Բուն անունով` Սարգիս կամ Սերգէյ Յովհաննիսեան, Վանի մէջ կը դառնայ Արամ Մանուկեան: Ան ծնած է 1879-ին, Ղափանի Դաւիթ Բէկ գիւղի, արհեստաւոր համեստ ընտանիքի մը մէջ: Ծնողներուն չքաւորութեան պատճառով դառն մանկութիւն մը կ՛ունենայ ան: Շուշիի մէջ դերձակութիւն ընող մեծ եղբօր օգնութեամբ ան կ՛աւարտէ Ագուլեաց ծխական ուսումնարանը եւ 1890-ին կը մտնէ Շուշիի թեմական դպրոցը:
Աշխատասէր, ուշիմ եւ ընդունակ պատանի մը կ՛ըլլայ Արամը, սիրուած` իր ուսուցիչներէն ու ընկերներէն: Ան աչքի կ՛իյնար մտաւոր զարգացումով եւ եռանդով, կը մասնակցէր աշակերտական խմբակներու աշխատանքներուն: Շուշիի թեմական դպրոցը այդ տարիներուն յեղափոխական խմորումներու կեդրոններէն եղած է: Դաշնակցութեան ազդեցութիւնը տիրական կ՛ըլլայ աշակերտութեան վրայ, հակառակ անոր որ տեսչութիւնը կը գտնուէր պահպանողականներուն ձեռքը: Արամի դպրոցական ընկերները կ՛ըլլան ապագայ Իշխանը, Մենակը, Իսաջանը եւ ուրիշ ըմբոստ գաղափարական երիտասարդներ: Բախումը աշակերտութեան եւ տեսչութեան միջեւ անխուսափելի էր, ի վերջոյ, խումբ մը աշակերտներ, որոնց շարքին էր նաեւ Արամ, խռովայոյզ ցոյցերէ ետք, ոստիկաններու ուժով կը վտարուին դպրոցէն:
Արամը, Իշխանը ու քանի մը ուրիշներ կ՛ընդունուին Երեւանի թեմական դպրոցը, ուր իրենց հետ կը բերեն դաշնակցական գաղափարներն ու ոգեւորութիւնը: 1901-ին, աւարտելով Երեւանի թեմական դպրոցը, Արամ կ՛անցնի Պաքու, աշխատանքի համար, ուր շուտով աչքի կ՛իյնայ իբրեւ եռանդուն դաշնակցական գործիչ: 1903-ին, եկեղեցական կալուածներու գրաւման օրերուն, Արամը Պաքուի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կը ղրկուի Գանձակ` ինքնապաշտպանութեան գործով, ապա կը ղրկուի Կարսի շրջանը, որ Դաշնակցութեան գործունէութեան եռուն վայրն էր այդ օրերուն: Այդտեղէն զէնք ու ռազմամթերք կը փոխադրուէր Երկիր, խումբեր կը կազմակերպուէին Երկիր մտցնելու համար: Հոն էին` Սեբաստացի Մուրատը, Թորգոմը, Իշխանը, Իսաջանը, Մենակը եւ ուրիշ գործիչներ ու հայդուկներ: Աննկարագրելի եռուզեռ ու ոգեւորութիւն կը տիրէր շրջանին մէջ:
Արամը ամբողջ թափով կը փարի յեղափոխական խումբերու պատրաստութեան: Յաջորդաբար խումբերը անցան սահմանը` փութալով Սասունի օգնութեան, սակայն ճանապարհին շատերը բնաջնջուեցան ռուսերու ու թուրքերու ձեռքով: Սպաննուեցան Արամի մտերիմներէն` Թորգոմը, Իսաջանը, Մենակը: Կարսի շրջանը այլեւս անտանելի դարձաւ իրեն համար. ան կը գրէ իր յուշերուն մէջ. «Խիղճս ինձ տանջում էր, որ ամէնքը գնացին եւ նահատակուեցին, իսկ ես կարծես մի խորամանկութեամբ յետ մնացի»:
1910-ին Արամ Մանուկեան տարածելով իր գործունէութիւնը Վանի մէջ` կը դառնայ Վասպուրական հայութեան ամենաճանչցուած ու սիրուած գործիչը: Վասպուրականի մէջ ան եղած է ամէն ինչ` դպրոց, մամուլ եւ ազգային հաստատութիւններ, երիտասարդական շրջանակներ, յարաբերութիւններ կառավարութեան հետ: Արմենակ Երկանեանի եւ այլ ազգային գործիչներու հետ կազմակերպած եւ ղեկավարած 1915-ի Վանի ապրիլեան ինքնապաշտպանութեան յաղթական աւարտէն ետք նշանակուած է Վանի նահանգապետ:
Քաղաքական Իրավիճակի Սրումն Ու
Ռազմական Բախումները` 1917-Էն Սկսեալ
Հայրենիքի պաշտպանութեան գործը ստանձնած էր Արամ Մանուկեանը, որ 1917-ի վերջերէն սկսեալ կը գլխաւորէր Երեւանի Ազգային խորհուրդը: Արամը ստացած էր լայն լիազօրութիւններ` իր ձեռքին կեդրոնացնելով Երեւանի նահանգի ռազմական եւ վարչական իշխանութիւնը: Կարգ ու կանոնն էր հաստատած Երեւան նահանգի, կազմակերպած էր զինուորական ուժեր եւ ուղարկած` ռազմաճակատ:
Սարդարապատի Ճակատամարտը
1918-ի մայիսի 22-29 ինկած ժամանակահատուածին, Սարդարապատի մէջ ընթացող ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը յանձնարարուած է երեւանեան գունդի զօրահրամանատար Մովսէս Սիլիկեանին` Թովմաս Նազարբեկեանի կողմէ: Ինքնապաշտպանութեան միջոցները կիրարկուած են նաեւ Կողբի եւ Իգդիրի ուղղութիւններով: Նախիջեւան-Շարուր ուղղութիւնը վստահուած էր 3-րդ գունդի գնդապետ Տիգրան Պաղտասարեանին: Թրքական զօրքին դիմադրելու համար Սարդարապատի ուղղութիւնը կը վստահուի Դանիէլ Փիրումեանին: Արամ Մանուկեանին կը վստահուի Երեւանի թիկունքի պաշտպանութիւնը:
Սարդարապատի ուղղութեամբ թուրքերը կը բերեն 15 հազարնոց բանակ` Եաղուպ Շեւքեթ փաշայի հրամանատարութեամբ: Ճակատամարտէն առաջ զօր. Սիլիկեանը Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կաթողիկոսին կ՛առաջարկէ հեռանալ Սեւանի ուղղութեամբ` իր անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Սակայն կաթողիկոսը ոչ միայն չէ հեռացած Ս. Էջմիածնէն, այլ կոչ ըրած է ժողովրդին` թուրքերուն դէմ պայքարի ելլելու: Մայիս 21-ին տեղի ունեցած կատաղի ճակատամարտերուն հայկական ուժերը կը նահանջեն` յանձնելով Սարտարապատ կայարանն ու գիւղը եւ Գերլչուն (այժմ` Մրգաշատ):
Վտանգուած է Ս. Էջմիածինն ու Երեւանը, ուր բազմահազար արեւելահայերէն բացի, հաւաքուած էին հարիւր հազարաւոր արեւմտահայ գաղթականներ:
Մայիս 22-ին 5-րդ հրաձգային, հետեւակային եւ հեծեալ գունդերը կ՛անցնին յարձակումի եւ կոտրելով թրքական զօրքի դիմադրութիւնը, կը վերագրաւեն Սարդարապատի կայարանն ու գիւղը` հարկադրելով թուրքերուն նահանջել 15-20 քմ շառաւիղով: Սարդարապատի ճակատամարտի օրերուն թշնամին տուած է 3500 սպաննուած եւ` նահանջած: Թուրքերը խուճապահար անցած են Ախուրեանի արեւմտեան ափը:
Հայկական զօրախումբը վերակազմակերպուելէ ետք կը ստեղծէ հարուածային զօրախումբ` փոխգնդապետ Կարապետ Հասան-Փաշայեանի հրամանատարութեամբ, որ կը մշակէ թրքական զօրախումբը շրջափակելու ծրագիրը:
Բաշ Ապարանի Ճակատամարտը
Մայիս 23-էն սկսեալ Սիլիկեան իր մարտակազմէն ջոկատ մը կ՛ուղարկէ Բաշ Ապարանի ճակատը` Դրոյի գլխաւորութեամբ: Սարդարապատ մնացած են Պօղոս Բեկ Փիրումեանի` կամաւորներէն կազմուած 5-րդ մահապարտներու գունդը, 2 հեծեալ գունդ, Թռուցիկ Յովսէփի եւ Պանդուխտի (Միքայէլ Սայրէն) հազար ձիաւոր աշխարհազօրայիններու նորակազմ վաշտերը (աւելի քան` 1000 կռուող) եւ այլ զօրամասեր:
Մայիսի 29-ին թուրքերը յարձակած են Արագած կայարանի վրայ, տեղի ունեցած են ծանր կռիւներ: Այդ օրը զօրավար Մովսէս Սիլիկեանը հրամայած է յարձակումը շարունակել մինչեւ Ալեքսանդրապոլ, սակայն յաջորդ օրը զօրավար Նազարբեկեանի հրամանով ան յարձակումը կանգնեցուցած է, իսկ յունիս 2-ին դադրեցուած են ռազմական գործողութիւնները ճակատի ամբողջ գիծի երկայնքով:
Սարդարապատի հերոսամարտը, ուր թշնամին առաջին մեծ պարտութիւնը կրած է, ճակատագրական նշանակութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի համար: Ճակատամարտին դրսեւորուած են հայկական ռազմարուեստի աւանդութիւնները:
Միւս վճռական մարտը տեղի ունեցած է Բաշ Ապարանի ճակատի վրայ: Մայիս 20-ին, գրաւելով Համամլուն (Սպիտակ), թրքական 39-րդ զօրամիաւորումը ( 9-10 հազար զինուոր) փոխադրուած է Բաշ Ապարան` Աշտարակ-Եղվարդ-Կոտայք գիծը դուրս գալու եւ Քանաքեռի գրաւումով Երեւանը շրջափակելու համար:
Մայիս 24-ին Դրոյի զօրամիաւորումը (շուրջ 5000 զինուոր) կը մտնէ Ալի Քուչակ` թուրքերուն դիմակայող գաւառապետ Սեդոյի (Սեդրակ Ջալալեան) հաւաքագրած զօրքին օգնելու համար: Մայիս 26-ին թուրք զօրամասերը անցած են ընդհանուր յարձակման: Կատաղի մարտերը շարունակուած են մինչեւ մայիս 29-ը: Այդ օրը Բաշ Ապարանի ճակատին վրայ ջախջախուած են հակառակորդի երկու գունդ եւ ոչնչացուած` ծանր հրետանին: Թշնամին մարտադաշտի վրայ ձգած է 200-է աւելի սպաննուած: Դրոյի զօրքի կազմին մէջ թուրքերու դէմ կռուած է եզիտիներու 1500 հոգինոց հեծեալ ջոկատը` Ջհանգիր աղայի գլխաւորութեամբ: Ճակատամարտին զոհուած է յայտնի հարիւրապետ Զեմլեակը (Յարութիւն Նանամեանը):
(Շարունակելի)