Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հոգեհանիստ Գառնիկ Մկրտիչեանի Յիշատակին
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 14 փետրուար 2021-ի առաւօտուն, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի մահուան քառասունքին առիթով, ներկայութեամբ` Ճեզիրէի առաջնորդ փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Զաւէն Գասպարեանի, վարչութեան անդամներու, աստիճանաւորական կազմերուն եւ տարազաւոր ՀՄԸՄ-ականներուն:
Հոգեհանգստեան արարողութենէ ետք ներկաները ուղղուեցան Գամիշլիի Ազգ. առաջնորդարանի դահլիճը, ուր վարչութիւնը ընդունեց ցաւակցութիւնները: Վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Սարգիսեան խօսք առնելով` ներկայացուց Գառնիկ Մկրտիչեանի ազգասէր ու հայանուէր երկար տարիներու ծառայութիւնները: Ապա հայր սուրբը փոխանցեց իր սրտի խօսքը, եւ հոգեսուրճը իր աւարտին հասաւ «Ով հայ արի» քայլերգով:
Դաշնակահար Րաֆֆի Պալեան Դաշնամուրի Սուրիոյ Առաջին Մրցումին Գրաւեց Պատուաբեր Դիրք
Անցնող շաբաթներուն Սուրիոյ մէջ առցանց դրութեամբ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ դաշնամուրի առաջին մրցումը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ հալէպահայ երիտասարդ դաշնակահար Րաֆֆի Պալեան` նուագելով Պախի, Շոփէնի եւ Պէթհովէնի դասական երաժշտութիւններէն երեք ստեղծագործութիւններ: Մրցումը ընդգրկեց 9 տարեկանէն սկսեալ դաշնակահարներու չորս տարիքային խմբաւորումներ: Դատական կազմի անդամներն էին սուրիացի խմբավար Անտրէ Մաալուլի եւ Ֆինլանտայէն ու Վենեզուելլայէն երեք երաժիշտներ: Րաֆֆի Պալեան իր տարիքային խումբին մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը: Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարար դոկտ. Լուպանա Մուշաուահի, 13 փետրուար 2021-ին Լաթաքիոյ «Տար ալ Ասատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մակարդակով դաշնամուրի առաջին մրցումի մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական հանդիսութիւնը: Րաֆֆի Պալեան սոյն հանդիսութեան մեկնաբանեց Պեթհովենի ստեղծագործութիւններէն երաժշտական կտոր մը: Հանդիսութեան աւարտին ան ստացաւ գնահատագիր` երրորդ հանդիսանալուն առիթով:
Իր սրտի խօսքին մէջ Պալեան յայտնեց, որ տարիներու գլորումով հասած էր իր նպատակին, նկատել տալով, որ սոյն մրցանակը վերջին փուլը չէ, այլ` իր երաժշտական ճամբորդութեան սկիզբը: Ան իր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց ընտանիքին, ուսուցիչներուն եւ յատկապէս Պեթի Նագգաշեանին, որ դաշնամուրի աշխարհ մուտք գործելու առաջին իսկ օրէն ընկերակից դարձած էր իրեն եւ զինք առաջ մղած էր, որպէսզի հասնի իր նպատակին եւ իրագործէ տարիներու երազանքը:
Յայտնենք, որ Րաֆֆի Պալեան կը դասաւանդէ Հալէպի հայկական վարժարաններէն ներս` որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ: Ան կը դասաւանդէ նաեւ Հալէպի հայկական եւ պետական երաժշտանոցներէն ներս` որպէս դաշնամուրի ուսուցիչ եւ դաշնակահարն է Հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Ալեմշահ» երգչախումբին:
Քուէյթ
ՀՄԸՄ-ՔՄՄ-ը Իր Յարգանքի Տուրքը Մատուցեց Միութեան Վաստակաւոր Գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեանի Յիշատակին
Ուրբաթ, 19 փետրուար 2021-ին, նախագահութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից երկիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի եւ ներկայութեամբ գաղութիս ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, յետ Արեւագալի ժամերգութեան, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգիստ` ի յիշատակ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ եւ վաստակաշատ ազգային ու միութենական գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեանի մահուան քառասունքին:
Ապա, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Քուէյթի մասնաճիւղի վարչութեան, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանգուցեալ Գառնիկ Մկրտիչեանին յարգանքի մատուցման ձեռնարկ: Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընդհ. խմբապետ Ժանօ Քէթէնճեանը, որ անդրադարձաւ եղբ. Գառնիկի կերպարին` յիշելով հայկական բոլոր գաղութներէն ներս անոր ունեցած բեղուն գործունէութիւնը:
Ապա ներկաներուն ցուցադրուեցաւ Գառնիկ Մկրտիչեանին կեանքն ու գործունէութիւնը նկարագրող տեսերիզ մը: Անկէ ետք, յաջորդաբար խօսք առին ՀՄԸՄ-ի Քուէյթի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Արամ Մահտեսեանն ու պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Յակոբ Մելիքսէթեանը: Արամ Մահտեսեան կարեւոր նկատեց Գ. Մկրտիչեանի երկտասնամեայ թողած ժառանգութիւնը, որ ներկայ սերունդներուն իբրեւ անսպառ գանձ կը փոխանցուի բարձրանալու եւ բարձրացնելու համար նոր երիտասարդ հոգիներ: Խօսելով եղբ. Գառնիկի անձին մասին` Յակոբ Մելիքսէթեան լուսարձակի տակ առաւ անոր երեք յատկանիշները` մարդը, հայրենասէրն ու եկեղեցասէրը, որոնք հանգուցեալի կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն եղած էին եւ` իր առաքելութեան կորիզը հանդիսացած:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Դժուար է եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի պէս անձնուրաց ազգային գործիչներու եւ ղեկավարներու մասին խօսիլը, որովհետեւ ան կեանք մը ամբողջ ապրած է անանձնական կերպով` յօգուտ ազգին եւ հայրենիքին: Երբ տարբեր գաղութներ այսօր այսպիսի ջերմութեամբ կը պահեն եղբ. Գառնիկի յիշատակը, կը հասկնանք արդէն, որ ան յիրաւի այդ բոլոր գաղութներու կազմակերպման գործին մէջ իր լուման ներդրած է, երբ որպէս ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ` գտնուած է զանազան գաղութներու մէջ»:
Հայր սուրբը մասնաւորաբար շեշտեց Գառնիկ Մկրտիչեանի այցելութիւնները Քուէյթ, եւ, անձնապէս ծանօթութիւն ունենալով անոր հետ, վկայեց, որ ան շատ կը սիրէր Քուէյթի հայ համայնքը եւ ՀՄԸՄ-ի Քուէյթի մասնաճիւղը: Բան մը, որ փոխադարձ է ՀՄԸՄ-ականներուն կողմէ եւս:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Յառա՛ջ նահատակ» քայլերգով:
Թեհրան
Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով
21 փետրուարին, ի հետեւումն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի թելադրութեան, Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ ս. պատարագի կատարուեց հոգեհանգստեան պաշտօն` Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի մահուան քառասունքին առիթով:
Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ նաեւ Արցախեան գոյամարտի ընթացքին յաւերժի հերոս դարձած հայրենիքի պաշտպան իրանահայ Աւետիս Պուլուզեանի յիշատակին:
Ս. Սարգիս մայր եկեղեցւոյ մէջ կրօնական արարողութեան նախագահեց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հոգեւոր անխոնջ մշակ եւ թեմին մէջ իր ներդրումը ունեցած Մեղրիկ եպս. Բարիքեանին, որ քառասուն օրեր առաջ համաճարակի պատճառով հրաժեշտ տուած էր եկեղեցւոյ, եւ իր երախտագիտութեան զգացումները յայտնեց թեմին մէջ անոր կատարած աշխատանքներուն համար:
Սրբազանը իր խօսքի աւարտին յիշեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ խորհրդի անդամ եւ ազգին ծառայող Յովիկ Պուլուզեանի թոռնիկը` Աւետիս Պուլուզեանը, որ հետեւելով իր մեծ հօր ազգանուէր օրինակին, հայրենիքին ծառայելու անմնացորդ ճանապարհին, հայրենիքի պաշտպանութեան համար պսակուեցաւ նահատակութեամբ, աւելցնելով, որ հայրենիքի եւ հաւատքի համար զոհուած հայորդիները ամբողջ ազգի սեփականութիւնն են եւ կը համարուին Արքայութեան բնակիչներ:
Ատրպատական
Հանդիպում Նահանգապետին Հետ
30 յունուարին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի եւ պատուիրակութեան մը, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ արեւմտեան Ատրպատականի նահանգապետ դոկտ. Շահրիարիի:
Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ընդունելութեան համար եւ զայն համարեց յոյսի լուսաւոր նշան` նկատի ունենալով քորոնա ժահրի պատճառով ընդհանրապէս նման հանդիպումներու չգոյութիւնը: Ակնարկելով տարածաշրջանի ապահովական կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարածքին տեղի ունեցած պարտադրեալ պատերազմի հետեւանքներուն սրբազանը բարձր գնահատեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հաւասարակշռուած մօտեցումը դրացի երկիրներու հետ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուրմիահայ համայնքին նկատմամբ նահանգապետին ցուցաբերած յատուկ խնամքին համար` շեշտելով ազգային բարերար Էդիկ Մէջլումեանի ընկերութեան հետ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` հայ համայնքի աշխատանքներուն անոր աջակցութիւնը:
Նահանգապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ոչ միայն սոյն հանդիպման, այլեւ ուրմիահայ համայնքի բոլոր զաւակներուն աշխուժ մասնակցութեան համար երկրի վերելքին:
Պատգամաւոր Արա Շահվերդեան խօսք առնելով` բացատրեց իրանահայ համայնքներու դրուածքն ու ժողովրդավարական աշխատելաձեւը` միշտ հովանաւոր ունենալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր վեհափառ հայրապետով եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեամբ:
Այնուհետեւ սրբազան հօր ընկերակցող պատուիրակութիւնը եւս մասնակցեցաւ զրոյցին, որուն առանցքը հանդիսացաւ հայ համայնքը` որպէս անբաժանելի մէկ մասնիկը իրանցի ժողովուրդին:
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Դատի Առցանց Հանդիպումը Քոնկրեսական Շէֆի Հետ
Վերջերս Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները առցանց հանդիպում մը ունեցան Քալիֆորնիայէն քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ` քննարկելով կազմակերպութեան եւ շրջանի հայութեան համար առաջնահերթ քաղաքական կարգ մը հարցեր:
Հայ դատի ներկայացուցիչներուն կողմէ շեշտուեցան յատկապէս Հայաստանին եւ Արցախին օժանդակութիւններ տրամադրելու, Ազրպէյճանի ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու եւ Անգարայի ու Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու կարեւորութիւնը` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ու Հայաստանի վրայ յարձակումին լոյսին տակ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան յայտնեց, որ Շիֆ իր քոնկրեսական ասպարէզի 20 տարիներուն ընթացքին ամերիկահայ համայնքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն ջատագովը եղած է` յատկապէս իրագործելով իր համահեղինակած եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին հաստատումը, նկատել տալով, որ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի:
Շիֆ նաեւ զօրակցած է Արցախի անկախութան ճանաչման եւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեան սերտացումին:
Նշենք, որ քոնկրեսական Շիֆ շարունակաբար ստացած է Հայ դատի բարձրագոյն գնահատականը` A+ եւ 2003-ին արժանացած է նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «Ազատութիւն» մրցանակին:
Մըքքենզի Ընտհանիքը 25 Հազար Ամերիկեան Տոլար Նուիրեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին
Հայ դատի երկար տարիներու համակիրներ Տէյվիտ եւ Լորա ՄըքՔենզիներ եւ անոնց դուստրը` Էլիզապէթ Սթենթըն, 25 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին` նպաստելու համար Հայկական հարցին զօրակցելու աշխատանքները ընդարձակելու ջանքերուն:
ՄըքՔենզի ընտանիքին նուէրին կցուած նամակին մէջ նշուած է, որ իրենք հպարտ են հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու համար Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին տարած գործունէութեամբ, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու եւ Արցախի ժողովուրդին ապահովութիւնը երաշխաւորելու ծիրին մէջ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան շնորհակալութիւն յայտնելով այս նուէրին համար` շեշտեց, որ հակառակ անցեալ տարուան բոլոր մարտահրաւէրներուն Հայ դատը զանազան մակարդակներու վրայ շարունակեց Հայկական հարցը հետապնդելու իր գործունէութիւնը: Ան աւելցուց, որ այս նուէրը պիտի նպաստէ յատկապէս լրատուական մարզին մէջ Հայ դատին ներկայութիւնը աւելի ազդու դարձնելու աշխատանքին:
Յիշեցնենք, որ ՄըքՔենզի ընտանիքի անդամները արտադրիչներէն են «Ուրացման Ճարտարապետները» («Architects of Denial») վաւերագրական ժապաւէնին եւ անոր մասին «Ուրացում» պատկերասփիւռի յայտագիրին, որոնք նուիրուած էին ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան, այլ նաեւ` Արցախի, Պաքուի, Սումկայիթի եւ Գանձակի մէջ հակահայ գործողութիւններուն եւ ջարդերու ուրացման արշաւներուն բացայայտման: Անոնք նաեւ Հայաստանին նուիրուած ճամբորդական յայտագիրներ արտադրած են` լուսարձակի տակ առնելով երկրին հարուստ պատմութիւնն ու մշակոյթը ու Հայկական հարցը հասցուցած են մեծ զանգուածի մը` նպաստելով թրքական եւ ազրպէյճանական հակաքարոզչութեան դէմ դնելու Հայ դատի արշաւին:
Այս բոլորին համար Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը 2018-ին իր «Լրատուութեան մարզին մէջ գերազանցութեան մրցանակ»-ով մեծարած էր զանոնք: