Քառասուն օրեր առաջ «Քորոնա» ժահրը չխնայեց նաեւ վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական Յովսէփ Մարգարեանին ու պատճառ դարձաւ իր հարազատներէն եւ սիրած միութենէն անոր առյաւէտ բաժանման:
Եղբ. Յովսէփը օժտուած էր ազգային բարձր ոգիով, ծառայասէր էր եւ ընկերային, բոլորին կողմէ սիրուած եւ յարգուած, մարդամօտ եւ կատակասէր` այն աստիճան, որ բոլորը զինք կը ճանչնային իբրեւ Զուզ Մարգարեան: Նոյն այս նկարագիրի յատկութիւնները զինք մղած էին ըլլալու ՀՄԸՄ-ական ու դարձած ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադիր սերունդի անդամներէն մէկը` ծառայելով 12 տարիներ:
Ան մարզասէր էր, իսկ նախասիրած մարզաձեւը ֆութպոլն էր: Այս մարզաձեւը զարգացնելու համար Յովսէփ Մարգարեան մաս կազմած էր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Ֆութպոլի յանձնախումբին, երկար տարիներ գործած ու ստանձնած զանազան պաշտօններ` ըլլալով ատենապետ ու տնտեսական յանձնախումբի անդամ: Նաեւ ՀՄԸՄ-ի անունը բարձր պահած էր Լիբանանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ:
Ան գաղափարի ու գործի մարդ էր եւ իր ղեկավարի յատկանիշը զինք ուղղած էր մաս կազմելու ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` նախ իբրեւ անդամ ու հետագային ատենապետ: Մասնակցած էր ՀՄԸՄ-ի բարձրաստիճան բազմաթիւ ժողովներու:
Ան կը համարուէր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի գործօն դէմքերէն մէկը եւ իր երկար տարիներու ծառայութեան համար 2015-ին արժանացաւ միութեան «Ծառայութեան» շքանշանին:
Սիրելի՛ եղբ. Զուզ, ընդունէ այս տողերը որպէս յարգանք քու յիշատակիդ եւ բուռ մը խունկ շիրիմիդ: Մեկնիր խաղաղօրէն միանալու մեր նախկին ՀՄԸՄ-ականներու փաղանգին:
Մենք կը խոստանանք միշտ բարձր ու կանգուն պահել քու սիրած ՀՄԸՄ-դ:
Վարձքդ կատա՛ր, հողը թեթեւ գայ վրադ:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ