովներուն ընթացքին: Պիտի կարօտնանք նոյնիսկ իր վէճերն ու լարուած վիճակներու մէջ երբեմն ունեցած «կարծր» արտայայտութիւնները, որոնք վայրկեանի մը ընթացքին արդէն կը վերածուէին ժպիտով ներկայացուելիք հաճելի պատմութեան:

Պիտի կարօտնանք եւ արդէն կարօտցանք իր ընտանեկան օճախին մէջ կազմակերպած մտերմիկ ընթրիքները, ուր խօսակցութիւններու ընթացքին կ՛արծարծուէին մեր հաւաքական կեանքը յուզող դժուարութիւնները եւ մտահոգութիւնները:

Հիւանդութիւնը նոյնիսկ չկրցաւ մինչեւ վերջին պահը Սագոյի մօտ տկարացնել կեանքը ապրելու ու կեանքին կառչած մնալու անոր համոզումն ու վճռակամութիւնը: Գիտակցելով, որ մահուան հետ իր ժամադրութիւնը մօտեցած էր, իր այցելուներու հետ իր արծարծած նիւթերով եւ արտայայտութիւններով փորձեց ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ ինք անպայման պիտի վերականգնի ու վերադառնայ իր բնականոն կեանքին:

Այսօր Սագոն բացակայ է, սակայն իր հարուստ յուշերով եւ ստեղծած անմոռանալի պահերով ան կ՛ապրի իր ընտանեկան ու հաւաքական կեանքին մէջ` իբրեւ կեանքը սիրող, արժեւորող ու իբրեւ այդպիսին իր ամբողջ երթը հունաւորած ու գործած սիրելի հարազատ, բարեկամ, ընկեր ու հաւաքական կեանքին նուիրուած անձնաւորութիւն:

Յիշատակդ մի՛շտ պիտի մնայ անթառամ սիրելի՛ Սագօ:

 

 

Նախորդը

Հօրս Հետ (Սարգիս Արմէնեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Ապրօ Սոմունճեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.